Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովային գովերգենք

Եհովային գովերգենք

Եհովային գովերգենք

«Որքան ատեն որ ողջ եմ՝ իմ Աստուծոյս սաղմոս պիտի ըսեմ» (ՍԱՂ. 146։2

1. Ի՞նչ բան պատանի Դաւիթը մղեց, որ իր սաղմոսներէն ոմանք յօրինէ։

ԻՐ ՊԱՏԱՆԻ հասակէն, Դաւիթ անհամար ժամեր անցուց, Բեթլեհէմի մերձակայ դաշտերուն մէջ իր հօր հօտերը հոգալով։ Մինչ ոչխարներուն վրայ կը հսկէր, Դաւիթ կրնար դիտել Եհովայի շքեղ ստեղծագործութիւնները. աստղազարդ երկինքը, «վայրենի անասունները» եւ «երկնքի թռչունները»։ Ան իր տեսածով խորապէս ազդուեցաւ,– ա՛յնքան շատ, որ մղուեցաւ այս սքանչելի բաներուն Արարիչը փառաբանող սրտաշարժ երգեր յօրինելու։ Դաւիթի բազմաթիւ երգագրութիւնները կը գտնուին Սաղմոսներու գիրքին մէջ (կարդալ՝ Սաղմոս 8։3, 4, 7-9 *

2. ա) Երաժշտութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անհատի մը վրայ։ Օրինակ մը տո՛ւր։ բ) Սաղմոս 34։7, 8–էն եւ Սաղմոս 139։2-8–էն, Եհովայի հետ Դաւիթին ունեցած փոխյարաբերութեան մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

2 Հաւանաբար այս ժամանակամիջոցին էր որ Դաւիթ իր հմտութիւնները սրեց որպէս երաժիշտ։ Իրականութեան մէջ, ան ա՛յդքան վարպետ եղաւ, որ հրաւիրուեցաւ Սաւուղ թագաւորին համար քնար նուագելու (Առ. 22։29)։ Դաւիթին երաժշտութիւնը հանդարտեցուցիչ ազդեցութիւն ունեցաւ տառապեալ արքային վրայ, ինչպէս որ լաւ երաժշտութիւնը յաճախ կ’ունենայ մարդոց վրայ նոյնիսկ այսօր։ Երբոր Դաւիթ իր երաժշտական գործիքը կը նուագէր, «Սաւուղ կը հանգստանար ու կը զուարճանար» (Ա. Թագ. 16։23)։ Այս աստուածավախ երաժշտին ու երգաբանին յօրինած երգերը մինչեւ օրս արժէք ունին։ Պահ մը մտածէ՛ ասոր մասին։ Ներկայիս՝ Դաւիթի ծնունդէն աւելի քան 3000 տարի ետք, երկրագունդի տարածքին ամէն խաւէ եղող միլիոնաւոր անհատներ կանոնաւորաբար Դաւիթի սաղմոսները կը կարդան, որպէսզի մխիթարուին ու յոյսով լեցուին (Բ. Մն. 7։6. կարդալ՝ Սաղմոս 34։7, 8. 139։2-8. Ամովս 6։5

Երաժշտութեան պատուարժան տեղը ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ

3, 4. Դաւիթի օրերուն, սրբազան երաժշտութիւն ներկայացնելու ի՞նչ կարգադրութիւններ եղան։

3 Դաւիթ տաղանդաւոր էր եւ իր տաղանդը լաւագոյն կերպով գործածեց,– Եհովան փառաւորելու։ Իսրայէլի վրայ թագաւոր ըլլալէ ետք, Դաւիթ կարգադրեց որ գեղեցիկ երաժշտութիւնը ըլլար խորանի ծառայութիւններուն մէկ մասը։ Բոլոր գործունեայ ղեւտացիներուն աւելի քան մէկ տասներորդը,– շուրջ 4000 հոգի,– նշանակուեցան որպէս ‘օրհնողներ’, որոնց մէջ 288 հոգի ‘Տէրոջը երգեր կը սորվէին, բոլորն ալ հանճարեղներ’ (Ա. Մն. 23։3, 5. 25։7

