Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Հոգիին պտուղը» Աստուած կը փառաւորէ

«Հոգիին պտուղը» Աստուած կը փառաւորէ

«Հոգիին պտուղը» Աստուած կը փառաւորէ

«Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք շատ պտուղ բերէք» (ՅՈՎՀ. 15։8, ԱԾ

1, 2. ա) Ուրիշները քաջալերելու ի՞նչ պատեհութիւններ ունինք։ բ) Եհովայի ո՞ր պարգեւը կը բարելաւէ իրեն ծառայելու մեր կարողութիւնը։

ՆԿԱՏԻ առ երկու պարագայ. քրիստոնեայ կին մը կը նշմարէ թէ իրմէ պզտիկ քոյր մը մտազբաղ կը թուի։ Ան կարգադրութիւններ կ’ընէ որ անոր հետ դաշտի ծառայութեան ելլէ։ Մինչ դռներու միջեւ կը խօսակցին, քոյրը կը սկսի զինք նեղացնող հարցը պատմել։ Յետոյ, նոյն օրը, ան աղօթքով Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնէ՝ հասուն քրոջ ցուցաբերած սիրալիր հետաքրքրութեան համար, որուն իսկապէս պէտք ունէր։ Ուրիշ տեղ մը, զոյգ մը օտար երկրի մը մէջ քարոզելէն վերջերս վերադարձած է։ Հաւաքոյթի մը մէջ, մինչ անոնք խանդավառօրէն փորձառութիւններ կը պատմեն, պատանի եղբայր մը լուռ ու մունչ մտիկ կ’ընէ։ Քանի մը տարի ետք, մինչ ան կը պատրաստուի որ օտար երկրի մը մէջ քարոզելու ի՛ր նշանակումը կատարէ, կը մտաբերէ այդ զոյգը եւ զրոյցը, որ միսիոնար մը ըլլալու փափաքը իր մէջ դրաւ։

2 Թերեւս այս պարագաները քեզի կը յիշեցնեն մէկը, որ կեանքիդ մէջ փոփոխութիւն մը մտցուց, կամ մէկը՝ որուն կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունեցար։ Անշուշտ, հազուադէպ կը պատահի որ մէկ զրոյց անհատի մը կեանքը փոխէ, բայց ամէն օր պատեհութիւններ ունինք ուրիշները քաջալերելու եւ զօրացնելու։ Երեւակայէ թէ կար բան մը որ կարողութիւններդ եւ յատկութիւններդ պիտի բարելաւէր, զանոնք աւելի օգտակար դարձնելով եղբայրներուդ եւ աւելի գործածելի՝ Աստուծոյ։ Ասիկա հիանալի պիտի չը՞լլար։ Իրականութեան մէջ, Եհովա ճիշդ այսպիսի պարգեւ մը կու տայ մեզի, որ է՝ իր սուրբ հոգին (Ղուկ. 11։13)։ Մինչ Աստուծոյ հոգին մեր կեանքին մէջ կը ներգործէ, մեր մէջ յառաջ կը բերէ գեղեցիկ յատկութիւններ, որոնք Աստուծոյ մատուցանած մեր ծառայութեան իւրաքանչիւր երեսակը կը բարելաւեն։ Ի՜նչ հոյակապ պարգեւ մը (կարդա՛ Գաղատացիս 5։22, 23

3. ա) «Հոգիին պտուղը» մշակելը ինչպէ՞ս Աստուած կը փառաւորէ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Սուրբ հոգիին յառաջ բերած յատկութիւնները իր Աղբիւրին՝ Եհովա Աստուծոյ անձնաւորութիւնը կ’արտացոլացնեն (Կող. 3։9, 10)։ Յիսուս գլխաւոր պատճառը նշեց, թէ քրիստոնեաները ինչո՛ւ պէտք է ջանան Աստուած ընդօրինակել, երբ իր առաքեալներուն ըսաւ. «Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք շատ պտուղ բերէք» (Յովհ. 15։8, ԱԾ * Մինչ «Հոգիին պտուղը» կը մշակենք, արդիւնքը յայտնի կ’ըլլայ մեր խօսելակերպով ու գործելակերպով. ասիկա, իր կարգին, մեր Աստուծոյն փառաբանութիւն կը բերէ (Մատ. 5։16)։ Հոգիին պտուղը ի՞նչ կերպերով տարբեր է Սատանայի աշխարհին յատկանիշներէն։ Ինչպէ՞ս կրնանք հոգիին պտուղը մշակել։ Ասիկա ընելը ինչո՞ւ կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնենք, մինչ կը քննարկենք հոգիին պտուղին առաջին երեք երեսակները,– սէր, խնդութիւն ու խաղաղութիւն։

