Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մենք մեր ուղղամտութեամբ պիտի քալենք

Մենք մեր ուղղամտութեամբ պիտի քալենք

Մենք մեր ուղղամտութեամբ պիտի քալենք

«Ես իմ անարատութիւնովս [«ուղղամտութեամբս», ՆԱ] պիտի քալեմ» (ՍԱՂ. 26։11

1, 2. Յոբ իր ուղղամտութեան մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ Յոբ 31–րդ գլուխը իրեն նկատմամբ ի՞նչ կը յայտնէ։

ՎԱՂԵՄԻ ժամանակներուն, առարկաները յաճախ թաթաւոր կշիռքով կը կշռուէին։ Թաթաւոր կշիռքը սովորաբար բաղկացած էր երկու հաւասար սկաւառակներէ, որոնք կախուած էին ուղիղ լծակի երկու ծայրերէն, իսկ լծակին մէջտեղը կը գտնուէր մէտը, որուն վրայ լծակը կը շարժէր։ Կշռելու ժամանակ՝ մէկ թաթին մէջ կը դրուէր իրը, իսկ միւս թաթին մէջ՝ կշռաքարը։ Աստուծոյ ժողովուրդը անխարդախ կշիռքներ ու կշռաքարեր պէտք էր գործածէր (Առ. 11։1

2 Երբ բարեպաշտ մարդը՝ Յոբ, սատանայական յարձակումի ներքեւ կը տառապէր, ան ըսաւ. «[Եհովա] թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով ու Աստուած իմ անմեղութիւնս [«ուղղամտութիւնս», ՆԱ] գիտնայ» (Յոբ 31։6)։ Այս առնչութեամբ, Յոբ նշեց կարգ մը պարագաներ, որոնք կրնային ուղղամիտ անհատ մը փորձի ենթարկել։ Բայց Յոբ արդարեւ փորձը յաջողապէս դիմագրաւեց, ինչպէս որ կը յայտնեն Յոբ 31–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած իր խօսքերը։ Անոր ընտիր օրինակը իրապէս կրնայ մեզ խթանել, որ համանման կերպերով գործենք եւ համոզումով ըսենք, ինչպէս որ սաղմոսերգու Դաւիթ ըսաւ. «Ես իմ անարատութիւնովս [«ուղղամտութեամբս», ՆԱ] պիտի քալեմ» (Սաղ. 26։11

3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլանք, թէ՛ մեծ եւ թէ պզտիկ հարցերու մէջ։

3 Դառնօրէն փորձի ենթարկուելով հանդերձ, Յոբ Աստուծոյ հաւատարիմ մնաց։ Ոմանք թերեւս նոյնիսկ ըսեն, թէ Յոբի խիստ փորձութիւնները եւ հաստատ ուղղամտութիւնը հերոսական էին։ Մենք ճիշդ Յոբին պէս չենք տառապիր։ Սակայն, հարկ է որ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլանք՝ մեծ ու պզտիկ հարցերու մէջ, եթէ կ’ուզենք մեր դիրքը հաստատել որպէս ուղղամիտներ եւ իր գերիշխանութեան թիկունք կանգնողներ (կարդալ՝ Ղուկաս 16։10

Բարոյական ուղղամտութիւնը էական է

4, 5. Ուղղամիտ ըլլալով, Յոբ ի՞նչ վարքէ խուսափեցաւ։

4 Որպէսզի Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահենք, իր բարոյական չափանիշներուն պէտք է կառչինք, ճիշդ ինչպէս որ Յոբ ըրաւ։ Ան ըսաւ. «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ։ Եթէ սիրտս կնոջ մը ետեւէն մոլորեցաւ, կամ թէ դրացիիս դուռը դարանամուտ եղայ, իմ կինս ուրիշի մը համար աղօրիքի քար թող դարձնէ եւ ուրիշները անոր վրայ թող ծռին» (Յոբ 31։1, 9, 10

5 Աստուծոյ հանդէպ ուղղամտութիւն պահել վճռած ըլլալով, Յոբ կնոջ մը հեշտասիրաբար նայելէ խուսափեցաւ։ Ամուսնացած ըլլալով, ան ամուրի կնոջ մը հետ անլուրջ սիրախօսութիւն չըրաւ, ոչ ալ ուրիշի մը կնոջ հետ ռոմանթիկ նպատակներ հետապնդեց։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս սեռային բարոյականութեան վերաբերեալ զօրաւոր խօսք մը ըսաւ,– վստահաբար՝ ուղղամիտները պէտք է զայն ի մտի ունենան (կարդալ՝ Մատթէոս 5։27, 28

