Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եդեմի պարտէզ մը իրապէս կա՞ր

Եդեմի պարտէզ մը իրապէս կա՞ր

Եդեմի պարտէզ մը իրապէս կա՞ր

ԱԴԱՄԻՆ ու Եւային եւ Եդեմի պարտէզին պատմութիւնը գիտե՞ս։ Անիկա աշխարհի տարածքին մարդոց հանրածանօթ է։ Ինչո՞ւ զայն չկարդաս։ Անիկա արձանագրուած է Ծննդոց 1։26–3։24–ի մէջ։ Ահաւասիկ պատմութեան հիմնական մասերը.

Եհովա Աստուած * հողէն մարդ մը կը շինէ, զայն Ադամ կը կոչէ եւ պարտէզի մը մէջ կը դնէ, Եդեմ կոչուող շրջանի մը մէջ։ Աստուած ինք այս պարտէզը տնկեց։ Անիկա ջրարբի է, գեղեցիկ ու պտղաբեր ծառերով լեցուն։ Անոր մէջտեղը կայ «բարին ու չարը գիտնալու ծառը»։ Աստուած մարդիկը կ’արգիլէ այս ծառէն ուտելէ, նշելով թէ անհնազանդութիւնը մահուան պիտի առաջնորդէ։ Ժամանակ մը ետք, Եհովա Ադամի համար ընկերակից մը կը շինէ,– Եւա կինը,– Ադամի կողոսկրներէն մէկը գործածելով։ Աստուած անոնց կու տայ պարտէզին հոգ տանելու գործը եւ կ’ըսէ որ բազմանան ու երկիրը լեցնեն։

Երբ Եւա մինակ է, օձ մը անոր հետ կը խօսի, զինք հրապուրելով որ արգիլուած պտուղէն ուտէ, դաւանելով թէ Աստուած անոր սուտ խօսած է եւ զինք լաւ բանէ մը ետ կը պահէ, բան մը՝ որ զինք աստուածանման պիտի դարձնէ։ Եւա տեղի կու տայ եւ արգիլուած պտուղէն կ’ուտէ։ Ետքը՝ Ադամ անոր կը միանայ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելու մէջ։ Եհովա կը հակազդէ՝ Ադամին, Եւային եւ օձին դէմ դատավճիռ արձակելով։ Զոյգը դրախտային պարտէզէն վռնտուելէ ետք, հրեշտակները մուտքը կը պահպանեն։

Ատենօք ժողովրդական էր, որ ուսումնականներ, մտաւորականներ ու պատմաբաններ հաստատեն, թէ Աստուածաշունչի Ծննդոց գրքին մէջ արձանագրուած դէպքերը ճշմարիտ ու պատմական են։ Այս օրերուն, այսպիսի նիւթերու նկատմամբ սկեպտիկ ըլլալը աւելի ժողովրդական է։ Բայց Ադամի, Եւայի ու Եդեմի պարտէզին մասին Ծննդոցի արձանագրութեան վերաբերեալ կասկածներուն հիմը ի՞նչ է։ Քննարկենք չորս սովորական առարկութիւններ։

