Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնէական միութիւնը Աստուած կը փառաւորէ

Քրիստոնէական միութիւնը Աստուած կը փառաւորէ

Քրիստոնէական միութիւնը Աստուած կը փառաւորէ

‘Ջանացէք սուրբ հոգիին միաբանութիւնը պահել’ (ԵՓ. 4։3

1. Եփեսոսի մէջ, առաջին դարու քրիստոնեաները ինչպէ՞ս Աստուծոյ փառք բերին։

ՎԱՂԵՄԻ Եփեսոսի մէջ, քրիստոնէական ժողովքին միութիւնը փառաւորեց ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան։ Այդ բարգաւաճ առեւտրական կեդրոնին մէջ, կարգ մը քրիստոնեայ եղբայրներ բացայայտօրէն հարուստ ստրկատէրեր էին, մինչ ուրիշներ ստրուկներ էին եւ հաւանաբար՝ շատ աղքատ (Եփ. 6։5, 9)։ Ոմանք հրեաներ էին, որոնք ճշմարտութիւնը սորվեցան այն երեք ամիսներուն ընթացքին, երբ Պօղոս առաքեալ իրենց ժողովարանին մէջ խօսեցաւ։ Ուրիշներ նախապէս Արտեմիսը կը պաշտէին եւ կախարդութեամբ կը զբաղէին (Գործք 19։8, 19, 26)։ Բացայայտ է որ ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը զանազան ենթահողերէ մարդիկ քով–քովի բերած էր։ Պօղոս ըմբռնեց թէ Եհովա ժողովքին միութեամբ կը փառաւորուէր։ Առաքեալը գրեց. «Իրեն փառք եկեղեցիին մէջ [«միջոցով», ՆԱ]» (Եփ. 3։21

2. Եփեսոսի մէջ, քրիստոնեաներուն միութեան ի՞նչ կը սպառնար։

2 Սակայն Եփեսոսի ժողովքին օրհնեալ միութիւնը վտանգի տակ էր։ Պօղոս երէցները զգուշացուց. «Ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար» (Գործք 20։30)։ Նաեւ, կարգ մը եղբայրներ ամբողջովին իրենց ետին չէին ձգած այն պառակտիչ հոգին, որ «ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ», ինչպէս նշեց Պօղոս (Եփ. 2։2. 4։22

Միութիւնը ցցուն ընող նամակ մը

3, 4. Եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոսի նամակը ինչպէ՞ս շեշտ կը դնէ միութեան վրայ։

3 Պօղոս գիտակցեցաւ թէ եթէ քրիստոնեաներ կ’ուզեն շարունակել համերաշխօրէն համագործակցիլ, իւրաքանչիւրը անկեղծ ջանք պէտք է թափէ միութիւն յառաջացնելու համար։ Աստուած Պօղոսը ներշնչեց որ եփեսացիներուն նամակ մը գրէ, որուն մէկ բնաբանն էր՝ միութիւնը։ Օրինակ՝ Պօղոս գրեց Աստուծոյ նպատակին մասին, որ «ամէն բան բովանդակէ Քրիստոսով» (Եփ. 1։10)։ Ան նաեւ քրիստոնեաները նմանցուց այն տարբեր քարերուն, որոնք շէնք մը կը կազմեն։ «Բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած՝ կ’աճի սուրբ տաճար մը կ’ըլլայ Տէրոջմով» (Եփ. 2։20, 21)։ Ասկէ զատ, Պօղոս հրեայ քրիստոնեաներու եւ հեթանոսութենէ դարձած քրիստոնեաներու միութիւնը ընդգծեց, եւ եղբայրներուն յիշեցուց իրենց հասարակաց ծագումը։ Ան Եհովայի ակնարկեց որպէս ‘Հայր, որմէ ամէն ազգատոհմ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ անուն կ’առնէ’ (Եփ. 3։5, 6, 14, 15

4 Մինչ Եփեսացիս նամակին 4–րդ գլուխը կը քննարկենք, պիտի տեսնենք թէ միութիւնը ինչո՛ւ ջանք կը պահանջէ, Եհովա ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ որ միանանք եւ ի՛նչ կեցուածքներ մեզի պիտի օգնեն որ միացած մնանք։ Ուսումնասիրութենէն ա՛լ աւելի օգտուելու համար, ինչո՞ւ ամբողջ գլուխը չկարդաս։

