Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրապէս ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Իրապէս ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Իրապէս ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

«Երբ անիկա Երուսաղէմ մտաւ բոլոր քաղաքը շարժեցաւ ու ըսաւ. ‘Ո՞վ է աս’։ Շատեր ըսին. ‘Ասիկա Յիսուս Մարգարէն է Գալիլիայի Նազարէթէն’» (ՄԱՏԹԷՈՍ 21։10, 11

ՅԻՍՈՒՍ Քրիստոսի * Երուսաղէմ մտնելը՝ մ.թ. 33–ի այդ գարնանային օրը, ինչո՞ւ այսպիսի իրարանցում պատճառեց։ Քաղաքին մէջ շատեր լսած էին Յիսուսի եւ անոր կատարած արտասովոր բաներուն մասին։ Անոնք շարունակ ուրիշներուն կը պատմէին անոր մասին (Յովհաննէս 12։17-19)։ Բայց բազմութեան մտքէն չէր անցներ, թէ իրենց մէջ կար մարդ մը, որուն ազդեցութիւնը համայն աշխարհի մէջ պիտի տարածուէր ու հասնէր մինչեւ մեր օրերը։

Մարդկային պատմութեան վրայ Յիսուսի ձգած հեռահաս ազդեցութեան մասին քանի մը օրինակներ նկատի առ։

▪ Աշխարհի մէջ շատ մը տեղեր գործածուած օրացոյցը հիմնուած է այն տարուան վրայ, երբ ենթադրաբար Յիսուս ծնաւ։

▪ Շուրջ երկու միլիառ հոգի,– աշխարհի բնակչութեան գրեթէ մէկ երրորդը,– ինքզինքնին քրիստոնեայ կը կոչեն։

▪ Իսլամութիւնը, որ աւելի քան մէկ միլիառ անդամ ունի, կը սորվեցնէ թէ Յիսուս «աւելի մեծ մարգարէ մըն է, քան՝ Աբրահամ, Նոյ եւ Մովսէս»։

▪ Յիսուսի շատ մը իմաստուն խօսքերը զանազան կերպերով առօրեայ խօսակցութեան մէկ մասը եղած են։ Այդ խօսքերէն քանի մը հատն են՝

‘Մէկ երեսիդ զարնեն՝ մի՛ւսը դարձուր’ (ՄԱՏԹԷՈՍ 5։39

‘Մէկը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայել’ (ՄԱՏԹԷՈՍ 6։24

‘Մարգարիտներդ խոզերու առջեւ մի՛ ձգեր’ (ՄԱՏԹԷՈՍ 7։6

‘Ամէն ինչ որ կ’ուզես որ մարդիկ քեզի ընեն, դուն ալ անոնց այնպէս ըրէ’ (ՄԱՏԹԷՈՍ 7։12

‘Ծախսը հաշիւ ըրէ’ (ՂՈՒԿԱՍ 14։28

Յիսուսի ազդեցութիւնը կասկած չի վերցներ։ Այսուհանդերձ, մարդիկ անոր մասին մեծապէս տարբեր գաղափարներ ու հաւատալիքներ ունին։ Ուստի կրնաս հարց տալ. ‘Իրապէս ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս’։ Միմիայն Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ Յիսուս ուրկէ՛ եկաւ, ինչպէ՛ս ապրեցաւ եւ ինչո՛ւ մեռաւ։ Անոր մասին այդ ճշմարտութիւնները գիտնալը կրնայ կեանքիդ խորապէս ազդել հի՛մա եւ ապագային։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 «Յիսուս», Նազարէթէն եկող այս մարգարէին անունը, կը նշանակէ՝ «Եհովան փրկութիւն է»։ «Քրիստոս» բառը տիտղոս մըն է, որ կը նշանակէ «Օծեալ», այն իմաստը տալով որ Յիսուս օծուած էր, կամ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած էր մասնաւոր դիրքի մը համար։