Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սգաւորները մխիթարէ՛, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ

Սգաւորները մխիթարէ՛, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ

Սգաւորները մխիթարէ՛, ինչպէս որ Յիսուս ըրաւ

ՂԱԶԱՐՈՍ, Բեթանիոյ մէկ բնակիչը, լրջօրէն հիւանդացաւ։ Անոր քոյրերը՝ Մարթա եւ Մարիամ, պատգամաբերներ ղրկեցին իրենց սերտ բարեկամին՝ Յիսուսին։ Բայց հիւանդութիւնը Ղազարոսին կեանքը խլեց։ Մինչ ան գերեզման դրուեցաւ, բարեկամներ ու դրացիներ Մարթայի ու Մարիամի այցելեցին, «որպէս զի մխիթարեն զանոնք» (Յովհաննէս 11։19)։ Ի վերջոյ, Յիսուս Բեթանիա հասաւ եւ իր սիրելի բարեկամները տեսնելու գնաց։ Անոր ըսածներն ու ըրածները նկատի առնելով, սգաւորները ինչպէ՛ս մխիթարելու մասին բան մը կրնանք սորվիլ։

Ներկայութիւնդ կը յայտնէ թէ կը հոգաս

Բեթանիա հասնելու համար, Յիսուս շուրջ երկու օր պէտք էր ճամբորդէր, Յորդանան գետը կտրելով ու Երիքովէն ետք՝ զառիվեր եւ ոլորապտոյտ ճամբան բարձրանալով։ Մարթա արագօրէն գիւղին ծայրը գնաց, Յիսուսը դիմաւորելու համար։ Քիչ ետք, Մարիամ լսելով թէ Յիսուս եկած էր, ինքն ալ աճապարանօք գնաց զինք տեսնելու (Յովհաննէս 10։40-42. 11։6, 17-20, 28, 29)։ Անտարակոյս Յիսուսի ներկայութիւնը այս վշտահար քոյրերուն համար մխիթարութեան աղբիւր մըն էր։

Ներկայիս, մեր ներկայութիւնը նոյնպէս կրնայ սգաւորները մխիթարել։ Սքօթ ու Լիդիա, որոնք իրենց վեց տարեկան տղան՝ Թիոն՝ արկածի մը պատճառաւ կորսնցուցին, կը մտաբերեն. «Օգնութեան համար, ընտանիքին ու բարեկամներուն կարիքը ունէինք։ Անոնք կէս գիշերին ուղղակի հիւանդանոց եկան»։ Այս բարեկամները ի՞նչ ըսին։ «Այդ պահուն մենք խօսքերու պէտք չունէինք։ Անոնց ներկայութիւնը ամէն բան ըսաւ,– անոնք կը հոգային»։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երբ Յիսուս Ղազարոսին մահուան համար լացողները տեսաւ, ան «խռովեցաւ» ու «լացաւ» (Յովհաննէս 11։33-35, 38)։ Յիսուս ուրիշներու առջեւ արցունք թափելը տղամարդու վայել չեղող բան մը չսեպեց։ Ան զգաց անոնց վիշտը եւ բաժնեց անոնց կորուստը։ Ասկէ ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։ Երբ սգաւորներուն կ’այցելենք, լացողներուն հետ լալու չամչնանք (Հռովմայեցիս 12։15)։ Միւս կողմէ, հարկադրուած մի՛ զգար սգաւորը մղելու որ լայ։ Ոմանք թերեւս նախընտրեն լալ երբ առանձին ըլլան։

Կարեկցաբար մտիկ ըրէ

Յիսուս թերեւս ի մտի ունէր Մարթայի եւ Մարիամի քանի մը քաջալերական խօսքեր ըսել, բայց ըստ երեւոյթին, ան թոյլ տուաւ որ նա՛խ անոնք խօսին (Յովհաննէս 11։20, 21, 32)։ Երբ ան Մարթայի հետ խօսեցաւ, նա՛խ հարցում մը ուղղեց, ապա մտիկ ըրաւ (Յովհաննէս 11։25-27

