Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է»

«Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է»

«Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է»

«‘Առաջնորդ’ մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է» (ՄԱՏ. 23։10, Անթիլիաս

1. Եհովայի վկաները ո՞վ կը ճանչնան որպէս Առաջնորդ եւ ինչո՞ւ։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ աշխարհի եկեղեցիները ունին մարդկային առաջնորդներ, ինչպէս՝ Հռոմի պապը, պատրիարքներ, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու արքեպիսկոպոսներ եւ այլ կրօնքներու պետեր։ Եհովայի վկաները ո՛չ մէկ մարդ կը ճանչնան որպէս իրենց առաջնորդը։ Անոնք ոեւէ մարդու աշակերտներ կամ հետեւորդներ չեն։ Ասիկա ներդաշնակ է իր Որդիին նկատմամբ Եհովայի մարգարէական խօսքին հետ. «Ահա զանիկա ժողովուրդներուն՝ վկայ, ազգերուն առաջնորդ ու հրամանատար դրի» (Եսա. 55։4)։ Օծեալ քրիստոնեաներէ բաղկացած միջազգային ժողովքը եւ անոնց ընկերակից «ուրիշ ոչխարներ»ը, Եհովայի իրենց տուած Առաջնորդէն զատ ուրիշ մը չեն ուզեր (Յովհ. 10։16)։ Անոնք կ’ընդունին Յիսուսի խօսքը. «Ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է» (Մատ. 23։10, Անթիլիաս

Իսրայէլի հրեշտակային իշխանը

2, 3. Իսրայէլի մէջ, Աստուծոյ Որդին ի՞նչ գործօն դեր մը խաղցաւ։

2 Քրիստոնէական ժողովքը հաստատուելէն դարեր առաջ, Եհովա իր իսրայէլ ժողովուրդին վրայ հրեշտակային առաջնորդ մը ունէր։ Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս հանելէ ետք, Եհովա ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբուն մէջ քեզ պահպանէ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։ Զգուշութեամբ անոր խօսքին մտիկ ըրէ, անոր անհնազանդ մի՛ ըլլար. վասն զի անիկա ձեր յանցանքը պիտի չներէ, քանզի իմ անունս անոր վրայ է» (Ել. 23։20, 21)։ Տրամաբանական է հաւատալ թէ այդ հրեշտակը, որուն ‘վրայ էր Եհովայի անունը’, Աստուծոյ անդրանիկ Որդին էր։

3 Որպէս մարդ իր ծնունդէն առաջ, Աստուծոյ Որդին ակներեւաբար Միքայէլ անունը կը կրէր։ Դանիէլի գիրքին մէջ Միքայէլ կոչուած է՝ իսրայէլի «իշխանը» (Դան. 10։21)։ Յուդա աշակերտ կը նշէ, թէ Միքայէլ Դանիէլի օրերէն շա՜տ առաջ կապ ունէր իսրայէլի գործառնութեանց հետ։ Մովսէսի մահէն ետք, Սատանան ըստ երեւոյթին մտադրեց դիակը գործածել՝ իր շահերը կերպով մը յառաջ տանելու, հաւանաբար իսրայէլը մղելով որ կռապաշտութիւն գործէ։ Միքայէլ միջամտեց՝ ասոր արգելք հանդիսանալու համար։ Յուդա կը նշէ. «Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ Սատանային դէմ դնելով Մովսէսին մարմնին համար կը վիճէր, չհամարձակեցաւ հայհոյութեան դատապարտութիւն բերել անոր վրայ, հապա ըսաւ. ‘Տէրը յանդիմանէ քեզ’» (Յուդա 9)։ Կարճ ժամանակ մը ետք, Երիքովի պաշարումէն քիչ առաջ, կասկած չկայ որ Միքայէլ, «Տէրոջը զօրավարը», ի՛նքն էր որ Յեսուին երեւցաւ զինք վստահեցնելու, թէ աստուածային աջակցութիւնը ունէր (կարդալ՝ Յեսու 5։13-15Երբ դիւային իշխան մը փորձեց հրեշտակ մը արգիլել Դանիէլ մարգարէին կարեւոր պատգամ մը հաղորդելէ, Միքայէլ հրեշտակապետը այդ հրեշտակին օգնութեան հասաւ (Դան. 10։5-7, 12-14

