Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շարունակէ՛ առաջ խնդրել «անոր արդարութիւնը»

Շարունակէ՛ առաջ խնդրել «անոր արդարութիւնը»

Շարունակէ՛ առաջ խնդրել «անոր արդարութիւնը»

«Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (ՄԱՏ. 6։33

1, 2. Ի՞նչ է Աստուծոյ արդարութիւնը, եւ ի՞նչ բանի վրայ հիմնուած է։

«ԱՌԱՋ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը» (Մատ. 6։33)։ Ներկայիս, Լերան քարոզին մէջ Յիսուս Քրիստոսի տուած այս յորդորը հանրածանօթ է Եհովայի վկաներուն։ Մեր կեանքի ամէն երեսակի մէջ կը ջանանք ցոյց տալ, թէ այդ Թագաւորութեան կառավարութիւնը կը սիրենք եւ կ’ուզենք անոր հաւատարիմ ըլլալ։ Բայց նաեւ պէտք է ի մտի ունենանք այս արտայայտութեան երկրորդ մասը, այսինքն՝ «եւ անոր արդարութիւնը»։ Ի՞նչ է Աստուծոյ արդարութիւնը եւ ի՞նչ կը նշանակէ՝ առաջ խնդրել զայն։

2 «Արդարութիւն» թարգմանուած բնագրական բառերը կրնան նաեւ թարգմանուիլ «իրաւունք» կամ «ուղիղութիւն»։ Հետեւաբար, Աստուծոյ արդարութիւնը ուղիղութիւն է՝ իր անձնական չափանիշներուն եւ արժանիքներուն համաձայն։ Որպէս Ստեղծիչ, Եհովա իրաւունք ունի չափանիշ դնելու, թէ ի՛նչ բան բարի է եւ ի՛նչ բան՝ չար, ի՛նչ բան շիտակ է եւ ի՛նչ բան՝ սխալ (Յայտ. 4։10)։ Սակայն Աստուծոյ արդարութիւնը պաղ, անթեք օրէնքներու շարք մը կամ կանոններու անվերջ ցանկ մը չէ։ Փոխարէն, անիկա հիմնուած է Եհովայի անձնաւորութեան եւ իր գլխաւոր յատկութիւններուն վրայ, ինչպէս՝ սէր, իմաստութիւն ու զօրութիւն։ Ուստի Աստուծոյ արդարութիւնը առնչուած է իր կամքին եւ նպատակին։ Անիկա կը պարփակէ ինչ որ Ան կ’ակնկալէ անոնցմէ, որոնք կը փափաքին իրեն ծառայել։

3. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ առաջ խնդրել Աստուծոյ արդարութիւնը։ բ) Ինչո՞ւ Եհովայի արդար չափանիշները վեր կը բռնենք։

3 Ի՞նչ կը նշանակէ առաջ խնդրել Աստուծոյ արդարութիւնը։ Պարզօրէն խօսելով, անիկա կը նշանակէ Աստուծոյ կամքը կատարել, զինք հաճեցնելու համար։ Իր արդարութիւնը փնտռելը կը պարփակէ՝ ջանալ ապրիլ ի՛ր արժանիքներուն եւ կատարեալ չափանիշներուն համաձայն եւ ոչ թէ մերիններուն համաձայն (կարդալ՝ Հռովմայեցիս 12։2Այս ապրելակերպը կը պարփակէ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը։ Անիկա պատիժէ վախնալով իր օրէնքներուն հնազանդելու հարց մը չէ։ Փոխարէն, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ, որ ջանանք զինք հաճեցնել, իր չափանիշները վեր բռնելով եւ մերինները չհաստատելով։ Կը գիտակցինք թէ ասիկա ընելիք շիտակ բանն է,– զայն ընելու համար ստեղծուած ենք։ Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորին՝ նման, պէտք է սիրենք արդարութիւնը (Եբ. 1։8, 9

4. Աստուծոյ արդարութիւնը փնտռելը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

4 Եհովայի արդարութիւնը փնտռելը ո՞րքան կարեւոր է։ Նկատի առ սա իրողութիւնը. Եդեմի պարտէզին մէջ սկզբնական փորձին հիմն էր, թէ Ադամն ու Եւան չափանիշներ դնելու Եհովայի իրաւունքը պիտի ընդունէի՛ն կամ ոչ (Ծն. 2։17. 3։5)։ Անոնց չընդունիլը թշուառութիւն ու մահ բերած է մեր վրայ որպէս իրենց սերունդը (Հռով. 5։12)։ Միւս կողմէ, Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Արդարութեան ու ողորմածութեան հետեւողը կեանք, արդարութիւն եւ փառք պիտի գտնէ» (Առ. 21։21)։ Այո, Աստուծոյ արդարութիւնը առաջ խնդրելը յառաջ կը բերէ Եհովայի հետ համերաշխ փոխյարաբերութիւն, որ իր կարգին, մեր փրկութեան կ’առաջնորդէ (Հռով. 3։23, 24

