Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս ինչպէ՛ս ապրեցաւ

Յիսուս ինչպէ՛ս ապրեցաւ

Յիսուս ինչպէ՛ս ապրեցաւ

«Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 4։34

ԱՅՆ միջադէպը, որուն մէջ Յիսուս վերոնշեալ խօսքերը ըսաւ, շատ բան կը յայտնէ իր կեանքի առանցքին մասին։ Յիսուս եւ իր աշակերտները մինչեւ կէսօր բլրաշատ Սամարիայի շրջանէն անցնելով ճամբորդած էին (Յովհաննէս 4։6)։ Խորհելով որ Յիսուս անօթեցած ըլլալու է, աշակերտները իրեն ուտելիք առաջարկեցին (Յովհաննէս 4։31-33)։ Իր պատասխանով, Յիսուս իր կեանքի նպատակը ամփոփեց։ Աստուծոյ գործը կատարելը իրեն համար աւելի կարեւոր էր քան ուտելը։ Թէ՛ խօսքով ու թէ գործով, Յիսուս ապրեցաւ իրեն վերաբերող Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։ Ասիկա ի՞նչ պարփակեց։

Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզել ու սորվեցնել։ Աստուածաշունչը Յիսուսի գլխաւոր գործունէութիւնը կը բացատրէ, ըսելով. «Յիսուս բոլոր Գալիլիա պտըտելով, կը սորվեցնէր. . . եւ արքայութեան աւետարանը կը քարոզէր» (Մատթէոս 4։23)։ Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ուրիշներուն քարոզելէ կամ յայտարարելէ աւելին ըրաւ։ Ան մարդոց սորվեցուց,– այսինքն, ուղղութիւններ տուաւ, բացատրեց եւ ողջամիտ տրամաբանութեամբ համոզեց։ Թագաւորութիւնը Յիսուսի պատգամին բնաբանն էր։

Իր ամբողջ ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս իր ունկնդիրներուն սորվեցուց թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ ի՛նչ պիտի ընէ։ Նկատի առ Թագաւորութեան մասին հետեւեալ ճշմարտութիւններն ու աստուածաշնչական համարները, զորոնք Յիսուս ըսաւ։

▪ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է, եւ Յիսուս Եհովայի կողմէ որպէս Թագաւոր նշանակուած է (ՄԱՏԹԷՈՍ 4։17. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 18։36

▪ Թագաւորութիւնը Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ, եւ պատճառ ըլլայ որ Աստուծոյ կամքը կատարուի ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ (ՄԱՏԹԷՈՍ 6։9, 10

▪ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, ամբողջ երկրագունդը դրախտի մը պիտի վերածուի (ՂՈՒԿԱՍ 23։42, 43

▪ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով պիտի գայ եւ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ (ՄԱՏԹԷՈՍ 24։3, 7-12 *

Հրաշալի գործեր կատարել։ Յիսուս գլխաւորաբար ճանչցուած էր որպէս «Վարդապետ» (Յովհաննէս 13։13)։ Այսուհանդերձ, իր երեքուկէս տարուան ծառայութեան ընթացքին, ան նաեւ բազմաթիւ հրաշալի գործեր կատարեց։ Այս գործերը առնուազն երկու նպատակի ծառայեցին։ Առաջին, անոնք օգնութիւն եղան փաստելու, թէ ան իրապէս Աստուծմէ ղրկուած էր (Մատթէոս 11։2-6)։ Երկրորդ, անոնք նախօրինակ հանդիսացան, թէ ան որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, ապագային ի՛նչ պիտի ընէր աւելի մեծ տարողութեամբ։ Իր կատարած կարգ մը հրաշքները նկատէ։

▪ Ան փոթորկալից ծովը հանդարտեցուց ու սաստիկ հովը դադրեցուց (ՄԱՐԿՈՍ 4։39-41

▪ Ան հիւանդները բժշկեց, ի ներառեալ կոյրերը, խուլերն ու կաղերը (ՂՈՒԿԱՍ 7։21, 22

▪ Ան անօթի բազմութիւններ կերակրեց՝ ուտելիքը շատցնելով (ՄԱՏԹԷՈՍ 14։17-21. 15։34-38

