Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ամբողջ սրտովդ արդարութիւնը սիրէ

Ամբողջ սրտովդ արդարութիւնը սիրէ

Ամբողջ սրտովդ արդարութիւնը սիրէ

«Արդարութիւնը կը սիրես» (ՍԱՂ. 45։7

1. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ «արդարութեան արահետներուն» հետեւինք։

ԻՐ ԽՕՍՔԻՆ եւ իր սուրբ հոգիին միջոցով, Եհովա իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ «արդարութեան արահետներուն մէջ» (Սաղ. 23։3, ԱԾ)։ Սակայն քանի որ անկատար ենք, կը միտինք այդ ճամբայէն շեղիլ։ Վերստին շիտակը ընելը վճռական ջանք կը պահանջէ։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ յաջողինք։ Յիսուսի նման, հարկ է որ սիրենք շիտակը ընելը (կարդա՛ Սաղմոս 45։7

2. «Արդարութեան արահետներ»ը ի՞նչ են։

2 Ի՞նչ են «արդարութեան արահետներ»ը։ Արահետը նեղ ոտնուղի կամ շաւիղ մըն է։ Այս «արահետներ»ը Եհովայի արդարութեան չափանիշին համաձայն կ’որոշուին։ Եբրայերէնով եւ յունարէնով, «արդարութիւն»ը կ’ակնարկէ այն բանին որ «ուղիղ» է, բարոյական սկզբունքներուն խստօրէն կառչիլ հասկցնելով։ Որովհետեւ Եհովան «արդարութեան բնակարան» է, իր երկրպագուները ուրախութեամբ իրեն կը նային՝ բարոյապէս ուղիղ շաւիղը որոշելու, որուն պէտք է հետեւին (Եր. 50։7

3. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ արդարութեան մասին աւելի սորվիլ։

3 Միայն մեր ամբողջ սրտով Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համակերպիլ ջանալով է, որ լիովին հաճելի պիտի ըլլանք իրեն (Բ. Օր. 32։4)։ Ասիկա կը սկսի մեր կարելի եղածին չափ սորվելով Եհովա Աստուծոյ մասին, իր Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն։ Իրեն մասին ո՛րքան աւելի սորվինք, ամէն օր իրեն աւելի մօտենալով, ա՛յդքան աւելի պիտի սիրենք իր արդարութիւնը (Յակ. 4։8)։ Նաեւ պէտք է ընդունինք Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին ուղղութիւնը, երբ պահանջուի որ կեանքին մէջ կարեւոր որոշումներ կայացնենք։

Աստուծոյ արդարութիւնը փնտռէ

4. Աստուծոյ արդարութիւնը փնտռելը ի՞նչ կը պարփակէ։

4 Կարդա՛ Մատթէոս 6։33։ Աստուծոյ արդարութիւնը փնտռելը աւելին կը պարփակէ քան՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու համար մեր ժամանակ տրամադրելը։ Որպէսզի մեր սրբազան ծառայութիւնը Եհովային ընդունելի ըլլայ, մեր առօրեայ վարքը պէտք է ներդաշնակ ըլլայ իր բարձր չափանիշներուն հետ։ Ի՞նչ պէտք է ընեն բոլոր անոնք՝ որոնք Եհովայի արդարութիւնը կը փնտռեն։ Անոնք պէտք է ‘նոր մարդը իրենց վրայ հագնին, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’ (Եփ. 4։24

5. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ վհատութիւնը յաղթահարելու։

5 Մինչ կը ջանանք Աստուծոյ արդար չափանիշներուն համաձայն ապրիլ, թերեւս ատեն–ատեն վհատինք մեր թերութիւններուն պատճառաւ։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ տկարացնող վհատութիւնը յաղթահարենք եւ սորվինք արդարութիւնը սիրել եւ ի գործ դնել (Առ. 24։10)։ Հարկ է որ կանոնաւորաբար աղօթքով մօտենանք Եհովային՝ «ճշմարիտ սրտով, լեցուն հաւատքով» (Եբ. 10։19-22)։ Ըլլա՛նք օծեալ քրիստոնեաներ թէ երկրային յոյս ունեցողներ, հաւատք կ’ընծայենք Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին եւ իր ծառայութիւններուն որպէս մեր մեծ Քահանայապետը (Հռով. 5։8, 9. Եբ. 4։14-16)։ Այս պարբերաթերթին առաջին իսկ թիւը լուսաբանեց Յիսուսի թափուած արեան ազդու ըլլալը (Ա. Յովհ. 1։6, 7)։ Յօդուածը նշեց. «Լոկ իրողութիւն մըն է, որ երբ շառագոյն կամ բոսորագոյն առարկայ մը լոյսի տակ կարմիր ապակիի մը մէջէն նայուի, առարկան ճերմակ կ’երեւի. արդ՝ թէպէտ մեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի կամ որդան կարմիրի պէս ըլլան, բայց երբ զանոնք Աստուծոյ աչքով դիտենք՝ Քրիստոսի արեան մէջէն, ատոնք որպէս ճերմակ կը հաշուըւին» (յուլիս 1879, էջ 6)։ Եհովա մեզի համար ո՜րքան հիանալի կարգադրութիւն մը ըրած է, իր սիրելի Որդիին փրկանքի զոհին միջոցաւ (Եսա. 1։18

