Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ բաժին կը բերե՞ս

Քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ բաժին կը բերե՞ս

Քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ բաժին կը բերե՞ս

«Երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք. . . ամէնքն ալ շինութեան համար թող ըլլան» (Ա. ԿՈՐ. 14։26

1. Ա. Կորնթացիս 14–րդ գլուխին համաձայն, քրիստոնէական ժողովներուն կարեւոր մէկ նպատակը ի՞նչ է։

‘Ի՜ՆՉ շինիչ ժողով մըն էր’։ Համանման զգացումներ արտայայտա՞ծ ես՝ Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովի մը ներկայ գտնուելէ ետք։ Անկասկած արտայայտած ես։ Ժողովքային հանդիպումները իրապէս քաջալերութեան աղբիւր են, բայց ասիկա զարմանալի չէ։ Ի վերջոյ, ճիշդ ինչպէս որ էր նախկին քրիստոնեաներու օրերուն, ներկայիս մեր ժողովներուն կարեւոր մէկ նպատակն է՝ բոլոր ներկաները հոգեւորապէս զօրացնել։ Նշմարէ թէ Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ, ինչպէ՛ս կը շեշտէ քրիստոնէական ժողովներուն սոյն մասնայատուկ նպատակը։ Ամբողջ 14–րդ գլուխին մէջ, ան կրկին անգամ կը նշէ թէ ժողովքային հանդիպումներուն ներկայացուած իւրաքանչիւր բաժին, նոյն նպատակը պէտք է ունենայ,– «եկեղեցիին շինութեանը համար» (կարդալ՝ Ա. Կորնթացիս 14։3, 12, 26 *

2. ա) Շինիչ ժողովները ի՞նչ բանի արդիւնքն են։ բ) Ի՞նչ հարցում նկատի պիտի առնենք։

2 Կը գիտակցինք թէ շինիչ ժողովները նախ եւ առաջ՝ Աստուծոյ հոգիին ազդեցութեան արդիւնքն են։ Ուստի, իւրաքանչիւր ժողովքային հանդիպում սրտագին աղօթքով կը սկսինք, խնդրելով մեր երկնաւոր Հօրմէն, որ իր սուրբ հոգիին միջոցով ժողովը օրհնէ։ Սակայն, գիտենք թէ ժողովքին բոլոր անդամները կրնան յայտագիրը կարելի եղածին չափ շինիչ դարձնելու մէջ բաժին բերել։ Արդ, ի՞նչ են կարգ մը քայլեր, զորս կրնանք անձամբ առնել, որպէսզի վստահ ըլլանք թէ մեր Թագաւորութեան սրահին մէջ վարուած շաբաթական ժողովները միշտ հոգեւոր թարմացումի եւ քաջալերութեան աղբիւր են։

3. Քրիստոնէական ժողովները ո՞րքան կարեւոր են։

3 Պատասխանելու համար, պիտի քննարկենք մեր ժողովներուն կարգ մը երեսակները, զորս վարիչները պէտք է ի մտի ունենան։ Նաեւ նկատի պիտի առնենք, թէ ինչպէ՛ս ամբողջ ժողովքը կրնայ բոլոր ներկաներուն համար ժողովները ոգեւորիչ առիթներ դարձնելու մէջ բաժին բերել։ Այս նիւթը մեզ շատ կը հետաքրքրէ, քանի որ մեր ժողովները սրբազան հանդիպումներ են։ Արդարեւ, ժողովներուն ներկայ գտնուիլը եւ անոնց մասնակցիլը, Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքին կարեւոր երեսակներ են (Սաղ. 26։12. 111։1. Եսա. 66։22, 23

Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար ծրագրուած ժողով մը

4, 5. Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ժողովին նպատակը ի՞նչ է։

4 Բոլորս կ’ուզենք մեր շաբաթական Դիտարան–ի ուսումնասիրութենէն լիովին օգտուիլ։ Ուստի, այդ ժողովին գլխաւոր նպատակը յստակօրէն հասկնալու համար, վերաքաղ ընենք թէ ինչո՛ւ կ’ունենանք Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կարգ մը ճշդումներ, որոնք եղած են ուսումնասիրութեան յօդուածներուն։