Բնաւ նենգամիտ մեթոտներու մի՛ դիմեր

6, 7. ա) Ինչպէս որ էր պարագան Յոբին, Աստուած մեր ուղղամտութիւնը չափելու համար ի՞նչ կը գործածէ։ բ) Ինչո՞ւ նենգամիտ կամ խաբեբայ պէտք չէ ըլլանք։

6 Չենք կրնար նենգամիտ միջոցներու դիմել, եթէ ուղղամիտներու շարքին պիտի դասուինք (կարդալ՝ Առակաց 3։31-33Յոբ ըսաւ. «Եթէ ստութեան մէջ քալեցի, կամ իմ ոտքս նենգութեան արտորաց, [Եհովա] թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով ու Աստուած իմ անմեղութիւնս [«ուղղամտութիւնս», ՆԱ] գիտնայ» (Յոբ 31։5, 6)։ Եհովա ամբողջ մարդկութիւնը «արդարութեան կշիռքով» կը կշռէ։ Ինչպէս որ էր պարագան Յոբին, Աստուած արդարութեան իր կատարեալ չափանիշը կը գործածէ, որ մեր ուղղամտութիւնը չափէ որպէս իր նուիրեալ ծառաները։

7 Եթէ նենգամտութիւն կամ խաբեբայութիւն ընելու ըլլանք, Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահած չենք ըլլար։ Ուղղամիտները ‘հրաժարած են ամօթալի ծածուկ բաներէն ու խորամանկութիւնով չեն վարուիր’ (Բ. Կոր. 4։1, 2)։ Բայց ի՞նչ ըսենք, եթէ խօսքով կամ արարքով նենգամիտ ըլլալով, պատճառ ըլլանք որ հաւատակից մը Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէ։ Հետեւանքը մեզի համար գէշ պիտի ըլլայ։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ։ Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէն ու նենգաւոր լեզուէն» (Սաղ. 120։1, 2)։ Լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք, թէ Աստուած կրնայ մեր խորքերը տեսնել, ‘քննելով մեր սիրտն ու երիկամունքները’, որոշելու համար թէ իսկապէս ուղղամի՛տ ենք թէ ոչ (Սաղ. 7։8, 9

Ուրիշներու հետ վարուելու մէջ օրինակելի եղիր

8. Յոբ ուրիշներու հետ ինչպէ՞ս վարուեցաւ։

8 Մեր ուղղամտութիւնը պահելու համար, պէտք է նմանինք Յոբին, որ արդար, խոնարհ ու նկատառու էր։ Ան ըսաւ. «Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս իրաւունք ընել չուզեցի ու ինծի հետ վէճ ունեցան, ես ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ Աստուած ելլէ ու երբ քննէ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ անոր։ Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց։ Մէկ չէ՞ մեզ ամէնքս ալ արգանդի մէջ ձեւակերպողը» (Յոբ 31։13-15

9. Իր ծառաներուն հետ վարուելու մէջ, Յոբ ի՞նչ յատկութիւններ դրսեւորեց, իսկ այս առնչութեամբ մենք ինչպէ՞ս պէտք է գործենք։

9 Ըստ երեւոյթին, Յոբի օրերուն, դատերը ձեռք առնելու գործընթացը բարդ չէր։ Դատերը կարգապահօրէն կը վարուէին, եւ դատարանները մատչելի էին նոյնիսկ ստրուկներուն։ Իր ծառաներուն հետ վարուելու մէջ, Յոբ արդար ու գթասիրտ էր։ Եթէ մեր ուղղամտութեամբ պիտի քալենք, հարկ է որ այսպիսի յատկութիւններ դրսեւորենք, մանաւանդ եթէ քրիստոնէական ժողովքին մէջ որպէս երէցներ կը ծառայենք։

Առատաձեռն եղիր եւ ոչ թէ ընչաքաղց

10, 11. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Յոբ առատաձեռն եւ օգնական էր։ բ) Յոբ 31։16-25–ը ի՞նչ աստուածաշնչական խրատ կրնայ մեզի յիշեցնել։

10 Յոբ առատաձեռն եւ օգնական էր. ո՛չ եսասէր, ոչ ալ ընչաքաղց էր։ Ան ըսաւ. «Եթէ. . . որբեւարիին աչքերը մարեցուցի, եթէ պատառս մինակ կերայ ու անկէ որբն ալ չկերաւ. . . եթէ հանդերձ չունեցող մը՝ կորսուելու վրայ. . . տեսայ. . . եթէ ձեռքս որբին դէմ վերցուցի, երբ տեսայ թէ դրանը մէջ ինծի օգնականներ կան, թող իմ անրակս ուսէս իյնայ ու բազուկս արմուկէս կտրուի»։ Եւ Յոբ իր ուղղամտութիւնը պահած պիտի չըլլար, եթէ ոսկիին ըսած ըլլար. «Իմ վստահութիւնս դուն ես» (Յոբ 31։16-25