Աւելի բարձր սկզբունքի վրայ հիմնուած սէր

4. Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ ի գործ դնեն ի՞նչ տեսակի սէր։

4 Սուրբ հոգիին յառաջ բերած սէրը ուշագրաւօրէն տարբեր է այն սիրոյ տեսակէն, որ աշխարհին մէջ սովորական է։ Ինչպէ՞ս։ Ատիկա աւելի բարձր սկզբունքի մը վրայ հիմնուած է։ Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս այս տարբերութիւնը ընդգծեց (կարդա՛ Մատթէոս 5։43-48Ան նշեց որ նոյնիսկ մեղաւորները հակամէտ են ուրիշներուն հետ վարուելու, ինչպէս որ ուրիշներ իրենց հետ կը վարուին։ Այդպիսի «սէր» իսկական զոհողութիւն չի պարփակեր, հապա համահաւասար է բարիքներու փոխանակութեան։ Եթէ ‘մեր երկնաւոր Հօրը որդիներն ըլլալ’ կ’ուզենք, պէտք է որ տարբեր ըլլանք։ Փոխանակ ուրիշներուն հետ վարուելու՝ ինչպէս որ մեզի հետ կը վարուին, հարկ է որ ուրիշները նկատենք ու անոնց հետ վարուինք ինչպէս որ Եհովան կը նկատէ ու կը վարուի։ Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է որ մեր թշնամիները սիրենք, ինչպէս որ Յիսուս պատուիրեց։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք մեզ հալածողներուն հանդէպ սէր ցուցաբերել։

5 Աստուածաշնչական օրինակ մը նկատի առ։ Փիլիպպէի մէջ քարոզելու ժամանակ, Պօղոս ու Շիղա ձերբակալուեցան, դաժանօրէն ծեծուեցան ու նետուեցան ներսի բանտին մէջ, ուր անոնց ոտքերը կոճղի մէջ ամրացուեցան։ Այդ ընթացքին, շատ հաւանաբար բանտապետն ալ անոնց հանդէպ գէշ վերաբերմունք ցուցաբերեց։ Երբ շարժի մը պատճառաւ անոնք անսպասելիօրէն ազատուեցան, արդեօք անոնց հաճելի եղա՞ւ որ բանտապետէն վրէժ լուծեն։ Ո՛չ։ Անոր բարօրութեամբ անկեղծօրէն հետաքրքրուիլը,– իրենց անձնազոհ սէրը,– զիրենք մղեց որ անոր ի նպաստ արագ գործեն, բանտապետին եւ անոր ամբողջ տան առջեւ ճամբան հարթելով որ հաւատացեալներ դառնան (Գործք 16։19-34)։ Արդի ժամանակներուն, նմանապէս մեր եղբայրներէն շատեր ‘հալածողները օրհնելու’ ընթացքին հետեւած են (Հռով. 12։14

6. Ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր եղբայրներուն հանդէպ անձնազոհ սէր ցուցաբերել (տե՛ս էջ 25–ի շրջանակը)։

6 Հաւատակիցներու հանդէպ մեր սէրը աւելի անդին կ’երթայ։ Մենք «պարտաւոր ենք մեր եղբայրներուն համար տալ մեր կեանքը» (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։16-18Բայց շատ յաճախ, կրնանք պզտիկ կերպերով սէր ցոյց տալ։ Օրինակի համար, եթէ ըսենք կամ ընենք բան մը որ եղբայր մը կ’ընդվզեցնէ, կրնանք սէր ցուցաբերել՝ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար նախաքայլը առնելով (Մատ. 5։23, 24)։ Իսկ եթէ մէկը մեզ ընդվզեցնէ. . . ։ Պատրա՞ստ ենք «ներող» ըլլալու, թէ ոչ ատեններ հակամէտ կ’ըլլանք ոխ պահելու (Սաղ. 86։5)։ Սուրբ հոգիին յառաջ բերած սրտագին սէրը կրնայ մեզի օգնել որ աննշան յանցանքները ծածկենք, ազատօրէն ուրիշներուն ներելով, ‘ինչպէս Քրիստոս [«Եհովան», ՆԱ] մեզի ներեց’ (Կող. 3։13, 14. Ա. Պետ. 4։8

