Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ծննդոց 6։3–ի մէջ կը կարդանք. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»։ Արդեօք Եհովա մարդոց կեանքի տեւողութիւնը կը սահմանափակէ՞ր 120 տարուան, իսկ Նոյ գալիք Ջրհեղեղին մասին ա՞յդքան ժամանակ քարոզեց։

Հարցումին երկու մասերուն պատասխանն է՝ ո՛չ։

Ջրհեղեղէն առաջ, շատ մը մարդիկ դարեր ապրեցան։ Նոյ 600 տարեկան էր երբ Ջրհեղեղը եկաւ, եւ ան 950 տարի ապրեցաւ (Ծն. 7։6. 9։29)։ Ջրհեղեղէն ետք ծնող անհատներէն ոմանք նոյնպէս 120 տարիէ աւելի ապրեցան։ Արփաքսադ 438 տարեկանին մահացաւ, իսկ Սաղա՝ 433 տարեկանին (Ծն. 11։10-15)։ Սակայն Մովսէսի ժամանակ, սովորական կեանքի տեւողութիւնը 70 կամ 80 տարի էր (Սաղ. 90։10)։ Ուստի Ծննդոց 6։3–ը չէր հաստատեր, թէ մարդոց կեանքի տեւողութիւնը միջին հաշուով կամ առաւելագոյնը 120 տարի պիտի ըլլար։

Այս համարը՝ 120 տարուան մէջ գալիք կործանումին մասին ուրիշները ազդարարելու նկատմամբ Աստուծոյ կողմէ Նոյի ուղղուած խօ՞սք մըն էր։ Ո՛չ։ Կարգ մը առիթներով, Աստուած արդարեւ Նոյի հետ խօսեցաւ։ Վերոյիշեալ խօսքէն տասը համար ետք կը կարդանք. «Աստուած ըսաւ Նոյին. ‘Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ’»։ Տարիներ ետք, Նոյ տապանը շինելու հսկայ աշխատանքը աւարտեց, եւ այդ ատեն «Տէրը ըսաւ Նոյին. ‘Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը մտիր’» (Ծն. 6։13. 7։1)։ Կան նաեւ այլ միջադէպեր, երբ Եհովա Նոյի իմացուց որոշ իրողութիւններ (Ծն. 8։15. 9։1, 8, 17

Սակայն Ծննդոց 6։3–ը տարբեր կերպով գրուած է. անիկա Նոյի ակնարկութիւն չ’ըներ, ոչ ալ կ’ըսէ թէ Աստուած անոր հետ կը խօսէր։ Անիկա կրնայ նկատուիլ Աստուծոյ նպատակին կամ վճռականութեան պարզ մէկ արտայայտութիւնը (համեմատել՝ Ծննդոց 8։21)։ Յատկանշականօրէն, Ադամի ժամանակէն շա՜տ առաջ տեղի ունեցած զարգացումներու պատմական արձանագրութեան մէջ, հետեւեալին նման արտայայտութիւններ կը գտնենք. «Աստուած ըսաւ» (Ծն. 1։6, 9, 14, 20, 24)։ Բացայայտօրէն, Եհովա երկրի վրայ մարդ արարածի մը հետ չէր խօսեր, քանի որ մարդը տակաւին չէր ստեղծուած։

Հետեւաբար տրամաբանական է եզրակացնել, թէ Ծննդոց 6։3–ը կ’արտայայտէ՝ երկրի վրայ իրերու ապականած դրութեան վերջ դնելու Աստուծոյ որոշումը։ Եհովա դատավճիռ մը արձակեց թէ ասիկա պիտի ընէր 120 տարուան մէջ, թէեւ Նոյ դեռ անոր տեղեակ չէր։ Բայց ինչո՞ւ ժամկէտ մը սահմանել։ Ինչո՞ւ սպասել։

Պետրոս առաքեալ պատճառներ կու տայ. «Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը՝ երբ տապանը կը շինուէր, որուն մէջ քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան» (Ա. Պետ. 3։20)։ Այո, երբ Աստուած 120 տարուան նկատմամբ իր որոշումը կայացուց, տակաւին ընելիք բաներ կային։ Շուրջ 20 տարի ետք, Նոյ եւ իր կինը սկսան զաւակներ ունենալ (Ծն. 5։32. 7։6)։ Անոնց երեք որդիները մեծցան եւ ամուսնացան, ու այսպէս ընտանիքը եղաւ «ութ հոգի»։ Ետքը, անոնք տապանը պիտի շինէին, որ արագ գործ մը չէր՝ նկատի ունենալով անոր մեծութիւնը եւ Նոյի պզտիկ ընտանիքը։ Այո, 120 տարի Աստուծոյ համբերելը թոյլ տուաւ որ այս բաները իրագործուին, եւ կեանքի պահպանման համար հող պատրաստեց, այնպէս որ ութ հաւատարիմ անհատներ «ջուրէն ազատեցան»։

Աստուածաշունչը չի նշեր այն տարին, երբ Եհովա Նոյի իմացուց թէ Ջրհեղեղը տեղի պիտի ունենար։ Իր որդիները ծնելով, մեծնալով եւ ամուսնանալով, հաւանաբար Ջրհեղեղին գալուն 40 կամ 50 տարի մնացած էր։ Ապա Եհովա Նոյի ըսաւ. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս»։ Ան աւելցուց թէ Նոյ հսկայ տապան մը պիտի շինէր եւ իր ընտանիքին հետ անոր մէջ պիտի մտնէր (Ծն. 6։13-18)։ Մնացեալ տասնամեակներուն ընթացքին, Նոյ իր կեանքով արդարութեան օրինակ հանդիսանալէն աւելին ըրաւ։ Ան ծառայեց որպէս «արդարութեան քարոզիչ», որ ծանուցանելիք կտրուկ ազդարարական պատգամ մը ունէր,– այդ ատենուան ամբարիշտները կործանելու Աստուծոյ վճռականութիւնը։ Նոյ շա՜տ առաջուընէ չգիտցաւ թէ անիկա ո՛ր տարին պիտի ըլլար, բայց գիտէր թէ ատիկա որոշապէս պիտի գար։ Եւ դուն գիտես թէ ատիկա եկա՛ւ (Բ. Պետ. 2։5