Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հոգեւոր ծիրին հետ հաղորդակցիլ

Հոգեւոր ծիրին հետ հաղորդակցիլ

Հոգեւոր ծիրին հետ հաղորդակցիլ

ԱՄԵՆԱԿԱԼ Աստուած կարգ մը պատասխանատուութիւններ վստահած է հոգեղէն արարածներու։ Օրինակի համար, ան երկրի իշխանութիւնը Յիսուս Քրիստոսի յանձնած է, եւ հաւատարիմ հրեշտակներ նշանակած է, որ բարի լուրի ծանուցումը առաջնորդելու օգնեն (Յայտնութիւն 14։6)։ Սակայն աղօթքները տարբեր են։ Ան աղօթքները մտիկ ընելը ուրիշի մը չէ յանձնած։ Մեր աղօթքները իրաւացիօրէն միա՛յն Աստուծոյ կ’ուղղուին։

Եհովա «աղօթքի լսող»ն է (Սաղմոս 65։2)։ Ան մեր աղօթքները կը լսէ եւ անոնց կը պատասխանէ։ Աղօթքի առնչութեամբ, Յովհաննէս առաքեալ Եհովայի ծառաներուն գրեց. «Գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, [Աստուած] պիտի լսէ մեզի։ Եւ եթէ գիտնանք թէ պիտի լսէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք, ուրեմն կը գիտնանք թէ պիտի առնենք ինչ որ խնդրենք իրմէ» (Ա. Յովհաննէս 5։14, 15

Հաւատարիմ հրեշտակները չեն ուզեր, որ փորձենք իրենց հետ հաղորդակցիլ կամ իրենց աղօթենք։ Անոնք կը հասկնան ու կը համագործակցին աղօթքի վերաբերեալ Աստուծոյ կարգադրութեան հետ, որ երբեմն ուղղակի զիրենք կը պարփակէ։ Ինչպէ՞ս։ Առ ի օրինակ՝ երբ Դանիէլ մարգարէն Երուսաղէմի ամայացման մասին աղօթեց, Եհովա անոր պատասխանեց՝ Գաբրիէլ հրեշտակին ձեռքով քաջալերական պատգամ մը ղրկելով (Դանիէլ 9։3, 20-22

Մեռելներէ՞ն պատգամներ

Մեռելներուն հետ պէ՞տք է փորձենք հաղորդակցիլ։ Բազմաթիւ պատմութիւններ կան, թէ անհատներ ենթադրաբար մեռնողներու հոգիներուն հետ խօսակցութիւններ ունեցած են։ Օրինակ՝ Իրլանտայի մէջ ոգեհարց մը կնոջ մը ըսաւ, թէ նախորդ գիշեր խօսակցած էր Ֆրէտի հետ,– կնոջ ամուսինը։ Սակայն Ֆրէտ քանի մը շաբաթ առաջ մահացած էր։ Ոգեհարցը շարունակեց պատմել ինչ որ «Ֆրէտ» իրեն ըսած էր, բաներ՝ զորս կինը համոզուած էր թէ միայն ինք գիտէր։ Ո՜րքան դիւրին էր որ այս կինը եզրակացնէր, թէ Ֆրէտ հոգեղէն աշխարհին մէջ ողջ էր եւ կը ջանար այս օտարականին միջոցաւ իրեն հետ հաղորդակցութեան մէջ գալ։ Սակայն այս եզրակացութիւնը պիտի հակասէր ինչ որ Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ մեռելներու վիճակին մասին (տե՛ս վարի շրջանակը)։