7, 8. ա) Մարդոց հանդէպ սէրը եւ Աստուծոյ հանդէպ սէրը ինչպէ՞ս իրարու հետ կապ ունին։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հանդէպ մեր սէրը խորացնել (տե՛ս վարի պատկերը)։

7 Ինչպէ՞ս կրնանք մեր եղբայրներուն հանդէպ անձնազոհ սէր մշակել։ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը խորացնելով (Եփ. 5։1, 2. Ա. Յովհ. 4։9-11, 20, 21)։ Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ աղօթքով Եհովայի հետ մեր անցուցած մտերիմ պահերը, մեր սիրտը կը զօրացնեն եւ մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր սէրը կ’աճեցնեն։ Սակայն, Աստուծոյ մօտենալու համար, հարկ է որ ժամանակը ծախու առնենք։

8 Լուսաբանենք. երեւակայէ որ կարելի ըլլար ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալ, ատոր վրայ խոկալ եւ Եհովային աղօթել միայն որոշ մէկ ժամուան մէջ։ Այդ ժամին վրայ ուշի ուշով պիտի չհսկէի՞ր, որպէսզի ո՛չ մէկ բան Եհովայի հետ քու անձնական ժամանակդ խանգարէր։ Անշուշտ ո՛չ ոք կրնայ Աստուծոյ աղօթելը սահմանափակել, եւ մեր մեծամասնութիւնը կրնա՛յ Աստուածաշունչը կարդալ երբոր կ’ուզէ։ Այսուհանդերձ, թերեւս կարիք ունենանք քայլեր առնելու, որ թոյլ չտանք փոթորկանման առօրեայ գործունէութիւններուն, որ Աստուծոյ հետ մեր անձնական ժամանակը խախտեն։ Իւրաքանչիւր օր կարելի եղածին չափ շատ ժամանակ ծախու կ’առնե՞ս որ Եհովային մօտենաս։

«Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնը»

9. Սուրբ հոգիին յառաջ բերած խնդութեան կամ ուրախութեան մէկ յատկանիշը ի՞նչ է։

9 Հոգիին պտուղին ուշագրաւ յատկանիշ մըն է՝ իր կայունութիւնը։ Խնդութիւնը կամ ուրախութիւնը, որ մեր քննարկելիք երկրորդ երեսակն է, այս ճկունութիւնը կը լուսաբանէ։ Ուրախութիւնը կը նմանի մշտադալար բոյսի մը, որ նոյնիսկ անբարենպաստ միջավայրի մը մէջ կրնայ բարգաւաճիլ։ Համայն աշխարհին մէջ, Աստուծոյ ծառաներէն շատեր ‘ընդունած են խօսքը շատ նեղութեան մէջ սուրբ հոգիին ուրախութիւնովը’ (Ա. Թես. 1։6)։ Ոմանք դժուարութիւններ եւ զրկանքներ կը դիմագրաւեն։ Բայց Եհովա իր հոգիին միջոցով զանոնք կ’ուժովցնէ՝ որպէսզի «ուրախութեամբ համբերող եւ համբերատար ըլլա[ն]» (Կող. 1։11, ԱԾ)։ Այս ուրախութեան աղբիւրը ի՞նչ է։

10. Մեր ուրախութեան աղբիւրը ի՞նչ է։

10 Ի տարբերութիւն Սատանայի աշխարհին «անստոյգ հարստութեան», Եհովայէն մեր ստացած հոգեւոր գանձերը մնայուն արժէք ունին (Ա. Տիմ. 6։17. Մատ. 6։19, 20)։ Ան մեր առջեւ կը դնէ անվերջ ապագայի մը ուրախալի հեռանկարը։ Աշխարհածաւալ քրիստոնէական եղբայրութեան մէկ մասը ըլլալով կ’ուրախանանք։ Գլխաւորաբար, մեր ուրախութիւնը հիմնուած է Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութեան վրայ։ Մենք կը բաժնենք Դաւիթի արտայայտած զգացումները, որ թէպէտ ստիպուած էր որպէս փախստական ապրիլ, Եհովան փառաբանեց, գովերգելով. «Քու ողորմութիւնդ կեանքէն աղէկ է։ Իմ շրթունքներս քեզ պիտի գովեն։ Այսպէս պիտի օրհնեմ քեզ իմ կեանքիս ընթացքին» (Սաղ. 63։3, 4)։ Նոյնիսկ երբ նեղութիւններ կը դիմագրաւենք, մեր սրտէն ուրախալի փառաբանութիւն կը բխի Աստուծոյ։

11. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ուրախութեամբ Եհովային ծառայենք։

11 Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաները յորդորեց. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք» (Փլպ. 4։4)։ Ինչո՞ւ կարեւոր է, որ քրիստոնեաները ուրախութեամբ Եհովային ծառայեն։ Եհովայի գերիշխանութեան առնչութեամբ Սատանայի յարուցած հարցին պատճառով։ Սատանան կը դաւանի թէ ո՛չ ոք յօժար սրտով Աստուծոյ կը ծառայէ (Յոբ 1։9-11)։ Եթէ Եհովային ծառայէինք առ ի պարտականութիւն եւ առանց ուրախութեան, մեր օրհնութեան պատարագը կէսկատար պիտի ըլլար։ Ուստի կը ջանանք անսալ սաղմոսերգուին յորդորին. «Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը ուրախութեամբ. անոր առջեւ կեցէք ցնծութեամբ» (Սաղ. 100։2)։ Ուրախ, յօժարակամ սրտէն մատուցուած ծառայութիւնը Աստուած կը փառաւորէ։

12, 13. Ի՞նչ կրնանք ընել, որ ժխտական զգացումներուն դէմ պայքարինք։

12 Սակայն իրականութեան մէջ, նոյնիսկ Եհովային նուիրուած ծառաներուն համար պիտի ըլլան ժամանակներ, երբ պիտի վհատին եւ դրական հայեցակէտ մը պահպանելու համար պիտի պայքարին (Փլպ. 2։25-30)։ Այդպիսի ժամանակներու ընթացքին, ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել։ Եփեսացիս 5։18, 19–ն կ’ըսէ. «Հոգիո՛վ լեցուեցէք։ Սաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը ձեր սրտերուն մէջ»։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ խրատը կիրարկել։

13 Երբ ժխտական զգացումներ մեզ պատեն, կրնանք աղօթքով Եհովային աղերսել ու ջանալ գովասանքի արժանի բաներու վրայ խոկալ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6-9Ոմանք կը նկատեն որ մեր Թագաւորութեան երգերու ձայնագրութիւններուն ցած ձայնով հետեւիլը, իրենց տրամադրութիւնը կը բարեփոխէ եւ իրենց մտածումին տարբեր ուղղութիւն կու տայ։ Եղբայր մը որ դիմագրաւեց ծանր փորձութիւն մը, որ զինք յաճախ կը վհատեցնէր ու յուսախաբ կ’ընէր, կը մտաբերէ. «Կանոնաւորաբար սրտանց աղօթելու կողքին, քանի մը Թագաւորութեան երգեր գոց սորվեցայ։ Ըլլայ բարձրաձա՛յն թէ մտքիս մէջ, Եհովան փառաբանող այս գեղեցիկ երգերը երգելը անդորրութիւն բերաւ սրտիս։ Նաեւ, այդ ատենները, Եհովայի մօտեցիր գիրքը լոյս տեսաւ։ Յաջորդ տարուան ընթացքին, զայն երկու անգամ կարդացի։ Ատիկա սրտիս համար ամոքիչ բալասանի մը պէս էր։ Գիտեմ թէ Եհովան իմ ջանքերս օրհնեց»։

«Խաղաղութեան կապը»

14. Սուրբ հոգիին յառաջ բերած խաղաղութեան ուշագրաւ մէկ երեսակը ի՞նչ է։

14 Մեր միջազգային համաժողովներուն մէջ, բազմազան ենթահողերէ եկած պատուիրակներ՝ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ընկերակցելէն հաճոյք կ’առնեն։ Այդպիսի տեսարաններ ցցուն կ’ընեն Աստուծոյ ժողովուրդին վայելած խաղաղութեան մէկ երեսակը,– մեր համաշխարհային միութիւնը։ Դիտորդներ յաճախ կը հիանան, երբ կը տեսնեն մարդիկ, որոնցմէ կ’ակնկալեն որ իրարու հետ թշնամութեան մէջ ըլլան, կը ջանան «Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը խաղաղութեան կապովը պահել» (Եփ. 4։3)։ Այս միութիւնը իրապէս ուշագրաւ է, այն բաներուն ի տես, զորս շատեր պէտք է յաղթահարեն։

15, 16. ա) Պետրոսի ենթահողը ի՞նչ էր, եւ իրեն համար ատիկա ինչպէ՞ս մարտահրաւէր մը եղաւ։ բ) Եհովա ինչպէ՞ս Պետրոսին օգնեց, որ իր կեցուածքը ճշդէ։

