Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ

Ի՞ՆՉ բան ազդեց ընկերային չեղող եւ ըմբոստ երիտասարդի մը, որ սորվի մարդիկը սիրել եւ ուզել անոնց օգնել։ Մեքսիքայի մէջ, ի՞նչ բան մղեց տղամարդ մը, որ իր անբարոյ ապրելակերպը փոխէ։ Ճափոնի մէջ, ինչո՞ւ հեծելարշաւի նշանաւոր մասնակցող մը որոշեց այլեւս մրցումներու չմասնակցիլ։ Նկատի առ անոնց փորձառութիւնները։

«Ես կոշտ, հպարտ եւ կռուազան մէկն էի» (ՏԷՆԻՍ ՕՊԷՅՌՆ)

ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1958

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ԱՆԳԼԻԱ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՉԵՂՈՂ ԵՒ ԸՄԲՈՍՏ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Հօրս կողմէ մեր ընտանիքը իրլանտացի է, եւ ես մեծցայ որպէս կաթողիկէ։ Բայց ընդհանրապէս կը ստիպուէի առանձին եկեղեցի երթալ։ Թէեւ եկեղեցի երթալը չէի սիրեր, բայց հոգեւոր բաներու հանդէպ ծարաւ ունէի։ Միշտ Տէրունական աղօթքը կ’ըսէի, եւ կը յիշեմ որ գիշերները անկողինիս մէջ, կը մտածէի այդ աղօթքին ամէն մէկ խօսքին մասին։

Երբ շուրջ 16 տարեկան էի, հետաքրքրուեցայ ռասթաֆարական կրօնքով։ Նաեւ հետաքրքրուեցայ քաղաքական հարցերով, ինչպէս՝ Հականացիական դաշնակցութիւնը։ Բայց որդեգրեցի փանք ռոք շարժումի ըմբոստ կեցուածքը։ Գործածեցի թմրեցուցիչներ, մանաւանդ մարիխուանան, որ գրեթէ ամէն օր կը ծխէի։ Ո՛չ մէկ բան ինծի համար կարեւոր էր, անոր համար չափազանց խմեցի, վտանգաւոր բաներ ըրի եւ մարդոց հետ գէշ կերպով վարուեցայ։ Ընկերային չէի եւ մէկու մը հետ կը խօսէի, միայն երբ զգայի որ խօսակցութիւնը իմաստալից պիտի ըլլար։ Ասկէ զատ, չէի ուզեր որ մէկը զիս նկարէ։ Անցեալս յիշելով, կրնամ ըսել որ ես կոշտ, հպարտ եւ կռուազան մէկն էի։ Միայն մտերիմ ընկերներուս հանդէպ ազնիւ ու առատաձեռն էի։

Երբ մօտ 20 տարեկան էի, Աստուածաշունչով հետաքրքրուեցայ։ Ընկերներէս մէկը, որ թմրեցուցիչ կը վաճառէր, բանտին մէջ եղած ատեն Աստուածաշունչը կարդացած էր, եւ ես ու ինք երկար խօսակցութիւններ կ’ունենայինք կրօնքին, եկեղեցիին եւ աշխարհի մէջ Սատանային ունեցած դերին մասին։ Աստուածաշունչ մը գնեցի եւ սկսայ առանձին զայն սերտել։ Ընկերս ու ես Աստուածաշունչէն հատուածներ կը կարդայինք եւ ետքը միասին կը քննարկէինք մեր կարդացածը եւ եզրակացութիւններու կը հասնէինք։ Ասիկա ըրինք ամիսներով։

Մեր եզրակացութիւններէն ոմանք ասոնք են. մենք կ’ապրինք այս աշխարհի վերջին օրերուն մէջ, քրիստոնեաները պէտք է քարոզեն Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը, անոնք այս աշխարհին մէկ մասը պէտք չէ ըլլան եւ անոր քաղաքականութեան պէտք չէ խառնուին, եւ Աստուածաշունչը բարոյական լաւ առաջնորդութիւն կու տայ։ Կրցանք յստակօրէն տեսնել, թէ Աստուածաշունչը ճշմարիտ է եւ թէ պէտք է ճշմարիտ կրօնք մը ըլլայ։ Բայց ո՞ր կրօնքը ճշմարիտ կրօնքն է։ Մտածեցինք գլխաւոր եկեղեցիներուն մասին, նկատի առնելով անոնց շքեղ շէնքերը եւ արարողութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքականութեան խառնուիլը, եւ տեսանք որ անոնք Յիսուսին ըսածներուն համաձայն չեն։ Գիտնալով որ Աստուած զանոնք չէր գործածեր, որոշեցինք քննել նուազ ճանչցուած կրօնքները։