4 Դաւիթ անձամբ յօրինեց ղեւտացիներու նուագած ու երգած երգերէն շատերը։ Ոեւէ իսրայէլացի, որ առանձնաշնորհում ունէր ներկայ գտնուելու այն առիթներուն, ուր Դաւիթի սաղմոսները կ’երգուէին, իր լսածով խորապէս ազդուած ըլլալու էր։ Յետագային, երբ ուխտին տապանակը Երուսաղէմ բերուեցաւ, «Դաւիթ Ղեւտացիներուն իշխաններուն պատուիրեց, որ իրենց եղբայրներէն՝ նուագարաններով, տաւիղներով, քնարներով ու ծնծղաներով երգողներ կեցնեն, որպէս զի ուրախութեան ձայներ հնչեցնեն» (Ա. Մն. 15։16

5, 6. ա) Դաւիթի իշխանութեան ընթացքին, ինչո՞ւ շատ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ երաժշտութեան։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ վաղեմի Իսրայէլի մէջ, երաժշտութիւնը կը սեպուէր թէ պաշտամունքին մէջ կարեւոր տեղ մը ունի։

5 Դաւիթի օրերուն ինչո՞ւ այսչափ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ երաժշտութեան։ Պարզապէս քանի որ թագաւորը երաժի՞շտ մըն էր։ Ո՛չ. ուրիշ պատճառ մը կար, որ դարեր ետք յայտնուեցաւ, երբ արդար Եզեկիա թագաւորը տաճարին ծառայութիւնները վերականգնեց։ Բ. Մնացորդաց 29։25–ի մէջ կը կարդանք. «[Եզեկիա] Ղեւտացիները ծնծղաներով, տաւիղներով ու քնարներով Տէրոջը տանը մէջ կեցուց, ինչպէս Դաւիթ ու Դաւիթ թագաւորին տեսանողը Գաթ եւ Նաթան մարգարէն պատուիրեր էին. վասն զի Տէրը իր մարգարէներուն միջոցով այսպէս հրամայեր էր»։

6 Այո, Եհովա իր մարգարէներուն միջոցով ուղղութիւն տուաւ իր երկրպագուներուն որ իրեն գովերգեն։ Քահանայական տոհմէն երգիչներ նոյնիսկ միւս ղեւտացիներէն պահանջուած պարտականութիւններէն ազատ էին, որպէսզի կարենային բաւականաչափ ժամանակ տրամադրել երգագրութեան եւ՝ շատ հաւանաբար՝ փորձ ընելուն (Ա. Մն. 9։33

7, 8. Մեր Թագաւորութեան երգերը երգելուն առնչութեամբ, ի՞նչ բան աւելի կարեւոր է քան՝ հմտութիւնը։

7 Թերեւս ըսես. «Ինչ կը վերաբերի երգելուն, անկասկած ես բնա՛ւ պիտի չպարփակուէի այն հանճարեղներուն մէջ, որոնք խորանին մէջ երգեցին»։ Բայց կային ղեւտացի երաժիշտներ, որոնք վարպետներ չէին։ Ա. Մնացորդաց 25։8–ի համաձայն, «աշկերտ»ներ ալ կային։ Նաեւ նկատողութեան արժանի է, որ իսրայէլի միւս տոհմերուն մէջ թերեւս շատ հմուտ երաժիշտներ ու երգիչներ կային, բայց Եհովա ղեւտացիները նշանակեց, որպէսզի երաժշտութեան հոգ տանին։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ հաւատարիմ ղեւտացիները, ըլլային ‘վարպետնե՛ր’ թէ ‘աշկերտներ’, բոլորն ալ իրենց սիրտը դրին այդ պարտականութեան մէջ։