1. Եդեմի պարտէզը իսկակա՞ն վայր մըն էր։

Այս հարցին շուրջ ինչո՞ւ կասկած կայ։ Հաւանաբար փիլիսոփայութիւնը դեր ունեցած է։ Դարեր շարունակ, աստուածաբաններ կ’ենթադրէին թէ Աստուծոյ պարտէզը որոշ տեղ մը տակաւին գոյութիւն ունէր։ Սակայն եկեղեցիին վրայ ազդեցութիւն ունեցան յոյն փիլիսոփաներ, ինչպէս՝ Պղատոն եւ Արիստոտէլ, որոնք դաւանեցան թէ երկրի վրայ ոչինչ կրնայ կատարեալ ըլլալ. միայն երկինքը կրնար կատարելութիւն պարունակել։ Հետեւաբար աստուածաբաններ պատճառաբանեցին, թէ սկզբնական Դրախտը երկինքի մօտ ըլլալու էր։ * Ոմանք ըսին թէ պարտէզը հանգչած էր խիստ բարձր լերան մը վրայ, որ այս նուաստացած մոլորակէն չ’ազդուիր. ուրիշներ ըսին, թէ անիկա կը գտնուէր Հիւսիսային Բեւեռը կամ Հարաւային Բեւեռը. տակաւին ուրիշներ ըսին, թէ անիկա լուսնին վրայ կամ անոր մօտ էր։ Զարմանալի չէ որ Եդեմի ամբողջ գաղափարը սկսաւ երեւակայական թուիլ։ Արդի ուսումնականներէն ոմանք Եդեմի աշխարհագրութիւնը անհեթեթութիւն կը սեպեն, պնդելով թէ այդպիսի վայր մը երբեք գոյութիւն չէ ունեցած։

Սակայն Աստուածաշունչը պարտէզը այդ կերպով չի նկարագրեր։ Ծննդոց 2։8-15–ի մէջ, այս վայրին մասին կարգ մը առանձնայատկութիւններ կ’իմանանք։ Անիկա Եդեմ կոչուած շրջանին արեւելեան կողմը կը գտնուէր։ Անիկա կը ջրուէր գետի մը կողմէ, որ չորս գետերու աղբիւր դարձաւ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին անունը նշուած է եւ ուրկէ հոսիլը հակիրճօրէն նկարագրուած է։ Այս մանրամասնութիւնները վաղուց չարչրկած են ուսումնականներ, որոնցմէ շատեր Աստուածաշունչի այս հատուածը պրպտած են, այս վաղեմի վայրին արդի տեղը գիտնալու համար բանալիներ փնտռելով։ Սակայն անոնք բազմաթիւ հակասական եզրակացութիւններու յանգած են։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Եդեմի, անոր պարտէզին ու գետերուն ֆիզիքական նկարագրութիւնը կեղծ կամ առասպելական է։

Նկատի առ. Եդեմի պարտէզի արձանագրութեան մէջ նշուած դէպքերը շուրջ 6000 տարի առաջ տեղի ունեցան։ Բացայայտօրէն՝ անոնք Մովսէսի կողմէ գրի առնուեցան, որ թերեւս օգտագործեց բերանացի պատմութիւններ կամ նոյնիսկ նախապէս գոյութիւն ունեցած փաստաթուղթեր։ Այսուհանդերձ, Մովսէս նկարագրուած դէպքերը տեղի ունենալէն շուրջ 2500 տարի ետք կը գրէր։ Եդեմը արդէն իսկ հին պատմութիւն էր։ Արդ՝ կարելի՞ է որ գետերու նման սահմանաքարեր, տասնեակ դարերու ընթացքին փոփոխութեան ենթարկուին։ Երկրագունդին կեղեւը յարատեւ շարժումի մէջ է։ Իսկ այն շրջանը, որ հաւանաբար Եդեմը ընդգրկեց, երկրաշարժի գօտի մըն է,– ուր ներկայիս աշխարհի մեծագոյն երկրաշարժներուն 17 տոկոսը տեղի կ’ունենայ։ Այսպիսի շրջաններու մէջ փոփոխութիւնը կանոն է եւ ոչ թէ բացառութիւն։ Ասկէ զատ, Նոյի օրուան Ջրհեղեղը թերեւս շրջանին մակերեւոյթը փոփոխութեան ենթարկած է այնպիսի կերպերով, զորս ներկայիս պարզապէս չենք կրնար գիտնալ։ *