Ինքնարդար դառնալու վտանգը

5. Ի՞նչ վտանգէ պէտք է խուսափինք։

5 Հռոմի քրիստոնեաներուն գրելով, Պօղոս առաքեալ ցցուն ըրաւ վտանգ մը, որմէ բոլորս պէտք է խուսափինք, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ արդարութիւնը յաջողապէս առաջ խնդրել։ Իր ժամանակակից հրեաներուն մասին խօսելով, Պօղոս ըսաւ. «Ես կը վկայեմ անոնց համար թէ Աստուծոյ համար նախանձախնդիրներ են, թէեւ ո՛չ գիտակցաբար։ Վասն զի անոնք Աստուծոյ արդարութիւնը չճանչնալով՝ իրենց արդարութիւնը հաստատել ուզելով, Աստուծոյ արդարութեան չհնազանդեցան» (Հռով. 10։2, 3)։ Ըստ Պօղոսի, այդ երկրպագուները չհասկցան Աստուծոյ արդարութիւնը, քանի որ շա՜տ զբաղած էին՝ ջանալով իրե՛նց արդարութիւնը հաստատել։ *

6. Ի՞նչ կեցուածքէ պէտք է խուսափինք եւ ինչո՞ւ։

6 Այս ծուղակին մէջ իյնալու մէկ կերպն է՝ Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութիւնը մրցակցութիւն նկատել, մեր անձը բաղդատելով ուրիշներու հետ։ Այս կեցուածքը կրնայ դիւրաւ մեզ առաջնորդել, որ մեր կարողութիւններուն նկատմամբ չափազանց ինքնավստահ ըլլանք։ Բայց իսկապէս, եթէ այդ կերպով վարուէինք, Եհովայի արդարութիւնը պիտի մոռնայինք (Գաղ. 6։3, 4)։ Շիտակը ընելու ճիշդ շարժառիթն է՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը։ Մեր արդարութիւնը ապացուցանելու որեւէ փորձ կրնայ զինք սիրելու մեր դաւանութիւնը անվաւեր դարձնել (կարդալ՝ Ղուկաս 16։15

7. Յիսուս ինչպէ՞ս ինքնարդարացումի խնդիրը նկատի առաւ։

7 Յիսուս ուշադրութիւն ընծայեց անոնց, «որոնք իրենց անձերուն վրայ կը վստահէին՝ թէ արդար են եւ ուրիշները կ’անարգէին»։ Ան ինքնարդարացումի խնդիրը նկատի առաւ, սա առակը պատմելով. «Երկու մարդ գացին տաճարը՝ աղօթք ընելու։ Մէկը փարիսեցի ու միւսը՝ մաքսաւոր։ Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. ‘Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս, հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ’։ Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’»։ Յիսուս եզրափակեց՝ ըսելով. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղուկ. 18։9-14

Ուրիշ վտանգ մը. «խիստ շատ արդար» դառնալ

8, 9. Ի՞նչ կը նշանակէ «խիստ շատ արդար» ըլլալ, եւ անիկա ի՞նչ բանի կրնայ մեզ առաջնորդել։

8 Ուրիշ վտանգ մը, որմէ պէտք է խուսափինք, նկարագրուած է Ժողովող 7։16–ի մէջ. «Խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար։ Ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր»։ Յետոյ, ինչպէս որ 20–րդ համարին մէջ նշուած է, Աստուածաշունչի ներշնչեալ գրողը այդ կեցուածքը մերժելու պատճառ մը կու տայ մեզի. «Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ»։ «Խիստ շատ արդար» դարձող անհատը արդարութեան ի՛ր չափանիշները կը դնէ եւ անոնցմով ուրիշները կը դատէ։ Բայց ան չ’անդրադառնար թէ ասիկա ընելով, իր չափանիշները Աստուծոյ չափանիշներէն վեր կը դասէ, եւ այսպէս՝ կ’ապացուցանէ թէ Աստուծոյ աչքին անարդար է։