5 Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ժողովը ունենալուն պատճառն է՝ այս պարբերաթերթին օգնութեամբ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Այո, շաբաթական Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ժողովին մէջ, Աստուծոյ Խօսքը ‘կը մեկնուի’, եւ ինչպէս որ էր Նէեմիայի ժամանակ, անիկա ‘կը հասկցուի’ (Նէ. 8։8. Եսա. 54։13

6. ա) Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ի՞նչ ճշդում եղաւ։ բ) ‘Կարդացուելիք’ համարներուն առնչութեամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենալ։

6 Որովհետեւ մեր գլխաւոր դասագիրքը Աստուածաշունչն է, Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ճշդում մը եղաւ։ Ուսումնասիրութեան յօդուածներուն մէջ, շատ մը նշուած համարներու քով գրուած է՝ «կարդալ»։ Բոլորիս քաջալերութիւն կը տրուի, որ ժողովին ընթացքին այդ համարներուն ընթերցանութեան հետեւինք, մեր Աստուածաշունչը գործածելով (Գործք 17։11)։ Ինչո՞ւ։ Երբ Աստուծոյ խրատը մեր Աստուածաշունչին մէջ տեսնենք, անիկա աւելի խոր տպաւորութիւն կը ձգէ մեր վրայ (Եբ. 4։12)։ Հետեւաբար, այդ համարները բարձրաձայն կարդացուելէն առաջ, ժողովը վարողը պէտք է բոլոր ներկաներուն բաւականաչափ ժամանակ տայ, որպէսզի համարները բանան ու հետեւին ընթերցողին։

Մեր հաւատքը արտայայտելու համար՝ աւելի ժամանակ մատչելի է

7. Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ընթացքին, ի՞նչ պատեհութիւն ունինք։

7 Ուսումնասիրութեան յօդուածներուն այլ ճշդում մը կապ ունի անոնց երկարութեան հետ։ Վերջին տարիներուն, անոնք աւելի կարճ եղած են։ Ուստի, Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ընթացքին, պարբերութիւններու ընթերցանութեան աւելի նուազ ժամանակ կը տրուի, իսկ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելու համար յաւելեալ ժամանակ մատչելի է։ Այժմ ժողովքին մէջ աւելի անհատներ պատեհութիւն ունին իրենց հաւատքը հանրապէս արտայայտելու՝ տպուած հարցումի մը պատասխանելով, համարի մը կիրարկումը տալով, աստուածաշնչական սկզբունքներուն հետեւելու իմաստութիւնը լուսաբանող հակիրճ փորձառութիւն մը պատմելով կամ ուրիշ կերպերով։ Պատկերները քննարկելու որոշ ժամանակ ալ պէտք է յատկացուի (կարդալ՝ Սաղմոս 22։22. 35։18. 40։9

8, 9. Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան վարիչին դերը ի՞նչ է։

8 Սակայն, Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան ընթացքին այլազան մեկնաբանութիւններ տալու այդ յաւելեալ ժամանակը մատչելի պիտի ըլլայ, միայն եթէ ներկաները հակիրճօրէն մեկնաբանեն եւ ժողովը վարողը շատ յաճախ չմեկնաբանէ։ Ուստի ի՞նչ բան կրնայ վարիչին օգնել, որ պատշաճ հաւասարակշռութիւնը գտնէ՝ իր մեկնաբանութիւններուն եւ ժողովքին տուած մեկնաբանութիւններուն միջեւ, այնպէս որ ժողովը բոլորին համար շինիչ ըլլայ։

9 Պատասխանելու համար, նկատի առ սա լուսաբանութիւնը։ Լաւ կերպով վարուած Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը, աչքերուն հաճելի եղող ծաղկեփունջի մը պէս է։ Ճիշդ ինչպէս որ մեծ ծաղկեփունջ մը կազմուած է բազմաթիւ ծաղիկներէ, նոյնպէս Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը կազմուած է բազմաթիւ տարբեր մեկնաբանութիւններէ։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ ծաղիկները չափով եւ գոյնով իրարմէ կը տարբերին, նոյնպէս ժողովին ընթացքին տրուած մեկնաբանութիւնները, երկարութեամբ եւ մատուցման կերպով իրարմէ կը տարբերին։ Իսկ վարիչին դերը ի՞նչ է։ Անոր տուած պատահական մեկնաբանութիւնները կը նմանին այն քանի մը կանանչ բոյսերուն, որոնք ուշադրութեամբ կը զետեղուին ծաղկեփունջի մը մէջ։ Այս կանանչ մասերը չեն տիրեր, հապա ձեւ կու տան ու կ’ամբողջացնեն ծաղկեփունջը։ Նմանապէս, վարիչը պէտք է ի մտի ունենայ, թէ իր դերը ժողովքին ներկայացուցած փառաբանութեան արտայայտութիւնները լրացնել է, եւ ոչ թէ՝ զանոնք շուքի տակ դնել։ Այո, երբ ժողովքին տուած բազմաթիւ տարբեր մեկնաբանութիւնները եւ վարիչին տեղին ըսած քիչ նշմարները հմտօրէն իրարու քով դրուին, անոնք կը կազմեն բառերու գեղեցիկ փունջ մը, որ բոլոր ներկաներուն հաճելի պիտի ըլլայ։

«Ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք»

10. Նախկին քրիստոնեաները ժողովքային հանդիպումները ինչպէ՞ս նկատեցին։

10 Ա. Կորնթացիս 14։26-33–ի մէջ, քրիստոնէական ժողովներուն նկարագրութիւնը մեզի կ’օգնէ ըմբռնելու, թէ առաջին դարուն այդ հանդիպումները ինչպէ՛ս կը վարուէին։ Այդ համարներուն մասին մեկնաբանելով, Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը գրէ. «Նախկին եկեղեցական ծառայութեան մասին իսկապէս ուշագրաւ բանը այն է, թէ գրեթէ ամէն ոք կու գար, զգալով թէ բանով մը անոր նպաստելու թէ՛ առանձնաշնորհումը եւ թէ պարտաւորութիւնը ունէր։ Անհատ մը միայն մտիկ ընելու մտադրութեամբ չէր գար. ան կու գար ոչ միայն ստանալու, այլ՝ տալու»։ Արդարեւ, նախկին քրիստոնեաները ժողովքային հանդիպումները պատեհութիւն նկատեցին, որ իրենց հաւատքը արտայայտեն (Հռով. 10։10

11. ա) Ի՞նչ բան ժողովները շինիչ դարձնելու մեծապէս կը նպաստէ եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչ թելադրութիւններ կիրարկելով կրնանք ժողովներուն մէջ մեր մեկնաբանութիւնները բարելաւել (տե՛ս ստորանիշը)։

11 Ժողովներուն մէջ մեր հաւատքը արտայայտելը, «եկեղեցիին շինութեան» մեծապէս կը նպաստէ։ Վստահաբար պիտի համաձայնիս, թէ առանց նկատի առնելու թէ քանի տարի է որ ժողովներուն ներկայ կը գտնուինք, տակաւին իսկական հաճոյք է լսել մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մեկնաբանութիւնները։ Հաւատարիմ, տարեց հաւատակիցի մը սրտագին պատասխանով կը տպաւորուինք. հոգածու երէցի մը խորաթափանց դիտողութեամբ կ’ոգեւորուինք. իսկ կը ժպտինք, երբ երեխայ մը ինքնաբերաբար մեկնաբանէ, Եհովայի հանդէպ հարազատ սէր արտայայտելով։ Բացորոշ է թէ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելով, բոլորս քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ բաժին կը բերենք։ *

12. ա) Մովսէսի եւ Երեմիայի օրինակներէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ բ) Մեկնաբանութիւններ տալու մէջ աղօթքը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

12 Սակայն, երկչոտ անհատներուն համար մեկնաբանութիւն տալը կրնայ իսկական մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Եթէ պարագադ այդպէս է, թերեւս օգտակար ըլլայ յիշել, թէ կացութիւնդ անսովոր չէ։ Իրականութեան մէջ, նոյնիսկ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ, ինչպէս՝ Մովսէս եւ Երեմիա, հանրապէս խօսելու իրենց կարողութեան նկատմամբ վստահութեան պակաս ցոյց տուին (Ել. 4։10. Եր. 1։6)։ Այսուհանդերձ, ճիշդ ինչպէս որ Եհովա այդ վաղեմի ծառաներուն օգնեց, որ հրապարակաւ զինք փառաբանեն, քեզի ալ պիտի օգնէ որ գովաբանութեան զոհեր մատուցանես (կարդալ՝ Եբրայեցիս 13։15Մեկնաբանութիւններ տալու վախդ յաղթահարելու համար, Եհովայի օգնութիւնը ինչպէ՞ս կրնաս ստանալ։ Նա՛խ ժողովին նիւթերը լաւ պատրաստէ։ Յետոյ, Թագաւորութեան սրահ երթալէ առաջ, աղօթքով Եհովայի մօտեցիր ու յատկապէս աղերսէ, որ քեզի շնորհէ մեկնաբանութիւն տալու համարձակութիւնը (Փլպ. 4։6)։ Խնդրանքդ «իր կամքին համեմատ» է, ուստի կրնա՛ս վստահ ըլլալ, թէ Եհովա աղօթքիդ պիտի պատասխանէ (Ա. Յովհ. 5։14. Առ. 15։29