Միաբանութիւնը ինչո՛ւ անկեղծ ջանք կը պահանջէ

5. Աստուծոյ հրեշտակները ինչո՞ւ կրնան միութեամբ ծառայել, բայց միութիւնը ինչո՞ւ կրնայ մեզի համար աւելի դժուար ըլլալ։

5 Պօղոս իր եփեսացի եղբայրներուն աղերսեց, որ ‘ջանան սուրբ հոգիին միաբանութիւնը պահել’ (Եփ. 4։3)։ Այս ուղղութեամբ ջանքի կարիքը հասկնալու համար, նկատի առ Աստուծոյ հրեշտակներուն պարագան։ Երկրագունդին վրայ չկան երկու ապրող արարածներ, որոնք կատարելապէս իրարու նման են. ուստի կրնանք տրամաբանօրէն եզրակացնել, թէ Եհովա իր միլիոնաւոր հրեշտակներէն իւրաքանչիւրը եզականութեամբ օրհնած է (Դան. 7։10)։ Այսուհանդերձ, անոնք կրնան միութեամբ Եհովայի ծառայել, քանի որ բոլորն ալ իրեն մտիկ կ’ընեն եւ իր կամքը կը կատարեն (կարդալ՝ Սաղմոս 103։20, 21Մինչ հաւատարիմ հրեշտակներ այլազան յատկութիւններ ունին, քրիստոնեաները նաեւ ունին զանազան թերութիւններ։ Ասիկա կրնայ միութիւնը աւելի դժուարացնել։

6. Ի՞նչ կեցուածքներ պիտի օգնեն մեզի, որ հաճոյքով համագործակցինք եղբայրներու հետ, որոնց թերութիւնները մերիններէն տարբեր են։

6 Երբ անկատար մարդիկ փորձեն համագործակցիլ, դիւրաւ կրնան դժուարութիւններ ունենալ։ Օրինակ՝ ի՞նչ կ’ըլլայ եթէ հեզ եղբայր մը, որ յաճախ ուշ կու գայ, Եհովայի ծառայէ ճշդապահ եղբօր մը հետ, որ դիւրաւ կը ջղայնանայ։ Իւրաքանչիւրը թերեւս զգայ թէ միւսին վարքը որոշ թերութիւն մը ունի, բայց հաւանաբար մոռնայ թէ ի՛ր վարքի երեսակն ալ հաւասարապէս անպատշաճ է։ Այսպիսի երկու եղբայրներ ինչպէ՞ս կրնան համերաշխութեամբ միասին ծառայել։ Նշմարէ թէ Պօղոսի յաջորդ խօսքերուն մէջ յանձնարարուած կեցուածքները ինչպէ՛ս կրնան անոնց օգնել. ապա խորհրդածէ թէ այդ կեցուածքները մշակելով ինչպէ՛ս կրնանք միութիւն յառաջացնել։ Պօղոս գրեց. «Կ’աղաչեմ ձեզի. . . որ դուք այնպէս քալէք՝ ինչպէս կը վայլէ. . . լման խոնարհութիւնով ու հեզութիւնով, երկայնմտութեամբ, սիրով իրարու ներողամիտ ըլլալով. ջանալով Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (Եփ. 4։1-3

7. Ինչո՞ւ կենսական է որ ջանանք միացած ըլլալ այլ անկատար քրիստոնեաներու հետ։

7 Այլ անկատար մարդոց հետ միութեամբ Աստուծոյ ծառայել սորվիլը կենսական է, քանի որ ճշմարիտ երկրպագուներու միայն մէկ մարմին կայ։ «Մէկ մարմին ու մէկ հոգի, ինչպէս կանչուեցաք ձեր կոչումին մէկ յոյսովը. Տէրը մէկ է, հաւատքը մէկ, մկրտութիւնը մէկ. մէկ է Աստուած եւ ամենուն Հայրը» (Եփ. 4։4-6)։ Եհովա Աստուծոյ գործածած միակ եղբայրութիւնը կը վայելէ Իր հոգին եւ օրհնութիւնները։ Նոյնիսկ եթէ ժողովքին մէջ մէկը մեզ նեղացնէ, ո՞ւր կրնանք երթալ։ Ուրիշ ո՛չ մէկ տեղ կրնանք յաւիտենական կեանքի խօսքերը լսել (Յովհ. 6։69