9 «Խիստ շատ արդար» ըլլալը,– կամ ըստ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններու՝ «չափազանց արդար» կամ «յոյժ արդար» ըլլալը,– կրնայ նոյնիսկ պատճառ ըլլալ, որ հարցերը ձեռք առնելու Եհովայի կերպը հարցականի տակ դնենք։ Սակայն պէտք է յիշենք, որ եթէ Եհովայի որոշումներուն անաչառ կամ շիտակ ըլլալը հարցականի տակ դնենք, իրականութեան մէջ, կը սկսինք արդարութեան մեր չափանիշը Եհովայի չափանիշէն վեր դասել։ Կարծես թէ Եհովան կը դատենք շիտակի եւ սխալի մեր չափանիշներով։ Բայց արդարութեան չափանիշը սահմանելու իրաւունքը Եհովա՛ն ունի, եւ ոչ թէ մենք (Հռով. 14։10

10. Յոբի պարագային նման, ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ Աստուած դատենք։

10 Թէեւ մեզմէ ոչ մէկը դիտումնաւոր կերպով պիտի ուզէ Աստուած դատել, բայց մեր անկատար բնոյթը կրնայ պատճառ ըլլալ որ այդպէս ընենք։ Ասիկա կրնայ դիւրաւ պատահիլ, երբ տեսնենք բան մը՝ որ անարդարութիւն կը նկատենք, կամ եթէ անձամբ նեղութիւն քաշենք։ Նոյնիսկ հաւատարիմ Յոբ այս սխալը գործեց։ Սկիզբը անոր մասին ըսուեցաւ, թէ «կատարեալ ու արդար եւ աստուածավախ էր ու չարութենէ ետ կը քաշուէր» (Յոբ 1։1)։ Բայց ետքը, զինք հարուածեցին աղէտներ, որոնք իրեն համար անարդարութիւն թուեցան։ Ասիկա Յոբը առաջնորդեց, որ ‘Աստուծմէ աւելի ինքզինք արդարացնէ’ (Յոբ 32։1, 2)։ Յոբ ստիպուեցաւ իր տեսակէտը սրբագրել։ Ուստի պէտք չէ զարմանանք, եթէ երբեմն մենք մեզ համանման կացութեան մէջ գտնենք։ Եթէ ատիկա պատահի, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել մեր մտածումը ճշդելու։

Միշտ բոլոր իրողութիւններուն տեղեակ չենք

11, 12. ա) Եթէ զգանք թէ բան մը անարդարութիւն է, ի՞նչ պէտք է յիշենք։ բ) Ինչո՞ւ թերեւս մէկը խորհի, թէ այգիին բանուորներուն առակը անարդար բան մը կը նկարագրէ։

11 Նա՛խ պէտք է յիշենք, թէ միշտ բոլոր իրողութիւններուն տեղեակ չենք։ Յոբին պարագան այդպէս էր։ Ան չէր գիտեր երկինքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակային որդիներուն ժողովներուն մասին, ուր Սատանան իրեն դէմ սուտ ամբաստանութիւն ըրաւ (Յոբ 1։7-12. 2։1-6)։ Յոբ չըմբռնեց թէ իր խնդիրներուն բուն պատճառը Սատանան էր։ Իրականութեան մէջ, չենք կրնար ստոյգ ըլլալ, թէ Յոբ նոյնիսկ գիտէր Սատանայի իսկական ինքնութիւնը։ Հետեւաբար ան սխալ կերպով ենթադրեց, թէ Աստուա՛ծ իր խնդիրները պատճառեց։ Այո, դիւրին է սխալ եզրակացութեան յանգիլ, երբ բոլոր իրողութիւնները չենք գիտեր։

12 Նկատի առ, զոր օրինակ, Յիսուսի առակը այգիին բանուորներուն մասին (կարդալ՝ Մատթէոս 20։8-16Հոս Յիսուս կը նկարագրէ տանտէր մը, որ նոյն գումարը կը վճարէ իր բոլոր բանուորներուն, որոնք ամբողջ օրը կամ միայն մէկ ժամ աշխատեցան։ Ասոր նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգաս։ Ասիկա արդարացի կը թուի՞։ Թերեւս անմիջապէս կարեկցիս այն բանուորներուն, որոնք ամբողջ օրը կիզիչ արեւին տակ աշխատեցան։ Վստահաբար անոնք արժանի էին աւելի գումար ստանալու։ Այդ եզրակացութեան հիման վրայ, տանտէրը կրնայ անսիրալիր եւ անարդար նկատուիլ։ Նոյնիսկ գանգատող բանուորներուն ուղղուած իր պատասխանը կրնայ հեղինակութեան կամայական չարաշահութիւն թուիլ։ Բայց արդեօք բոլոր իրողութիւնները ունի՞նք։