8 Դաւիթ երաժշտութիւնը կը սիրէր եւ անոր մէջ հմուտ էր։ Բայց արդեօք Աստուած միայն տաղանդ ունենալո՞ւն կարեւորութիւն կու տայ։ Սաղմոս 33։3–ի մէջ, Դաւիթ գրեց. «Վարպետութեամբ նուագարանները զարկէ՛ք ցնծութեան ձայնով»։ Պատգամը յստակ է. կարեւորը այն է, որ «վարպետութեամբ» կամ մեր լաւագոյնը ընելով Եհովան փառաբանենք։

Երաժշտութեան դերը՝ Դաւիթի օրերէն ետք

9. Նկարագրէ՛ թէ հաւանաբար ի՛նչ տեսած ու լսած պիտի ըլլայիր, եթէ Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին տաճարին նաւակատիքին ներկայ գտնուէիր։

9 Սողոմոնի իշխանութեան ընթացքին, երաժշտութիւնը կարկառուն դեր մը ունէր մաքուր պաշտամունքին մէջ։ Տաճարին նաւակատիքին՝ լման նուագախումբ մը կար, որուն փողային նուագի գործիքներուն բաժինը 120 փողէ բաղկացած էր (կարդալ՝ Բ. Մնացորդաց 5։12Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ թէ «փող հնչեցնողներն [բոլորն ալ քահանաներ] ու երգողները միաբերան մէկ ձայնով Տէրը կ’օրհնէին ու կը գովէին. . . ըսելով. ‘Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’»։ Անմիջապէս որ այդ ցնծութեան ձայնը վեր բարձրացաւ՝ «տունը ամպով լեցուեցաւ», Եհովայի հաւանութիւնը նշելով։ Այդ բոլոր փողերուն ու հազարաւոր երգողներուն ներդաշնակ ձայնը լսելը, ո՜րքան ոգեւորիչ եւ ահարկու ըլլալու էր (Բ. Մն. 5։13

10, 11. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ նախկին քրիստոնեաները պաշտամունքին մէջ երաժշտութիւն գործածեցին։

10 Նախկին քրիստոնեաներն ալ երաժշտութիւնը պաշտամունքին մէջ գործածեցին։ Անշուշտ, առաջին դարու երկրպագուները ոչ թէ խորաններու կամ տաճարներու մէջ հաւաքուեցան, հապա՝ անձնական տուներու մէջ։ Հալածանքի եւ այլ ազդակներու հետեւանքով, անոնք յաճախ աննպաստ պայմաններու ներքեւ կը ժողվուէին։ Այսուհանդերձ, այդ քրիստոնեաները Աստուծոյ գովերգեցին։

11 Պօղոս առաքեալ Կողոսայի մէջ եղող իր քրիստոնեայ եղբայրները յորդորեց. «[Խրատեցէք] զիրար՝ սաղմոսներով, օրհներգերով ու հոգեւոր երգերով, շնորհակալութեամբ երգելով Աստուծոյ» (Կող. 3։16, ԱԾ)։ Բանտարկուելէ ետք, Պօղոս ու Շիղա սկսան ‘աղօթել եւ օրհներգել Աստուծոյ’, թէեւ չունէին երգարան մը, որուն կրնային հետեւիլ (Գործք 16։25, ԱԾ)։ Եթէ բանտարկուած ըլլայիր, մեր Թագաւորութեան երգերէն քանի՞ հատը պիտի կարենայիր անգիր երգել։