11 Այդ բանաստեղծական արտայայտութիւնները կրնան մեզի յիշեցնել Յակոբոս աշակերտին սա խօսքերը. «Աստուծոյ՝ մեր Հօրը քով մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւնը այս է. ‘Որբերուն ու որբեւարիներուն այցելել նեղութեան ատենը ու անձը անարատ պահել աշխարհէն’» (Յակ. 1։27)։ Կրնանք նաեւ մտաբերել Յիսուսի ազդարարութիւնը. «Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. վասն զի մարդուս ստացուածքներուն աւելնալէն կախուած չէ իր կեանքը»։ Այն ատեն Յիսուս առակ մը տուաւ ընչաքաղց հարուստի մը մասին, որ մեռաւ առանց ‘Աստուծոյ հարստանալու’ (Ղուկ. 12։15-21)։ Ուղղամիտ ըլլալու համար, պէտք չէ անձնատուր ըլլանք մեղաւոր ընչաքաղցութեան կամ ագահութեան։ Ընչաքաղցութիւնը կռապաշտութիւն է, քանի որ այն բանը՝ որուն կը տենչայ ագահ մարդը, ուշադրութիւնը Եհովայէ կը շեղեցնէ եւ այսպէս կուռք կը դառնայ (Կող. 3։5)։ Ուղղամտութիւնը եւ ագահութիւնը միասին չեն ընթանար։

Ճշմարիտ պաշտամունքին ամրօրէն կառչէ

12, 13. Կռապաշտութենէ խուսափելու մէջ, Յոբ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

12 Ուղղամիտները ճշմարիտ պաշտամունքէն չեն շեղիր։ Յոբ չխոտորեցաւ, ինչպէս որ նշեց. «Եթէ արեւին նայեցայ՝ անոր խիստ փայլուն եղած ատենը, կամ պայծառութեամբ քալող լուսնին ու սիրտս գաղտնօրէն հրապուրուեցաւ ու բերանս ձեռքս համբուրեց որ այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է, քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ’ըլլայի» (Յոբ 31։26-28

13 Յոբ անկենդան բաներ չպաշտեց։ Եթէ իր սիրտը գաղտնօրէն հրապուրուէր երկնային մարմիններով, ինչպէս՝ լուսինը, եւ եթէ ‘իր բերանը իր ձեռքը համբուրէր’, թերեւս իր ձեռքով համբոյր մը նետելով որպէս կռապաշտական արարք, ան Աստուած ուրացող կռապաշտ մը պիտի ըլլար (Բ. Օր. 4։15, 19)։ Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահելու համար, հարկ է որ ամէն կռապաշտութենէ խուսափինք (կարդալ՝ Ա. Յովհաննէս 5։21

Ոխակալ կամ կեղծաւոր մի՛ ըլլար

14. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, թէ Յոբ չարամիտ չէր։

14 Յոբ ո՛չ չարամիտ էր, ոչ ալ անգութ։ Ան գիտէր թէ այդպիսի յատկանիշներ ուղղամտութեան պակաս պիտի դրսեւորէին, քանի որ ըսաւ. «Եթէ զիս ատողին թշուառութեանը վրայ ուրախացայ, կամ անոր փորձանքի հանդիպելուն ատեն խնդացի, լեզուիս ալ չթողուցի, որ մեղք գործէ՝ անէծքով անոր մեռնիլը ուզելով» (Յոբ 31։29, 30

15. Ինչո՞ւ սխալ է ուրախանալ, երբ մեզ ատող անհատ մը աղէտի կը հանդիպի։

15 Արդարամիտ Յոբ բնաւ չէր ուրախանար, եթէ զինք ատող մը աղէտի հանդիպէր։ Յետագային, առակ մը զգուշացուց. «Երբ քու թշնամիդ իյնայ՝ մի՛ ուրախանար ու երբ ոտքը սահի՝ քու սիրտդ թող չցնծայ։ Չըլլայ որ Տէրը տեսնէ ու իրեն անհաճոյ երեւնայ եւ իր բարկութիւնը անոր վրայէն դարձնէ» (Առ. 24։17, 18)։ Սիրտերը կարդալով, Եհովա կրնայ գիտնալ եթէ մենք գաղտնօրէն ուրիշի մը թշուառութեան վրայ կ’ուրախանանք, եւ վստահաբար այսպիսի կեցուածքի մը չի հաճիր (Առ. 17։5)։ Աստուած կրնայ մեզի հետ ըստ այնմ վարուիլ, քանի որ կ’ըսէ. «Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը» (Բ. Օր. 32։35