Նախագուշակուած Առաջնորդը կու գայ

4. Մեսիայի գալուստին առնչութեամբ ի՞նչ մարգարէութիւն տրուած էր։

4 Այս միջադէպէն առաջ, Եհովա իր Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկած էր Դանիէլ մարգարէին, որ անոր մարգարէութիւն մը հաղորդէր «Օծեալ իշխան»ին գալուստին մասին (Դան. 9։21-25 * Ճիշդ ժամանակին, մ.թ. 29–ի աշնան, Յիսուս մկրտուեցաւ Յովհաննէսին կողմէ։ Սուրբ հոգին Յիսուսի վրայ թափուեցաւ, զինք դարձնելով Օծեալը,– Քրիստոսը, Մեսիան (Մատ. 3։13-17. Յովհ. 1։29-34. Գաղ. 4։4)։ Այս հանգամանքով, ան անբաղդատելի Առաջնորդ մը պիտի ըլլար։

5. Քրիստոս ինչպէ՞ս իբրեւ Առաջնորդ գործեց իր երկրային ծառայութեան ընթացքին։

5 Երկրի վրայ իր ծառայութեան սկիզբէն իսկ, Յիսուս «Օծեալ իշխան» ըլլալը փաստեց։ Քանի մը օրուան մէջ, ան սկսաւ աշակերտներ հաւաքել, եւ իր առաջին հրաշքը գործեց (Յովհ. 1։35–2։11)։ Իր աշակերտները իրեն հետեւեցան, մինչ երկրին չորս կողմը կը ճամբորդէր, Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով (Ղուկ. 8։1)։ Ան քարոզչութեան մէջ զանոնք մարզեց ու քարոզելու եւ սորվեցնելու մէջ առաջնորդութիւնը առաւ, ընտիր օրինակ հանդիսանալով (Ղուկ. 9։1-6)։ Ներկայիս, քրիստոնեայ երէցները այս ուղղութեամբ զինք պէտք է ընդօրինակեն։

6. Քրիստոս իր Հովիւ եւ Առաջնորդ ըլլալը ի՞նչ կերպով փաստեց։

6 Յիսուս իր առաջնորդութեան այլ երեսակ մը մատնանշեց, ինքզինք համեմատելով սիրալիր հովիւի մը հետ։ Արեւելեան հովիւները բառացիօրէն իրենց հօտերը կ’առաջնորդեն։ Իր գիրքին մէջ (The Land and the Book), Ու. Մ. Թոմսըն գրեց. «Հովիւը առջեւէն կ’երթայ ոչ թէ պարզապէս ճամբան ցոյց տալու, հապա վստահ ըլլալու թէ անիկա յարմար եւ ապահով է։ . . .Իր գաւազանով ան հօտը կը կառավարէ, զայն դէպի խոտաւէտ արօտները կ’առաջնորդէ եւ թշնամիներէն կը պաշտպանէ»։ Իսկական Հովիւ եւ Առաջնորդ ըլլալը ցոյց տալով, Յիսուս յայտարարեց. «‘Ես եմ բարի հովիւը’. բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ։ Իմ ոչխարներս իմ ձայնս կը լսեն ու ես ալ զանոնք կը ճանչնամ ու իմ ետեւէս կու գան» (Յովհ. 10։11, 27)։ Իր խօսքին համաձայն, Յիսուս իր ոչխարներուն ի նպաստ զոհաբերական մահով մը մեռաւ, բայց Եհովա «զանիկա Առաջնորդ ու Փրկիչ ըլլալու բարձրացուց» (Գործք 5։31. Եբ. 13։20