Այդ կրօնքներէն եղող անհատներու հետ կը տեսնուէինք եւ անոնց կարգ մը հարցումներ կը հարցնէինք։ Գիտէինք Աստուածաշունչին պատասխանները, անոր համար կրնայինք դիւրաւ տեսնել, թէ անոնց պատասխանները Աստուածաշունչին ըսածներուն համաձա՛յն են կամ ոչ։ Այսպիսի հանդիպումներէ ետք, միշտ Աստուծոյ կ’աղօթէի. ‘Եթէ իրենք են ճշմարիտ կրօնքը, հաճիս զիս մղէ, որ ուզեմ նորէն տեսնել զիրենք’։ Բայց ամիսներով այսպիսի հանդիպումներ ունենալէ ետք, տակաւին չէի գտած խումբ մը, որ մեր հարցումներուն պատասխանեց Աստուածաշունչէն, ոչ ալ փափաք ունեցայ անոնցմէ ոեւէ մէկուն հետ նորէն տեսնուելու։

Վերջապէս, ես եւ ընկերս հանդիպեցանք Եհովայի վկաներու։ Անոնց հարցուցինք նոյն հարցումները, բայց Աստուածաշունչէն պատասխանեցին։ Ինչ որ ըսին, մեր սորված բաներուն համաձայն էր։ Անոնց նաեւ հարցուցինք հարցումներ, որոնց պատասխանները չէինք գտած Աստուածաշունչին մէջ. օրինակ՝ թէ Աստուած ինչպէ՛ս կը նկատէ ծխելը եւ թմրեցուցիչ գործածելը։ Անոնք նորէն Աստուծոյ Խօսքը գործածելով կրցան պատասխանել։ Որոշեցինք երթալ ժողովի մը Թագաւորութեան սրահին մէջ։

Այդ ժողովին ներկայ ըլլալը շատ դժուար էր ինծի համար։ Թէեւ բոլոր ներկաները մարդամօտ էին եւ կոկիկ հագած էին, ես չուզեցի անոնց հետ խօսիլ։ Անոնց չվստահեցայ եւ չուզեցի ուրիշ ժողովներու ներկայ ըլլալ։ Բայց ամէն անգամուան պէս աղօթեցի, որ եթէ անոնք ճշմարիտ կրօնքին հետեւորդներն են, թող Աստուած իմ մէջս փափաք դնէ, որ ուզեմ նորէն անոնց հետ տեսնուիլ, եւ իրապէս ալ մեծ փափաք ունեցայ, որ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտեմ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Գիտէի որ պէտք է թմրեցուցիչ գործածելը կեցնեմ, եւ այս մէկը դիւրաւ ըրի։ Բայց ծխելը կեցնելը շատ դժուար էր։ Հակառակ անոր որ քանի մը անգամ փորձեցի, չկրցայ սիկարէթէն վազ անցնիլ։ Երբ լսեցի որ ոմանք պարզապէս իրենց սիկարէթները թափեցին եւ ետքը բնա՛ւ չծխեցին, Եհովային խօսեցայ այս նիւթին շուրջ։ Անկէ ետք, Եհովայի օգնութեամբ, կրցայ ծխելը կեցնել։ Տեսած եմ թէ որքա՜ն կարեւոր է Եհովային խօսիլ անկեղծօրէն ու բացէ ի բաց։

Ուրիշ մեծ փոփոխութիւն մը որ ըրի, կապ ունէր հագուելակերպիս ու մազիս կտրուածքին հետ։ Առաջին անգամ որ Թագաւորութեան սրահ մտայ, մազս տնկուած էր եւ տեղ–տեղ բաց կապոյտ ներկած էի։ Ետքը, մազս բաց նարնջագոյն ներկեցի։ Ճինզ եւ կաշիէ բաճկոն կը հագնէի, որուն վրայ գրութիւններ կային։ Պէտքը չտեսայ փոխուելու, հակառակ անոր որ Վկաներ ազնուութեամբ ասոր մասին խօսեցան։ Սակայն, ի վերջոյ մտածեցի Ա. Յովհաննէս 2։15-17–ին մասին. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է։ Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ»։ Գիտակցեցայ որ տեսքս ցոյց կու տար որ աշխարհը կը սիրեմ, եւ որպէսզի ցոյց տամ որ Աստուած կը սիրեմ, պէտք էր փոխուէի։ Այդպէս ալ ըրի։