16. Նոյնիսկ եթէ հարուստ չենք, ինչպէ՞ս կրնանք հիւրասէր ըլլալ։

16 Յոբ հիւրասէր էր (Յոբ 31։31, 32)։ Նոյնիսկ եթէ հարուստ չենք, կրնա՛նք ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլալ’ (Հռով. 12։13)։ Կրնանք պարզ բանով մը հիւրասիրել, յիշելով թէ «աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով» (Առ. 15։17)։ Սիրալիր մթնոլորտի մէջ, ուղղամիտ հաւատակիցի մը հետ նոյնիսկ պարզ ճաշ ուտելը կրնայ հաճելի ըլլալ եւ վստահաբար մեզի հոգեւորապէս պիտի օգտէ։

17. Ինչո՞ւ պէտք չէ փորձենք լուրջ մեղք մը ծածկել։

17 Յոբի հիւրասիրութիւնը վայելելը հոգեւորապէս շինիչ ըլլալու էր, քանի որ ան կեղծաւոր չէր։ Ան չէր նմաներ այն անբարեպաշտ տղամարդոց, որոնք առաջին դարու ժողովքէն ներս սպրդեցան եւ ‘շահու համար երեսպաշտութիւն կ’ընէին’ (Յուդա 3, 4, 16)։ Յոբ նաեւ իր յանցանքը չծածկեց կամ ‘իր անօրէնութիւնը իր ծոցին մէջ չպահեց’, անարգուելէ վախնալով։ Ան յօժար էր Աստուծոյ կողմէ քննուելու, որուն պիտի ներկայացնէր որեւէ անհրաժեշտ խոստովանութիւն (Յոբ 31։33-37)։ Եթէ լուրջ մեղք գործենք, չփորձենք յանցանքը ծածկել՝ երեսէ իյնալէ վախնալով։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ կը ջանանք ուղղամտութիւն պահել։ Մեր սխալը ընդունելով, զղջալով, հոգեւոր օգնութիւն հայցելով եւ մեր կարելին ընելով որ հատուցում ընենք (Առ. 28։13. Յակ. 5։13-15

Ուղղամիտ անհատ մը կ’առաջարկէ դատարանի դիմել

18, 19. ա) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Յոբ բնաւ մէկը չշահագործեց։ բ) Յոբ ի՞նչ ընելու յօժար էր, եթէ փաստուէր թէ յանցաւոր էր։

18 Յոբ պարկեշտ եւ արդար էր։ Հետեւաբար ան կրցաւ ըսել. «Եթէ իմ երկիրս ինծի դէմ բողոքէ ու անոր ակօսները լան, եթէ անոր արդիւնքը առանց ստակի կերայ, կամ անոր տէրերուն հոգին հանեցի, ցորենին տեղ՝ փուշ ու գարիին տեղ որոմ թող բուսցնէ» (Յոբ 31։38-40)։ Յոբ բնաւ ուրիշներուն հողամասերը չխլեց եւ բանուորները չշահագործեց։ Անոր նման, մենք ալ մեծ ու պզտիկ հարցերու մէջ, Եհովայի առջեւ ուղղամիտ պէտք է մնանք։

19 Իր երեք բարեկամներուն ու երիտասարդ Եղիուսին առջեւ, Յոբ իր կենցաղակերպին մասին խօսեցաւ։ Յոբ ոսոխ մը հրաւիրեց, որ ամբաստանագիր ներկայացնէ իր կեանքի արձանագրութեան դէմ, որ իր «ստորագրութիւնը» կը կրէ։ Եթէ փաստուէր թէ Յոբ յանցաւոր էր, ան պիտի յօժարէր պատիժի ենթարկուելու։ Ուստի ան իր դատը աստուածային ատեանին յանձնեց ու դատավճիռին սպասեց։ Այսպէս՝ «Յոբին խօսքերը լմնցան» (Յոբ 31։35, 40, ՆԱ

Կրնա՛ս ուղղամտութիւն պահել

20, 21. ա) Յոբ ինչո՞ւ կրցաւ ուղղամիտ մնալ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ հանդէպ սէր մշակել։