‘Որպէս պարգեւ տրուած տղամարդիկը’ միութիւն կը յառաջացնեն

8. Քրիստոս ի՞նչ կը գործածէ՝ պառակտիչ ազդեցութիւններու դէմ մեզ զօրացնելու։

8 Պօղոս վաղեմի զինուորներու հասարակ մէկ սովորութիւնը գործածեց, որպէսզի լուսաբանէ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս տղամարդիկ որպէս «պարգեւ» հայթայթած է, ժողովքը միացնելու համար։ Յաղթական զինուոր մը թերեւս օտար գերի մը որպէս ստրուկ տուն բերէր, օրական գործերու մէջ իր կնոջ օգնելու համար (Սաղ. 68։1, 12, 18)։ Նմանապէս, Յիսուս աշխարհին յաղթելով ունեցաւ բազմաթիւ յօժարակամ ստրուկներ (կարդալ՝ Եփեսացիս 4։7, 8Ան ինչպէ՞ս գործածեց այդ այլաբանական գերիները։ «Ինք մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու, մէկ քանին՝ մարգարէներ, մէկ քանին՝ աւետարանիչներ, մէկ քանին՝ հովիւներ ու վարդապետներ. սուրբերուն կատարելութեանը համար, պաշտօնին գործին համար, Քրիստոսին մարմնին շինութեանը համար. մինչեւ ամէնքս ալ հասնինք հաւատքին. . . միաբանութեանը» (Եփ. 4։11-13

9. ա) Որպէս «պարգեւ» տրուած տղամարդիկը ինչպէ՞ս կ’օգնեն մեր միութիւնը պահպանելու։ բ) Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ինչո՞ւ ժողովքին միութեան պէտք է նպաստէ։

9 Սիրալիր հովիւներ ըլլալով, որպէս «պարգեւ» տրուած այս տղամարդիկը կ’օգնեն մեր միութիւնը պահպանելու։ Օրինակ՝ եթէ ժողովքի երէց մը նշմարէ թէ երկու եղբայրներ «մէկզմէկ գրգռելով» կը մրցակցին, ան զօրաւոր կերպով կրնայ ժողովքի միութեան նպաստել, առանձնաբար խրատ տալով, որպէսզի զանոնք «հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէ» (Գաղ. 5։26–6։1)։ Իբրեւ ուսուցիչներ, որպէս «պարգեւ» տրուած այս տղամարդիկը մեզի կ’օգնեն, որ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հիման վրայ հաստատ հաւատք կերտենք։ Այսպէս՝ անոնք միութիւն կը յառաջացնեն եւ մեզի կ’օգնեն որ քրիստոնէական հասունութեան դիմենք։ Պօղոս գրեց թէ ասոր նպատակն է՝ որ «ա՛լ ասկէ յետոյ տղայ չըլլանք, երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած՝ մարդոց խաբէութիւնովը, որոնք խորամանկութեամբ կը խաբեն մոլորեցնելու» (Եփ. 4։13, 14)։ Ամէն քրիստոնեայ պէտք է եղբայրութեան միութեան նպաստէ, ճիշդ ինչպէս որ մեր ֆիզիքական մարմնի իւրաքանչիւր անդամ միւսները կը կերտէ՝ հարկ եղածը հայթայթելով (կարդալ՝ Եփեսացիս 4։15, 16

Նոր կեցուածքներ մշակէ

10. Անբարոյ վարքը ինչպէ՞ս կրնայ մեր միութեան սպառնալ։

10 Նկատեցի՞ր թէ եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոսի նամակին չորրորդ գլուխը ցոյց կու տայ, թէ սէր ի գործ դնելը հասուն քրիստոնեաներու միութեան բանալին է։ Ետքը, անիկա ցոյց կու տայ թէ սէրը ի՛նչ կը պարփակէ։ Օրինակ՝ սիրոյ ճամբուն հետեւիլը դուրս կը ձգէ պոռնկութիւնն ու անառակութիւնը։ Պօղոս իր եղբայրները յորդորեց, որ ‘չքալեն ինչպէս ուրիշ հեթանոսներ կը քալեն’, որոնք «անզգայ ըլլալով՝ ինքզինքնին ագահութիւնով անառակութեան տուին» (Եփ. 4։17-19)։ Ներկայ անբարոյ աշխարհը մեր միութեան կը սպառնայ։ Մարդիկ պոռնկութեան մասին կատակներ կ’ընեն, երգեր կ’երգեն, ժամանցի համար զայն կը դիտեն եւ անոր միջամուխ կ’ըլլան՝ գաղտնաբար կամ յայտնապէս։ Բայց նոյնիսկ անլուրջ սիրախօսութիւնը,– որ կրնայ պարփակել՝ վարուիլ այնպէս մը որ անձով մը սեռապէս հրապուրուած ես, բայց անոր հետ ամուսնանալու մտադրութիւն չունիս,– կրնայ քեզ Եհովայէ եւ ժողովքէն հեռացնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անիկա շատ դիւրութեամբ պոռնկութեան կ’առաջնորդէ։ Աւելին, անլուրջ սիրախօսութիւնը, որ ամուսնացած անհատ մը շնութեան կ’առաջնորդէ, կրնայ անգթօրէն բաժնել զաւակներ իրենց ծնողներէն եւ անմեղ ամուսինը կամ կինը իր կողակիցէն։ Արդարեւ անիկա պառակտիչ է։ Զարմանալի չէ որ Պօղոս գրեց. «Դուք այսպէս չսորվեցաք Քրիստոսը» (Եփ. 4։20, 21