Ժամանակի ընթացքին, անդրադարձայ որ միայն Վկաները չէին, որ կ’ուզէին որ ժողովներուն ներկայ ըլլամ։ Եբրայեցիս 10։24, 25–ը ինծի ցոյց տուաւ, որ Աստուած ի՛նք կ’ուզէ որ այս մէկը ընեմ։ Սկսայ բոլոր ժողովներուն ներկայ ըլլալ եւ Վկաները իրապէս ճանչնալէ ետք, որոշեցի կեանքս Եհովային նուիրել ու մկրտուիլ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Շատ զգացուած եմ տեսնելով, թէ Եհովան ինչպէ՛ս թոյլ կու տայ որ իրեն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Իր կարեկցութիւնը եւ հոգատարութիւնը զիս մղած են, որ զինք ընդօրինակեմ, եւ իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին հետեւիմ որպէս իմ կեանքիս տիպարը (Ա. Պետրոս 2։21)։ Սորված եմ որ մինչ կը ջանամ քրիստոնէական անձնաւորութիւն ունենալ, տակաւին կրնամ իմ յատուկ ինքնութիւնս ունենալ։ Շատ ջանք թափած եմ, որ սիրալիր ու հոգատար անձ մը դառնամ։ Կը ջանամ քրիստոնէավայել կերպով վարուիլ կնոջս եւ տղուս հետ։ Եւ ժողովքի եղբայրներով ու քոյրերով խորապէս կը հետաքրքրուիմ։ Քրիստոսին հետեւելով, կրցած եմ անձս յարգել եւ ուրիշներուն հանդէպ սէր ցոյց տալ։

«Ինծի հետ արժանապատուութեամբ վարուեցան» (ԿՈՒԱՏԱԼՈՒԲ ՊԻԼԵԱՐԷՅԱԼ)

ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1964

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ՄԵՔՍԻՔԱ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ԱՆԲԱՐՈՅ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Ծնողքս եօթը զաւակներ ունէր։ Ես մեծցայ Էռմոսիյօ քաղաքին մէջ, Սոնորա (Մեքսիքա)։ Մեր շրջանին մէջ շա՜տ աղքատութիւն կար, եւ մեր տունը պզտիկ էր։ Հայրս մահացաւ, երբ ես տղեկ էի, ուստի մայրս ստիպուեցաւ աշխատիլ, որպէսզի ընտանիքին ապրուստը ճարէր։ Սովորաբար բոպիկ կը պտըտէի, քանի որ դրամ չունէինք կօշիկ գնելու։ Երբ պատանի եղայ, սկսայ աշխատիլ, ընտանիքին օգնելու համար։

Մայրս օրուան մեծ մասը մեզի հետ չէր ըլլար, անոր համար պաշտպանուած չէինք։ Երբ 6 տարեկան էի, 15 տարեկան տղայ մը զիս սեռային գետնի վրայ չարաշահեց։ Ասիկա երկար ժամանակ շարունակուեցաւ, ինչ որ սեռային զգացումներս շատ խանգարեց։ Կարծեցի որ տղաներով հրապուրուիլը բնական բան մըն է։ Յետագային, երբ օգնութիւն խնդրեցի բժիշկներէն եւ կրօնականներէն, անոնք ինծի ըսին, որ խնդիր մը չունէի եւ թէ զգացումներս բնական էին։

Երբ 14 տարեկան եղայ, որոշեցի հագուիլ ու վարուիլ որպէս միասեռական։ Այս ընթացքը բռնեցի 11 տարի, եւ նոյնիսկ ապրեցայ զանազան տղամարդոց հետ։ Ի վերջոյ, վարսայարդար եղայ ու խանութ մը բացի։ Սակայն ուրախ չէի։ Յաճախ կը տառապէի ու կը դաւաճանուէի։ Զգացի թէ ապրելակերպս ճիշդ չէր։ Սկսայ հարց տալ. ‘Արդեօք բարի ու վստահելի մարդիկ կա՞ն’։