Քրիստոնէական ժողովքին Տեսուչը

7. Յիսուս ի՞նչ բանի միջոցով քրիստոնէական ժողովքին վրայ կը վերահսկէ։

7 Երկինք համբառնալէն քիչ առաջ, յարուցեալ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ» (Մատ. 28։18)։ Եհովա թոյլ տուաւ Յիսուսին, որ սուրբ հոգին փոխանցէ աշակերտներուն, զիրենք քրիստոնէական ճշմարտութեան մէջ զօրացնելու համար (Յովհ. 15։26)։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Յիսուս այս հոգին թափեց նախկին քրիստոնեաներուն վրայ (Գործք 2։33)։ Սուրբ հոգիին այդ թափուիլը քրիստոնէական ժողովքին հաստատուիլը նշեց։ Եհովա իր Որդիին լիազօրութիւն տուաւ, որ երկինքէն առաջնորդէ ժողովքը երկրի վրայ (կարդալ՝ Եփեսացիս 1։22. Կողոսացիս 1։13, 18Յիսուս Եհովայի սուրբ հոգիին միջոցաւ քրիստոնէական ժողովքը կ’առաջնորդէ, եւ իր տրամադրութեան տակ ունի հրեշտակներ, որոնք «իրեն հնազանդ են» (Ա. Պետ. 3։22

8. Առաջին դարուն, Քրիստոս ի՞նչ երկրային միջոց գործածեց իր աշակերտները առաջնորդելու, իսկ ներկայիս ան զորո՞նք կը գործածէ։

8 Նաեւ սուրբ հոգիին միջոցով, Քրիստոս որպէս «պարգեւ» տրուած տղամարդիկ հայթայթեց, ոմանք իբրեւ «հովիւներ ու վարդապետներ» ժողովքին մէջ (Եփ. 4։8, 11)։ Պօղոս առաքեալ քրիստոնեայ տեսուչները յորդորեց. «Զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու» (Գործք 20։28)։ Երբ քրիստոնէական ժողովքը սկսաւ, այս բոլոր տեսուչները հոգիէն–օծուած տղամարդիկ էին։ Առաքեալները եւ Երուսաղէմի ժողովքին երէցները գործեցին որպէս կառավարիչ մարմին։ Քրիստոս զայն գործածեց, որ երկրի վրայ իր օծեալ «եղբայր»ներուն ամբողջ խումբը առաջնորդէ (Եբ. 2։11. Գործք 16։4, 5)։ Վախճանին այս ատենը, Քրիստոս «իր բոլոր ունեցածը»,– Թագաւորութեան բոլոր երկրային շահերը,– վստահած է իր «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին եւ անոր ներկայացուցիչին՝ Կառավարիչ մարմինին, որուն անդամները օծեալ քրիստոնեայ տղամարդիկ են (Մատ. 24։45-47)։ Օծեալները եւ իրենց ընկերակից ուրիշ ոչխարները կը գիտակցին, թէ այժմու Կառավարիչ մարմինին առաջնորդութեան հետեւելով, իրականութեան մէջ կը հետեւին իրենց Առաջնորդին՝ Քրիստոսին։

Քրիստոս քարոզչութեան սկիզբ կը դնէ

9, 10. Քրիստոս Թագաւորութեան բարի լուրի տարածման առնչութեամբ հարցերը ինչպէ՞ս ուղղեց։

9 Սկիզբէն իսկ, Յիսուս անձամբ առաջնորդեց քարոզչութեան եւ ուսուցումի աշխարհածաւալ գործունէութիւնը։ Ան հաստատեց այն շարքաւորումը, որով Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի փոխանցուէր երկրին բնակիչներուն։ Իր ծառայութեան ընթացքին, ան իր առաքեալներուն հրահանգեց. «Հեթանոսներու ճամբայ մի՛ երթաք ու Սամարացիներու քաղաք մի՛ մտնէք, հապա աւելի Իսրայէլի տանը կորսուած ոչխարներուն գացէք։ Ու երբ կ’երթաք, քարոզեցէք ու ըսէք. ‘Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է’» (Մատ. 10։5-7)։ Անոնք ասիկա նախանձախնդրաբար կատարեցին հրեաներու եւ նորահաւատներու մէջ, մանաւանդ մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք (Գործք 2։4, 5, 10, 11. 5։42. 6։7

