Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աղօթք. Աստուած պիտի լսէ եւ պատասխանէ՞

Աղօթք. Աստուած պիտի լսէ եւ պատասխանէ՞

Աղօթք

7 Աստուած պիտի լսէ եւ պատասխանէ՞

ՎԵՐՈՆՇԵԱԼ հարցումը շատ ոգեւորիչ ու հետաքրքրական է։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ ներկայիս Եհովա մտիկ կ’ընէ աղօթքները։ Թէ ան մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ՛ կամ ոչ, մեծաւ մասամբ կախեալ է մեզմէ։

Յիսուս դատապարտեց ժամանակակից կրօնական առաջնորդները, որոնք կեղծաւորաբար կ’աղօթէին. անոնք միայն իրենց բարեպաշտութիւնը ցուցադրելով հետաքրքրուած էին։ Ան ըսաւ թէ այսպիսիներ «իրենց վարձքը» պիտի առնէին, այն իմաստով որ անոնք պիտի ստանային միայն ի՛նչ որ շատ կ’ուզէին,– մարդոց ուշադրութիւնը,– եւ ոչ թէ ի՛նչ որ պէտք ունէին,– Աստուծոյ լսող ականջը (Մատթէոս 6։5)։ Նմանապէս այսօր, շատեր կ’աղօթեն իրե՛նց կամքին համաձայն եւ ոչ թէ՝ Աստուծոյ։ Մեր քննարկած աստուածաշնչական սկզբունքները անտեսելով, անոնք Աստուծմէ չեն լսուիր։

Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քու մասիդ։ Աստուած աղօթքներդ պիտի լսէ եւ պատասխանէ՞։ Պատասխանը կախեալ չէ ցեղէդ, ազգութենէդ կամ ընկերային մակարդակէդ։ Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Այս խօսքերը քեզ կը նկարագրե՞ն։ Եթէ Աստուծմէ կը վախնաս, ուրեմն զինք խորապէս կը յարգես ու զինք տհաճեցնելէ կը զգուշանաս։ Իսկ արդարութիւն գործելը կը նշանակէ, թէ կը ջանաս ընել այն ինչ որ Աստուած կ’ըսէ թէ շիտակ է, փոխանակ քու կամքիդ կամ ուրիշ մարդոց կամքին հետեւելու։ Իրապէս կ’ուզե՞ս որ Աստուած աղօթքներդ մտիկ ընէ։ Այս ուղղութեամբ, Աստուածաշունչը կ’օգնէ որ նպատակակէտիդ հասնիս։ *

Անշուշտ, շատեր կ’ուզեն որ Աստուած հրաշքով մը իրենց աղօթքներուն պատասխանէ։ Սակայն նոյնիսկ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, Աստուած քիչ անգամ այսպիսի հրաշքներ գործեց։ Արձանագրուած իրարայաջորդ երկու հրաշքներու միջեւ երբեմն դարեր անցան։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ առաքեալներուն օրերէն ետք, հրաշքներու դարաշրջանը վերջ գտաւ (Ա. Կորնթացիս 13։8-10)։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուած ներկայիս աղօթքներու չի պատասխաներ։ Բնա՛ւ երբեք։ Նկատի առ կարգ մը աղօթքներ, որոնց ան կը պատասխանէ։

Աստուած իմաստութիւն կը շնորհէ։ Եհովա իսկական իմաստութեան ծայրագոյն Աղբիւրն է։ Ան առատաձեռնօրէն զայն կը բաժնէ անոնց հետ, որոնք իր առաջնորդութիւնը կ’ուզեն ու կը ջանան անոր համաձայն ապրիլ (Յակոբոս 1։5

Աստուած կու տայ իր սուրբ հոգին եւ անոր բոլոր օգուտները։ Սուրբ հոգին Աստուծոյ գործօն ուժն է։ Անկէ աւելի զօրաւոր ոյժ մը չկայ։ Անիկա կրնայ մեզի օգնել փորձութիւններու տոկալու եւ մեզ խաղաղութեամբ լեցնել, երբ խռոված ենք։ Անիկա կրնայ օգնել, որ այլ գեղեցիկ եւ ախորժելի յատկութիւններ մշակենք (Գաղատացիս 5։22, 23)։ Յիսուս իր հետեւորդները հաւաստիացուց, թէ Աստուած այս պարգեւը առատաձեռնօրէն կու տայ (Ղուկաս 11։13

Աստուած զինք սրտանց փնտռողները կը լուսաւորէ (Գործք 17։26, 27)։ Աշխարհի տարածքին, կան անհատներ՝ որոնք անկեղծօրէն ճշմարտութիւնը կը փնտռեն։ Անոնք կ’ուզեն գիտնալ Աստուծոյ մասին,– ի՛նչ է անոր անունը, ի՛նչ է անոր նպատակը երկրին ու մարդկութեան նկատմամբ, ինչպէ՛ս կրնան անոր մօտենալ (Յակոբոս 4։8)։ Եհովայի վկաները յաճախ այսպիսի մարդոց կը հանդիպին եւ ուրախութեամբ կը ներկայացնեն աստուածաշնչական պատասխանները անոնց հարցումներուն։

Այս պարբերաթերթը ձեռք ձգելուդ պատճառը ա՞յդ է։ Աստուած կը փնտռե՞ս։ Թերեւս այս կերպով է որ ան կը պատասխանէ աղօթքիդ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Ինչպէ՛ս աղօթելու եւ Աստուծմէ լսուելու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։