Հոգեւոր սպառազինութիւնդ քննէ՛

6. Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է, որ մեր հոգեւոր սպառազինութիւնը քննենք։

6 Ամէն ատեն, հարկ է որ «արդարութեան զրահը» հագնինք, որովհետեւ ատիկա Աստուծոյ կողմէ տրուած հոգեւոր սպառազինութեան էական մէկ մասն է (Եփ. 6։11, 14)։ Ըլլա՛նք վերջերս Եհովային նուիրուած թէ արդէն իսկ տասնեակ տարիներ իրեն ծառայած, շատ կարեւոր է որ մեր հոգեւոր սպառազինութիւնը ամէն օր քննենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Բանսարկուն եւ իր դեւերը նետուած են երկրի շրջակայքը (Յայտ. 12։7-12)։ Սատանան զայրացած է եւ գիտէ որ իր ժամանակը սահմանափակ է։ Ուստի ան Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ իր յարձակումները սաստկացուցած է։ «Արդարութեան զրահ»ը հագնելուն կարեւորութիւնը կը գնահատե՞նք։

7. Եթէ «արդարութեան զրահ»ի մեր կարիքը գնահատենք, ինչպէ՞ս պիտի վարուինք։

7 Զրահը ֆիզիքական սիրտը կը պաշտպանէ։ Մեր անկատար խառնուածքին պատճառով, մեր այլաբանական սիրտը կը միտի նենգամիտ եւ անյուսալի ըլլալ (Եր. 17։9)։ Որովհետեւ մեր սիրտը կը միտի ընել ինչ որ սխալ է, կենսական է որ անիկա մարզուի ու կրթուի (Ծն. 8։21)։ Եթէ «արդարութեան զրահ»ի մեր կարիքը գնահատենք, զայն ժամանակաւորապէս պիտի չհանենք, ընտրելով զուարճանալ այնպիսի բաներով, զորս Աստուած կ’ատէ. ոչ ալ պիտի երեւակայենք թէ միջամուխ կ’ըլլանք յանցագործութեան։ Արժէքաւոր ժամանակը մեծ քանակով պիտի չվատնենք հեռատեսիլ դիտելով։ Փոխարէն, պիտի շարունակենք պայքարիլ ընելու համար ինչ որ հաճելի է Եհովային։ Նոյնիսկ եթէ գայթակղելու ըլլանք՝ ժամանակաւորապէս անձնատուր ըլլալով անարդար մարմնաւոր մտածումի, Եհովայի օգնութեամբ վերստին պիտի կանգնինք (կարդա՛ Առակաց 24։16

8. Ինչո՞ւ պէտք ունինք «հաւատքի վահան»ին։

8 Մեր հոգեւոր սպառազինութեան մէջ կայ «հաւատքին վահանը»։ Անիկա մեզ կարող կը դարձնէ, որ «չարին բոլոր կրակոտ նետերը [մարենք]» (Եփ. 6։16)։ Իրենց կարգին, հաւատքը եւ Եհովայի հանդէպ սրտագին սէրը մեզի կ’օգնեն, որ արդարութիւն գործենք ու յաւիտենական կեանքի ճամբուն մէջ մնանք։ Ո՛րքան աւելի սորվինք Եհովան սիրել, ա՛յնքան աւելի պիտի արժեւորենք իր արդարութիւնը։ Իսկ մեր խղճմտանքը. . . ։ Ատիկա մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ արդարութիւնը սիրելու մեր ջանքին մէջ։

