Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ հոգիին թոյլ կու տա՞ս որ քեզ առաջնորդէ

Աստուծոյ հոգիին թոյլ կու տա՞ս որ քեզ առաջնորդէ

Աստուծոյ հոգիին թոյլ կու տա՞ս որ քեզ առաջնորդէ

«Թող քու բարի Հոգիդ զիս ուղիղ երկիրը առաջնորդէ» (ՍԱՂ. 143։10

1, 2. ա) Նշէ՛ կարգ մը պարագաներ, ուր Եհովան իր սուրբ հոգին գործածեց ի նպաստ իր ծառաներուն։ բ) Սուրբ հոգիին գործունէութիւնը մասնաւոր պարագաներու սահմանափակուա՞ծ է. բացատրէ՛։

ԵՐԲ սուրբ հոգիին գործունէութեան մասին կը խորհիս, միտքդ ի՞նչ կու գայ։ Գեդէօնի եւ Սամփսոնի հզօր արարքնե՞րը կը մտապատկերես (Դատ. 6։33, 34. 15։14, 15)։ Թերեւս կը մտածես նախկին քրիստոնեաներու համարձակութեան մասին, կամ Ստեփանոսի հանդարտութեան մասին երբ Սենետրիոնի առջեւ ներկայացաւ (Գործք 4։31. 6։15)։ Արդի ժամանակներուն, ի՞նչ կ’ըսես այն ուրախութեան մասին որ կը վխտայ մեր միջազգային համաժողովներուն մէջ, մեր եղբայրներուն ուղղամտութեան մասին՝ որոնք իրենց չէզոքութեան պատճառով բանտարկուած են, եւ քարոզչութեան ուշագրաւ աճին մասին։ Այս բոլոր օրինակները կը փաստեն սուրբ հոգիին գործունէութիւնը։

2 Արդեօք սուրբ հոգին միայն մասնայատո՞ւկ կամ արտասովո՞ր պարագաներուն է որ կը գործէ։ Ո՛չ։ Աստուծոյ Խօսքը քրիստոնեաներու՝ ‘հոգիով երթալուն’, ‘հոգիէն առաջնորդուելուն’ եւ ‘հոգիով ապրելուն’ մասին կը խօսի (Գաղ. 5։16, 18, 25)։ Այս արտայայտութիւնները կը մատնանշեն, թէ սուրբ հոգին կրնա՛յ շարունակաբար ազդեցութիւն բանեցնել մեր կեանքին վրայ։ Ամէն օր պէտք է Եհովայէն աղաչենք որ իր հոգիին միջոցով ուղղութիւն տայ մեր մտածելակերպին, խօսակցութեան եւ արարքներուն (կարդա՛ Սաղմոս 143։10Երբ թոյլ կու տանք հոգիին որ մեր կեանքին մէջ ազատօրէն ներգործէ, մեր մէջ պիտի արտադրէ պտուղ մը, որ ուրիշները կը թարմացնէ եւ Աստուծոյ փառաբանութիւն կը բերէ։

3. ա) Ինչո՞ւ կարիք ունինք սուրբ հոգիով առաջնորդուելու։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Ինչո՞ւ կենսական է որ սուրբ հոգիով առաջնորդուինք։ Քանի որ ուրիշ ոյժ մը կը ջանայ մեզի տիրապետել, ոյժ մը որ սուրբ հոգիին գործունէութեան հակառակ կը կենայ։ Սուրբ Գրութիւնները այդ ուժը կը կոչեն «մարմին», որ կ’ակնարկէ մեր ինկած մարմնի մեղաւոր հակումներուն, որպէս Ադամի զարմ մեր ստացած անկատարութեան ժառանգութիւնը (կարդա՛ Գաղատացիս 5։17Արդ՝ ի՞նչ կը պարփակէ թոյլ տալը, որ մեր անձը Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուի։ Կա՞ն գործնական քայլեր, զորս կրնանք առնել մեր մեղաւոր մարմնին բանեցուցած ճնշումին դէմ դնելու համար։ Նկատի առնենք այս հարցումները, մինչ կը քննարկենք «Հոգիին պտուղ»ին մնացեալ վեց երեսակները, որոնք են՝ «երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն [«հաւատք», ՆԱ], հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (Գաղ. 5։22, 23

Հեզութիւնն ու երկայնմտութիւնը ժողովքին մէջ խաղաղութիւն կը յառաջացնեն

4. Հեզութիւնն ու երկայնմտութիւնը ժողովքին մէջ ինչպէ՞ս խաղաղութիւն կը յառաջացնեն։

4 Կարդա՛ Կողոսացիս 3։12, 13։ Ժողովքին մէջ, հեզութիւնն ու երկայնմտութիւնը միասնաբար կը գործեն խաղաղութիւն յառաջացնելու։ Հոգիին պտուղին այս երկու երեսակներն ալ մեզի կ’օգնեն որ ուրիշներու հետ ազնուութեամբ վարուինք, գրգռութեան ներքեւ հանդարտ մնանք եւ փոխարէնը հատուցանելէ խուսափինք, երբ ուրիշներ անազնիւ բաներ ըսեն կամ ընեն։ Եթէ հաւատակիցի մը հետ խնդիր մը ունենանք, երկայնմտութիւնը՝ կամ համբերութիւնը՝ մեզի պիտի օգնէ որ մեր եղբօր կամ քրոջ հանդէպ յոյսերնիս չկտրենք, հապա կարելին ընենք խնդիրը լուծելու։ Ժողովքին մէջ իրապէս հարկ կա՞յ հեզութեան ու երկայնմտութեան։ Այո՛, քանի որ բոլորս անկատար ենք։