Ուստի, այսպիսի պատմութիւններ ինչպէ՞ս կրնան բացատրուիլ։ Մարդիկը խաբելու համար դեւերու գործածած մէկ մեթոտն է՝ մեռելները անձնաւորել, այս պարագային, Ֆրէտը։ Շարժառի՞թը։ Մարդիկը Աստուածաշունչի սորվեցուցած բաներէն հեռացնել եւ Եհովայի հանդէպ հաւատքն ու վստահութիւնը տկարացնել։ Անտարակոյս, Սատանան ու դեւերը մարդիկը կը մոլորեցնեն «ամէն տեսակ հրաշքներով, նշաններով ու սուտ սքանչելիքներով, եւ անիրաւութեան ամբողջ խաբէութեամբ, անոնց համար՝ որ կը կորսուին» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9, 10, ԱԾ

Վստահաբար, կան ոգեհարցներ եւ անոնց ընկերակիցներ, որոնք իսկապէս կը հաւատան թէ մեռած անհատներու հետ կը հաղորդակցին։ Եթէ անոնք ոեւէ մէկու հետ կը հաղորդակցին, իրականութեան մէջ կը հաղորդակցին հոգեղէն արարածներու հետ, որոնք Եհովայի կը հակառակին։ Նոյնպէս, ոմանք կը հաւատան թէ Աստուած կը պաշտեն, բայց կը սխալին։ Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ սա լուրջ զգուշացումը գրեց. «Այն բաները որոնք հեթանոսները զոհ կ’ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ո՛չ թէ՝ Աստուծոյ» (Ա. Կորնթացիս 10։20, 21

Գիտակցելով որ մեզ սիրող ու հոգացող Գերագոյն Էակին կրնանք աղօթել, ինչո՞ւ պիտի ուզենք ուրիշ մէկու մը աղօթել։ Ի վերջոյ, Աստուածաշունչը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Տէրոջը աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մնացորդաց 16։9

[Մէջբերում՝ էջ 9]

Գիտակցելով որ մեզ սիրող ու հոգացող Գերագոյն Էակին կրնանք աղօթել, ինչո՞ւ պիտի ուզենք ուրիշ մէկու մը աղօթել

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 8]

Իրողութիւն եւ առասպել

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ. ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՆՁ ՄԸՆ Է

«Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ» (Բ. Կորնթացիս 11։14

«Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետրոս 5։8

«Ան որ մեղք կը գործէ, Սատանայէն է, վասն զի Սատանան սկիզբէն ի վեր կը մեղանչէ» (Ա. Յովհաննէս 3։8

«Հնազանդեցէ՛ք Աստուծոյ։ Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի» (Յակոբոս 4։7

«[Սատանան] սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասն զի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ։ Երբ անիկա ստութիւն խօսի, բուն իրեններէն կը խօսի, քանզի անիկա ստախօս է եւ անոր հայրը» (Յովհաննէս 8։44

ԱՌԱՍՊԵԼ. ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՏԵՆ ԲՈԼՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ՀՈԳԵՂԷՆ ԾԻՐ ԿԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻՆ

«Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծննդոց 3։19

«Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժողովող 9։5

«Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ, քանզի գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ» (Ժողովող 9։10

«Անոր հոգին կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին» (Սաղմոս 146։4

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՀՐԵՇՏԱԿՆԵՐԸ ՄԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ ԵՆ

«Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէ ու զանոնք կ’ազատէ» (Սաղմոս 34։7. 91։11

«Չէ՞ որ հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՝ որ փրկութիւն պիտի ժառանգեն» (Եբրայեցիս 1։14

«Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն, որոնք երկրի վրայ կը բնակին։ Ան մեծ ձայնով կ’ըսէր. ‘Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր’» (Յայտնութիւն 14։6, 7

ԱՌԱՍՊԵԼ. ՅԻՍՈՒՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՍԱՐ Է

«Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած» (Ա. Կորնթացիս 11։3

«Երբ բոլորը անոր հնազանդ ըլլան, այն ատեն Որդին՝ ինքն ալ՝ պիտի հնազանդի անոր, որ իրեն հնազանդեցուց ամէնքը, որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ» (Ա. Կորնթացիս 15։28

«Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ’» (Յովհաննէս 5։19