Մտածեցի մեծ քրոջս մասին։ Ան սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել Եհովայի վկաներուն հետ, եւ ի վերջոյ մկրտուեցաւ։ Իր սորվածները ինծի կը պատմէր, բայց ես ականջ չէի տար։ Հակառակ ասոր, կը հիանայի անոր կեանքին ու ամուսնութեան վրայ։ Կը տեսնէի, թէ ինքն ու իր ամուսինը ինչպէս իրար իրապէս կը սիրէին ու կը յարգէին։ Եւ անոնք իրարու հետ ազնուութեամբ կը վարուէին։ Ժամանակի ընթացքին, Եհովայի վկայ մը սկսաւ հետս Աստուածաշունչը սերտել։ Սկիզբը, սերտողութեան նկատմամբ խանդավառ չէի։ Բայց ետքը, կեցուածքս սկսաւ փոխուիլ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Վկաները զիս հրաւիրեցին իրենց ժողովներէն մէկուն, եւ ես գացի։ Ատիկա ինծի համար նոր փորձառութիւն մըն էր։ Ընդհանուր առմամբ մարդիկ զիս կը ծաղրէին, բայց Վկաները այդպէս չըրին։ Անոնք ազնուօրէն բարեւեցին եւ ինծի հետ արժանապատուութեամբ վարուեցան։ Ասիկա մեծ տպաւորութիւն ձգեց վրաս։

Վկաներուն նկատմամբ լաւ տպաւորութիւնս աւելցաւ, երբ համաժողովի մը ներկայ եղայ։ Տեսայ որ անոնք նոյնիսկ մեծ խումբերու մէջ քրոջս պէս անկեղծ էին։ Եւ հարց տուի, թէ արդեօք ասո՞նք են այն բարի ու վստահելի մարդիկը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը փնտռէի։ Հիանալի էր տեսնել անոնց սէրն ու միութիւնը եւ որեւէ հարցումի պատասխանելու համար Սուրբ Գիրքը գործածելը։ Անդրադարձայ որ Սուրբ Գի՛րքը զիրենք լաւ անձեր դարձուցած էր։ Նաեւ ըմբռնեցի, որ իրենցմէ մէկը ըլլալու համար, շա՜տ փոփոխութիւններ պէտք էր ընէի։

Իրականութեան մէջ, կեանքիս մէջ ամէն բան պէտք էր փոխէի, քանի որ կ’ապրէի որպէս կին։ Պէտք էր փոխէի խօսելակերպս, շարժուձեւերս, հագուելակերպս, մազիս կտրուածքը եւ ընկերներուս ընտրութիւնը։ Առաջուան ընկերներս սկսան զիս ծաղրել, ըսելով. «Ինչո՞ւ ասիկա կ’ընես։ Դուն լաւ էիր։ Սուրբ Գիրքը մի՛ սերտեր։ Ամէն բան ունիս»։ Սակայն, ամենադժուար բանը, որ պէտք էր փոխէի, անբարոյ ապրելակերպիս սովորութիւններն էին։

Գիտէի որ կարելի էր այս մեծ փոփոխութիւնները ընել, քանի որ Ա. Կորնթացիս 6։9-11–ի խօսքը սրտիս դպած էր. «Չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները... Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն։ Եւ դուք մէկ քանիներդ այնպիսիներ էիք. բայց լուացուեցաք»։ Եհովան այն ատեն անհատներու օգնեց, որ իրենց կեանքը փոխէին, եւ ինծի ալ օգնեց։ Քանի մը տարի պայքարեցայ ու շատ ջանք թափեցի, եւ Վկաներուն սէրն ու տուած ուղղութիւնները մեծապէս օգնեցին, որ յաջողիմ։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Ներկայիս, բնական կեանք կը վարեմ։ Կնոջս հետ մեր տղուն կը սորվեցնենք ապրիլ Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն համաձայն։ Առաջուան անձնաւորութենէս բոլորովին տարբեր եմ, եւ կը վայելեմ բազմաթիւ հոգեւոր օրհնութիւններ ու առանձնաշնորհումներ։ Ժողովքին մէջ որպէս երէց կը ծառայեմ, եւ ոմանց օգնած եմ որ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը սորվին։ Ապրելակերպս փոխելը այնքա՛ն ուրախացուց մայրս, որ ուզեց Սուրբ Գիրքը սերտել, եւ այժմ մկրտուած քրիստոնեայ է։ Պզտիկ քոյրս ալ, որ անբարոյ կեանք կը վարէր, Եհովայի վկայ եղաւ։

