Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ Աստուծմէ սորվիլ

Ինչո՞ւ Աստուծմէ սորվիլ

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Ինչո՞ւ Աստուծմէ սորվիլ

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Ինչո՞ւ Աստուծմէ սորվիլ։

Աստուած մարդկութեան համար աւելի լաւ բանի մը մասին բարի լուր ունի։ Ան ատոր մասին մեզի կը պատմէ՝ Աստուածաշունչի էջերուն մէջ։ Աստուածաշունչը մեր երկնաւոր սիրառատ Հօր կողմէ մեզի ուղարկուած նամակի մը նման է (կարդա՛ Երեմիա 29։11

2. Ի՞նչ է բարի լուրը։

Մարդկութիւնը լաւ կառավարութեան կարիք ունի։ Ցարդ ո՛չ մէկ մարդկային կառավարիչ մարդկութիւնը ձերբազատած է բռնութենէ, անարդարութենէ, հիւանդութենէ կամ մահէ։ Բայց բարի լուր կայ։ Աստուած մարդկութեան պիտի տայ լաւ կառավարութիւն մը, որ տառապանքի բոլոր պատճառներուն վերջ պիտի դնէ (կարդա՛ Դանիէլ 2։44

3. Աստուծմէ սորվիլը ինչո՞ւ կենսական է։

Մօտ ատենէն Աստուած երկրագունդը պիտի մաքրէ անոնցմէ, որոնք տառապանք կը պատճառեն։ Մինչ այդ, ան միլիոնաւոր հեզ մարդոց կը սորվեցնէ, որ սիրոյ վրայ հիմնուած՝ աւելի լաւ ապրելակերպ մը վայելեն։ Մարդիկ Աստուծոյ Խօսքէն կը սորվին, թէ ինչպէ՛ս կեանքի խնդիրներու հետ գլուխ ելլեն, ինչպէ՛ս իսկական երջանկութիւն գտնեն եւ ինչպէ՛ս Աստուած հաճեցնեն (կարդա՛ Սոփոնիա 2։3

4. Աստուածաշունչին Հեղինակը ո՞վ է։

Աստուածաշունչը կը բաղկանայ 66 պզտիկ գիրքերէ։ Շուրջ 40 տղամարդիկ զանոնք գրեցին։ Առաջին հինգ գիրքերը գրուեցան Մովսէսի կողմէ՝ շուրջ 3500 տարի առաջ։ Վերջին գիրքը գրուեցաւ Յովհաննէս առաքեալին կողմէ՝ աւելի քան 1900 տարի առաջ։ Բայց Աստուածաշունչ գրողները արձանագրեցին Աստուծո՛յ խորհուրդները եւ ոչ թէ իրենց գաղափարները։ Ուստի Աստուածաշունչին Հեղինակը Աստուած է (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։16. Բ. Պետրոս 1։21

Գիտենք թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է, քանի որ ճշգրտօրէն ու մանրամասն կը նախագուշակէ ապագան։ Ո՛չ մէկ մարդ կրնայ ասիկա ընել (Եսայի 46։9, 10)։ Նաեւ՝ Աստուածաշունչը Աստուծոյ սիրալիր անձնաւորութիւնը մեզի կը յայտնէ եւ զօրութիւն ունի մարդոց կեանքը բարելաւելու։ Այս իրողութիւնները միլիոնաւորներ կը համոզեն, որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է (կարդա՛ Յեսու 23։14. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13

5. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնաս հասկնալ։

Յիսուս համբաւաւոր եղաւ որպէս Աստուծոյ Խօսքի ուսուցիչ։ Իր խօսած անհատներուն մեծամասնութիւնը Աստուածաշունչին ծանօթ ըլլալով հանդերձ, օգնութեան կարիք ունէին զայն հասկնալու համար։ Անոնց օգնելու համար, Յիսուս ետեւ–ետեւի ակնարկեց Աստուածաշունչի հատուածներու եւ բացատրեց «գրքեր»ուն իմաստը։ Այս յատկանշական երեսակը՝ «Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛», նոյն մեթոտը պիտի գործածէ քեզի օգնելու (կարդա՛ Ղուկաս 24։27, 45

Կեանքի նպատակին մասին Աստուծմէ սորվելուն պէս գրաւիչ եղող բաները քիչ են։ Բայց ոմանք թերեւս չհաճին, որ Աստուածաշունչը կը կարդաս։ Մի՛ վհատիր։ Յաւիտենական կեանքը վայելելու յոյսդ կախեալ է Աստուած ճանչնալէդ (կարդա՛ Մատթէոս 5։10-12. Յովհաննէս 17։3

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 2–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։