Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Աստուծոյ Արքայութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Արքայութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Արքայութիւնը

«Արքայութեան այս աւետարանը. . . » (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14

ԻՐ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս տիպար աղօթք մը տուաւ, որ Աստուծոյ ուղղուած սա աղերսանքը կը պարփակէ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ Միլիոնաւորնե՜ր այդ աղօթքը գոց սորված են եւ զայն յաճախ կը կրկնեն։ Հանրագիտարանի մը համաձայն, ատիկա «հասարակաց պաշտամունքի մէջ, բոլոր քրիստոնեաներուն գործածած գլխաւոր աղօթքն է»։ Այսուհանդերձ, զայն անգիր ըսողներէն շատեր չնչին տեղեկութիւն ունին, թէ Արքայութիւնը ի՛նչ է կամ թէ ի՛նչ պիտի իրագործէ երբ գայ (Մատթէոս 6։9, 10

Ասիկա զարմանալի չէ։ Քրիստոնեայ աշխարհի առաջնորդները Արքայութեան բնոյթին մասին հակասական, շփոթեցուցիչ եւ խրթին բացատրութիւններ կու տան։ Անոնցմէ մէկը կը գրէ, թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը «գերբնական բան մըն է. . . ապրող Աստուծոյ հետ ներքին կապ մը. . . Աստուծոյ հետ փորձառութիւն մը, ուր մարդիկ ու կիներ փրկութիւն կը գտնեն»։ Ուրիշ անհատ մը Արքայութեան աւետարանը կը սահմանէ որպէս «եկեղեցւոյն վերաբերեալ ուղղութիւն»։ Իսկ Catechism of the Catholic Church–ը կը նշէ. «Աստուծոյ արքայութիւնը արդարութիւն ու խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն է Սուրբ Հոգւոյն մէջ»։

Շատ աւելի յստակ բացատրութիւն մը պիտի գտնես այս պարբերաթերթին 2–րդ էջին վրայ։ Հոն գրուած է. «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ երկնային իսկական կառավարութիւն մըն է, շուտով ամբողջ չարութեան վերջ պիտի դնէ ու երկրագունդը դրախտի պիտի վերածէ»։ Տեսնենք թէ Աստուածաշունչը սոյն հասկացողութեան ինչպէ՛ս թիկունք կը կանգնի։

Ամբողջ երկրագունդին ապագայ կառավարիչները

Արքայութիւն մը կառավարութիւն մըն է, որուն կառավարիչը թագաւոր է։ Աստուծոյ Արքայութեան Թագաւորը յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսն է։ Երկինքի մէջ անոր գահակալութիւնը նկարագրուած էր տեսիլքի մը մէջ, զոր Դանիէլ մարգարէն ստացաւ։ Ան գրեց. «Գիշերը տեսիլքի մէջ կը տեսնէի, թէ ամպերով Որդի մարդոյ նման մէկը [Յիսուս] կու գար, մինչեւ հասաւ անոր որ յաւիտեան կենդանի է [Եհովա Աստուած] ու Որդին մարդոյ անոր մօտեցուցին։ Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի» (Դանիէլ 7։13, 14

Դանիէլի գիրքը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Արքայութիւնը Աստուծոյ կողմէ հաստատօրէն հիմնուած պիտի ըլլար, բոլոր մարդկային կառավարութիւններուն վերջ պիտի դնէ եւ բնաւ պիտի չտապալի։ Երկրորդ գլուխը կը նկարագրէ ներշնչուած երազ մը, զոր Բաբելոնի թագաւորը տեսաւ, որուն մէջ կար հսկայ արձան մը, որ աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւնը կը ներկայացնէ։ Դանիէլ մարգարէն այդ երազը մեկնեց։ Ան գրեց. «Վերջին օրերը. . . երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։28, 44

Աստուծոյ Արքայութեան Թագաւորը մինակը չ’իշխեր։ Երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս իր հաւատարիմ առաքեալները հաւաստիացուց, թէ իրենք՝ ուրիշներու հետ մէկտեղ՝ երկինքի մէջ պիտի յարուցանուէին եւ գահերու վրայ պիտի նստէին (Ղուկաս 22։28-30)։ Յիսուս բառացի գահեր ըսել չուզեց, քանի որ մատնանշեց թէ Արքայութիւնը երկինքի մէջ պիտի ըլլար։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ այս իշխանակիցները որպէս «ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ» եկած։ Անոնք «մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ» պիտի ըլլային, եւ ‘երկրի վրայ պիտի թագաւորեն’ (Յայտնութիւն 5։9, 10

Արքայութեան լուրը ինչո՛ւ բարի է

Նշմարէ թէ Քրիստոս Յիսուսին իշխանութիւն կը տրուի ‘բոլոր ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն’ վրայ, եւ թէ իրեն հետ ընկերակցողները ‘երկրի վրայ պիտի թագաւորեն’։ Ուստի, այս Արքայութեան հպատակները որո՞նք պիտի ըլլան։ Անոնք՝ որոնք դրական կերպով կ’ընդառաջեն աւետարանին, որ ներկայիս կը քարոզուի։ Հպատակներուն մէջ նաեւ կը պարփակուին անոնք՝ որոնք երկրի վրայ ետ կեանքի պիտի բերուին ու յաւիտեան ապրելու հեռանկարը պիտի ունենան։

Աստուածաշունչը վառ կերպով կը նկարագրէ այն օրհնութիւնները, զորս մարդիկ պիտի վայելեն Արքայութեան ներքեւ։ Ահաւասիկ անոնցմէ քանի մը հատը.

«Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ» (Սաղմոս 46։9

«Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն» (Եսայի 65։21, 22

«[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4

«Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ» (Եսայի 35։5, 6

«Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր [Յիսուսին] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար» (Յովհաննէս 5։28, 29

«Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։11

Ասիկա իրօ՛ք բարի լուր է։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի կատարուած մարգարէութիւնները ցոյց կու տան, թէ ժամանակը մօտեցած է որ Արքայութիւնը ամբողջ երկրագունդին վրայ իր արդար իշխանութիւնը հաստատէ։