Բարի խղճմտանք մը պահպանէ

9. Բարի խղճմտանք պահպանելէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

9 Մեր մկրտութեան ատեն, Եհովայէն «բարի խղճմտանք» խնդրեցինք (Ա. Պետ. 3։21)։ Որովհետեւ փրկանքին հաւատք կ’ընծայենք, Յիսուսի արիւնը մեր մեղքերը կը ծածկէ եւ այսպէս՝ կը վայելենք մաքուր կեցուածք մը Աստուծոյ առջեւ։ Սակայն փրկուած վիճակի մէջ մնալու համար, բարի խղճմտանք պէտք է պահպանենք։ Եթէ մեր խղճմտանքը ատեն–ատեն ահազանգէ, երախտագէտ պէտք է ըլլանք որ ատիկա պատշաճ կերպով կ’աշխատի։ Այսպիսի խթաններ ցոյց կու տան, թէ մեր խիղճը չէ խանձուած՝ Եհովայի արդար ճամբաներուն առնչութեամբ (Ա. Տիմ. 4։2)։ Բայց խղճմտանքը կրնայ յաւելեալ դեր ստանձնել անո՛նց համար, որոնք կ’ուզեն արդարութիւնը սիրել։

10, 11. ա) Փորձառութիւն մը պատմէ՛, որ ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ պէտք է Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքին մտիկ ընենք։ բ) Արդարութեան սէրը ինչո՞ւ կրնայ մեզ մեծապէս ուրախացնել։

10 Երբ ընենք ինչ որ սխալ է, մեր խիղճը կրնայ մեզ դատապարտել կամ տանջել։ Պատանի մը շեղեցաւ «արդարութեան արահետներ»էն։ Ան պոռնկագրութեան մոլի եղաւ ու սկսաւ մարիխուանա ծխել։ Ժողովներու յաճախելու ատեն ինքզինք յանցաւոր զգաց, եւ դաշտի ծառայութեան մէջ բաժին բերելու ատեն ինքզինք կեղծաւորի մը պէս զգաց. ուստի ան դադրեցաւ այս քրիստոնէական գործունէութիւններուն մասնակցելէ։ «Բայց», նշեց ան, «չգիտակցեցայ թէ խղճմտանքս զիս պատասխանատու պիտի ընէր իմ արարքներուս համար»։ Ան աւելցուց. «Իմ տխմարութիւնս շուրջ չորս տարի տեւեց»։ Յետագային, ան սկսաւ մտածել ճշմարտութեան վերադառնալ։ Թէպէտ ան խորհեցաւ որ Եհովա իր աղօթքը պիտի չլսէր, բայց աղօթեց ու ներում խնդրեց։ Տասը վայրկեան չանցած, իր մայրը իրեն այցելեց եւ քաջալերեց որ ետ ժողովներու գայ։ Ան գնաց Թագաւորութեան սրահը եւ երէցէ մը խնդրեց որ իրեն հետ ուսումնասիրէ։ Ժամանակի ընթացքին, ան մկրտուեցաւ եւ շնորհապարտ է Եհովային, որ իր կեանքը փրկեց։

11 Չե՞նք նկատած թէ շիտակը ընելէն մեծ հաճոյք կը ստանանք։ Մինչ կը սորվինք արդարութիւն սիրել ու զայն աւելի լիակատար կերպով ի գործ դնել, աւելի ուրախութիւն պիտի գտնենք ընելով ինչ որ կը հաճեցնէ մեր երկնաւոր Հայրը։ Եւ պահ մը մտածէ՛։ Կու գայ այն օրը, երբ բոլոր մարդիկը միայն ուրախութիւն պիտի զգան իրենց խղճմտանքէն. անոնք Աստուծոյ պատկերը կատարելապէս պիտի արտացոլացնեն։ Ուրեմն հիմա արդարութեան սէրը ցանենք մեր սրտին խորքերը եւ Եհովան ուրախացնենք (Առ. 23։15, 16