Լաւ ունկնդրող մը ըլլալը իսկական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ։ Սգաւորները մխիթարելու համար, պէտք է լաւ մտիկ ընենք։ Կրնանք լաւ մտիկ ընողներ ըլլալ՝ ուղղելով հարցումներ, որոնք սգաւորները կը մղեն աւելի արտայայտուելու։ Սակայն զգոյշ եղիր որ խօսակցութիւն մը չպարտադրես, եթէ անոնք պարզապէս կ’ուզեն լուռ մնալ։ Թերեւս անոնք ուժասպառ են եւ հանգիստի պէտք ունին։

Սգաւորները կրնան թմրած զգալ եւ երբեմն նոյն բաները կրկնել։ Ոմանք իրենց զգացումները անկաշկանդ կը բացայայտեն։ Մարիամ ու Մարթա Յիսուսի ըսին. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ» (Յովհաննէս 11։21, 32)։ Յիսուս ի՞նչ ըրաւ։ Ան համբերութեամբ ու կարեկցութեամբ մտիկ ըրաւ։ Ան չփորձեց անոնց ըսել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զգային։ Անկասկած, ան հասկցաւ թէ սգաւոր մը կրնայ բուռն ու ցաւագին զգացումներ ունենալ։

Եթէ սգաւորներուն այցելելու ժամանակ ըսելիքիդ նկատմամբ վստահ չես, կրնաս խօսակցութեան սկիզբ տալ՝ հարցնելով. «Կ’ուզե՞ս ասոր մասին խօսիլ»։ Ապա ուշի–ուշով պատասխանը մտիկ ըրէ։ Լսածովդ կլանուէ։ Ուղղակի անհատին նայէ ու փորձէ անոր զգացումները հասկնալ։

Սգաւորներուն զգացումները ըմբռնելը մարտահրաւէր մըն է։ Լիդիա կը բացատրէ. «Մեր կարիքները փոխուեցան։ Երբեմն անզուսպօրէն կու լայինք այցելուներու ներկայութեան։ Պարզապէս կ’ուզէինք որ ուրիշներ դրական ըլլան։ Մեր բարեկամները իրենց լաւագոյնը ըրին՝ մեր զգացումները հասկնալու համար»։

Յիսուս ասիկա կատարելապէս ըրաւ։ Ան գիտէր, թէ իւրաքանչիւր անհատ «իր ախտն ու ցաւը» ունի (Բ. Մնացորդաց 6։29)։ Յիսուս երկու քոյրերուն դիմաւորութեան տարբեր կերպերով ընդառաջեց։ Մարթա շարունակեց խօսիլ, ուստի Յիսուս անոր հետ զրուցեց։ Որովհետեւ Մարիամ կու լար, Յիսուս երկար չխօսեցաւ (Յովհաննէս 11։20-28, 32-35)։ Իր օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Նախընտրելի է որ թոյլ տանք, որ սգաւորները իրե՛նք խօսակցութիւնը վարեն։ Մինչ անոնք իրենց կսկիծը կ’արտայայտեն, մտիկ ընելու կամեցողութիւնդ կրնայ զանոնք շատ մխիթարել։

Ամոքիչ խօսքեր

Երբ Մարիամ ու Մարթա Յիսուսի ըսին. «Եթէ հոս ըլլայիր», ան զանոնք չմեղադրեց կամ չընդվզեցաւ։ Ան Մարթայի սրտապնդիչ պատասխան մը տուաւ. «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ» (Յովհաննէս 11։23)։ Այդ քանի մը բառերով, Յիսուս անոր օգնեց որ դէպի յառաջ նայի եւ ազնուօրէն յիշեցուց թէ յոյս կայ։

Երբ սգաւորներուն հետ կը խօսիս, մտաբերէ թէ անկեղծ ու դրական խօսքերը կրնան շատ նշանակութիւն ունենալ, որքան ալ քիչ ըլլան անոնք։ Մխիթարական խօսքերը կրնան ըսուիլ կամ գրի առնուիլ։ Քանի որ նամակներն ու բացիկները կրկին ու կրկին կարելի է կարդալ, անոնք կրնան երկարատեւ մխիթարութիւն հայթայթել։ Իր ամուսինին՝ Պոպի մահէն ինը ամիս ետք, Քէթ դարձեալ կարդաց իր ստացած բոլոր բացիկները։ Ան ըսաւ. «Նկատեցի թէ անոնք այդ ատեն ինծի ա՛լ աւելի օգտակար դարձան, եւ ի՛րապէս մխիթարուեցայ»։