▪ Առնուազն երեք առիթներով, ան մեռելներու յարութիւն տուաւ (ՂՈՒԿԱՍ 7։11-15. 8։41-55. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 11։38-44

Երեւակայէ թէ երկրի վրայ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ, այդպիսի զօրաւոր Թագաւորի մը իշխանութեան ներքեւ։

Եհովա Աստուծոյ անձնաւորութիւնը յայտնել։ Եհովայի մասին ուրիշներուն սորվեցնելու մէջ, ամէնէն որակեալ անձը Աստուծոյ Որդին է, որ ճանչցուեցաւ որպէս Յիսուս Քրիստոս։ «Ստեղծուածներուն անդրանիկը» ըլլալով, Յիսուս երկինքի մէջ ոեւէ հոգեղէն արարածէ մը աւելի Եհովայի քով ապրեցաւ (Կողոսացիս 1։15)։ Մտածէ թէ ան ի՜նչ պատեհութիւններ ունեցաւ իր Հօր մտածելակերպը իւրացնելու եւ անոր կամքը, չափանիշներն ու ճամբաները սորվելու։

Յիսուս իրաւացիօրէն կրնար ըսել. «Մէ՛կը չի գիտեր թէ ո՞վ է Որդին, բայց միայն Հայրը եւ թէ ո՞վ է Հայրը, բայց միայն Որդին եւ ան՝ որուն Որդին կ’ուզէ յայտնել» (Ղուկաս 10։22)։ Երբ որպէս մարդ երկրի վրայ էր, Յիսուս կամովին ե՛ւ անձկագին յայտնեց իր Հօր բնոյթը։ Յիսուս աննման տեսանկիւնէ մը խօսեցաւ ու սորվեցուց. ան յիշեց բաներ, զորս ուղղակի հոգեղէն ոլորտին մէջ եւ Բարձրեալին վեհ ներկայութեան ձեռք բերած էր (Յովհաննէս 8։28

Իր Հայրը յայտնելու Յիսուսի ըրածը կարելի է լուսաբանել այն բանով, զոր ելեկտրական փոխարկիչը կ’ընէ։ Այս մեքենան կրնայ ելեկտրական հոսանքի բարձր վոլտաժը փոխել ցած վոլտաժի, որպէսզի յարմար ըլլայ սովորական գործածութեան։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս երկինքի մէջ իր Հօր մասին սորված բաները այնպիսի կերպերով փոխանցեց, որ մարդիկը կարենան դիւրաւ հասկնալ ու կիրարկել։

Երկու կարեւոր կերպեր նկատի առ, որոնցմով Յիսուս իր Հայրը յայտնեց։

▪ Իր ուսուցումին մէջ, Յիսուս Եհովայի մասին ճշմարտութիւնը գիտցուց,– անոր անունը, նպատակն ու ճամբաները (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 3։16. 17։6, 26

▪ Իր արարքներով, Յիսուս Եհովայի անձնաւորութեան շատ մը գեղեցիկ երեսակները յայտնեց։ Յիսուս ա՛յնքան կատարեալ կերպով իր Հօր անձնաւորութիւնը արտացոլացուց, որ իրականութեան մէջ կրցաւ ըսել. ‘Եթէ կ’ուզէք գիտնալ թէ Հայրս ինչպիսի՛ Անձ մըն է, ինծի՛ նայեցէք’ (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 5։19. 14։9

Մենք Յիսուսի ապրելակերպին վրայ կը սքանչանանք։ Անսահմանօրէն կրնանք օգտուիլ, եթէ քննենք թէ ան ինչո՛ւ մեռաւ եւ եթէ մեր սորվածին հետ ներդաշնակ գործենք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 9 Յաւելեալ տեղեկութեան համար, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս գիտենք որ շուտով պիտի գայ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 8–րդ գլուխը՝ «Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը», եւ 9–րդ գլուխը՝ «Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք», հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։