Ժողովներ՝ որոնց նպատակն է ‘շինել, յորդորել եւ մխիթարել’

13. ա) Մեր ժողովները ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենան ներկաներուն վրայ։ բ) Ի՞նչ հարցում երէցներուն համար մասնաւոր կարեւորութիւն ունի։

13 Պօղոս կը նշէ թէ ժողովքային հանդիպումներուն կարեւոր մէկ նպատակն է՝ ներկաները ‘շինել, յորդորել եւ մխիթարել’ (Ա. Կոր. 14։3 * Ներկայիս քրիստոնեայ երէցները ինչպէ՞ս կրնան վստահ ըլլալ, թէ իրենց բաժինները իրապէս եղբայրներուն ու քոյրերուն հոգեկան վիճակը կը բարձրացնեն եւ զանոնք կը մխիթարեն։ Պատասխանելու համար, նկատի առնենք ժողով մը, զոր Յիսուս վարեց իր յարութենէն քիչ ետք։

14. ա) Ի՞նչ իրադարձութիւններ կանխեցին Յիսուսի կարգադրած մէկ ժողովը։ բ) Առաքեալները ինչո՞ւ հանգստացած ըլլալու էին, երբ ‘Յիսուս իրենց մօտեցաւ ու խօսեցաւ’։

14 Նա՛խ նկատէ այդ ժողովը կանխող իրադարձութիւնները։ Յիսուս մահուան մատնուելէ քիչ առաջ, առաքեալները «թողուցին զանիկա ու փախան», եւ ինչպէս որ նախագուշակուած էր՝ անոնք ‘ցիրուցան եղան ամէն մէկը իր տեղը’ (Մար. 14։50. Յովհ. 16։32)։ Յետոյ, իր յարութենէն ետք, Յիսուս վհատած առաքեալները հրաւիրեց, որ մասնաւոր ժողովի մը ներկայ գտնուին։ * Ուստի «տասնմէկ աշակերտները գացին Գալիլիա, այն լեռը ուր Յիսուս իրենց որոշեր էր»։ Երբ հոն հասան, «Յիսուս մօտենալով՝ խօսեցաւ անոնց» (Մատ. 28։10, 16, 18)։ Մտապատկերէ թէ առաքեալները ո՜րքան հանգստացած ըլլալու էին, երբ Յիսուս այդ նախաքայլը առաւ։ Ան ի՞նչ քննարկեց։

15. ա) Յիսուս ի՞նչ նիւթեր նկատի առաւ, բայց ի՞նչ բան չքննարկեց։ բ) Այդ ժողովը առաքեալներուն ինչպէ՞ս ազդեց։

15 Յիսուս իր խօսքը սա ծանուցումով սկսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ»։ Ապա ան նշանակում մը տուաւ անոնց. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք»։ Ան եզրափակեց՝ ջերմ երաշխիք տալով. «Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ» (Մատ. 28։18-20)։ Բայց նշմարեցի՞ր թէ Յիսուս ի՛նչ չըրաւ։ Ան առաքեալները չյանդիմանեց. ոչ ալ այդ ժողովը օգտագործեց, որ իրենց շարժառիթները հարցականի տակ դնէ կամ յանցապարտութեան զգացումները աւելի խորացնէ, իրենց ժամանակաւոր հաւատքի տկարութեան ակնարկելով։ Փոխարէն, Յիսուս իր եւ իր Հօր սէրը հաստատեց, անոնց ծանրակշիռ նշանակում մը վստահելով։ Յիսուսի մօտեցումը ինչպէ՞ս ազդեց առաքեալներուն։ Անոնք ա՛յնքան շինուեցան, յորդորուեցան ու մխիթարուեցան, որ այդ ժողովէն քիչ ետք, անգամ մը եւս ‘կը սորվեցնէին ու կը քարոզէին’ (Գործք 5։42

