Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կարելի՞ է գոհունակ ըլլալ

Կարելի՞ է գոհունակ ըլլալ

Կարելի՞ է գոհունակ ըլլալ

«Գոհունակութիւնը աղքատները հարուստ կ’ընէ. դժգոհութիւնը հարուստները աղքատ կ’ընէ» (Պէնճէմին Ֆրանքլին)։

ԱՅԴ առակին համաձայն, շատեր սորված են թէ գոհունակութիւնը ապրանքի մը պէս կարելի չէ գնել։ Զարմանալի չէ որ գոհունակութիւնը,– բաւարարութեան ներքին զգացում մը,– խաբուսիկ կը թուի աշխարհի մը մէջ, որ աւելի ստացուածքներ ձեռք ձգելու, աւելի մեծ բաներ իրագործելու կամ ուրիշներու վարած կեանքը վայելելու ցանկութիւն մը կը հրահրէ։ Հետեւեալ բաներէն մէկը քեզի ազդա՞ծ է։

• Ծանուցանողներ քեզ կ’ողողեն այն պատգամով, թէ միայն որոշ ապրանք մը գնելով կրնաս գոհունակ ըլլալ։

• Գործատեղիին կամ դպրոցին մէջ, մրցակցութիւնը քեզ կը քաջալերէ, որ ուրիշներուն իրագործումներուն համաձայն ինքզինքդ արժեւորես։

• Մարդիկ իրենց ի նպաստ ըրածներդ չեն գնահատեր։

• Բարեկամներ իրենց ունեցածով նախանձդ կը գրգռեն։

• Կեանքի մասին հիմնական հարցումներդ անպատասխան կը մնան։

Այսպիսի մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով, իրապէս կարելի՞ է գոհունակ ըլլալ։ Պօղոս առաքեալ ակնարկեց «գոհունակ ըլլալու գաղտնիք»ին։ Երբեմն ան շատ բան ունենալով ապրեցաւ, իսկ ուրիշ ատեններ՝ քիչ բան ունենալով։ Իր բարեկամները իր վրայ կը հիանային, մինչ ուրիշներ զինք կը հեգնէին։ Այսուհանդերձ, ան ըսաւ թէ ‘սորված էր գոհունակ ըլլալ, ի՛նչ որ ալ ըլլային պարագաները’ (շեղագիրը մեզմէ. Փիլիպպեցիս 4։11, 12, New International Version

Գոհունակութիւնը գաղտնիք մըն է անոնց համար, որոնք երբեք քայլեր չեն առած զայն ունենալու համար։ Բայց ինչպէս Պօղոս ըսաւ, կարելի է զայն սորվիլ։ Այժմ քեզ կը հրաւիրենք որ նկատի առնես գոհունակութեան հինգ գաղտնիքներ, որոնք Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուին։