Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր

Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր

Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր

«Խելացին իր քայլերը կը քննէ» (ԱՌ. 14։15

1, 2. ա) Ի՛նչ որոշում ալ կայացնենք, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ամէն օր բազմաթիւ որոշումներ կը կայացնենք։ Շատերուն ազդեցութիւնները կարճատեւ են, իսկ ոմանք կրնան մեր կեանքին խորապէս ազդել։ Ի՛նչ որոշում ալ կայացնենք, ըլլայ մե՛ծ թէ պզտիկ, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է՝ Աստուած պատուել (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։31

2 Որոշումներ կայացնելը քեզի համար դիւրի՞ն բան մըն է, թէ ոչ մարտահրաւէր մըն է։ Եթէ կ’ուզենք քրիստոնէական հասունութեան դիմել, հարկ է որ սորվինք զատորոշել շիտակը սխալէն եւ ապա կայացնենք որոշումներ, որոնք մե՛ր համոզումները կ’արտացոլացնեն եւ ոչ թէ ուրիշինը (Հռով. 12։1, 2. Եբ. 5։14)։ Ի՞նչ են կարգ մը այլ անհրաժեշտ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ պէտք է սորվինք լաւ որոշումներ կայացնել։ Ինչո՞ւ զանոնք կայացնելը երբեմն դժուար է։ Եւ ի՞նչ քայլեր կրնանք առնել վստահ ըլլալու, թէ մեր կայացուցած որոշումները Աստուած կը պատուեն։

Ինչո՛ւ որոշումներ կայացնել

3. Ի՞նչ բանի թոյլ պէտք չէ տանք որ խանգարէ մեր որոշում կայացնելը։

3 Երբ հարցը առնչուած է աստուածաշնչական չափանիշներուն եւ մենք անվճռական ենք, մեր դպրոցակիցները կամ գործընկերները կրնան եզրակացնել, թէ մեր հաւատալիքներուն նկատմամբ իրապէս համոզուած չենք, ու հետեւաբար դիւրաւ կրնանք ազդուիլ։ Անոնք թերեւս ստեն, խարդախութիւն ընեն կամ գողնան, եւ ապա փորձեն մեզ համոզել որ ‘բազմութեան հետեւինք’, իրենց միանալով կամ առնուազն իրենց յանցանքները ծածկելով (Ել. 23։2)։ Սակայն անհատ մը, որ գիտէ ինչպէ՛ս Աստուած պատուող որոշումներ կայացնել, պիտի չարտօնէ որ վախը կամ ընդունելի ըլլալու փափաքը պատճառ ըլլայ, որ վարուի այնպիսի կերպով, որ Աստուածաշունչով մարզուած իր խղճմտանքին կը հակասէ (Հռով. 13։5

4. Ուրիշներ ինչո՞ւ թերեւս ուզեն մեր տեղը որոշումներ կայացնել։

4 Ոչ թէ ամէն ով որ կ’ուզէ մեր տեղը որոշումներ կայացնել, կը միտի մեզի վնասել։ Լաւ դիտաւորութիւն ունեցող բարեկամներ թերեւս պնդեն, որ իրենց խրատին հետեւինք։ Եթէ մեր ծնողքէն հեռու կ’ապրինք, հաւանաբար մեր ազգականները տակաւին խորապէս հետաքրքրուած են մեր բարօրութեամբ, եւ թերեւս անհրաժեշտ զգան որ շարունակեն մեր կայացնելիք կարեւոր որոշումներուն խառնուիլ։ Օրինակի համար, նկատի առ բժշկական դարմանումի հարցը։ Աստուածաշունչը արիւնի սխալ գործածութիւնը բացայայտօրէն կը դատապարտէ (Գործք 15։28, 29)։ Սակայն, առողջապահական խնամքին առնչուած այլ հարցեր յստակ չեն, եւ կը պահանջեն որ մեզմէ իւրաքանչիւրը անձնական որոշում կայացնէ, թէ ի՛նչ դարմանում պիտի ընդունի կամ մերժէ։ * Մեր սիրելիները կրնան այս հարցերուն շուրջ զօրաւոր կարծիքներ ունենալ։ Սակայն անոնց առնչութեամբ որոշումներ կայացնելու ատեն, իւրաքանչիւր մկրտուած քրիստոնեայ հարկ է որ պատասխանատուութեան «իր բեռը» կրէ (Գաղ. 6։4, 5)։ Մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է՝ բարի խղճմտանք պահպանել Աստուծո՛յ առջեւ, եւ ոչ թէ մարդոց առջեւ (Ա. Տիմ. 1։5