11. Աստուածաշունչը քրիստոնեաները կը քաջալերէ որ ի՞նչ փոփոխութիւն ընեն։

11 Պօղոս շեշտեց թէ մտածելու քայքայիչ կերպերը պէտք է լքենք ու մշակենք կեցուածքներ, որոնք մեզ կարող կը դարձնեն որ ուրիշներու հետ համերաշխութեամբ ապրինք։ Ան ըսաւ. «Մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր, վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին [«կամքին», ՆԱ] համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ» (Եփ. 4։22-24, Անթիլիաս)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ‘վերանորոգուիլ հոգիով՝ մեր մտածելակերպը փոխելով’։ Եթէ Աստուծոյ խօսքէն ու հասուն քրիստոնեաներու ընտիր վարքէն մեր սորված բաներուն վրայ երախտագիտութեամբ խոկանք եւ ջանք թափենք, կրնա՛նք ձեռք ձգել նոր անձնաւորութիւնը, որ «Աստուծոյ կամքին համաձայն ստեղծուած» է։

Խօսելու նոր կերպեր մշակէ

12. Ճշմարտութիւնը խօսիլը ինչպէ՞ս միութիւն կը յառաջացնէ, եւ ոմանց համար ինչո՞ւ ճշմարտախօս ըլլալը դժուար է։

12 Ճշմարտախօս ըլլալը կենսական է անոնց, որոնք ընտանիքին կամ ժողովքին մէջ իրարու կը պատկանին։ Անկեղծ, անվերապահ եւ ազնիւ խօսակցութիւնը կրնայ մարդիկը քով–քովի բերել (Յովհ. 15։15)։ Բայց ի՞նչ ըսել եթէ անհատ մը իր եղբօր սուտ կը խօսի։ Երբ իր եղբայրը ասոր անդրադառնայ, իրենց միջեւ վստահութեան կապը պիտի տկարանայ։ Կրնաս հասկնալ թէ Պօղոս ինչո՛ւ գրեց. «Ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին, վասն զի մենք իրարու անդամներ ենք» (Եփ. 4։25)։ Մէկը որ վարժուած է սուտ խօսիլ, թերեւս փոքր տարիքէն, կրնայ ըլլալ որ ճշմարտութիւնը ըսելու սկսիլը դժուար գտնէ։ Բայց Եհովա պիտի գնահատէ անոր ջանքերը եւ պիտի օգնէ որ փոխուի։

13. Գռեհիկ խօսակցութիւնը մէկդի ձգելուն մէջ ի՞նչ պարփակուած է։

13 Եհովա մեզի կը սորվեցնէ յարգանք ու միութիւն յառաջացնել թէ՛ ժողովքին մէջ եւ թէ ընտանիքին մէջ, մեր խօսած կերպը սահմանափակելով։ «Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ. . . Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ» (Եփ. 4։29, 31)։ Անարգական խօսակցութենէ խուսափելու մէկ կերպն է՝ ուրիշներու հանդէպ աւելի յարգալից կեցուածք մշակել։ Օրինակ՝ մարդ մը, որ իր կնոջ հետ անարգական կերպով կը խօսի, պէտք է ջանայ կնոջ հանդէպ իր կեցուածքը փոխել, մանաւանդ երբ կը սորվի թէ Եհովա ինչպէ՛ս կը պատուէ կիները։ Աստուած նոյնիսկ սուրբ հոգիով կ’օծէ կարգ մը կիներ, անոնց տալով Քրիստոսի իշխանակիցներ ըլլալու հեռանկարը (Գաղ. 3։28. Ա. Պետ. 3։7)։ Նմանապէս, կին մը՝ որ սովորաբար իր ամուսինին վրայ կը պոռայ, պէտք է մղուի փոխուելու, մինչ կը սորվի թէ ինչպէ՛ս Յիսուս ինքզինք զսպեց երբ ջղագրգռուեցաւ (Ա. Պետ. 2։21-23