12. Մեր Թագաւորութեան երգերը ինչպէ՞ս կրնանք գնահատել։

12 Որովհետեւ երաժշտութիւնը մեր պաշտամունքին մէջ պատուարժան տեղ ունի, լաւ կ’ընենք որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Զայն պատշաճօրէն կը գնահատե՞մ։ Լաւագոյնս կ’ընե՞մ, որ ժողովներուն ու համաժողովներուն ճիշդ ժամանակին հասնիմ, որպէսզի եղբայրներուս ու քոյրերուս հետ բացման երգին մասնակցիմ, եւ զգացումով կ’երգե՞մ։ Զաւակներս կը քաջալերե՞մ, որ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի եւ Ծառայութեան ժողովի միջեւ եղող երգը, կամ հանրային դասախօսութեան ու Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան միջեւ եղող երգը, չնկատեն կարճ դադար մը,– պատեհութիւն մը որ անհարկիօրէն իրենց աթոռները թողուն, թերեւս պարզապէս քիչ մը քալելու համար’։ Երգելը մեր պաշտամունքին մէկ մասն է։ Այո. ըլլանք ‘վարպետնե՛ր’ թէ ‘աշկերտներ’, բոլորս ալ կրնա՛նք,– եւ հարկ է,– մեր ձայները միացնել Եհովան փառաբանելու համար (համեմատել՝ Բ. Կորնթացիս 8։12

Ժամանակի ընթացքին մեր կարիքները կը փոխուին

13, 14. Ժողովքային հանդիպումներուն ամբողջ սիրտով երգելը ի՞նչ արժէք ունի. լուսաբանէ՛։

13 Աւելի քան 100 տարի առաջ, Սիօնի դիտարանը բացատրեց պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՛ւ մեր Թագաւորութեան երգերը շատ կարեւոր են։ Անիկա նշեց. «Ճշմարտութիւնը երգելը լաւ կերպ մըն է, որ անիկա Աստուծոյ ժողովուրդին մտքէն ու սրտէն ներս թափանցէ»։ Մեր երգերուն բառերէն շատեր հիմնուած են Սուրբ Գրութիւններու հատուածներուն վրայ. ուստի առնուազն քանի մը երգերուն բառերը սորվիլը կրնայ հոյակապ կերպ մը ըլլալ, որ ճշմարտութիւնը մեր սրտին մէջ իջնայ։ Յաճախ, մեր ժողովներուն առաջին անգամ ներկայ գտնուող մը, ժողովքին սրտագին երգեցողութենէն խորապէս կ’ազդուի։

14 Երեկոյ մը 1869–ին, Չ. Թ. Ռասըլ գործէն տուն գալու ժամանակ, ներքնայարկ սրահէ մը երգեցողութիւն մը լսեց։ Իր կեանքի այդ հանգրուանին, ան ամէն յոյս կտրած էր Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գտնելու։ Ուստի ան որոշած էր ինքզինք իր առեւտուրի շահերուն տրամադրել, պատճառաբանելով որ եթէ որոշ գումար մը հաւաքէր, գոնէ պիտի կարենար մարդոց ֆիզիքական կարիքները հոգալ, նոյնիսկ եթէ չկարենար անոնց հոգեւորապէս օգնել։ Եղբայր Ռասըլ փոշոտ եւ աղտոտ սրահը մտնելով, տեսաւ թէ այդտեղ կրօնական ծառայութիւններ կը կատարուէին։ Ան նստաւ ու մտիկ ըրաւ։ Յետագային, ան գրեց թէ իր լսածը «բաւարար էր, Աստուծոյ օգնութեամբ, որ Աստուածաշունչի աստուածային ներշնչման նկատմամբ իր վարանող հաւատքը վերահաստատէր»։ Նշմարէ թէ երգեցողութիւնն էր, որ սկիզբը Եղբայր Ռասըլը ժողովին հրապուրեց։