12, 13. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր խղճմտանքը մարզել։

12 Մեր խիղճը մարզելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ Երբ Սուրբ Գրութիւնները եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները կ’ուսումնասիրենք, կարեւոր է որ յիշենք, թէ «արդարին սիրտը տրուելիք պատասխանին վրայ կը մտածէ» (Առ. 15։28)։ Նկատի առ թէ ասիկա ինչպէ՛ս օգտակար կ’ըլլայ, երբ գործի վերաբերեալ հարցեր դիմագրաւենք։ Եթէ գործի որոշ տեսակ մը յստակօրէն կը հակասէ աստուածաշնչական պահանջներուն, մեր մեծամասնութիւնը շուտով կ’ընդառաջէ հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին միջոցով հայթայթուած ուղղութեան։ Սակայն, երբ գործի վերաբերեալ հարցի մը պատասխանը պղտոր է, աստուածաշնչական սկզբունքները պէտք է նշմարուին եւ աղօթքով նկատի առնուին։ * Ասիկա կը պարփակէ այնպիսի սկզբունքներ, ինչպէս՝ ուրիշներուն խղճմտանքը չընդվզեցնելը (Ա. Կոր. 10։31-33)։ Յատկապէս պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութեան առնչուած սկզբունքներուն։ Եթէ Եհովան մեզի համար իրական է, հիմնականօրէն մենք մեզի հարց պիտի տանք. ‘Այս գործը ընելս Եհովան պիտի վիրաւորէ եւ իրեն ցաւ պատճառէ՞’ (Սաղ. 78։40, 41

13 Երբ Դիտարան–ի ուսումնասիրութեան կամ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան համար կը նախապատրաստուինք, ներկայացուած տեղեկութեան վրայ խոկալու կարիքը ի մտի պէտք է ունենանք։ Արդեօք միշտ ուսումնասիրութեան հարցումի մը պատասխանը արագօրէն ընդգծելով՝ յաջորդ պարբերութեան կ’անցնի՞նք։ Դժուար թէ այսպիսի ուսումնասիրութեան նիստեր արդարութեան հանդէպ մեր սէրը խորացնեն կամ մեր ներսիդին զգայուն խիղճ մը մշակեն։ Եթէ արդարասէր պիտի ըլլանք, հարկ է որ ջանասիրութեամբ ուսումնասիրենք եւ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքէն մեր կարդացածին վրայ խոկանք։ Մեր ամբողջ սրտով արդարութիւն սիրել սորվելու համար՝ ո՛չ մէկ կտրուկ ճամբայ կայ։

Արդարութեան անօթութիւն ու ծարաւ

14. Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս կ’ուզեն որ մեր սրբազան ծառայութեան համար ինչպէ՞ս զգանք։

14 Եհովա Աստուած ու Յիսուս Քրիստոս կ’ուզեն որ երջանիկ ըլլանք, մինչ կը կատարենք մեր սրբազան ծառայութիւնը։ Ի՞նչ բան մեր երջանկութեան պիտի նպաստէ։ Արդարասիրութի՛ւնը անշուշտ։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ անոնց որ անօթի ու ծարաւ են արդարութեան, վասն զի անոնք պիտի կշտանան» (Մատ. 5։6)։ Այս խօսքերը ի՞նչ իմաստ կը կրեն անո՛նց համար, որոնք կը տենչան արդարութիւնը սիրել։

15, 16. Ի՞նչ կերպերով կրնան հոգեւոր անօթութիւնն ու ծարաւը գոհացուիլ։

15 Աշխարհը, որուն մէջ կ’ապրինք, չարին կողմէ կը կառավարուի (Ա. Յովհ. 5։19)։ Եթէ որեւէ երկրի մէջ օրաթերթ մը առնենք, աննախընթաց տարողութեամբ դաժանութեան ու բռնութեան տեղեկագրութիւններ կը գտնենք։ Մարդուն անմարդկայնութեան մասին մտածելն անգամ նեղութիւն կը պատճառէ արդար անհատին (Ժող. 8։9)։ Որպէս Եհովան սիրողներ, գիտենք թէ միայն ինք կրնայ գոհացնել անո՛նց հոգեւոր անօթութիւնն ու ծարաւը, որոնք կը փափաքին արդարութիւն սորվիլ։ Շուտով անբարեպաշտները պիտի վերցուին, եւ արդարութիւն սիրողները այլեւս պիտի չտառապին անօրէն մարդոցմէ եւ անոնց չար արարքներէն (Բ. Պետ. 2։7, 8)։ Ասիկա ի՜նչ հանգստութիւն պիտի պատճառէ։

16 Որպէս Եհովայի ծառաներ ու Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներ, կը գիտակցինք թէ բոլոր անոնք որոնք արդարութեան անօթի ու ծարաւ են, «պիտի կշտանան»։ Անոնք լիովին պիտի գոհանան Աստուծոյ կարգադրութեան շնորհիւ, որ է նոր երկինք ու նոր երկիր, որոնց մէջ «արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետ. 3։13)։ Ուստի թող որ մեր սիրտը չթուլնայ կամ զարմանքի չգանք, որ կեղեքումն ու բռնութիւնը այս սատանայական աշխարհին մէջ խափանած են արդարութիւնը (Ժող. 5։8)։ Եհովան՝ Բարձրեալը, գիտէ թէ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ, եւ մօտ ատենէն պիտի ազատագրէ արդարութիւն սիրողները։