13. Այգիին բանուորներուն առակին առնչութեամբ ուրիշ ի՞նչ տեսակէտ կրնանք ունենալ։

13 Այս առակը ուրիշ տեսանկիւնէ մը վերլուծենք։ Կասկած չկայ թէ առակին մէջի տանտէրը գիտակցեցաւ, թէ այս բոլոր տղամարդիկը հարկ ունէին իրենց ընտանիքները կերակրելու։ Յիսուսի օրերուն, այգեգործները օրը օրին կը վարձատրուէին։ Անոնց ընտանիքները իւրաքանչիւր օրուան վարձքէն կախեալ էին։ Ասիկա ի մտի ունենալով, մտածէ անոնց կացութեան մասին, զորս տանտէրը օրուան ուշ ատենը գտաւ, եւ հետեւաբար միայն մէկ ժամ աշխատեցան։ Թերեւս անոնք պիտի չկարենային իրենց ընտանիքները կերակրել լոկ մէկ ժամուան վարձքով. այսուհանդերձ, անոնք յօժար էին աշխատելու եւ ամբողջ օրը սպասած էին որ մէկը զիրենք վարձէ (Մատ. 20։1-7)։ Անոնց յանցանքը չէր որ ամբողջ օրը չաշխատեցան։ Իսկ բան մը չկայ որ ցոյց կու տայ, թէ անոնք դիտումնաւոր կերպով փորձեցին աշխատանքէն խուսափիլ։ Երեւակայէ թէ ստիպուեցար ամբողջ օրը սպասել, գիտնալով որ ուրիշներ կախեալ են այդ օրը ձեռք ձգած գումարէդ։ Ո՜րքան երախտապարտ պիտի ըլլայիր որոշ գործ մը ճարելուդ համար,– եւ ո՜րքան անակնկալի պիտի գայիր՝ ընտանիքդ կերակրելու համար բաւարար վճարում ստանալով։

14. Այգիին բանուորներուն առակէն ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը կը սորվինք։

14 Այժմ վերստին արժեւորենք տանտիրոջ արարքները։ Ան ոեւէ անհատի նուազ վճարում չըրաւ։ Փոխարէն, ան բոլոր բանուորներուն հետ վարուեցաւ որպէս ապրուստ ճարելու իրաւունք ունեցողներ։ Շատ բանուորներ մատչելի ըլլալով, տանտէրը կրնար կացութիւնը օգտագործել, որպէսզի աժան վարձքով աշխատողներ ճարէր։ Սակայն ան այդպէս չըրաւ։ Իր բոլոր բանուորներն ալ բաւականաչափ գումարով տուն վերադարձան իրենց ընտանիքները կերակրելու համար։ Այս յաւելեալ մանրամասնութիւնները նկատի առնելը կրնայ իր արարքներուն նկատմամբ մեր տեսակէտը փոխել։ Անոր որոշումը սիրալիր էր եւ ոչ թէ հեղինակութեան կամայական չարաշահութիւն։ Ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ Կը սորվինք թէ միայն կարգ մը իրողութիւններ նկատի առնելը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ անմիջապէս սխալ եզրակացութեան հասնինք։ Արդարեւ, այս առակը ցցուն կ’ընէ Աստուծոյ արդարութեան գերազանցութիւնը, որ հիմնուած չէ միայն կանոններու եւ մարդկային արժանիքին վրայ։

Մեր տեսակէտը կրնայ խեղաթիւրուած կամ սահմանափակ ըլլալ

15. Արդարութեան նկատմամբ մեր տեսակէտը ինչո՞ւ կրնայ խեղաթիւրուած կամ սահմանափակ ըլլալ։

15 Անարդար թուող կացութեան մը հետ դէմ յանդիման գալու ատեն յիշելիք երկրորդ ազդակն է՝ թէ մեր տեսակէտը կրնայ խեղաթիւրուած կամ սահմանափակ ըլլալ։ Անիկա անկատարութեան, կանխադատութեան կամ մշակութային ենթահողին պատճառով կրնայ խեղաթիւրուած ըլլալ։ Անիկա նաեւ սահմանափակ է, քանի որ չենք կրնար շարժառիթները զատորոշել եւ գիտնալ թէ մարդոց սրտերուն մէջինը իրապէս ի՛նչ է։ Ասոր հակառակը, թէ՛ Եհովա եւ թէ Յիսուս այդպիսի սահմանափակումներ չունին (Առ. 24։12. Մատ. 9։4. Ղուկ. 5։22

16, 17. Բերսաբէի հետ Դաւիթի գործած մեղքին ժամանակ, Եհովա հաւանաբար ի՞նչ պատճառով շնութեան վերաբերող իր օրէնքը չպարտադրեց։