Սակայն ահաւասիկ կարգ մը իրողութիւններ, զորս գիտենք. Ծննդոցի արձանագրութիւնը պարտէզին մասին կը խօսի որպէս իրական վայր մը։ Արձանագրութեան մէջ նշուած չորս գետերէն երկուքը՝ Եփրատ ու Տիգրիս, ներկայիս կը հոսին, եւ անոնց աղբիւրներէն ոմանք իրարու շատ մօտ են։ Արձանագրութիւնը նոյնիսկ կ’անուանէ այն երկիրները, որոնց մէջէն այդ գետերը կը հոսէին, եւ յատկապէս կը նշէ շրջանին հռչակաւոր բնական հարստութիւնները։ Վաղեմի Իսրայէլի ժողովուրդին՝ այս արձանագրութեան առաջին ընթերցողներուն՝ համար, այս մանրամասնութիւնները տեղեկատու էին։

Առասպելներն ու հեքիաթները այդ կերպո՞վ կ’ըլլան. թէ ոչ հակամէտ են զանց ընելու մասնայատուկ տեղեկութիւններ, զորս կարելի է դիւրաւ հաստատել կամ հերքել։ Սովորաբար հեքիաթ մը սապէս կը սկսի. «Կար ու չկար, հեռաւոր երկրի մը մէջ. . . »։ Սակայն պատմական արձանագրութիւնները ընդհանրապէս յարակից մանրամասնութիւններ կը պարփակեն, ինչպէս է պարագան Եդեմի վերաբերեալ արձանագրութեան։

2. Իրապէս հաւատալի՞ է, թէ Աստուած Ադամը հողէն շինեց, իսկ Եւան՝ Ադամի կողոսկրէն։

Արդի գիտութիւնը հաստատած է, թէ մարդկային մարմինը այլազան տարրերէ կը բաղկանայ, ինչպէս՝ ջրածին, թթուածին ու բնածուխ, որոնք բոլորն ալ կը գտնուին երկրագունդի կեղեւին մէջ։ Բայց այդ տարրերը ինչպէ՞ս համախմբուեցան, որպէսզի ապրող արարած մը մէջտեղ գայ։

Գիտնականներէն շատեր այն տեսութիւնը կազմած են, թէ կեանքը ինքնիրեն գոյացաւ՝ սկսելով շատ պարզ տեսակներով, որոնք աստիճանաբար միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին աւելի ու աւելի բարդացան։ Սակայն «պարզ» բառը կրնայ մոլորեցնել, քանի որ բոլոր ապրող էակները,– նոյնիսկ մանրադիտական միաբջիջ գոյացութիւնները,– զարմանալիօրէն բարդ են։ Ապացոյց չկայ թէ որեւէ տեսակի կեանք դիպուածով յառաջ եկած է կամ թէ կրնայ գալ։ Փոխարէն, բոլոր ապրող էակները անսխալական ապացոյց կը կրեն, թէ ծրագրուած են այնպիսի ուշիմութեամբ, որ մերինէն շա՜տ աւելի բարձր է (Հռովմայեցիս 1։20 *