15. Հասկացողութեան ի՞նչ յղկումներ յանձնարարելի դարձուցին երգարանին վերանայումը։

15 Մինչ ժամանակը կ’անցնի, Սուրբ Գրութիւններու մեր հասկացողութեան մէջ յղկումներ կ’ըլլան։ Առակաց 4։18–ը կ’ըսէ. «Արդարներուն ճամբան ծագող լոյսի պէս է, որ երթալով կը լուսաւորուի, մինչեւ կատարեալ օր ըլլայ»։ Յաւելեալ լոյսը անխուսափելիօրէն կ’առաջնորդէ, որ ‘ճշմարտութիւնը երգելու’ մեր կերպին մէջ ճշդումներ կատարուին։ Անցեալ 25 տարիներուն, Եհովայի վկաները բազմաթիւ երկիրներու մէջ հաճոյքով գործածեցին Եհովան փառաբանենք մեր երգերով խորագրով երգարանը։ * Գիրքը առաջին անգամ հրատարակուելէ ի վեր, կարգ մը նիւթերու շուրջ լոյսը աւելի պայծառ դարձաւ, եւ երգարանին մէջ գործածուած արտայայտութիւններէն ոմանք ժամանակավրէպ եղան։ Օրինակ՝ այլեւս չենք ըսեր թէ Եհովայի անունը պիտի ‘ջատագովուի’, հապա՝ պիտի ‘սրբացուի’։ Բացայայտօրէն, վարդապետական տեսակէտով, կարիք եղած է որ մեր երգարանը այժմէականացուի։

16. Մեր նոր երգարանը մեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնէ, որ Եփեսացիս 5։19–ի մէջ արձանագրուած Պօղոսի խրատին հետեւինք։

16 Այդ եւ այլ պատճառներով, Կառավարիչ մարմինը հաւանեցաւ որ Եհովային գովերգենք խորագրով նոր երգարան մը հրատարակուի։ Մեր նոր գիրքը միայն 135 երգ կը բովանդակէ։ Որովհետեւ սորվելիք երգերը աւելի քիչ են, մեզի համար կարելի պէտք է ըլլայ, որ առնուազն քանի մը նոր երգերուն բառերը գոց սորվինք։ Ասիկա ներդաշնակ է Պօղոսի խրատին հետ, որ արձանագրուած է Եփեսացիս 5։19–ի մէջ (կարդալ)։

Կրնա՛ս գնահատութիւնդ ցոյց տալ

17. Ժողովքային երգեցողութեան առնչութեամբ, ի՞նչ մտածումներ մեզի պիտի օգնեն, որ նեղ կացութեան մատնուելու վախը յաղթահարենք։

17 Նեղ կացութեան մատնուելու վախին պէ՞տք է թոյլ տանք, որ քրիստոնէական ժողովներուն մէջ երգելէ մեզ ետ պահէ։ Այս կերպով դիտէ հարցը. խօսելու առնչութեամբ շիտակ չէ՞ որ «ամէնքս ալ շատ յանցանքներ կ’ընենք» (Յակ. 3։2)։ Այսուհանդերձ թոյլ չենք տար որ մեր անկատար խօսակցութիւնը մեզ ետ պահէ՝ տունէ տուն Եհովան փառաբանելէ։ Արդ, մեր երգող անկատար ձայները ինչո՞ւ մեզ ետ պահեն Աստուծոյ գովերգելէ։ Եհովա, որ «տուաւ մարդուն բերան», հաճոյքով կը լսէ, մինչ մեր ձայները կը գործածենք իրեն գովերգելու (Ել. 4։11

18. Երգերուն բառերը սորվելու առաջարկներ տո՛ւր։

18 Եհովային գովերգենք. ձայնական կատարում խորագրով խտասկաւառակները մատչելի եղած են կարգ մը լեզուներով։ Անոնք նոր երգերուն գեղեցիկ նուագախմբային ու խմբերգային կատարումները կը ներկայացնեն։ Երաժշտական կարգաւորումը զայն ունկնդրելը աւելի հաճոյալի կը դարձնէ։ Զանոնք յաճախ մտիկ ըրէ. այսպիսով՝ առնուազն մեր քանի մը նոր երգերուն բառերը շուտով պիտի սորվիս։ Շատ մը երգերու բառերը այնպիսի կերպով մը շարադրուած են, որ երբ մէկ տող երգես, գրեթէ պիտի կարենաս ակնկալել թէ յաջորդը ի՛նչ է։ Ուստի, երբ խտասկաւառակները մտիկ կ’ընես, ինչո՞ւ չփորձես երգչախումբին հետ երգել։ Եթէ տան մէջ բառերուն եւ երաժշտութեան ընտելանաս, անկասկած պիտի կարենաս աւելի վստահութեամբ երգել Թագաւորութեան սրահին մէջ։

