Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է «վերջը»

Ի՞նչ է «վերջը»

Ի՞նչ է «վերջը»

«Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։14

ՎԵՐՋԵՐՍ շատ մը խօսակցութիւններ եղած են աշխարհի վախճանին մասին։ Գիրքեր, ֆիլմեր եւ պարբերաթերթեր, զաւեշտականէն մինչեւ գիտական, վերջին դատաստանի օրուան աղէտներու մասին տեսակ–տեսակ գաղափարներ կը ներկայացնեն։ Անոնք կը պարփակեն բնաջնջում՝ կորիզային պատերազմի, երկնաքարի, մահացու ժահրի, կլիմայի անսանձ փոփոխութեան, կամ անջրպետային էակներու յարձակումի միջոցով։

Կրօնական կարծիքներն ալ կը տարբերին. շատեր կը սորվեցնեն թէ «վերջը» երկրագունդին վրայ ամէն տեսակ կեանք պիտի չքացնէ։ Մատթէոս 24։14–ը մեկնաբանելով, աստուածաբան մը հետեւեալ ահռելի խօսքերը գրեց. «Աստուծոյ Խօսքին մէջ, այս համարը կարեւորագոյն համարներէն է. . . Մեր սերունդը կը դիմագրաւէ հաւանական կործանում մը որ ա՛յնքան ամբողջական տարողութեամբ է, որ մեզմէ քիչեր կը փորձեն մտապատկերել սոսկալի իրականութիւնը»։

Այդպիսի տեսակէտներ սովորաբար կ’անտեսեն կարեւոր իրողութիւն մը. Եհովա Աստուած երկիրը «հաստատեց». «զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։ Ուստի երբ Յիսուս «վերջ»ին ակնարկեց, ըսել չուզեց թէ երկրագունդը պիտի կործանուի. ոչ ալ ըսել ուզեց թէ մարդկութիւնը պիտի բնաջնջուի։ Ան ըսել ուզեց թէ չարերը,– անոնք որոնք յամառօրէն կը մերժեն Եհովայի սիրալիր ուղղութեան հետ ներդաշնակ ապրիլ,– պիտի բնաջնջուին։

Լուսաբանութիւն մը նկատի առ. երեւակայէ թէ գեղեցիկ տուն մը ունէիր եւ անհատներու արտօնութիւն տուիր, որ անոր մէջ ձրիօրէն բնակին։ Անոնցմէ ոմանք իրարու քով խաղաղօրէն բնակեցան եւ տանդ լաւ հոգ տարին։ Սակայն, ուրիշներ միայն խնդիրներ հանեցին, իրարու հետ կռուեցան եւ բարի բնակիչները չարաշահեցին։ Անոնք ունեցուածքիդ վնաս բերին եւ յամառօրէն շարունակեցին իրենց ընթացքը, նոյնիսկ երբ փորձեցիր զիրենք կասեցնել։

Հարցը լուծելու համար ի՞նչ պիտի ընէիր։ Փոխանակ տունդ կործանելու, հաւանաբար չար բնակիչները տունէդ դուրս պիտի հանէիր եւ տեղի ունեցած վնասները նորոգէիր։

Եհովա նոյնանման կերպով գործի պիտի լծուի։ Ան սաղմոսերգուն ներշնչեց որ գրէ. «Չարագործները պիտի կորսուին, սակայն Տէրոջը համբերողները երկիրը պիտի ժառանգեն։ Վասն զի քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։9-11

Պետրոս առաքեալ նոյն նիւթին շուրջ խօսեցաւ։ Ներշնչման ներքեւ, ան գրեց. «Երկինք առաջուընէ կար ու երկիր ջուրերէն եւ ջուրերով հաստատ կեցեր է Աստուծոյ խօսքովը. որով հին ապականուած աշխարհը ջրհեղեղով կորսուեցաւ» (Բ. Պետրոս 3։5, 6)։ Այս մէջբերումին մէջ, առաքեալը Նոյի օրուան Ջրհեղեղին կ’ակնարկէ։ Ամբարիշտ մարդոց աշխարհը կործանումի ենթարկուեցաւ, բայց երկրագունդը չկործանեցաւ։ Այդ աշխարհածաւալ Ջրհեղեղը «ետքը ամբարիշտ մարդոց օրինակ» եղաւ (Բ. Պետրոս 2։6

Պետրոս ապա աւելցուց. «Հիմա երկինք ու երկիր պահուած են. . . կրակի համար»։ Եթէ հոս կանգ առնէինք, թերեւս սխալ գաղափար մը կազմէինք։ Բայց նկատէ թէ համարը կը շարունակէ ըսել. «Ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը»։ Երկիրը չէ որ պիտի կործանի, հապա՝ ամբարիշտները։ Կործանումին ի՞նչ պիտի յաջորդէ։ Պետրոս գրեց. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի [Աստուծոյ Մեսիական Թագաւորութիւնը] ու նոր երկրի մը [արդար մարդկային ընկերութիւն մը] կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի» (Բ. Պետրոս 3։7, 13

Աստուածաշնչական մարգարէութիւնը նաեւ ցոյց կու տայ, թէ «վերջ»ին գալը մօտ է։ Կարդա՛ Մատթէոս 24։3-14–ը եւ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը, որպէսզի տեսնես երեսակներ, որոնք ասոր ճշմարիտ ըլլալը կը փաստեն։ *

Հետաքրքրաշարժ չե՞ս գտներ, թէ ա՛յսքան շփոթութիւն կայ Մատթէոս 24։14–ին շուրջ, համար մը զոր նոյնիսկ երեխայ մը կրնայ հասկնալ։ Ասոր համար պատճառներ կան։ Սատանան մարդիկը կուրցուցած է, որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ գտնուող թանկագին ճշմարտութիւնները չտեսնեն (Բ. Կորնթացիս 4։4)։ Նաեւ, Աստուած իր նպատակները հպարտներէն ծածուկ պահած է ու խոնարհներուն յայտնած է։ Այս առնչութեամբ, Յիսուս ըսաւ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց յայտնեցիր» (Մատթէոս 11։25)։ Ի՜նչ պատիւ մըն է ըլլալ խոնարհներուն մէջ, որոնք կը հասկնան թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը իրապէս ի՛նչ է, եւ կրնան սպասել այն օրհնութիւններուն, զորս պիտի բերէ իրեն թիկունք կանգնողներուն։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Մանրամասն տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 9–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 9]

Արքայութիւնը պիտի բերէ երկրի վրայ եղող ամէն ամբարշտութեան «վերջը»