5. Ինչպէ՞ս կրնանք հաւատքի նաւակոծութենէն խուսափիլ։

5 Անվճռական ըլլալը կրնայ մեզ մեծ վտանգի տակ դնել։ Յակոբոս աշակերտ գրեց, թէ երկմիտ մարդը «անհաստատ է իր բոլոր ճամբաներուն մէջ» (Յակ. 1։8)։ Փոթորկալից ծովուն վրայ ծփացող անղեկ նաւակի մը մէջ եղող մարդու մը նման, ան պիտի տարուբերուի մարդկային փոփոխական կարծիքներով։ Որքա՜ն դիւրին է որ ան հաւատքի նաւակոծութեան ենթարկուի, ու յետոյ ուրիշները մեղադրէ իր տխուր կացութեան համար (Ա. Տիմ. 1։19)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ հետեւանքէն խուսափիլ։ Հարկ է որ «հաւատքին մէջ հաստատուած» ըլլանք (կարդա՛ Կողոսացիս 2։6, 7Հաստատուած ըլլալու համար, պէտք է սորվինք կայացնել որոշումներ, որոնք Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին հանդէպ մեր հաւատքը կ’արտացոլացնեն (Բ. Տիմ. 3։14-17)։ Սակայն ի՞նչ բան կրնայ լաւ որոշումներ կայացնելու մեր կարողութեան արգելք հանդիսանալ։

Որոշումներ կայացնելը ինչո՛ւ դժուար կրնայ ըլլալ

6. Վախը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի ազդել։

6 Վախը կրնայ մեզ անդամալուծել,– սխալ որոշում կայացնելու վախը, ձախորդութեան վախը կամ ուրիշներուն առջեւ յիմար երեւելու վախը։ Այդ մտահոգութիւնները հասկնալի են։ Ո՛չ ոք կ’ուզէ կայացնել տկար որոշում մը, որ նեղութիւն եւ հաւանաբար նախատինք կը պատճառէ։ Ասով հանդերձ, Աստուծոյ եւ իր Խօսքին հանդէպ սէրը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր վախերը թեթեւցնենք։ Ի՞նչ կերպերով։ Աստուծոյ սէրը մեզ պիտի մղէ, որ միշտ իր Խօսքին եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններուն դիմենք, նախքան կարեւոր որոշումներ կայացնելը։ Այսպէս, մեր ըրած սխալներուն թիւը պիտի նուազեցնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուածաշունչը կրնայ ‘միամիտներուն սրամտութիւն տալ ու երիտասարդներուն՝ գիտութիւն եւ հանճար’ (Առ. 1։4

7. Դաւիթ թագաւորի օրինակը ի՞նչ բան կրնայ մեզի սորվեցնել։

7 Միշտ շիտակ որոշումը պիտի կայացնե՞նք։ Ո՛չ։ Բոլորս սխալներ կը գործենք (Հռով. 3։23)։ Դաւիթ թագաւոր, զոր օրինակ, իմաստուն ու հաւատարիմ մարդ մըն էր։ Այսուհանդերձ, ան երբեմն խեղճ որոշումներ կայացուց, որոնք թէ՛ իրեն եւ թէ ուրիշներուն տառապանք պատճառեցին (Բ. Թագ. 12։9-12)։ Բայց եւ այնպէս, Դաւիթ իր սխալներուն թոյլ չտուաւ, որ աստուածահաճոյ որոշումներ կայացնելու իր կարողութիւնը տկարացնեն (Գ. Թագ. 15։4, 5)։ Հակառակ անցեալի սխալներուն, կրնա՛նք վճռական ըլլալ եթէ՝ Դաւիթին պէս՝ յիշենք թէ Եհովա մեր թերացումները պիտի անտեսէ եւ մեր մեղքերը պիտի ներէ։ Ան պիտի շարունակէ թիկունք կանգնիլ անո՛նց, որոնք զինք կը սիրեն ու կը հնազանդին (Սաղ. 51։1-4, 7-10