Կրնա՞ս երեւակայել, թէ մեծ համանուագ մը կ’ունկնդրես, կամ սքանչելի գեղանկարչութիւն մը կը դիտես, կամ արուեստագիտական մէկ իրագործումին վրայ կը զմայլիս, ապա կը պնդես թէ այս գործերը յօրինող մը չունին։ Անշուշտ ո՛չ։ Բայց այսպիսի գլուխ գործոցներ մարդկային մարմնի բարդ, գեղեցիկ կամ հանճարեղ ծրագրումին քովէն իսկ չեն անցնիր։ Ինչպէ՞ս կրնանք երեւակայել, թէ անիկա Ստեղծիչ մը չունի։ Ասկէ աւելին, Ծննդոցի արձանագրութիւնը կը բացատրէ, թէ երկրի վրայ գտնուող արարածներէն միայն մարդն է որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած է (Ծննդոց 1։26)։ Տեղին ըլլալով, երկրի վրայ միայն մարդիկ կարող են արտացոլացնել Աստուծոյ ստեղծելու փափաքը, երբեմն մէջտեղ բերելով երաժշտական, գեղարուեստական եւ արուեստագիտական տպաւորիչ գործեր։ Պէ՞տք է մեզ զարմացնէ որ Աստուած մեզմէ շա՜տ աւելի լաւ կը ստեղծագործէ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի մարդուն կողոսկրէն կինը ստեղծելուն, ո՞ւր է դժուարութիւնը ասոր մէջ։ * Աստուած կրնար այլ միջոցներ գործածել, բայց կինը շինելու իր կերպը խորիմաստ էր։ Ան ուզեց որ մարդն ու կինը ամուսնանան եւ սերտ կապ մը հաստատեն, որպէս թէ «մէկ մարմին» են (Ծննդոց 2։24)։ Այն կերպը, որով մարդն ու կինը կրնան զիրար ամբողջացնել, կայուն ու փոխադարձաբար թարմացուցիչ կապ մը հաստատելով, իմաստուն ու սիրառատ Ստեղծիչի մը գոյութեան զօրաւոր ապացոյց մը չէ՞։

Ասկէ զատ, ժառանգականութեան արդի մասնագէտներ ընդունած են, թէ բոլոր մարդիկը հաւանաբար սերած են միայն մէկ արուէ եւ մէկ էգէ։ Արդ՝ Ծննդոցի արձանագրութիւնը իրապէս անհաւանակա՞ն է։

3. Գիտութեան ծառը եւ կենաց ծառը առասպելական կը թուին։

Իրականութեան մէջ, Ծննդոցի արձանագրութիւնը չի սորվեցներ, թէ այս ծառերը որեւէ տարօրինակ կամ գերբնական զօրութիւն ունէին։ Փոխարէն, անոնք իսկական ծառեր էին, որոնց Եհովա խորհրդանշական իմաստ վերագրեց։

Մարդիկ ալ երբեմն նոյնանման բաներ չե՞ն ըներ։ Օրինակ՝ դատաւոր մը կրնայ դատարանը արհամարհելու ոճիրէն զգուշացնել։ Դատաւորը՝ դատարանին կահկարասին, անշարժ իրերն ու պատերը չէ որ կ’ուզէ անարգանքէ պաշտպանել, այլ՝ դատարանին ներկայացուցած արդարադատական դրութիւնը։ Զանազան միապետներ նոյնպէս արքայական գաւազանն ու թագը գործածած են, իբրեւ իրենց գերիշխանութեան խորհրդանշաններ։

Ուստի երկու ծառերը ի՞նչ խորհրդանշեցին։ Բազմաթիւ բարդ տեսութիւններ թելադրուած են։ Իսկական պատասխանը պարզ ըլլալով հանդերձ, բաւական խորիմաստ է։ Բարիի ու չարի գիտութեան ծառը ներկայացուց առանձնաշնորհում մը, որ միայն Աստուծոյ կը պատկանի,– բարին ու չարը որոշելու իրաւունքը (Երեմիա 10։23)։ Զարմանալի չէ որ այդ ծառէն գողնալը ոճիր մըն էր։ Միւս կողմէ, կենաց ծառը ներկայացուց պարգեւ մը, որ միայն Աստուած կրնայ շնորհել,– յաւիտենական կեանք (Հռովմայեցիս 6։23

4. Խօսող օձը հեքիաթային կը թուի։

Ճիշդ է որ Ծննդոցի պատմութեան այս երեսակը կրնայ շփոթեցուցիչ ըլլալ, յատկապէս եթէ Աստուածաշունչի մնացեալ մասերը հաշուի չառնենք։ Սակայն Սուրբ Գրութիւնները աստիճանաբար կը պարզեն այս հետաքրքրաշարժ խորհուրդը։

