Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Շատ կարեւոր մարգարէութիւն մը

Շատ կարեւոր մարգարէութիւն մը

Շատ կարեւոր մարգարէութիւն մը

«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆՆԵՐ կը համաձայնին թէ այդ համարը շատ կարեւոր է, քանի որ աշխարհածաւալ գործ մը կը նկարագրէ։ Նաեւ կարեւոր է՝ քանի որ ցցուն կ’ընէ թէ քրիստոնեաներ ի՛նչ պէտք է ընեն,– քարոզչութիւն մը, որ պիտի կանխէր ու ծանուցանէր նշանակալից եւ հեռահաս դէպքը, զոր Յիսուս կոչեց՝ «վերջը»։

Այդ մարգարէական համարը ներկայիս կը կատարուի։ Դուն ալ պարփակուած ես, քանի որ աւետարանը կ’ընդգրկէ թէ՛ հրաւէր մը եւ թէ ազդարարութիւն մը։ Անիկա առջեւդ ընտրութիւն մը կը դնէ. Աստուծոյ Արքայութիւնը ընդունիլ կամ անոր հակառակիլ։ Կատարած ընտրութիւնդ ուղղակի կեանքիդ կ’ազդէ։

Բովանդակութիւնը նկատի առ։ Իր ցցահարումէն քանի մը օր առաջ, աշակերտները Յիսուսին մօտեցան եւ ապագային մասին հարցուցին։ Անոնք կ’ուզէին գիտնալ Աստուծոյ Արքայութեան հաստատուելուն մասին, որուն վերաբերեալ Յիսուս շատ անգամ խօսեցաւ։ Անոնք նաեւ կ’ուզէին գիտնալ «աշխարհիս վերջին» մասին (Մատթէոս 24։3

Առ ի պատասխան, Յիսուս նախագուշակեց թէ մեծ տարողութեամբ պատերազմներ, սովեր, մահտարաժամներ եւ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլային։ Ան նաեւ ըսաւ թէ անօրէնութիւնը պիտի շատնար, կրօնական կեղծ ուսուցիչներ շատերը պիտի մոլորեցնէին եւ ճշմարիտ քրիստոնեաները պիտի ատուէին ու հալածուէին։ Այս ամբողջը գէշ լուր էր (Մատթէոս 24։4-13. Ղուկաս 21։11

Բայց բարի լուր ալ կար։ Յիսուսի յաջորդ խօսքերն էր վերոնշեալ մէջբերումը, խօսքեր՝ որոնք դարերէ ի վեր մարդիկը մեծապէս հետաքրքրած ու ոգեւորած են։ Թէեւ անոնք կը համաձայնին թէ Յիսուսի խօսքերը կարեւոր են, բայց ատոնց իմաստին շուրջ տարակարծիք են։ Ի՞նչ է այս աւետարանը կամ բարի լուրը։ Ի՞նչ է Արքայութիւնը։ Այս մարգարէութիւնը ե՞րբ պիտի կատարուի եւ որո՞ւն ձեռքով։ Իսկ «վերջը» ի՞նչ է։ Տեսնե՛նք։

[Նկար՝ էջ 2, 3]

Չորս Աւետարաններու Ուաշինկթընի ձեռագրի նմանահանութիւն. Մատթէոս 24։14–ը ցցուն եղած

[Նկարին աղբիւրը]

From the book Facsimile of the Washington Manuscript of the Four Gospels in the Freer Collection 1912