20 Յոբ կրցաւ իր ուղղամտութիւնը պահել, քանի որ Աստուած կը սիրէր, եւ Եհովա զինք սիրեց ու օգնեց։ Ան Եհովայի ըսաւ. «Ինծի կեանք եւ ողորմութիւն շնորհեցիր եւ քու խնամքդ իմ հոգիս պահեց» (Յոբ 10։12)։ Ասկէ զատ, Յոբ ուրիշներու հանդէպ սէր ցուցաբերեց, գիտակցելով թէ ոեւէ մէկը որ մարդոց հաւատարիմ սէր ցոյց տալը կը մերժէ, Ամենակալին յարգալից երկիւղը պիտի լքէ (Յոբ 6։14)։ Ուղղամիտները կը սիրեն Աստուած ու կը սիրեն ընկերը (Մատ. 22։37-40

21 Աստուծոյ հանդէպ սէր կը մշակենք, իր Խօսքը ամէն օր կարդալով եւ խոկալով իր մասին յայտնած բաներուն վրայ։ Սրտագին աղօթքով, կրնանք Եհովան փառաբանել ու շնորհակալութիւն յայտնել մեզի տուած բարիքներուն համար (Փլպ. 4։6, 7)։ Կրնանք գովերգել Եհովային եւ օգտուիլ՝ կանոնաւորաբար իր ժողովուրդին հետ ընկերակցելով (Եբ. 10։23-25)։ Նաեւ, Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը պիտի աճի, մինչ ծառայութեան կը մասնակցինք ու կը ծանուցանենք «անոր փրկութիւնը» (Սաղ. 96։1-3)։ Այդպիսի կերպերով կրնանք ուղղամտութիւն պահել, ինչպէս որ սաղմոսերգուն ըրաւ, որ տաղերգեց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ [«Գերիշխան», ՆԱ] Տէր Եհովային վրայ» (Սաղ. 73։28

22, 23. Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր բռնողներ ըլլալով, մեր գործունէութիւնները ինչպէ՞ս կը բաղդատուին նախկին ուղղամիտներու գործունէութիւններուն հետ։

22 Դարերու ընթացքին, Եհովա ուղղամիտներուն բազմաթիւ տարբեր նշանակումներ տուած է։ Նոյ տապան մը շինեց եւ «արդարութեան քարոզիչ» մըն էր (Բ. Պետ. 2։5)։ Յեսու իսրայէլացիները դէպի Խոստացեալ երկիրը առաջնորդեց, բայց ան յաջողեցաւ՝ միայն քանի որ «օրէնքներու գիրքը. . . գիշեր ցորեկ» կարդաց եւ անոր հետ ներդաշնակ գործեց (Յես. 1։7, 8)։ Առաջին դարու քրիստոնեաները աշակերտեցին ու կանոնաւորաբար ժողվուեցան Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու համար (Մատ. 28։19, 20

23 Եհովայի գերիշխանութիւնը վեր կը բռնենք ու մեր ուղղամտութիւնը կը պահենք՝ արդարութիւն քարոզելով, աշակերտելով, աստուածաշնչական խրատներ գործադրելով եւ ժողովներուն ու համաժողովներուն մէջ հաւատակիցներու հետ համախմբուելով։ Այսպիսի գործունէութիւններ մեզի կ’օգնեն որ քաջասիրտ ու հոգեւորապէս զօրաւոր ըլլանք, եւ Աստուծոյ կամքը կատարելուն մէջ յաջողինք։ Ասիկա մեզի համար շատ դժուար չէ, որովհետեւ մեր երկնաւոր Հօր եւ իր Որդիին զօրակցութիւնը կը վայելենք (Բ. Օր. 30։11-14. Գ. Թագ. 8։57)։ Ասկէ զատ, «հաւատակից եղբայրներ»ուն աջակցութիւնը ունինք, որոնք նաեւ ուղղամտութեամբ կը քալեն ու կը մեծարեն Եհովան որպէս իրենց Գերիշխան Տէրը (Ա. Պետ. 2։17, Անթիլիաս

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Եհովայի բարոյական չափանիշները ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

• Յոբի ո՞ր յատկութիւնները մասնաւորաբար քեզ կը տպաւորեն։

• Ինչպէս որ Յոբ 31։29-37–ն ցոյց կու տայ, Յոբ ի՞նչ վարք ունեցաւ։

• Մեզի համար ինչո՞ւ կարելի է, որ Աստուծոյ հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը պահենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 32]

Կրնա՛նք մեր ուղղամտութիւնը պահել