Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է աւետարանը

Ի՞նչ է աւետարանը

Ի՞նչ է աւետարանը

«Այս աւետարանը. . . » (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ «արքայութեան այս աւետարանը» պէտք է քարոզեն, զայն ուրիշներուն պատմելով, բացատրելով թէ Արքայութիւնը ապագայ համաշխարհային կառավարութիւնն է, որ արդարութեամբ պիտի իշխէ երկրի վրայ։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչին մէջ «աւետարան» բառը ուրիշ կերպերով ալ կը գործածուի, ինչպէս՝ «աւետեցէ՛ք անոր փրկութիւնը» (Սաղմոս 96։2, ԱԾ), «Աստուծոյ աւետարանը» (Հռովմայեցիս 15։16), եւ «Յիսուս Քրիստոսի աւետարան»ը (Մարկոս 1։1

Կարճ խօսքով, աւետարանը կը պարփակէ այն բոլոր ճշմարտութիւնները, որոնց մասին Յիսուս խօսեցաւ եւ իր աշակերտները գրեցին։ Երկինք համբառնալէն առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթէոս 28։19, 20)։ Ուստի ճշմարիտ քրիստոնեաներուն գործը պարզապէս Արքայութեան մասին ուրիշներուն տեղեկացնել չէ. անոնք նաեւ ջանք պէտք է թափեն աշակերտելու։

Այս ուղղութեամբ, եկեղեցիներուն վիճակը ի՞նչ է։ Անոնք որոնք չեն հասկնար թէ Արքայութիւնը ի՛նչ է,– եւ անոնք բազմաթիւ են,– չեն կրնար անոր մասին ճշգրիտ կերպով ուրիշներուն սորվեցնել։ Փոխարէն, անոնք հաճոյակատար բաներ կը քարոզեն՝ մեղքերու ներումին եւ Յիսուսին հաւատալուն մասին։ Անոնք նաեւ կը ջանան նորադարձներ շահիլ՝ ընկերային գործերու միջոցաւ կամ աղքատներուն համար հիւանդանոցներ, դպրոցներ եւ տուներ կառուցանելով։ Մինչ այդպիսի ջանքեր կրնան եկեղեցիի անդամակցութեան աճ տալ, բայց ատոնք յառաջ չեն բերեր ճշմարիտ քրիստոնեաներ, որոնք անկեղծօրէն կը տենչան Յիսուսի սորվեցուցածներուն հետ ներդաշնակ ապրիլ։

Աստուածաբան մը կը գրէ. «Քրիստոնէական շրջանակներու մէջ շատ քիչ ուսումնականներ կամ առաջնորդներ պիտի գտնէք, որոնք չեն ընդունիր թէ պէտք է որ Յիսուսին համար աշակերտներ պատրաստենք, եւ անոնց սորվեցնենք որ ընեն այն բոլոր բաները, զորս Յիսուս ըսաւ։ . . .Ի վերջոյ, այս հարցին շուրջ Յիսուսի թելադրութիւնները շատ յստակ են։ Մենք պարզապէս չենք ըներ ինչ որ ան ըսաւ։ Լուրջ ջանք չենք թափեր։ Եւ ակներեւաբար, չե՛նք գիտեր թէ ինչպէս ընենք զայն»։

Նմանապէս, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, կաթողիկէներու մէջ կատարուած փորձագիտանք մը ցցուն ըրաւ, թէ 95 տոկոսը համաձայն էր որ աւետարանը քարոզելը իրենց հաւատքին մէկ պահանջն է։ Այսուհանդերձ, գրեթէ բոլորը զգացին թէ ասիկա ընելու լաւագոյն կերպը ոչ թէ ատոր մասին խօսիլն է, այլ՝ ապրիլ այնպիսի կերպով, որ իրենց կեանքը ուրիշներուն օրինակ հանդիսանայ։ Փորձագիտանքին մասնակցողներէն մէկը ըսաւ. «Աւետարանչութիւնը չի նմանիր խօսքերու, խօսքերու, խօսքերու։ Հարկ է որ մենք Աւետարանը ըլլանք»։ Փորձագիտանքը վարող պարբերաթերթը՝ U.S. Catholic, ըսաւ թէ շատեր իրենց հաւատքը բաժնելէն ետ կը կենան, քանի որ «եկեղեցին գէշ տպաւորութիւն ձգած է՝ վերջերս եղած սեռային խայտառակութեան եւ եկեղեցական վիճելի ուսուցումներուն պատճառաւ»։

Այլուր, մեթոտական եպիսկոպոս մը գանգատեցաւ, թէ իր եկեղեցիները բաժնուած ու շփոթած են՝ իրենց յանձնարարութիւնը կատարելու համարձակութիւնը չունենալով եւ ընդհանուր առմամբ ընկերութեան նոյն արժանիքները պահելով։ Յուսախաբութեամբ, ան հարցուց. «Արքայութեան աւետարանը կրող պատասխանատու անհատները որո՞նք են»։

Եպիսկոպոսը իր հարցումին չպատասխանեց. բայց պատասխան մը կայ։ Զայն պիտի գտնես յաջորդ յօդուածին մէջ։

[Մէջբերում՝ էջ 6]

Աւետարանը Աստուծոյ Արքայութեան մասին է ե՛ւ Յիսուս Քրիստոսին հաւատալէն յառաջ եկած փրկութեան մասին է