5. Պօղոսի եւ Բառնաբասի միջեւ ի՞նչ տեղի ունեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչ բան կը շեշտէ։

5 Նկատի առ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Պօղոսի եւ Բառնաբասի միջեւ։ Բարի լուրի յառաջացման համար, անոնք երկար տարիներ ուս–ուսի աշխատած էին։ Երկուքն ալ գովելի յատկութիւններ ունէին։ Այսուհանդերձ, առիթով մը, անոնց մէջ «գժտութիւն մը եղաւ» եւ «ստիպուած իրարմէ զատուեցան» (Գործք 15։36-39)։ Այս դէպքը կը շեշտէ այն կէտը, թէ նոյնիսկ Աստուծոյ նուիրուած ծառաներու միջեւ երբեմն անհամաձայնութիւններ պիտի ծագին։ Եթէ քրիստոնեայ մը իր հաւատակիցին հետ թիւրիմացութեան մէջ է, ի՞նչ կրնայ ընել որ կացութեան թոյլ չտայ, որ տաք վիճաբանութեան վերածուի, մնայուն խրամատ մը պատճառելով։

6, 7. ա) Հաւատակիցի մը հետ մեր քննարկութիւնը տաք վիճաբանութեան վերածուելէ առաջ, ի՞նչ աստուածաշնչական խրատի մը կրնանք հետեւիլ։ բ) ‘Լսելու մէջ արագ ըլլալու, խօսելու մէջ ծանր ըլլալու եւ բարկանալու մէջ ծանր ըլլալու’ օգուտները ի՞նչ են։

6 Ինչպէս որ «գժտութիւն» բառը կը մատնանշէ, Պօղոսի եւ Բառնաբասի միջեւ եղած անհամաձայնութիւնը յանկարծակի եւ ուժգին էր։ Եթէ քրիստոնեայ մը հաւատակիցի մը հետ նիւթ մը քննարկելու ատեն, զգայ թէ բարկանալու վրայ է, իմաստութիւն է որ անսայ այն խրատին որ կը գտնուի Յակոբոս 1։19, 20–ի մէջ. «Ամէն մարդ թող արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ, վասն զի մարդուն բարկութիւնը Աստուծոյ արդարութիւնը չի կատարեր»։ Պարագաներէն կախեալ ըլլալով, ան թերեւս փորձէ նիւթը փոխել, քննարկութեան ուղղութիւնը շեղել, կամ մեկնիլ առաջ որ խօսակցութիւնը տաք բանավէճի մը վերածուի (Առ. 12։16. 17։14. 29։11

7 Այդ խրատին հետեւելուն օգուտները ի՞նչ են։ Իր ժամանակը առնելով որ հանդարտի, հարցին շուրջ աղօթէ եւ պատասխանելու լաւագոյն կերպը նկատի առնէ, քրիստոնեան իր անձին թոյլ կու տայ որ Աստուծոյ հոգիով առաջնորդուի (Առ. 15։1, 28)։ Հոգիին ազդեցութեան ներքեւ, ան կրնա՛յ հեզութիւն ու երկայնմտութիւն դրսեւորել։ Այսպիսով՝ ան ի վիճակի կ’ըլլայ Եփեսացիս 4։26, 29–ի խրատին հետեւելու. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք. . . Բնաւ ձեր բերնէն ապականեալ խօսք մը թող չելլէ, հապա ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար, որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ»։ Արդարեւ, երբ հեզութիւն ու երկայնմտութիւն կը հագնինք, ժողովքին խաղաղութեան ու միութեան կը նպաստենք։

Քաղցրութեամբ ու բարութեամբ ընտանիքդ թարմացուր

8, 9. Ի՞նչ են քաղցրութիւնն ու բարութիւնը, եւ ատոնք ի՞նչ ազդեցութիւն ունին տան մթնոլորտին վրայ։

8 Կարդա՛ Եփեսացիս 4։31, 32. 5։8, 9։ Տաք օրուան մէջ մեղմ հովի մը եւ պաղ ջուրի մը նման, քաղցրութիւնն ու բարութիւնը թարմացուցիչ են։ Ընտանեկան շրջանակէն ներս, ատոնք հաճելի մթնոլորտի մը կը նպաստեն։ Քաղցրութիւնը սիրելի յատկութիւն մըն է, որ ուրիշներուն հանդէպ հարազատ հետաքրքրութենէն յառաջ կու գայ, հետաքրքրութիւն մը որ երեւան կու գայ օգտաշատ արարքներով եւ փափկանկատ խօսքերով։ Բարութիւնը, քաղցրութեան պէս, դրական յատկութիւն մըն է, որ ուրիշներուն օգուտ բերող արարքներով կ’արտայայտուի։ Ատիկա առատաձեռնութեան հոգիով յատկանշուած է (Գործք 9։36, 39. 16։14, 15)։ Բայց բարութիւնը յաւելեալ բան մըն ալ կը պարփակէ։

