Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գնահատական կեցուածք մը պահպանէ

Գնահատական կեցուածք մը պահպանէ

Գաղտնիք 3

Գնահատական կեցուածք մը պահպանէ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ։ «Ամէն բանի մէջ շնորհակա՛լ եղէք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։18, ԱԾ

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ Ի՞ՆՉ Է։ Շրջապատուած ենք անհատներով, որոնք ամբարտաւան եւ ապերախտ են,– կեցուածքներ որոնք կրնան մեզի ազդել (Բ. Տիմոթէոս 3։1, 2)։ Ասկէ զատ, թերեւս զգանք թէ ստիպուած ենք մեր այժմու բազմազբաղ կեանքը հետզհետէ աւելի գործունէութիւններով խճողել։ Կրնանք խնդիրներով ա՛յնքան ծանրաբեռնուիլ կամ մեր շահերուն ա՛յնքան հետամուտ ըլլալ, որ ժամանակ չունենանք գնահատելու ինչ որ արդէն ունինք կամ գնահատութիւն յայտնելու մեզի ի նպաստ ուրիշներուն ըրածներուն համար։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։ Այժմ վայելած լաւ բաներուդ վրայ խոկալու համար ժամանակ յատկացուր։ Ճիշդ է որ կրնաս խնդիրներով ջախջախուած զգալ։ Բայց նկատի առ Դաւիթ թագաւորին օրինակը։ Երբեմն ան ընկճուեցաւ, փորձութիւնները իր սիրտը անտարբեր դարձնելով։ Այսուհանդերձ, ան Աստուծոյ աղօթեց. «Քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ, քու ձեռքերուդ ըրածներուն վրայ կը խորհիմ» (Սաղմոս 143։3-5)։ Հակառակ իր փորձութիւններուն, Դաւիթ գնահատական կեցուածք մը պահպանեց եւ գոհունակ մնաց։

Մտածէ թէ ուրիշներ քեզի օգնելու համար ի՛նչ բաներ ըրած են, եւ անոնց ջանքերուն հանդէպ գնահատութիւն ցուցաբերէ։ Յիսուս այս ուղղութեամբ ուշագրաւ օրինակ հանդիսացաւ։ Օրինակ, երբ իր բարեկամուհին՝ Մարիամ, իր գլխուն ու ոտքերուն վրայ թանկարժէք իւղ թափեց, ոմանք հարցուցին. «Ինչո՞ւ համար եղաւ այդ իւղին կորուստը»։ * Այդ քննադատները խորհեցան թէ իւղը պէտք էր ծախուէր եւ դրամը աղքատներուն տրուէր։ Յիսուս պատասխանեց. «Թող տուէք ատոր, ինչո՞ւ անհանգիստ կ’ընէք»։ Ապա աւելցուց. «Ատիկա ինչ որ ունէր՝ ըրաւ» (Մարկոս 14։3-8. Յովհաննէս 12։3)։ Փոխանակ կեդրոնանալու Մարիամի չըրած բանին վրայ, Յիսուս գնահատութիւն արտայայտեց անոր ըրած բանին համար։

Ոմանք կը գնահատեն ընտանիքը, բարեկամները կամ իրենց ունեցած այլ օրհնութիւնները, միայն զանոնք կորսնցնելէ ետք։ Կրնաս այդ տխուր հետեւանքէն խուսափիլ, խոկալով այն լաւ բաներուն վրայ, զորս այժմ կը վայելես։ Ինչո՞ւ մտովին կամ գրաւոր կերպով ցանկ մը չպատրաստես՝ նշելով այն բաները, որոնց համար երախտապարտ ես։

Որովհետեւ «ամէն բարի տուրք» Աստուծմէ ծագում կ’առնէ, լաւ կ’ըլլայ որ աղօթքով իրեն շնորհակալութիւն յայտնենք (Յակոբոս 1։17)։ Ասիկա կանոնաւորաբար ընելը մեզի կ’օգնէ, որ գնահատական հոգի մը պահպանենք ու գոհունակութիւն մշակենք (Փիլիպպեցիս 4։6, 7

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Առաջին դարուն, հիւրի մը գլխուն վրայ իւղ թափելը հիւրասիրութեան արարք մըն էր, իսկ ոտքերուն վրայ իւղ թափելը՝ խոնարհութեան արարք։

[Նկար՝ էջ 6]

Քեզի ի նպաստ ուրիշներուն ըրած բաներուն հանդէպ գնահատութիւն կը ցուցաբերե՞ս