Նոյնիսկ ոմանք, որոնք զիս նախապէս կը ճանչնային, հիմա կը տեսնեն, թէ որքա՜ն փոխուած եմ։ Եւ գիտեմ թէ ի՛նչը ինծի օգնեց, որ այս փոփոխութիւնները ընեմ։ Անցեալին, բժիշկներէն օգնութիւն խնդրեցի, բայց ինծի միայն գէշ խրատներ տուին։ Սակայն, Եհովան ինծի իրապէս օգնեց։ Թէեւ անարժէք կը զգայի, ան զիս նկատեց եւ ինծի հետ սիրով ու համբերութեամբ վարուեցաւ։ Այն իրողութիւնը, որ այսպիսի հոյակապ, իմաստուն եւ սիրալիր Աստուած մը զիս նկատեց եւ ուզեց որ աւելի լաւ կեանք մը ունենամ, ինծի զօրութիւնը տուաւ այդ փոփոխութիւնները ընելու։

«Միայնակ, դժգոհ եւ տխուր էի» (ՔԱԶՈՒՀԻՐՕ ՔՈՒՆԻՄՈՉԻ)

ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ. 1951

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ. ՃԱՓՈՆ

ՆԱԽԱՊԷՍ. ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ

ԱՆՑԵԱԼՍ։ Մեծցայ հանդարտ գիւղաքաղաքի մը մէջ, Ճափոնի Շիզուոքա նահանգին մէջ։ Մեր ընտանիքը ութ հոգի էին եւ կ’ապրէինք պզտիկ տան մը մէջ։ Հայրս հեծանիւի խանութ ունէր։ Մինչ պզտիկ էի, ան զիս կը տանէր հեծելարշաւներ դիտելու։ Ետքը, ան սկսաւ ծրագրել որ արհեստավարժ մրցող մը ըլլամ։ Երբ տակաւին միջնակարգ դպրոց կ’երթայի, ան սկսաւ զիս լրջօրէն մարզել։ Բարձրագոյն վարժարանին մէջ, երեք տարի իրարու ետեւէ շահեցայ ազգային մրցում մը։ Ինծի առիթ տրուեցաւ որ համալսարան երթամ, բայց ես որոշեցի երթալ դպրոց մը, որ կը մարզէ հեծանիւ քշել։ 19 տարեկանիս, արհեստավարժ մրցող եղայ։

Անկէ ետք, նպատակս էր՝ հեծելարշաւի լաւագոյն մրցողը ըլլալ Ճափոնի մէջ։ Ծրագրեցի շատ դրամ շահիլ, որպէսզի կարենամ ընտանիքիս հանգիստ կեանք ապահովել։ Ամէն ուժովս մարզուեցայ։ Երբ կը զգայի որ մարզուիլը կամ մրցումը շատ դժուար է, կրկին անգամ ես ինծի կ’ըսէի, որ ես հեծելարշաւի համար ծնած եմ եւ թէ ձեւով մը պէտք է շարունակեմ։ Եւ այդպէս ալ կ’ընէի։ Ծանր աշխատանքս սկսաւ արդիւնք տալ։ Առաջին տարիս, նոր մրցողներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւեցի։ Երկրորդ տարիս որակեալ եղայ մասնակցելու այն մրցումին, որ կ’որոշէ թէ ո՛վ է Ճափոնի ախոյեանը։ Այդ մրցումին մէջ, վեց անգամ երկրորդ դիրքը գրաւեցի։

Շարունակեցի մրցումներ շահիլ, եւ մարդիկ սկսան զիս կոչել՝ Թոքայէն եղող զօրաւոր սրունքները (Թոքայ՝ Ճափոնի մէջ շրջան մըն է)։ Ես այնքա՛ն անգութ էի, որ միւս մրցողները ինձմէ կը վախնային։ Եկամուտս աւելցաւ եւ կրնայի գնել ի՛նչ որ կ’ուզէի։ Տուն մը գնեցի եւ անոր մէկ սենեակին մէջ դրի մարզանքի լաւագոյն գործիքները։ Եւ շատ սուղ ինքնաշարժ մը գնեցի, որուն գինը գրեթէ տան մը գինին չափ էր։ Նիւթական ապահովութեան համար, սկսայ դրամս աշխատցնել անշարժ գոյքի եւ արժեթուղթերու շուկային մէջ։

Հակառակ այս բոլորին, ես միայնակ, դժգոհ եւ տխուր էի։ Այն ատեն ամուսնացած էի եւ զաւակներ ունէի, բայց յաճախ ընտանիքիս հետ անհամբեր էի։ Դիւրաւ կը բարկանայի կնոջս եւ զաւակներուս վրայ, չնչին բաներու համար։ Անոնք միշտ ջղագրգիռ էին եւ դէմքիս արտայայտութիւնները կը քննէին տեսնելու համար, թէ անտրամադի՛ր եմ կամ ոչ։