8. Ամուսնութեան մասին Պօղոս առաքեալի մեկնաբանութիւններէն ի՞նչ կը սորվինք։

8 Որոշումներ կայացնելու նկատմամբ մեր մտահոգութիւնը կրնանք թեթեւցնել։ Ինչպէ՞ս։ Գիտակցելով թէ երբեմն մէկէ աւելի ընտրութիւններ կան, որոնք շիտակ են։ Նկատի առ այն կերպը, որով Պօղոս առաքեալ ամուսնութեան նիւթին շուրջ պատճառաբանեց։ Ներշնչման ներքեւ՝ ան գրեց. «Եթէ մէկը ամօթ կը սեպէ որ իր կոյսը ամուսնութեան տարիքը անցուցեր է ու պէտք է ամուսնանայ (այս է բնականը), թող ամուսնացնէ, մեղք չի գործեր։ Բայց ան որ իր սրտին մէջ հաստատ կը կենայ ու իր վրայ ճնշում չկայ, ինք իր կամքին վրայ իշխանութիւն ունի ու իր սրտին մէջ որոշեր է որ կոյս մնայ, աղէկ կ’ընէ» (Ա. Կոր. 7։36-38)։ Պօղոս ամուրիութիւնը յանձնարարեց որպէս լաւագոյն ընթացքը, բայց ատիկա միակ շիտակ ընտրանքը չէր։

9. Պէ՞տք է հետաքրքրուինք թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս կը նկատեն մեր որոշումները. բացատրէ՛։

9 Արդեօք պէ՞տք է հետաքրքրուինք, թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս կը նկատեն մեր կայացուցած որոշումները։ Որոշ չափով՝ այո՛։ Նշմարէ թէ Պօղոս ի՛նչ ըսաւ կերակուրներ ուտելու մասին, որոնք թերեւս կուռքերու զոհուած էին։ Ան ընդունեց որ որոշում մը կրնայ ինքնին սխալ չըլլալ, բայց եւ այնպէս կրնայ տկար խղճմտանք ունեցողի մը վնաս հասցնել։ Պօղոսի որոշումը ի՞նչ էր։ Ան գրեց. «Եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ իմ եղբայրս, միս պիտի չուտեմ յաւիտեան՝ որպէս զի իմ եղբայրս չգայթակղեցնեմ» (Ա. Կոր. 8։4-13)։ Մենք ալ պէտք է նկատի առնենք թէ մեր որոշումները ինչպէ՛ս պիտի ազդեն ուրիշներու խղճմտանքին։ Անշուշտ, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է՝ թէ մեր ընտրութիւնները ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան Եհովայի հետ մեր բարեկամութեան վրայ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։1-4Ի՞նչ աստուածաշնչական սկզբունքներ մեզի պիտի օգնեն, որ Աստուած պատուող որոշումներ կայացնենք։

Վեց քայլեր՝ լաւ որոշումներ կայացնելու

10, 11. ա) Ընտանիքէն ներս ինչպէ՞ս կրնանք յանդուգն ըլլալէ խուսափիլ։ բ) Երէցները ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենան, երբ ժողովքին ազդող որոշումներ կը կայացնեն։

10 Յանդուգն ըլլալէ խուսափէ՛։ Գործընթաց մը ընտրելէ առաջ, հարկ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Այս որոշումը կայացնելը ինծի՞ կ’իյնայ’։ Սողոմոն թագաւոր գրեց. «Յանդգնութի՞ւն եկաւ, անպատուութիւն ալ պիտի գայ, բայց իմաստութիւնը համեստներուն հետ է» (Առ. 11։2, ՆԱ

11 Ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն պատեհութիւն տալ կարգ մը որոշումներ կայացնելու, բայց զաւակները պէտք չէ ստանձնեն այսպիսի հեղինակութիւն (Կող. 3։20)։ Կինն ու մայրը ընտանիքէն ներս որոշ հեղինակութիւն ունի, բայց պէտք է որ ամուսինին գլխաւորութիւնը ճանչնայ (Առ. 1։8. 31։10-18. Եփ. 5։23)։ Նմանապէս՝ ամուսինը պէտք է ընդունի որ իր հեղինակութիւնը սահմանափակ է, եւ թէ Քրիստոսին ենթակայ է (Ա. Կոր. 11։3)։ Երէցները ժողովքին ազդող որոշումներ կը կայացնեն։ Սակայն, անոնք վստահ կ’ըլլան որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ «գրուածէն աւելի բան մը չխորհի[ն]» (Ա. Կոր. 4։6)։ Անոնք նաեւ հաւատարիմ ծառայէն իրենց ստացած ուղղութեան սերտօրէն կը հետեւին (Մատ. 24։45-47)։ Կրնանք թէ՛ մեզ եւ թէ ուրիշները շատ մը մտահոգութիւններէ եւ վիշտերէ խնայել, եթէ համեստօրէն որոշումներ կայացնենք միայն երբ ատիկա ընելու հեղինակութիւնը շնորհուած է մեզի։

12. ա) Ինչո՞ւ հարկ է որ պրպտում ընենք։ բ) Բացատրէ՛ թէ անհատ մը ինչպէ՛ս կրնայ պրպտում ընել։

12 Պրպտում ըրէ՛։ Սողոմոն գրեց. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ» (Առ. 21։5)։ Օրինակի համար, եթէ աշխատանքի առաջարկ մը նկատի կ’առնես, թոյլ մի՛ տար որ զգացումներդ վրադ իշխեն։ Բոլոր յարակից իրողութիւնները հաւաքէ, այդ գործին ծանօթ եղողներուն խրատները փնտռէ, եւ կապ ունեցող աստուածաշնչական սկզբունքները զատորոշէ (Առ. 20։18)։ Պրպտումդ կազմակերպելու համար, երկու ցանկ պատրաստէ՛,– օգուտները մանրամասնող ցանկ եւ պարտաւորութիւններու ցանկ։ Նախքան որոշում մը կայացնելը, ‘ծախքը հաշիւ ըրէ’ (Ղուկ. 14։28)։ Նկատի առ թէ որոշումդ ի՛նչ հաւանական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն ֆինանսական հանգամանքիդ վրայ, այլ նաեւ հոգեւոր բարօրութեանդ վրայ։ Պրպտում ընելը ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ, բայց ատով կրնաս խուսափիլ արտորնօք որոշումներ կայացնելէ, որոնք անհարկի մտահոգութեան կ’առաջնորդեն։

13. ա) Յակոբոս 1։5–ի մէջ ի՞նչ երաշխիք կը գտնենք։ բ) Աղօթքով իմաստութիւն խնդրելը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։

13 Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ՛։ Մեր որոշումները Աստուած պիտի պատուեն, միայն երբ զինք հրաւիրենք որ մեզի օգնէ զանոնք կայացնելու։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի» (Յակ. 1։5)։ Ամօթ չէ ընդունիլ թէ Աստուծոյ իմաստութեան կարիք ունինք, որպէսզի որոշումներ կայացնենք (Առ. 3։5, 6)։ Ի վերջոյ, միայն մե՛ր հասկացողութեան ապաւինիլը կրնայ դիւրաւ մեզ մոլորեցնել։ Երբ աղօթքով իմաստութիւն կը խնդրենք եւ Աստուծոյ Խօսքին սկզբունքները կը փնտռենք, թոյլ կու տանք սուրբ հոգիին որ մեզի օգնէ, որ որոշ գործընթացի մը հետեւելու մեր փափաքին իսկական շարժառիթները զատորոշենք (Եբ. 4։12. կարդա՛ Յակոբոս 1։22-25