10 Յետագային, սուրբ հոգիին միջոցով, Յիսուս Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ընդարձակեց, պարփակելով սամարացիները ու ետքը ուրիշ ոչ–հրեաներ (Գործք 8։5, 6, 14-17. 10։19-22, 44, 45)։ Ազգերուն մէջ բարի լուրի տարածումը յառաջ տանելու հեռանկարով, Յիսուս անձամբ աշխատեցաւ որ տարսոնցի Սօղոս քրիստոնեայ դառնայ։ Յիսուս իր Անանիա աշակերտին հրահանգեց. «Ելի՛ր ու գնա այն փողոցը, որ Ուղիղ կը կոչուի եւ հոն Յուդայի տանը մէջ փնտռէ Սօղոս անունով Տարսոնացի մը. . . Գնա՛ դուն, վասն զի անիկա ինծի ընտիր աման մըն է, իմ անունս կրելու հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ» (Գործք 9։3-6, 10, 11, 15)։ «Անիկա» Պօղոս առաքեալը եղաւ (Ա. Տիմ. 2։7

11. Քրիստոս ինչպէ՞ս սուրբ հոգիի միջոցով քարոզչութիւնը ընդարձակեց։

11 Երբ ժամանակը եկաւ որ Թագաւորութեան քարոզչութիւնը ընդարձակուի ոչ–հրեայ ազգերուն մէջ, երկինքը առաջնորդեց Պօղոսը, որ միսիոնարական ճամբորդութիւններ կատարէ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ մինչեւ Եւրոպա։ Ղուկասի արձանագրութիւնը Գործք գիրքին մէջ կը նշէ. «Երբ ասոնք [Սուրիոյ Անտիոքի ժողովքին քրիստոնեայ մարգարէներն ու վարդապետները] Տէրոջը պաշտօնին մէջ էին եւ ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. ‘Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք’։ Այն ատեն ծոմ պահելով եւ աղօթք ընելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ ու ղրկեցին» (Գործք 13։2, 3)։ Յիսուս անձամբ տարսոնցի Սօղոսը կանչած էր՝ Իր «ընտիր աման»ը ըլլալով Իր անունը կրելու ազգերուն առջեւ. ուստի վկայութեան գործին այս նոր խթանը եկաւ Քրիստոսէ,– ժողովքին Առաջնորդը։ Գործը առաջնորդելու համար սուրբ հոգիին գործածութիւնը Յիսուսի կողմէ՝ շատ յստակ դարձաւ Պօղոսի երկրորդ միսիոնարական շրջապտոյտին ընթացքին։ Արձանագրութիւնը կը նշէ թէ «[Յիսուսի] Հոգին», այսինքն՝ Յիսուս սուրբ հոգիին միջոցով, ճամբորդութեան ընթացքը ընտրելու մէջ Պօղոսը եւ իր ճամբորդակիցները առաջնորդեց, իսկ տեսիլք մը անոնց ուղղութիւն տուաւ որ Եւրոպա անցնին (կարդալ՝ Գործք 16։6-10

Յիսուս իր ժողովքը կը ղեկավարէ

12, 13. Յայտնութիւն գիրքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս իւրաքանչիւր ժողովքի անցուդարձերուն մօտէն կը հետեւի։

12 Մ.թ. առաջին դարուն, Յիսուս իր օծեալ հետեւորդներէն բաղկացած ժողովքներուն անցուդարձերուն մօտէն հետեւեցաւ։ Ան իւրաքանչիւր ժողովքի հոգեւոր վիճակին քաջածանօթ էր։ Ասիկա բացայայտ կը դառնայ, երբ կը կարդանք Յայտնութիւն 2–րդ եւ 3–րդ գլուխները։ Ան Փոքր Ասիոյ մէջ գտնուող եօթը ժողովքներ կ’անուանէ (Յայտ. 1։11)։ Ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, թէ ան նոյն կերպով քաջածանօթ էր երկրի վրայ իր հետեւորդներէն բաղկացած միւս ժողովքներուն հոգեւոր վիճակին (կարդալ՝ Յայտնութիւն 2։23