Ժամանակի ընթացքին, կինս սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ասիկա ձգեց, որ մեր կեանքը սկսի փոխուիլ։ Երբ կինս ըսաւ, որ կ’ուզէ Վկաներուն ժողովներուն ներկայ ըլլալ, որոշեցի ընտանեօք երթալ։ Շատ լաւ կը յիշեմ այն երեկոն, երբ երէց մը մեր տունը եկաւ եւ սկսաւ ինծի հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Սորվածներովս մեծապէս տպաւորուեցայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Բնա՛ւ պիտի չմոռնամ, թէ Եփեսացիս 5։5–ը ի՛նչ ազդեցութիւն ձգեց վրաս։ Համարը կ’ըսէ. «Ամէն պոռնիկ կամ պիղծ կամ ագահ, որ կռապաշտ է, Քրիստոսին ու Աստուծոյ թագաւորութեանը մէջ ժառանգութիւն չունի»։ Ես գիտէի, որ հեծելարշաւը կապ ունի բախտախաղին հետ եւ թէ այս մարզանքը կը ձգէ որ մարդիկ ագահ դառնան։ Խիղճս սկսաւ զիս տանջել։ Զգացի որ եթէ կ’ուզեմ Եհովա Աստուածը հաճեցնել, պէտք է այլեւս մրցումներու չմասնակցիմ։ Բայց այս որոշումը առնելը շատ դժուար էր։

Դեռ նոր վերջացուցած էի մրցումներու ամէնէն յաջող տարիս եւ շարունակելու մեծ փափաք ունէի։ Որպէսզի շարունակէի մրցումներ շահիլ, պէտք էր մրցակցելու զօրաւոր հոգի ունենայի։ Բայց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնս այդ մէկը տկարացուց՝ ինծի մտքի խաղաղութիւն տալով։ Ուսումնասիրելու սկսելէս ետք, միայն երեք անգամ մրցումներու մասնակցեցայ, բայց տակաւին կը սիրէի հեծելարշաւը։ Ասկէ զատ, չէի գիտեր ուրիշ կերպ մը, որով կրնայի ընտանիքիս ապրուստը ճարել։ Սկսայ չյառաջդիմել ո՛չ գործիս մէջ, ոչ ալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեանս մէջ։ Նոր կրօնքիս պատճառաւ, ազգականներս ինծի նեղութիւն տուին, իսկ հայրս մեծապէս յուսախաբ եղաւ։ Այսպէս, շատ ճնշուած զգացի, եւ ստամոքսիս մէջ վէրք եղաւ։

Այդ դժուար ժամանակին ընթացքին, երկու բաներ ինծի օգնեցին՝ շարունակել Աստուածաշունչը սերտել եւ Եհովայի վկաներու ժողովներուն ներկայ ըլլալ։ Կամաց–կամաց հաւատքս զօրացաւ։ Եհովայէն խնդրեցի որ աղօթքներս լսէ եւ ինծի օգնէ, որ տեսնեմ թէ անոնց կը պատասխանէ։ Ճնշումս աւելի թեթեւցաւ, երբ կինս ինծի ըսաւ, որ ուրախ ըլլալու համար ինք պէտք չունի մեծ տան մը մէջ ապրելու։ Այսպէս, դանդաղօրէն յառաջդիմեցի։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Փորձառաբար տեսայ, թէ Մատթէոս 6։33–ին մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը իրապէս ճշմարիտ են։ Ան ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին»։ Միշտ ունեցած ենք Յիսուսի յիշած «այդ բոլոր բաները», այսինքն՝ կեանքի հիմնական պէտքերը։ Թէեւ շատ աւելի նուազ դրամ կը շահիմ քան՝ երբ հեծելարշաւի կը մասնակցէի, բայց ես եւ ընտանիքս բնա՛ւ բանի մը պակասը չենք ունեցած վերջին 20 տարիներուն։

Ասկէ զատ, երբ հաւատակիցներուս հետ կրօնական գործունէութիւններու մէջ ժամանակ կ’անցընեմ, անանկ մէկ կ’ուրախանամ եւ գոհունակ կը զգամ, որ ասկէ առաջ բնաւ չէի զգացած։ Օրերը կը սահին, քանի որ Եհովային ծառայելով զբաղած կը մնամ։ Ընտանեկան կեանքս ալ մեծապէս բարելաւուած է։ Երեք տղաներս եւ անոնց կիները բոլորն ալ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ եղած են։