14. Ինչո՞ւ ձգձգող ըլլալէ պէտք է խուսափինք։

14 Որոշումը կայացո՛ւր։ Այս քայլը անմիջապէս մի՛ առներ, հապա նախ պրպտում ըրէ եւ աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ։ Իմաստուն անհատը ժամանակ կը տրամադրէ ‘իր քայլերը քննելու’ (Առ. 14։15)։ Միւս կողմէ, մի՛ յետաձգեր։ Ձգձգող անհատը գործի չանցնելու համար արտասովոր չքմեղանքներ կրնայ գտնել (Առ. 22։13)։ Բայց ան տակաւին որոշում մը կը կայացնէ,– իրականութեան մէջ, կ’որոշէ ուրիշներուն թոյլ տալ, որ իր կեանքը ղեկավարեն։

15, 16. Որոշում մը ի գործ դնելուն մէջ ի՞նչ պարփակուած է։

15 Որոշումը ի գործ դի՛ր։ Լաւ որոշում մը կայացնելու համար մեր թափած ջանքերը կրնան ի դերեւ ելլել, եթէ անոր չկառչինք ու ժրաջանութեամբ ի գործ չդնենք։ «Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ», գրեց Սողոմոն (Ժող. 9։10)։ Յաջողելու համար, մեր որոշումները ի գործ դնելու հարկ եղած միջոցները ապահովելու յօժար պէտք է ըլլանք։ Օրինակի համար, ժողովքին մէջ հրատարակիչ մը թերեւս որոշեց ռահվիրայութիւն ընել։ Ան պիտի յաջողի՞։ Հաւանաբար այո, եթէ ան թոյլ չտայ յաւելեալ աշխարհիկ գործերուն եւ զբօսանքին, որ իր ուժը սպառեն եւ իր ծառայութիւնը կատարելու հարկ եղած ժամանակը խլեն։

16 Հազուադէպ կը պատահի որ լաւագոյն որոշումները ամենայն դիւրութեամբ ի գործ դրուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհ. 5։19)։ Մենք պէտք է պատերազմինք ‘այս խաւար աշխարհին իշխաններուն դէմ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն դէմ’ (Եփ. 6։12)։ Պօղոս առաքեալ եւ Յուդա աշակերտ նշեցին, թէ անոնք որոնք կ’որոշեն Աստուած պատուել, պիտի ստիպուին պատերազմիլ կամ մրցիլ (Ա. Տիմ. 6։12. Յուդա 3

17. Ինչ կը վերաբերի մեր կայացուցած որոշումներուն, Եհովա մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։

17 Որոշումը վերաքաղ ըրէ՛ եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ ճշդումներ ըրէ՛։ Բոլոր որոշումները չեն որ կը գործադրուին ճիշդ ինչպէս որ ծրագրուած են։ «Ժամանակ ու դիպուած կը պատահին» մեր ամէնուն (Ժող. 9։11)։ Բայց եւ այնպէս, Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ, որ փորձութիւններ դիմագրաւելով հանդերձ, կարգ մը որոշումներու կառչինք։ Եհովային նուիրուելու կամ ամուսնական ուխտ կատարելու անհատի մը որոշումը անբանակցելի կամ անսակարկելի է։ Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ այսպիսի որոշումներու համաձայն ապրինք (կարդա՛ Սաղմոս 15։1, 2, 4Սակայն որոշումներուն մեծ մասը նուազ ծանրակշիռ է։ Իմաստուն անհատը իր կայացուցած որոշումները ատեն–ատեն վերաքաղ պիտի ընէ։ Ան հպարտութեան կամ յամառութեան թոյլ պիտի չտայ, որ իրեն արգելք ըլլայ որոշում մը ճշդելու կամ նոյնիսկ յեղաշրջելու (Առ. 16։18)։ Իր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է՝ վստահ ըլլալ, որ իր կեանքի ընթացքը կը շարունակէ Աստուած պատուել։

