Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս ուրկէ՛ եկաւ

Յիսուս ուրկէ՛ եկաւ

Յիսուս ուրկէ՛ եկաւ

«[Պիղատոս] նորէն պալատը մտնելով՝ ըսաւ Յիսուսին. ‘Ուրկէ՞ ես դուն’։ Բայց Յիսուս պատասխան չտուաւ անոր» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 19։9

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻ կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոս այդ հարցումը ուղղեց, երբ Յիսուս կը դատուէր։ Պիղատոս գիտէր թէ Յիսուս Իսրայէլի ո՛ր մասէն եկած էր (Ղուկաս 23։6, 7)։ Ան նաեւ գիտէր թէ Յիսուս սովորական մարդէ մը շա՜տ աւելին էր։ Արդեօք Պիղատոս հարց կու տար թէ Յիսուս նախապէս ապրա՞ծ էր։ Արդեօք այս հեթանոս կառավարիչը իրապէս պատրա՞ստ էր ճշմարտութիւնը ընդունելու եւ ըստ այնմ գործելու։ Ի՛նչ որ ալ ըլլար պարագան, Յիսուս պատասխան մը չտուաւ, ու շուտով յայտնի եղաւ որ Պիղատոս ճշմարտութենէն եւ արդարութենէն աւելի՝ իր պաշտօնո՛վ հետաքրքրուած էր (Մատթէոս 27։11-26

Երախտապարտօրէն, անոնք որոնք անկեղծ փափաք ունին, կրնան դիւրաւ գիտնալ թէ Յիսուս ուրկէ՛ եկաւ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը յայտնէ Յիսուս Քրիստոսի ծագումը։ Հետեւեալը նկատի առ։

Ան ո՛ւր ծնաւ։ Արդի հաշիւները ցոյց կու տան, թէ այժմ կոչուած մ.թ.ա. 2–ի աշնան սկիզբները, Յիսուս համեստ վիճակներու մէջ ծնաւ՝ Հրէաստանի Բեթլեհէմ գիւղին մէջ։ Օգոստոս կայսրին հրամայած աշխարհագիրի մը պատճառով, Յիսուսի մայրը՝ Մարիամ, որ «յղի էր», եւ անոր ամուսինը՝ Յովսէփ, ստիպուեցան ճամբորդել դէպի Բեթլեհէմ՝ Յովսէփին նախահայրերուն բնակավայրը։ Խճողուած գիւղին մէջ չկարենալով իջեւան գտնել, զոյգը հարկադրուեցաւ ախոռ մը օգտագործել, ուր Յիսուս ծնաւ ու դրուեցաւ մսուրի մը մէջ (Ղուկաս 2։1-7

Դարեր առաջ, աստուածաշնչական մարգարէութիւն մը Յիսուսի ծննդավայրը նախագուշակեց. «Դո՛ւն, ո՛վ Բեթլեհէմ Եփրաթա, թէեւ Յուդայի հազարաւորներուն մէջ պզտիկ ես, բայց քեզմէ պիտի ելլէ Ան, որ Իսրայէլի վրայ իշխան պիտի ըլլայ» (Միքիա 5։2 * Ակներեւօրէն, Բեթլեհէմը ա՛յնքան պզտիկ էր որ չէր պարփակուեր Յուդայի երկրամասի քաղաքներու ցանկին մէջ։ Այսուհանդերձ, աս պզտիկ գիւղը մասնայատուկ պատիւ մը պիտի ունենար։ Խոստացեալ Մեսիան, կամ Քրիստոսը, Բեթլեհէմէն պիտի գար (Մատթէոս 2։3-6. Յովհաննէս 7։40-42

Ան ո՛ւր մեծցաւ։ Քիչ ատեն Եգիպտոս մնալէ ետք, Յիսուսի ընտանիքը փոխադրուեցաւ Նազարէթ,– քաղաք մը Գալիլիոյ մէջ, Երուսաղէմէն 96 քմ. դէպի հիւսիս։ Այդ ատեն, Յիսուս դեռ երեք տարեկան չէր եղած։ Այս տեսարժան շրջանին մէջ, ուր հողագործներ, հովիւներ ու ձկնորսներ իրենց առեւտուրով կը զբաղէին, Յիսուս բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ մեծցաւ, հաւանաբար համեստ պայմաններու ներքեւ (Մատթէոս 13։55, 56

Դարեր առաջ, Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ Մեսիան «Նազովրեցի» պիտի ըլլար։ Աւետարանագիր Մատթէոս կ’ըսէ թէ Յիսուսի ընտանիքը «Նազարէթ ըսուած քաղաքը բնակեցաւ, որպէս զի մարգարէներուն խօսքը կատարուի՝ թէ ‘Նազովրեցի պիտի կոչուի’» (Մատթէոս 2։19-23)։ Այդպէս կ’երեւի թէ Նազովրեցի անունը եբրայերէն «ընձիւղ» բառին հետ կապ ունի։ Բացայայտօրէն, Մատթէոս կ’ակնարկէր Եսայիի մարգարէութեան, որ Մեսիան կոչեց Յեսսէի արմատէն բուսնող «ընձիւղ մը», ըսել ուզելով թէ Մեսիան Դաւիթ թագաւորի հօրմէն՝ Յեսսէէն սերած պիտի ըլլար (Եսայի 11։1)։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս Յեսսէի շառաւիղէն էր՝ Դաւիթի միջոցով (Մատթէոս 1։6, 16. Ղուկաս 3։23, 31, 32

Ան իրապէս ուրկէ՛ եկաւ։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Յիսուսի կեանքը սկիզբ առաւ՝ Բեթլեհէմի այդ ախոռին մէջ ծնելէն շա՜տ առաջ։ Նախապէս մէջբերուած Միքիայի մարգարէութիւնը նաեւ կ’ըսէ, թէ անոր «ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է» (Միքիա 5։2)։ Նախքան երկրի վրայ որպէս մարդ ծնիլը, Աստուծոյ անդրանիկ Որդին ըլլալով՝ Յիսուս երկինքի մէջ հոգեղէն արարած մըն էր։ Յիսուս ի՛նք ըսաւ. «Ես երկնքէն իջայ» (Յովհաննէս 6։38. 8։23)։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի էր։

Սուրբ հոգիին միջոցով, Եհովա Աստուած հրաշքով իր երկնաւոր Որդիին կեանքը փոխադրեց կոյս Մարիամին արգանդը, որպէսզի կարենար ծնիլ իբրեւ կատարեալ մարդ։ * Ամենակարողին համար այդպիսի հրաշք գործելը դիւրին է։ Ինչպէս որ Մարիամին բացատրութիւն տուող հրեշտակը նշեց, «Աստուծոյ քով բնաւ անհնարին բան մը չկայ» (Ղուկաս 1։30-35, 37

Աստուածաշունչը Յիսուսի ուրկէ՛ գալուն մասին մեզի պարզապէս բան մը յայտնելէն աւելին կ’ընէ։ Չորս Աւետարանները,– Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս ու Յովհաննէս,– մեզի շատ տեղեկութիւններ կու տան, թէ ան ինչպէ՛ս ապրեցաւ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 6 Բացայայտօրէն, Բեթլեհէմը նախապէս Եփրաթա կը կոչուէր (Ծննդոց 35։19

^ պարբ. 10 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, Աստուծոյ անունը Եհովա է։