Ո՞վ կամ ի՞նչ բան պատճառ եղաւ, որ այնպէս մը թուի թէ այդ օձը կը խօսի։ Վաղեմի իսրայէլացիները գիտէին այլ ազդակներ, որոնք այդ օձին դերին վրայ շատ լոյս սփռեցին։ Օրինակի համար, անոնք գիտէին որ թէեւ անասունները չեն խօսիր, բայց հոգեղէն անձ մը կրնայ ձեւացնել թէ անասուն մը կը խօսի։ Մովսէս նաեւ Բաղաամի մասին եղած արձանագրութիւնը գրեց. Աստուած հրեշտակ մը ղրկեց, որպէսզի Բաղաամի էշը մարդու մը նման խօսեցնէ (Թուոց 22։26-31. Բ. Պետրոս 2։15, 16

Հոգեղէն արարածները, ի ներառեալ Աստուծոյ թշնամիները, կրնա՞ն հրաշքներ գործել։ Մովսէս տեսած էր որ Եգիպտոսի մոգերը Աստուծոյ հրաշքներէն ոմանք կրկնեցին, ինչպէս՝ գաւազանի մը օձի վերածուելու երեւոյթ տալ։ Ասոր նման հրաշագործութիւններ կատարելու զօրութիւնը, միմիայն հոգեղէն ծիրին մէջ գտնուող Աստուծոյ թշնամիներէն կրնար գալ (Ելից 7։8-12

Բացայայտօրէն, Մովսէս նաեւ Յոբ գիրքին ներշնչեալ գրողն էր։ Այդ գիրքը շատ բան տեղեկացուց Աստուծոյ գլխաւոր թշնամիին՝ Սատանային մասին, որ սուտ խօսելով՝ Եհովայի բոլոր ծառաներուն ուղղամտութեան ասպարէզ կարդաց (Յոբ 1։6-11. 2։4, 5)։ Արդ, վաղեմի իսրայէլացիները տրամաբանեցի՞ն, որ Սատանան Եդեմի մէջ օձը ղեկավարեց, այնպէս որ երեւի թէ կը խօսի ու խաբէ Եւան, որ Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը բեկանէ։ Ասիկա հաւանական է։

Օձին ետին գտնուող ուժը Սատանա՞ն էր։ Յետագային, Յիսուս Սատանայի ակնարկեց որպէս ‘ստախօս եւ անոր հայրը’ (Յովհաննէս 8։44)։ ‘Ստախօսութեան հայրը’ պէտք է ըլլայ առաջին սուտին հեղինակը, այնպէս չէ՞։ Առաջին սուտը կը գտնուի Եւայի ուղղուած օձին խօսքերուն մէջ։ Հակասելով Աստուծոյ ազդարարութեան, թէ արգիլուած պտուղը ուտելուն հետեւանքը մահն է, օձը ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք» (Ծննդոց 3։4)։ Բացայայտօրէն, Յիսուս գիտէր թէ Սատանան ղեկավարած էր օձը։ Յիսուսի կողմէ Յովհաննէս առաքեալի տրուած Յայտնութիւնը կը յստակացնէ հարցը, Սատանան կոչելով «այն առաջուան օձը» (Յայտնութիւն 1։1. 12։9

Իրապէս անհաւատալի՞ է, թէ հզօր հոգեղէն անձ մը կրնար օձ մը ղեկավարել, այնպէս որ թուէր թէ կը խօսի։ Նոյնիսկ մարդիկ, հոգեղէն արարածներէն շատ–նուազ զօրաւոր ըլլալով հանդերձ, կրնան որովայնախօսութեան շփոթեցուցիչ խաղեր ընել եւ համոզիչ երեւոյթներ ստեղծել։

Ամէնէն համոզիչ ապացոյցը

Չե՞ս համաձայնիր թէ Ծննդոցի արձանագրութեան նկատմամբ սկեպտիկութիւնը իսկական չնչին հիմ ունի։ Միւս կողմէ, զօրաւոր ապացոյց կայ թէ արձանագրութիւնը ճշմարիտ պատմութիւն է։