16 Բերսաբէի հետ Դաւիթի գործած շնութեան արձանագրութիւնը վերլուծենք (Բ. Թագ. 11։2-5)։ Ըստ մովսիսական օրէնքին, անոնք մահապատիժի արժանի էին (Ղեւ. 20։10. Բ. Օր. 22։22)։ Եհովա զանոնք պատժելով հանդերձ, իր օրէնքը չպարտադրեց։ Արդեօք ասիկա Եհովայի կողմէ անարդարութի՞ւն էր։ Ան Դաւիթին հետ աչառութեամբ վարուեցա՞ւ եւ Իր արդար չափանիշները բեկանե՞ց։ Աստուածաշունչի ընթերցողներէն ոմանք այդպէս խորհած են։

17 Սակայն շնութեան վերաբերող այս օրէնքը, Եհովայի կողմէ տրուած էր անկատար դատաւորներու, որոնք չէին կրնար սրտերը կարդալ։ Հակառակ իրենց սահմանափակումներուն, անոնք այս օրէնքով կրցան իրենց դատավճիռներուն մէջ հաստատ ըլլալ։ Միւս կողմէ, Եհովա կրնա՛յ սրտերը կարդալ (Ծն. 18։25. Ա. Մն. 29։17)։ Ուստի պէտք չէ ակնկալենք որ Եհովա սահմանափակուի օրէնքով մը, զոր անկատար դատաւորներուն համար դրաւ։ Այլապէս, ասիկա պիտի չնմանէ՞ր կատարեալ տեսողութիւն ունեցող մը ստիպելուն, որ գործածէ ակնոցներ, որոնք թերի տեսողութիւն ունեցողներուն համար պատրաստուած են։ Եհովա կրնա՛ր Դաւիթին ու Բերսաբէին սիրտերը կարդալ եւ տեսնել անոնց իսկական զղջումը։ Այսպիսի ազդակ մը նկատի առնելով, ան ողորմած եւ սիրալիր կերպով զանոնք դատեց։

Շարունակէ Եհովայի արդարութիւնը փնտռել

18, 19. Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն, որ արդարութեան մեր չափանիշներով բնաւ չդատենք Եհովան։

18 Արդ, եթէ երբեմն տեսնենք բան մը, որ կը զգանք թէ Եհովայի կողմէ անարդարութիւն է,– ըլլայ աստուածաշնչական արձանագրութեան մէջ կամ մեր կեանքին մէջ,– երբեք Աստուած չդատենք արդարութեան մե՛ր չափանիշներով։ Յիշէ թէ միշտ բոլոր իրողութիւններուն տեղեակ չենք եւ թէ մեր տեսակէտը կրնայ խեղաթիւրուած կամ սահմանափակ ըլլալ։ Բնաւ մի՛ մոռնար, թէ «մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր» (Յակ. 1։19, 20)։ Այս կերպով, մեր սիրտը բնաւ «Տէրոջը դէմ տրտունջ» պիտի չընէ (Առ. 19։3

19 Յիսուսի նման, մի՛շտ գիտակցինք թէ միայն Եհովա իրաւունք ունի չափանիշը դնելու, թէ ի՛նչ բան արդար ու բարի է (Մար. 10։17, 18)։ Ջանա՛ Իր չափանիշներուն մասին «ճշգրիտ գիտութիւն» ձեռք ձգել (Հռով. 10։2, ՆԱ. Բ. Տիմ. 3։7, ՆԱ)։ Ասոնք ընդունելով եւ մեր կեանքը Եհովայի կամքին հետ ներդաշնակելով, ցոյց կու տանք թէ առաջ կը խնդրենք «անոր արդարութիւնը» (Մատ. 6։33

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Ուսումնականի մը համաձայն, «հաստատել» թարգմանուած բնագրական բառը կրնայ նաեւ նշանակել ‘կոթող մը կանգնեցնել’։ Ուստի այդ հրեաները իրօք այլաբանական կոթող մը կը կանգնեցնէին, ոչ թէ Աստուծոյ, այլ իրե՛նց գովաբանութեան համար։

Կը յիշե՞ս

• Եհովայի արդարութիւնը փնտռելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

• Ի՞նչ երկու վտանգներէ պէտք է խուսափինք։

• Ինչպէ՞ս կրնանք առաջ խնդրել Աստուծոյ արդարութիւնը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 21]

Տաճարին մէջ աղօթող երկու տղամարդոց առակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք

[Նկար՝ էջ 22]

Արդեօք անարդարութի՞ւն էր 11–րդ ժամուն աշխատողներուն վճարել այն գումարը, որ վճարուեցաւ ամբողջ օրը աշխատողներուն