Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եդեմ մարդկութեան սկզբնական տո՞ւնն էր

Եդեմ մարդկութեան սկզբնական տո՞ւնն էր

Եդեմ մարդկութեան սկզբնական տո՞ւնն էր

ԴՈՒՆ քեզ երեւակայէ պարտէզի մը մէջ, ուր խանգարումներ չկան, ոչ ալ մօտակայ պատի մը ետեւէն եկող քաղաքի աղմուկ։ Այս պարտէզը ընդարձակ է եւ ոչինչ կը խանգարէ անոր անդորրութիւնը։ Ասկէ աւելի, միտքդ մտահոգութիւններէ զերծ է, եւ մարմինդ հիւանդութեան, գերզգայնութեան կամ ցաւի որեւէ հետքէ չի տառապիր։ Զգայարանքներդ ազատօրէն կ’ընկալեն շրջապատդ։

Նախ հաճոյքով կը դիտես վառ ու գունագեղ ծաղիկները, ապա առուակի մը փայլքը, ետքը՝ արեւուն եւ շուքին տակ բիւրաւոր կանանչ տերեւներն ու խոտերը։ Մորթիդ վրայ կը զգաս մեղմ զեփիւռը եւ կը հոտոտաս ատոր կրած բուրումները։ Կը լսես տերեւներուն խշրտուքը, ժայռերուն զարնուող ջուրին շառաչիւնը, թռչուններուն ճռուողիւնն ու գեղգեղանքը, աշխատող միջատներու բզզանքը։ Մինչ տեսարանը կը պատկերացնես, չե՞ս տենչար այդպիսի վայրի մը մէջ ըլլալ։

Աշխարհի տարածքին մարդիկ կը հաւատան, թէ մարդկութիւնը իր սկիզբը ունեցաւ այդպիսի վայրի մը մէջ։ Դարերէ ի վեր, հրէականութեան, քրիստոնեայ աշխարհի եւ իսլամութեան պատկանող անհատներ սորված են Եդեմի պարտէզին մասին, ուր Աստուած Ադամն ու Եւան դրաւ որ ապրին։ Աստուածաշունչի համաձայն, անոնք խաղաղ ու երջանիկ կեանք մը կը վայելէին։ Անոնք իրարու հետ, անասուններուն հետ եւ Աստուծոյ հետ խաղաղութեան մէջ էին։ Աստուած ազնուօրէն իրենց շնորհեց այդ սիրուն միջավայրին մէջ յաւիտեան ապրելու յոյսը (Ծննդոց 2։15-24

Պրահմանականները նոյնպէս իրենց իւրայատուկ գաղափարները ունին վաղեմի ժամանակներուն դրախտի մը գոյութեան նկատմամբ։ Պուտտայականները կը հաւատան, թէ հոգեւոր մեծ առաջնորդներ կամ Պուտտաներ մէջտեղ կու գան ա՛յն ոսկեդարերուն, երբ աշխարհը դրախտի մը նման է։ Իսկ Ափրիկէի անհամար կրօնքներ կը սորվեցնեն պատմութիւններ, որոնք Ադամի ու Եւայի պատմութեան շատ կը նմանին։

Իրականութեան մէջ, սկզբնական դրախտի մը գաղափարը մարդկութեան կրօնքներուն եւ աւանդութիւններուն մէջ համատարած է։ Հեղինակ մը նշեց. «Բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններ հաւատացին սկզբնական դրախտի մը գոյութեան, որ յատկանշուած էր կատարելութեամբ, ազատութեամբ, խաղաղութեամբ, երջանկութեամբ, առատութեամբ, ինչպէս նաեւ տառապանքէ, լարուածութենէ ու կռիւներէ զերծ ըլլալով։ . . .Այս հաւատալիքը պատճառ եղաւ որ մարդիկ ընդհանուր առմամբ խոր կարօտ ունենան կորսուած բայց չմոռցուած դրախտին հանդէպ եւ մեծապէս տենչան զայն վերագտնել»։

Կրնա՞յ ըլլալ որ այդ բոլոր պատմութիւններն ու աւանդութիւնները հասարակաց ծագում մը ունին։ Կարելի՞ է որ մարդիկ «ընդհանուր առմամբ» ազդուած են իրական բանի մը յիշողութեամբ։ Հեռու անցեալին, իրապէս Եդեմի պարտէզ եւ իսկական Ադամ ու Եւա կայի՞ն։

Սկեպտիկներ գաղափարին վրայ կը ծիծաղին։ Այս գիտական դարաշրջանին մէջ շատեր կը խորհին, թէ այսպիսի արձանագրութիւններ պարզապէս աւանդավէպեր եւ առասպելներ են։ Զարմանալիօրէն, բոլոր սկեպտիկները աշխարհիկ մարդիկ չեն։ Բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ Եդեմի պարտէզին նկատմամբ անհաւատութիւն կը յառաջացնեն։ Անոնք կ’ըսեն թէ այդպիսի վայր մը բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած։ Անոնք կ’ըսեն թէ պատմութիւնը պարզապէս փոխաբերութիւն, առասպել, հեքիաթ, առակ մըն է։

Անշուշտ Աստուածաշունչը առակներ կը բովանդակէ։ Յիսուս ինք ամէնէն հանրածանօթ առակները պատմեց։ Սակայն Աստուածաշունչը Եդեմի արձանագրութիւնը կը ներկայացնէ ոչ թէ որպէս առակ, այլ՝ հարազատ ու պարզ պատմութիւն։ Այսուհանդերձ, եթէ նկարագրուած դէպքերը բնաւ տեղի չունեցան, ինչպէ՞ս կարելի է Աստուածաշունչի մնացեալ բաժիններուն վստահիլ։ Այժմ քննենք թէ ոմանք ինչո՛ւ Եդեմի պարտէզին նկատմամբ սկեպտիկ են եւ տեսնենք թէ անոնց տուած պատճառները վաւերակա՛ն են կամ ոչ։ Ապա նկատի պիտի առնենք, թէ արձանագրութիւնը իւրաքանչիւրիս համար ինչո՛ւ կարեւոր է։