15 Տարբեր ենթահողերէ եկող անհատներ միութեան մէջ բերելը մարտահրաւէր մըն է։ Որպէսզի ըմբռնենք թէ ի՛նչ բան հարկ է որ յաղթահարուի այդ միութեան հասնելու համար, առաջին դարու օրինակ մը նկատի առնենք, որ է Պետրոս առաքեալ։ Անթլփատ հեթանոսներու նկատմամբ անոր կեցուածքը յայտնի կ’ըլլայ իր խօսքերէն. «Դուք գիտէք թէ օրինաւոր բան չէ Հրեայ մարդու մը օտարազգիի մը հետ հաղորդակցութիւն ընելը կամ անոր մօտենալը. բայց Աստուած ինծի ցուցուց, որ ոեւէ մարդու պիղծ կամ անմաքուր չըսեմ» (Գործք 10։24-29. 11։1-3)։ Այդ ատեն հասարակ եղող տեսակէտի մը հիման վրայ, Պետրոս ակներեւօրէն մեծցաւ՝ հաւատալով թէ Օրէնքը զինք կը պարտաւորէր որ միայն հրեաները սիրէր։ Թերեւս իրեն համար բոլորովին բնական բան մը կը թուէր, որ հեթանոսները ատելի թշնամիներ սեպէր։ *

16 Միայն մտապատկերէ այն տակնուվրայութիւնը զոր Պետրոս հաւանաբար զգաց, երբ Կոռնելիոսին տունը մտաւ։ Միթէ անհատ մը, որ նախապէս հեթանոսներուն նկատմամբ ժխտական տեսակէտներ ունէր, կրնա՞ր «խաղաղութեան կապով» անոնց հետ «մէկտեղ կազմուած» ըլլալ (Եփ. 4։3, 16)։ Այո՛, որովհետեւ միայն քանի մը օր առաջ, Աստուծոյ հոգին Պետրոսին սիրտը բացեր էր, զինք կարող դարձնելով որ սկսէր իր կեցուածքը ճշդել եւ իր կանխադատութիւնը յաղթահարել։ Տեսիլքի մը միջոցով, Եհովա իրեն յստակացուց, թէ ցեղը կամ ազգութիւնը չէ որ մարդոց նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը կ’որոշէ (Գործք 10։10-15)։ Հետեւաբար, Պետրոս կրցաւ Կոռնելիոսին ըսել. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։ Պետրոս փոխուեցաւ, եւ ամբողջ ‘եղբայրութեան’ իրապէս միացաւ (Ա. Պետ. 2։17

17. Աստուծոյ ժողովուրդին վայելած միութիւնը ինչպէ՞ս ուշագրաւ է։

17 Պետրոսի փորձառութիւնը մեզի կ’օգնէ, որ գնահատենք այն ուշագրաւ փոխակերպութիւնը որ ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ տեղի կ’ունենայ (կարդա՛ Եսայի 2։3, 4«Բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» միլիոնաւորներ իրենց մտածելակերպը փոխած են, որպէսզի համակերպին «Աստուծոյ կամք[ին], որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Յայտ. 7։9. Հռով. 12։2)։ Ատեն մը, անոնցմէ շատեր մխրճուած էին Սատանայի աշխարհի ատելութիւններուն, թշնամութիւններուն եւ բաժանումներուն մէջ։ Բայց Աստուծոյ Խօսքի ուսումնասիրութեան միջոցով եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ, անոնք սորված են «իրարու հետ խաղաղութեամբ» ապրիլ (Հռով. 14։19)։ Յառաջ եկած միութիւնը Աստուծոյ փառաբանութիւն կը բերէ։

18, 19. ա) Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել ժողովքին խաղաղութեան եւ միութեան։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

18 Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինչպէ՞ս կրնայ նպաստել Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ եղած խաղաղութեան եւ միութեան։ Բազմաթիւ ժողովքներու մէջ կան անհատներ, որոնք օտար երկրէ մը փոխադրուած են։ Ոմանք կրնան տարբեր սովորութիւններ ունենալ կամ մեր լեզուն սահունութեամբ չխօսիլ։ Արդեօք կը ջանա՞նք անոնց հետ հաղորդակցիլ։ Աստուծոյ Խօսքը կը յանձնարարէ որ այս ընթացքին հետեւինք։ Հռոմի ժողովքին գրելով, որուն մէջ կային թէ՛ հրեայ եւ թէ հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներ, Պօղոս նշեց. «Մէկզմէկ ընդունեցէք, ինչպէս Քրիստոս մեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար» (Հռով. 15։7)։ Ժողովքիդ մէջ կա՞յ մէկը, որուն կրնաս աւելի լաւ ծանօթանալ։