Ցաւակցական երկտողի մը մէջ ի՞նչ կրնաս պարփակել։ Կրնաս ննջեցեալին մասին գրել,– անոր հետ ունեցած մէկ փորձառութեան մասին կամ անհատին արժէքաւոր մէկ յատկութեան մասին։ Քէթ կ’ըսէ. «Պոպի եւ իր անձնաւորութեան մասին ջերմ արտայայտութիւնները զիս մղեցին, որ միեւնոյն ատեն ուզեմ ժպտիլ ու լալ։ Իր մասին զուարճալի պատմութիւնները զիս մղեցին խնդալու եւ մեր վայելած երջանիկ կեանքը մտաբերելու։ Բացիկներէն շատեր, զորս այժմ կ’արժեւորեմ, աստուածաշնչական համարներ կը բովանդակէին»։

Գործնական օգնութիւն հայթայթէ

Ղազարոսի ընտանիքին օգնելու համար, Յիսուս ըրաւ բան մը՝ զոր չենք կրնար ընել։ Ան Ղազարոսը ետ կեանքի բերաւ (Յովհաննէս 11։43, 44)։ Բայց կան գործնական բաներ, զորս կրնանք ընել, ինչպէս՝ ճաշ մը պատրաստել, այցելուներուն համար իջեւան ներկայացնել, լուացքը ընել, երեխաներուն հոգ տանիլ, յանձնարարութիւններ կատարել կամ փոխադրամիջոց հայթայթել։ Անտարակոյս, սգաւորները խորապէս պիտի գնահատեն հարազատ սիրոյ պարզ արարքները։

Հասկնալիօրէն, սգաւորները թերեւս որոշ ատեն մը առանձին ըլլալու հարկը զգան։ Այսուհանդերձ, կրնաս պատշաճօրէն նախաձեռնութիւնը առնել անոնց հետ շփման մէջ մնալու համար։ Սգաւոր մայր մը կ’ըսէ. «Կսկիծը ժամկէտ չունի. ոչ ալ աւելի լաւ զգալու համար թուական մը կայ»։ Ոմանք կը փորձեն սգաւորները յիշել կարեւոր տարեդարձներուն, ինչպէս՝ ամուսնական տարեդարձը կամ մահուան օրը։ Այսպիսի ժամանակներու մէջ դիւրամատչելի ըլլալով, կրնաս թանկարժէք բարեկամ մը ըլլալ դժուար պահերուն ընթացքին (Առակաց 17։17

Յիսուսի տուած մխիթարութիւնը կը պարփակէր այն յոյսը, զոր բաժնեց իր աշակերտներուն հետ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէս զի զանիկա արթնցնեմ» (Յովհաննէս 11։11)։ Յիսուս իր հետեւորդները հաւաստիացուց, թէ մեռելներուն յարութիւն մը տեղի պիտի ունենայ։ Ան Մարթայի հարցուց. «Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»։ Ան պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր» (Յովհաննէս 11։24-27

Կը հաւատա՞ս թէ Յիսուս մեռելները պիտի յարուցանէ։ Եթէ այո՛, այս թանկագին յոյսը սգաւորներուն հետ բաժնէ։ Անոնց գործնական աջակցութիւն հայթայթէ։ Այն ատեն խօսքերդ եւ արարքներդ որոշ չափով զանոնք պիտի մխիթարեն (Ա. Յովհաննէս 3։18

[Քարտէս՝ էջ 9]

(Լման շարադրանքին համար, տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՊԵՐԵԱ

Յորդանան գետ

Երիքով

Բեթանիա

Աղի ծով

Երուսաղէմ

ՍԱՄԱՐԻԱ