Արդարութիւն սիրելէն օգտուիլ

17. Արդարութիւն սիրելուն կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։

17 Սաղմոս 146։8–ը շեշտը կը դնէ արդարութեան ճամբուն հետեւելու մէկ արտակարգ օգուտին վրայ։ Սաղմոսերգուն տաղերգեց. «Տէրը կը սիրէ արդարները»։ Պահ մը մտածէ՛։ Մեր արդարութիւն սիրելուն համար, տիեզերքի Գերիշխա՛նը մեզ կը սիրէ։ Եհովայի սիրոյն համար մենք վստահ ենք, որ ան մեզի հոգ պիտի տանի, մինչ մեր կեանքին մէջ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը կը պահենք (կարդա՛ Սաղմոս 37։25. Առակաց 10։3Ի վերջոյ, արդարութիւն սիրողները պիտի վայելեն այս ամբողջ մոլորակը (Առ. 13։22)։ Աստուծոյ ժողովուրդին մեծամասնութեան համար, արդարութիւն ի գործ դնելու իրենց վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ՝ աներեւակայելի ուրախութիւն եւ անվերջ կեանք, գեղեցիկ երկրային դրախտի մը մէջ։ Նոյնիսկ հիմա, անոնք որոնք Աստուծոյ արդարութիւնը կը սիրեն, վարձատրուած են ներքին խաղաղութեամբ, որ կը նպաստէ համերաշխութեան՝ իրենց ընտանիքին մէջ եւ ժողովքներուն մէջ (Փլպ. 4։6, 7

18. Մինչ Եհովայի օրուան կը սպասենք, ի՞նչ դրական բաներ կրնանք ընել։

18 Մինչ կը սպասենք Եհովայի մեծ օրուան գալուստին, պէտք է շարունակենք իր արդարութիւնը փնտռել (Սոփ. 2։2, 3)։ Հետեւաբար, Եհովա Աստուծոյ ուղիղ ճամբաներուն հանդէպ հարազատ սէր ցոյց տանք։ Ասիկա կը պարփակէ «արդարութեան զրահ»ը հաստատօրէն իր տեղը պահել, որ մեր այլաբանական սիրտը պաշտպանէ։ Նաեւ հարկ է որ բարի խղճմտանք պահպանենք,– խղճմտանք մը որ մեզի հաճոյք պիտի պատճառէ եւ մեր Աստուծոյն սիրտը պիտի ուրախացնէ (Առ. 27։11

19. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել, եւ յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բան պիտի քննարկուի։

19 Եհովայի «աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէս զի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ» (Բ. Մն. 16։9)։ Այս խօսքերը մեզ որչա՜փ կը մխիթարեն, մինչ կ’ընենք ինչ որ շիտակ է, հակառակ այս տագնապալից աշխարհին մէջ հետզհետէ աւելցող անկայունութեան, բռնութեան եւ չարութեան։ Ճիշդ է որ մեր արդար ճամբաները Աստուծմէ օտարացած մարդոց բազմութիւններուն համար շփոթեցուցիչ կրնան ըլլալ, բայց մենք մեծապէս կ’օգտուինք՝ Եհովայի արդարութեան կառչելով (Եսա. 48։17. Ա. Պետ. 4։4)։ Ուրեմն, կատարեալ սրտով, վճռենք շարունակել արդարութիւնը սրտանց սիրելէն եւ ի գործ դնելէն հաճոյք առնել։ Սակայն կատարեալ սիրտ ունենալը նաեւ կը պարփակէ անօրէնութիւնը ատել։ Յաջորդ յօդուածը մեզի ցոյց պիտի տայ թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Գործի հարցերու վերաբերեալ աստուածաշնչական սկզբունքներու քննարկութեան համար, տե՛ս Դիտարան–ի 15 ապրիլ 1999 թիւը, էջ 28-30 (անգլերէն)։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Արդարութիւն սիրելու համար, փրկանքը գնահատելը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։

• Ինչո՞ւ էական է, որ «արդարութեան զրահ»ը հագնինք։

• Ինչպէ՞ս կրնանք մեր խիղճը մարզել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 26]

Մարզուած խղճմտանքը մեզի կ’օգնէ գործի վերաբերեալ հարցերը լուծելու