19 Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել սուրբ հոգիին թոյլ տալու, որ մեր կեանքին մէջ ներգործէ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումը նկատի պիտի առնէ, մինչ հոգիին պտուղին մնացեալ երեսակները կը քննարկենք։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 Յիսուսի նշած պտուղը կը պարփակէ թէ՛ «Հոգիին պտուղը» եւ թէ «շրթունքներուն պտուղը», զոր քրիստոնեաներ Աստուծոյ կը մատուցանեն՝ Թագաւորութեան քարոզչութեան միջոցով (Եբ. 13։15

^ պարբ. 15 Ղեւտացւոց 19։18–ը կ’ըսէ. «Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛»։ Հրեայ կրօնական առաջնորդներ ըսին, թէ «քու ժողովուրդիդ որդիներ»ը եւ «քու ընկերդ» միայն հրեաներուն կ’ակնարկէին։ Օրէնքը պահանջեց որ իսրայէլացիները միւս ազգերէն անջատ մնան։ Բայց ատիկա չհաստատեց առաջին դարու կրօնական առաջնորդներուն յառաջ մղած տեսակէտը, թէ բոլոր ոչ–հրեաները թշնամիներ էին եւ անհատապէս պէտք էր ատուէին։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Ինչպէ՞ս կրնանք մեր եղբայրներուն հանդէպ անձնազոհ սէր ցուցաբերել։

• Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ուրախութեամբ Աստուծոյ ծառայենք։

• Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքին խաղաղութեան եւ միութեան նպաստել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 25]

«Ասո՛նք են ճշմարիտ քրիստոնեաները»

Գիրք մը (Between Resistance and Martyrdom—Jehovah’s Witnesses in the Third Reich) կը նշէ երիտասարդ հրեայ բանտարկեալի մը մեկնաբանութիւնները, որոնց մէջ ան կը նկարագրէ իր առաջին հանդիպումը Եհովայի վկաներուն հետ, Նոյենկամմէ համակեդրոնացման ճամբարը հասնելէ ետք.

«Երբ մենք հրեաներս Տախաուէն եկանք ու ճամբարը մտանք, միւս հրեաները անմիջապէս սկսան պահել ի՛նչ որ ունէին, որպէսզի չստիպուին իրենց ունեցածը մեզի հետ բաժնել։ . . .Դուրսը, մենք իրարու կ’օգնէինք։ Բայց հոս, մահու եւ կենաց վիճակի մը մէջ, ամէն անհատի առաջին հոգն է՝ իր անձը ազատել, ուրիշները մոռնալով։ Բայց մտապատկերէ թէ Աստուածաշունչի Աշակերտները ինչ կ’ընէին։ Այդ ատեն, անոնք ստիպուած էին ծանր աշխատիլ, ջուրի որոշ խողովակներ նորոգելով։ Օդը ցուրտ էր, եւ անոնք ամբողջ օրը շատ պաղ ջուրի մէջ կը կանգնէին։ Ո՛չ ոք հասկցաւ թէ անոնք ինչպէ՛ս կրնային այս բանին դիմանալ։ Անոնք ըսին որ Եհովան իրենց ոյժ կու տայ։ Անոնք մեզի պէս ճարահատօրէն պէտք ունէին իրենց հացին, քանի որ անօթի էին։ Բայց անոնք ի՞նչ կ’ընէին։ Անոնք իրենց ունեցած բոլոր հացերը հաւաքեցին, կէսը իրենց համար առին, իսկ միւս կէսը տուին իրենց հաւատակիցներուն, որոնք Տախաուէն նոր հասեր էին։ Եւ անոնք զանոնք ողջունեցին ու համբուրեցին։ Ուտելէն առաջ, անոնք աղօթեցին։ Ետքը, բոլորն ալ գոհունակ եւ ուրախ էին։ Անոնք ըսին թէ այլեւս անօթի չէին։ Ուստի, ա՛յդ ատեն էր որ մտքիս մէջ ըսի՝ ասո՛նք են ճշմարիտ քրիստոնեաները»։

[Նկարներ՝ էջ 23]

Ամէն օր այլ գործունէութիւններէ ժամանակ ծախու կ’առնե՞ս, որպէսզի Եհովային մօտենաս