Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ան «մարդոց որդիներուն սիրտը» գիտէ

Ան «մարդոց որդիներուն սիրտը» գիտէ

Աստուծոյ մօտեցիր

Ան «մարդոց որդիներուն սիրտը» գիտէ

Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 6։29, 30

ՄԵԶՄԷ ո՞վ ծանրաբեռնուած չէ զգացած կեանքի մարտահրաւէրներով ու խնդիրներով։ Երբեմն այնպէս կրնայ թուիլ, թէ չկայ մէկը որ իրապէս կրնայ մեր դիմագրաւած մաքառումները կամ զգացած խոր վիշտը ըմբռնել։ Բայց կայ մէկը, որ լիովին կը հասկնայ մեր զգացումները,– Եհովա Աստուած։ Բ. Մնացորդաց 6։29, 30–ի մէջ գտնուող Սողոմոնի խօսքերը կրնա՛ն մեզ մխիթարել։

Մ.թ.ա. 1026–ին, Երուսաղէմի տաճարին նաւակատիքին առիթով, Սողոմոն աղօթք մը կը մատուցանէ։ Իր աղօթքին մէջ, որ թերեւս տասը վայրկեան տեւեց, Սողոմոն Եհովան կը գովաբանէ որպէս հաւատարմութեան Աստուած, խոստումներ Կատարող եւ աղօթքի Լսող (Գ. Թագաւորաց 8։23-53. Բ. Մնացորդաց 6։14-42

Սողոմոն Աստուծմէ կը խնդրէ, որ Իր երկրպագուներուն աղաչանքը լսէ (համար 29)։ Թէեւ Սողոմոն բազմաթիւ նեղութիւններ կը նշէ (համար 28), բայց կ’ըսէ թէ իւրաքանչիւր երկրպագու կը ճանչնայ «իր ախտը» եւ կը զգայ ‘իր ցաւը’։ Անհատ մը կրնայ որոշ բանէ մը վշտանալ, մինչ ուրիշ մը կրնայ բոլորովին տարբեր խնդիրէ մը տառապիլ։

Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, աստուածավախ անհատները պէտք չունին իրենց բեռները առանձին կրելու։ Իր աղօթքին մէջ, Սողոմոն ի մտի ունի այն երկրպագուն, որ թերեւս մղուի ‘ձեռքերը երկնցնելու’, Եհովային սրտագին աղօթք մատուցանելով։ * Հաւանաբար Սողոմոն կը մտաբերէ թէ իր հայրը՝ Դաւիթ, երբ մեծապէս վշտացած էր, ըսաւ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛» (Սաղմոս 55։4, 22

Եհովա օգնութեան անկեղծ աղաչանքներուն ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջէ։ Սողոմոն Եհովայի կը պաղատի. «Դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն, լսէ՛ ու ներէ՛ եւ ամէն մարդու իր բոլոր ճամբաներուն համեմատ հատուցում ըրէ՛» (համար 30)։ Սողոմոն գիտէ թէ «աղօթքի լսող»ը իր երկրպագուներով հետաքրքրուած է, ոչ միայն խմբովին, այլ նաեւ՝ անհատապէս (Սաղմոս 65։2)։ Եհովա հարկ եղած օգնութիւնը կու տայ, ի ներառեալ՝ ներում այն մեղաւորին, որ ամբողջ սրտով Աստուծոյ կը դառնայ (Բ. Մնացորդաց 6։36-39

Սողոմոն ինչո՞ւ վստահ է, թէ Եհովա պիտի պատասխանէ զղջացող երկրպագուին աղաչանքներուն։ Իր աղօթքը շարունակելով, Սողոմոն կը նշէ. «Անոր սիրտը ճանչնալուդ համար. վասն զի բոլոր մարդոց որդիներուն սիրտը միայն դուն կը ճանչնաս»։ Եհովա իւրաքանչիւր հաւատարիմ երկրպագուի սրտին մէջ եղած ախտին կամ ցաւին քաջատեղեակ է, եւ իւրաքանչիւրին նեղութիւնը Զինք կը հետաքրքրէ (Սաղմոս 37։4

Սողոմոնի աղօթքէն կրնանք մխիթարութիւն ստանալ։ Մարդիկ կրնան լիովին չհասկնալ մեր ներքին զգացումները,– մեր «ախտն» ու «ցաւը» (Առակաց 14։10)։ Բայց Եհովա մեր սիրտը գիտէ եւ մեզմով խորապէս հետաքրքրուած է։ Աղօթքով մեր սիրտը իրեն առջեւ պարպելը կրնայ մեր բեռները թեթեւցնել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, ‘ձեռքերը երկնցնելը’, ափերը դէպի վեր ըլլալով, աղօթքի շարժուձեւ մըն էր (Բ. Մնացորդաց 6։13