19. Մեր Թագաւորութեան երգերու նուագախմբային կատարումները պատրաստելը ի՞նչ քայլեր կ’ընդգրկէ։

19 Դիւրին է թեթեւի առնել մեր միօրեայ մասնաւոր համաժողովներուն, շրջանային համաժողովներուն ու նահանգային համաժողովներուն մէջ ներկայացուած երաժշտութիւնը։ Սակայն զայն պատրաստելու համար շատ աշխատանք կը տարուի։ Երաժշտութիւնը ընտրուելէ ետք, հարկ է որ նուագախմբային կարգաւորումները ուշադրութեամբ գրի առնուին, որպէսզի Դիտարանի նուագախումբին 64 անդամները զայն նուագեն։ Ապա երաժիշտները երկա՜ր ժամեր կը տրամադրեն վերաքաղ ընելու այն երաժշտութիւնը, զոր փորձ պիտի ընեն ու վերջապէս ձայնագրեն մեր արուեստանոցին մէջ, Փէթըրսընի մէջ, Նիւ Եորք։ Այս եղբայրներէն ու քոյրերէն տասը անհատ Միացեալ Նահանգներէն դուրս կը բնակին։ Բոլորն ալ մեր աստուածպետական առիթներուն համար գեղեցիկ երաժշտութիւն հայթայթելուն մէջ բաժին բերելը առանձնաշնորհում կը սեպեն։ Անոնց սիրալիր ջանքերը կրնանք գնահատել։ Երբ համաժողովին մէջ ատենապետը մեզ հրաւիրէ որ մեր աթոռները գրաւենք, անմիջապէս ընդառաջե՛նք եւ լուռ ու մունջ մտիկ ընենք երաժշտութիւնը, որ շատ սիրալիր կերպով պատրաստուած է։

20. Ի՞նչ վճռած ես ընել։

20 Եհովա փառաբանութեան մեր երգերը կը նշմարէ։ Անոնք իրեն համար կարեւոր են։ Երբոր պաշտամունքի համար կը ժողվուինք, մեր ամբողջ սրտէն գովերգելով կրնանք իր սիրտը ուրախացնել։ Այո, ըլլանք վարպետնե՛ր թէ աշկերտներ, ‘Տէրոջ երգենք’ (Սաղ. 104։33

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 1 Հետաքրքրական է որ Դաւիթի մահէն տասը դար ետք, խումբ մը հրեշտակներ Մեսիային ծնունդը ծանուցանեցին հովիւներու, որոնք Բեթլեհէմի մերձակայ դաշտերուն մէջ իրենց հօտերուն վրայ կը հսկէին (Ղուկ. 2։4, 8, 13, 14

^ պարբ. 15 225 երգերու ամբողջ հաւաքածոն մատչելի էր աւելի քան 100 լեզուով։

Ի՞նչ կը խորհիս

• Աստուածաշնչական ժամանակներէն ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան, թէ երաժշտութիւնը մեր պաշտամունքին մէջ կարեւոր դեր մը ունի։

Մատթէոս 22։37–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի պատուէրին հնազանդելուն եւ ամբողջ սիրտով Թագաւորութեան երգերը երգելուն միջեւ ի՞նչ կապակցութիւն կը տեսնես։

• Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք մեր Թագաւորութեան երգերուն պատշաճ գնահատութիւն ցոյց տալ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 30]

Տան մէջ նոր երգերուն բառերը կը սորվի՞ս

[Նկար՝ էջ 31]

Զաւակներուդ արգելք կը հանդիսանա՞ս, որ երգին ընթացքին անհարկիօրէն իրենց աթոռները ձգեն