16. Ներկայիս քրիստոնեայ երէցները ինչպէ՞ս Յիսուսի օրինակին կը հետեւին, վարելով ժողովներ՝ որոնք թարմացումի աղբիւր են։

16 Յիսուսը ընդօրինակելով, ներկայիս երէցները ժողովները պատեհութիւն կը նկատեն, որ հաւատակիցներուն ցցուն ընեն Իր ժողովուրդին հանդէպ Եհովայի ունեցած անսպառ սէրը (Հռով. 8։38, 39)։ Հետեւաբար, իրենց ելոյթներուն մէջ, երէցները կը կեդրոնանան եղբայրներուն զօրաւոր կողմերուն վրայ, եւ ոչ թէ՝ տկար կէտերուն վրայ։ Անոնք իրենց եղբայրներուն շարժառիթները հարցականի տակ չեն դներ։ Փոխարէն, անոնց արտայայտութիւնները կը յայտնեն, թէ անոնք հաւատակիցները կը նկատեն անհատներ, որոնք Եհովան կը սիրեն ու կ’ուզեն շիտակը ընել (Ա. Թես. 4։1, 9-11)։ Անշուշտ, երէցները ատեն–ատեն թերեւս հարկ տեսնեն, որ ընդհանուր ժողովքին սրբագրիչ խրատներ տան, բայց եթէ սրբագրուելիք անհատները սակաւաթիւ են, սովորաբար նախընտրելի է զանոնք առանձնաբար խրատել (Գաղ. 6։1. Բ. Տիմ. 2։24-26)։ Երբ ամբողջ ժողովքին կը խօսին, երէցները կ’ուզեն գովել, երբոր յարմար է (Եսա. 32։2)։ Անոնք կը ջանան այնպիսի կերպով մը խօսիլ, որ ժողովին աւարտին բոլոր ներկաները թարմացած ու կազդուրուած ըլլան (Մատ. 11։28. Գործք 15։32

Ապահով ապաստանարան

17. ա) Ինչո՞ւ որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է, որ մեր ժողովները ապահով ապաստանարան ըլլան։ բ) Ժողովները շինիչ դարձնելու համար, անձամբ ի՞նչ կրնաս ընել (տե՛ս «Քեզի եւ ուրիշներուն համար ժողովները շինիչ դարձնելու տասը կերպեր» շրջանակը)։

17 Մինչ Սատանային աշխարհը ա՛լ աւելի կեղեքիչ կը դառնայ, պէտք է հոգ տանինք որ մեր քրիստոնէական ժողովները ըլլան ապահով ապաստանարան,– բոլորին համար մխիթարութեան աղբիւր (Ա. Թես. 5։11)։ Քոյր մը, որ իր ամուսինին հետ քանի մը տարի առաջ խիստ փորձութեան մը դիմացաւ, կը մտաբերէ. «Թագաւորութեան սրահին մէջ գտնուիլը կը նմանէր Եհովայի հոգատար ձեռքերուն մէջ ըլլալուն։ Հոն մեր եղած ժամերուն ընթացքին, քրիստոնեայ եղբայրներով ու քոյրերով շրջապատուած, զգացինք թէ կրնանք մեր հոգը Եհովայի վրայ ձգել, եւ որոշ չափով ներքին անդորրութիւն վայելեցինք» (Սաղ. 55։22)։ Կը մաղթենք որ մեր ժողովներուն ներկայ եղող բոլոր անհատները նոյնպէս քաջալերուին ու մխիթարուին։ Վստահ ըլլալու համար թէ պարագան այս պիտի ըլլայ, շարունակե՛նք քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ մեր բաժինը բերել։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Նախագուշակուած էր, թէ առաջին դարու քրիստոնէական ժողովներուն կարգ մը յատկանշական երեսակները վերջ պիտի գտնէին։ Օրինակ՝ այլեւս «լեզուներ» չենք խօսիր կամ «մարգարէութիւն» չենք ըներ (Ա. Կոր. 13։8. 14։5)։ Այսպէս ըլլալով հանդերձ, Պօղոսի թելադրութիւնները մեզի կ’օգնեն որ աւելի լաւ հասկնանք, թէ ներկայիս քրիստոնէական ժողովները ինչպէ՛ս պէտք է վարուին։