Ուրիշները մարզէ՛ որ Աստուած պատուող որոշումներ կայացնեն

18. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները մարզել որ լաւ որոշումներ կայացնեն։

18 Ծնողները շատ բան կրնան ընել իրենց զաւակներուն օգնելու, որ Աստուած պատուող որոշումներ կայացնելու կերպը սորվին։ Ընտիր օրինակ հանդիսանալը լաւագոյն ուսուցիչներէն մէկն է (Ղուկ. 6։40)։ Երբ յարմար է, ծնողներ կրնան իրենց զաւակներուն բացատրել, թէ իրե՛նք ինչ քայլեր առին, որպէսզի որոշ որոշում մը կայացնեն։ Անոնք նաեւ կրնան իրենց զաւակներուն թոյլ տալ, որ ինքնուրոյնաբար կարգ մը որոշումներ կայացնեն, եւ ապա զանոնք գովել, երբ որոշումը յաջողի։ Իսկ եթէ զաւակ մը խեղճ որոշում կայացնէ, ծնողի մը առաջին հակազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ՝ զինք հետեւանքներէն պաշտպանել. բայց այսպէս ընելը միշտ զաւակին օգտին պիտի չծառայէ։ Օրինակ՝ ծնող մը կրնայ զաւակին թոյլ տալ, որ ինքնաշարժ քշելու արտօնագիր ձեռք բերէ։ Ենթադրենք որ զաւակը երթեւեկի կանոն մը խախտելով տուգանք ստացաւ։ Ծնողը կրնայ տուգանքը վճարել։ Սակայն, եթէ զաւակէն պահանջուի որ վճարուած գումարը ապահովելու համար աշխատի, աւելի հաւանական պիտի ըլլայ որ ան սորվի իր արարքներուն համար պատասխանատու ըլլալ (Հռով. 13։4

19. Մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն ի՞նչ պէտք է սորվեցնենք, եւ ինչպէ՞ս կրնանք ասիկա ընել։

19 Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ ուրիշներուն սորվեցնեն (Մատ. 28։20)։ Լաւ որոշումներ կայացնելու կերպը կարեւորագոյն դասերէն մէկն է, զոր Աստուածաշունչի աշակերտներուն կրնանք սորվեցնել։ Ասիկա ազդու կերպով ընելու համար, հարկ է որ խուսափինք անոնց ըսելէ թէ ի՛նչ ընեն։ Մեզի աւելի լաւ է, որ անոնց սորվեցնենք որ խորհրդածեն Աստուածաշունչի սկզբունքներուն մասին, որպէսզի կարենան անձամբ որոշել թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուին։ Վերջ ի վերջոյ, «մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար» (Հռով. 14։12)։ Հետեւաբար, բոլորս անհրաժեշտ պատճառ ունինք Աստուած պատուող որոշումներ կայացնելու։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Այս նիւթին քննարկման համար, տե՛ս «Արեան կոտորակները եւ արիւնս պարփակող բժշկական գործընթացները ի՞նչպէս կը նկատեմ» յաւելուածը, հրատարակուած՝ նոյեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 3-6։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Որոշումներ կայացնելու կերպը ինչո՞ւ պէտք է սորվինք։

• Վախը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի ազդել, եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր վախերը յաղթահարել։

• Ի՞նչ վեց քայլեր կրնանք առնել, վստահ ըլլալու թէ մեր որոշումները Աստուած կը պատուեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 18]

Լաւ որոշումներ կայացնելու քայլեր

1 Յանդուգն ըլլալէ խուսափէ՛

2 Պրպտում ըրէ՛

3 Աղօթքով իմաստութիւն խնդրէ՛

4 Որոշումը կայացո՛ւր

5 Որոշումը ի գործ դի՛ր

6 Վերաքաղ ու ճշդումներ ըրէ՛

[Նկար՝ էջ 17]

Անվճռական անհատը կը նմանի մարդու մը, որ փոթորկալից ծովուն վրայ ծփացող անղեկ նաւակի մէջ է