Օրինակ՝ Յիսուս Քրիստոս կոչուած է «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան» (Յայտնութիւն 3։14)։ Կատարեալ մարդ ըլլալով, ան բնաւ սուտ չխօսեցաւ, որեւէ կերպով ճշմարտութիւնը սխալ չներկայացուց։ Աւելին, ան սորվեցուց թէ ինք երկրի վրայ որպէս մարդ ապրելէն շա՜տ առաջ գոյութիւն ունէր,– իրականութեան մէջ, ան իր Հօր՝ Եհովայի քով ապրած էր «աշխարհի ըլլալէն առաջ» (Յովհաննէս 17։5)։ Ուստի ան ողջ էր, երբ երկրի վրայ կեանքը սկսաւ։ Այս ամէնէն վստահելի վկան ի՞նչ կը վկայէ։

Յիսուս Ադամի ու Եւայի մասին խօսեցաւ որպէս իրական անհատներ։ Ան անոնց ամուսնութեան ակնարկեց, երբ միակնութեան նկատմամբ Եհովայի չափանիշը կը բացատրէր (Մատթէոս 19։3-6)։ Եթէ անոնք բնաւ գոյութիւն ունեցած չէին եւ անոնց բնակած պարտէզը պարզապէս առասպել մըն էր, ուրեմն Յիսուս կա՛մ խաբուած էր եւ կամ ստախօս էր։ Երկու եզրակացութիւններն ալ հնարաւոր չեն։ Յիսուս երկինքն էր եւ պարտէզին մէջ զարգացած ողբերգութեան ականատես էր։ Ասկէ աւելի համոզիչ ապացոյց մը կրնա՞յ ըլլալ։

Իրականութեան մէջ, Ծննդոցի արձանագրութեան չհաւատալը, Յիսուսի հանդէպ հաւատքը կը տկարացնէ։ Այս թերահաւատութիւնը նաեւ Աստուածաշունչի մեծագոյն բնաբաններէն եւ ամէնէն հաւաստիացուցիչ խոստումներէն ոմանք հասկնալը անկարելի կը դարձնէ։ Տեսնենք թէ ինչպէ՛ս։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է։

^ պարբ. 7 Այս գաղափարը անաստուածաշնչական է։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Աստուծոյ բոլոր գործերը կատարեալ են. ապականութիւնը այլ աղբիւրէ մը կու գայ (Բ. Օրինաց 32։4, 5)։ Երբ Եհովա երկրագունդին ստեղծագործութիւնը ամբողջացուց, իր բոլոր ըրածները «շատ բարի» կոչեց (Ծննդոց 1։31

^ պարբ. 9 Ջրհեղեղը,– Աստուծոյ մէկ արարքը,– ակներեւաբար Եդեմի պարտէզին բոլոր հետքերը ջնջեց։ Եզեկիէլ 31։18–ը կը թելադրէ, թէ մ.թ.ա. եօթներորդ դարուն՝ «Եդեմի ծառեր»ը արդէն իսկ երկար ատենէ անհետացած էին։ Հետեւաբար, բոլոր անոնք որոնք յետագային տակաւին գոյութիւն ունեցող Եդեմի պարտէզ մը որոնեցին, իրենց ջանքերը ի դերեւ ելան։

^ պարբ. 14 Տե՛ս Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, զորս կ’արժէ քննել գրքոյկը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 16 Հետաքրքրականօրէն, արդի բժշկագիտութիւնը յայտնաբերած է, թէ կողոսկրը բուժուելու արտակարգ կարողութիւն մը ունի։ Այլ ոսկորներու հակառակը, անիկա կրնայ վերստին աճիլ, եթէ իր շարակցական հիւսկէնի թաղանթը անվնաս մնայ։