^ պարբ. 11 Թելադրութեանց համար, թէ ինչպէ՛ս ժողովներուն մէջ մեր մեկնաբանութիւնները բարելաւենք, տե՛ս Դիտարան–ի 1 սեպտեմբեր 2003 թիւը, էջ 19-22 (անգլերէն)։

^ պարբ. 13 «Յորդորել» ու «մխիթարել» բառերուն միջեւ եղած տարբերութեան առնչութեամբ, Vine’s Expository Dictionary of Old and New Testament Words կը բացատրէ, թէ «մխիթարել» թարգմանուած յունարէն բառը կը նշէ «աւելի մեծ քնքշութիւն քան՝ [յորդոր]» (համեմատել՝ Յովհաննէս 11։19

^ պարբ. 14 Կրնայ ըլլալ որ ասիկա այն առիթն է, որուն Պօղոս յետագային ակնարկեց, երբ ըսաւ թէ Յիսուս «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ» (Ա. Կոր. 15։6

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Քրիստոնէական ժողովները ո՞րքան կարեւոր են։

• Ժողովներուն մէջ ներկայացուած մեկնաբանութիւնները ինչո՞ւ կը նպաստեն «եկեղեցիին շինութեան»։

• Իր հետեւորդներուն հետ Յիսուսի վարած մէկ ժողովէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 30, 31]

ՔԵԶԻ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՇԻՆԻՉ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՏԱՍԸ ԿԵՐՊԵՐ

Կանխաւ նիւթերը պատրաստէ։ Երբ Թագաւորութեան սրահին մէջ քննարկուելիք նիւթերը կանխաւ ուսումնասիրես, ժողովները ա՛լ աւելի քեզ պիտի հետաքրքրեն եւ խորապէս տպաւորեն։

Կանոնաւորաբար ներկայ եղիր։ Որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ աւելի կը քաջալերուի երբ ներկաներուն թիւը լաւ է, ներկայութիւնդ տարբերութիւն կ’ընէ։

Ուշ մի՛ գար։ Եթէ յայտագիրը սկսելէն առաջ աթոռդ գրաւես, կրնաս մասնակցիլ բացման երգին եւ աղօթքին, որոնք Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքին մաս կը կազմեն։

Պատրաստուած եկուր։ Աստուածաշունչդ եւ ժողովին մէջ գործածուելիք հրատարակութիւնները հետդ բեր, որպէսզի կարենաս հետեւիլ եւ քննարկուած նիւթերը աւելի լաւ ըմբռնել։

Խանգարումներէ խուսափէ։ Օրինակի համար, ելեկտրոնական նամակները ժողովէն ետք կարդա՛, եւ ոչ թէ անոր ընթացքին։ Այդ կերպով՝ անձնական հարցերը իրենց պատշաճ տեղը կը պահես։

Մասնակցէ։ Երբ շատեր մեկնաբանութիւն տան, հաւատքի այլազան արտայայտութիւններով աւելի անհատներ կը քաջալերուին ու կը կերտուին։

Մեկնաբանութիւններդ կարճ պահէ։ Ասիկա ա՛լ աւելի անհատներու պատեհութիւն կու տայ որ մեկնաբանեն։

Նշանակումները կատարէ։ Որպէս Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի աշակերտ կամ Ծառայութեան ժողովին մէջ դեր ունեցող, բաժինդ լա՛ւ պատրաստէ, կանխաւ փորձ ըրէ եւ ջանա՛ նշանակումներդ զանց չընել։

Մասնակցողները գովէ։ Ժողովին մէջ բաժին ունեցողներուն կամ մեկնաբանութիւն ներկայացնողներուն ըսէ, թէ ո՜րքան կը գնահատես իրենց թափած ջանքերը։

Ընկերակցէ։ Ժողովէն առաջ ու վերջ, ջերմ բարեւները եւ շինիչ զրոյցները կ’աւելցնեն ներկայ գտնուելուն պատճառած ուրախութիւնն ու օգուտները։