14. Բարկութիւն արտայայտելը ինչո՞ւ վտանգաւոր է։

14 Բարկութիւնը չզսպելը սերտօրէն առնչուած է գռեհիկ խօսակցութեան։ Ասիկա ալ կրնայ իրարու պատկանող անհատներ բաժնել։ Բարկութիւնը կրակի նման է, որ կրնայ դիւրաւ անսանձելի դառնալ եւ աղէտ պատճառել (Առ. 29։22)։ Մէկը որ արդարացիօրէն իր տհաճութիւնը կ’արտայայտէ, ուշադրութեամբ իր բարկութիւնը պէտք է զսպէ, որպէսզի խուսափի թանկագին փոխյարաբերութիւններու վնաս հասցնելէ։ Քրիստոնեաներ պէտք է ջանան ներող ըլլալ, ոխ չպահել եւ նիւթին մասին կրկին չխօսիլ (Սաղ. 37։8. 103։8, 9. Առ. 17։9)։ Պօղոս եփեսացիները խրատեց. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ։ Ու Սատանային՝ տեղի մի՛ տաք» (Եփ. 4։26, 27)։ Բարկութիւնը չզսպելը առիթ կու տայ Բանսարկուին, որ ժողովքին մէջ անմիաբանութիւն եւ նոյնիսկ ընդհարում ցանէ։

15. Մեզի չպատկանող բան մը առնելը կրնայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունենալ։

15 Ուրիշներու սեփականութիւնը յարգելը ժողովքի միութեան կը նպաստէ։ Կը կարդանք. «Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ» (Եփ. 4։28)։ Եհովայի ժողովուրդին մէջ վստահութեան ընդհանուր զգացում մը զարգացած է։ Եթէ քրիստոնեայ մը այդ վստահութիւնը չարաշահելով իրեն չպատկանող բան մը առնէ, այդ երջանիկ միութեան վնաս կը հասցնէ։

Աստուծոյ սէրը մեզ կը միացնէ

16. Ինչպէ՞ս կրնանք շինիչ խօսակցութիւն գործածել մեր միութիւնը զօրացնելու։

16 Քրիստոնէական ժողովքին միութեան պատճառը այն է, որ Աստուծոյ սէրէ մղուած՝ բոլորն ալ ուրիշներուն հետ սիրով կը վարուին։ Եհովայի քաղցրութիւնը գնահատելը մեզ կը խթանէ, որ անկեղծ ջանք թափենք սա խրատը կիրարկելու. «[Խօսեցէք] ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ։ . . .Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի» (Եփ. 4։29, 32)։ Եհովա անկատար մարդոց քաղցրաբար կը ներէ։ Պէտք չէ՞ որ մենք ալ ուրիշներուն ներենք, երբ անոնց անկատարութիւնները տեսնենք։

17. Ինչո՞ւ սրտանց պէտք է ջանանք միութիւն յառաջացնել։

17 Եհովայի ժողովուրդին միութիւնը Զինք կը փառաւորէ։ Իր հոգին տարբեր կերպերով մեզ կը մղէ, որ միութիւն յառաջ տանինք։ Վստահաբար չենք ուզեր հոգիին առաջնորդութեան ընդդիմանալ։ Պօղոս գրեց. «Աստուծոյ Սուրբ Հոգին մի՛ տրտմեցնէք» (Եփ. 4։30)։ Միութիւնը գանձ մըն է, որ կ’արժէ պահպանել։ Անիկա Եհովայի փառք կը բերէ, իսկ անոր մէջ բաժին բերողներուն՝ ուրախութիւն։ «Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք» (Եփ. 5։1, 2

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Ի՞նչ կեցուածքներ միութիւն կը յառաջացնեն քրիստոնեաներու մէջ։

• Մեր վարքը ինչպէ՞ս կրնայ միութիւն յառաջացնել ժողովքին մէջ։

• Մեր խօսակցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, որ ուրիշներու հետ համագործակցինք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Զանազան ենթահողեր ունեցողներ միացած են

[Նկար՝ էջ 22]

Անլուրջ սիրախօսութեան վտանգներուն գիտակի՞ց ես