13 Յիսուս կարգ մը ժողովքներ գովեց, քանի որ համբերատար էին, փորձութեան տակ հաւատարիմ էին, իր խօսքին կը կառչէին ու հաւատուրացները կը մերժէին (Յայտ. 2։2, 9, 13, 19. 3։8)։ Միւս կողմէ, ան քանի մը ժողովքներ հաստատօրէն խրատեց, որովհետեւ իրեն հանդէպ անոնց սէրը պաղած էր, կռապաշտութեան եւ պոռնկութեան աչք գոցած էին եւ աղանդապաշտութիւնը հանդուրժած էին (Յայտ. 2։4, 14, 15, 20. 3։15, 16)։ Որպէս սիրալիր հոգեւոր տեսուչ,– նոյնիսկ անոնց, զորս ուժգին կերպով յորդորեց,– Յիսուս ըսաւ. «Ես իմ ամէն սիրածս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղի՛ր ու ապաշխարէ՛» (Յայտ. 3։19)։ Երկինքը ըլլալով հանդերձ, Յիսուս սուրբ հոգիին միջոցով երկրի վրայ ժողովքները կ’առաջնորդէր։ Այդ ժողովքներուն ուղղուած պատգամներուն վերջաւորութեան, ան յայտարարեց. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն» (Յայտ. 3։22

14-16. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս երկրի վրայ Եհովայի ժողովուրդին խիզախ Առաջնորդ մը եղած է։ բ) Որովհետեւ Յիսուս իր աշակերտներուն «հետ» եղած է «ամէն օր. . . մինչեւ աշխարհիս վերջը», արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ գ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

14 Տեսանք թէ Միքայէլ (Յիսուս) իսրայէլի անվեհեր հրեշտակային Առաջնորդ մը եղաւ։ Յետագային, Յիսուս իր նախկին աշակերտներուն խիզախ Առաջնորդ եւ սիրալիր Հովիւ մըն էր։ Իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, ան քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը առաւ։ Իսկ յարութենէն ետք, ան Թագաւորութեան բարի լուրի տարածման վրայ մօտէն վերահսկեց։

15 Սուրբ հոգիին միջոցով, Յիսուս ի վերջոյ վկայութեան գործը պիտի ընդարձակէր մինչեւ երկրին ծայրերը։ Երկինք համբառնալէ առաջ, ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8. կարդալ՝ Ա. Պետրոս 1։12)։ Քրիստոսի ուղղութեան ներքեւ, առաջին դարուն հսկայ վկայութիւն մը տրուեցաւ (Կող. 1։23

16 Բայց Յիսուս ինք նշեց թէ այս գործը պիտի շարունակուէր մինչեւ վախճանին ատենը։ Իր հետեւորդներուն յանձնարարութիւն տալէ ետք, որ բոլոր ազգերուն մէջ քարոզեն եւ աշակերտեն, Յիսուս անոնց խոստացաւ. «Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20)։ 1914–ին թագաւորական հեղինակութիւն ստանալէ ի վեր, Քրիստոս որեւէ ժամանակէ աւելի իր աշակերտներուն «հետ» է եւ գործունեայ է որպէս անոնց Առաջնորդը։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ անոր ընդարձակ գործունէութիւնը 1914–էն ի վեր։

[Ստորանիշ]

Վերաքաղի համար

• Աստուծոյ Որդին ինչպէ՞ս Իսրայէլի մէջ գործունեայ Առաջնորդ մը եղաւ։

• Քրիստոս ի՞նչ բանի միջոցով կ’առաջնորդէ իր ժողովքը երկրի վրայ։

• Քրիստոս ինչպէ՞ս բարի լուրին տարածումը առաջնորդած է։

• Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս իւրաքանչիւր ժողովքի հոգեւոր վիճակին մօտէն կը հետեւի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

«Քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ»

[Նկար՝ էջ 27]

Ինչպէս անցեալին՝ նմանապէս այսօր, Քրիստոս որպէս «պարգեւ» տրուած տղամարդիկ կը գործածէ իր հօտը հովուելու