9 Բարութիւնը բարոյական արժանիք մըն է։ Ատիկա կը պարփակէ ոչ միայն թէ ի՛նչ կ’ընենք, այլ՝ աւելի կարեւորը՝ թէ մենք ի՛նչ ենք։ Ատիկա կը նմանի պտուղի մը, որ ամբողջովին հասուն է եւ որեւէ վնասուած մաս չունի՝ ներսէն կամ դուրսէն։ Նմանապէս, սուրբ հոգիին արտադրած բարութիւնը քրիստոնեայի մը ամբողջ կենցաղակերպին կը ներթափանցէ։

10. Ի՞նչ կրնայ կատարուիլ ընտանիքի անդամներուն օգնելու, որ հոգիին պտուղը մշակեն։

10 Քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ, ի՞նչ բան կրնայ ընտանիքի անդամներուն օգնել որ իրարու հետ քաղցրութեամբ ու բարութեամբ վարուին։ Աստուծոյ Խօսքի ճշգրիտ գիտութիւնը կարեւոր դեր մը կը խաղայ (Կող. 3։9, 10)։ Ընտանիքի գլուխներէն ոմանք իրենց շաբաթական Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին կը պարփակեն ուսումնասիրութիւն մը՝ հոգիին պտուղին մասին։ Այսպիսի քննարկութիւն պատրաստելը դժուար չէ։ Պրպտումի գործիքները գործածելով, հոգիին պտուղին իւրաքանչիւր երեսակին մասին նիւթեր ընտրեցէք։ Կրնաք շաբաթը միայն քանի մը պարբերութիւններ նկատի առնել, իւրաքանչիւր երեսակի համար քանի մը շաբաթ տրամադրելով։ Մինչ նիւթը կը սերտէք, նշուած համարները կարդացէք ու քննարկեցէք։ Ձեր սորվածը կիրարկելու կերպեր փնտռեցէք եւ աղօթքով Եհովայէն խնդրեցէք որ ձեր ջանքերը օրհնէ (Ա. Տիմ. 4։15. Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ Այդպիսի ուսումնասիրութիւն մը իրապէս կրնա՞յ փոխել այն կերպը, որով ընտանիքի անդամներ իրարու հետ կը վարուին։

11, 12. Երկու քրիստոնեայ զոյգեր քաղցրութեան մասին ուսումնասիրութիւն մը ընելէն ինչպէ՞ս օգտուեցան։

11 Իր ամուսնութիւնը յաջող պահել փափաքող երիտասարդ զոյգ մը որոշեց, որ հոգիին պտուղին մասին խորազնին սերտողութիւն մը ընէ։ Զոյգը ինչպէ՞ս օգտուեցաւ։ Կինը կը մեկնաբանէ. «Սորվիլը թէ քաղցրութիւնը կը պարփակէ թէ՛ նուիրուածութիւն եւ թէ հաւատարմութիւն, մեծապէս փոխած է այն կերպը, որով իրարու հետ կը վարուինք մինչեւ օրս։ Ատիկա մեզի սորվեցուցած է զիջող ըլլալ՝ ինչպէս նաեւ՝ ներող։ Եւ ատիկա մեզի օգնած է որ սորվինք ‘շնորհակալ եմ’ եւ ‘ներողութիւն’ ըսել, երբ յարմար ըլլայ»։

12 Ուրիշ քրիստոնեայ զոյգ մը, որ ամուսնական խնդիրներ ունէր, անդրադարձաւ որ իրենց փոխյարաբերութեան մէջ քաղցրութիւնը պակաս էր։ Անոնք որոշեցին քաղցրութեան նիւթը միասնաբար ուսումնասիրել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ամուսինը կը մտաբերէ. «Քաղցրութեան նիւթը ուսումնասիրելը մեզի օգնեց, որ սխալ շարժառիթներ վերագրելու տեղ՝ իրարու համար չքմեղանք գտնելու եւ մէկը միւսին լաւ կողմերը փնտռելու հարկը տեսնենք։ Սկսանք մէկը միւսին կարիքներով աւելի հետաքրքրուիլ։ Քաղցր ըլլալս պարփակեց կնոջմէս խնդրել, որ իր մտքին մէջինը ազատօրէն արտայայտէ, ու ես անոր ըսածէն չվիրաւորուիմ։ Ասիկա նշանակեց որ հպարտութիւնս մէկ կողմ դնեմ։ Երբ մեր ամուսնութեան մէջ սկսանք քաղցրութիւն ի գործ դնել, աստիճանաբար աւելի նուազ պաշտպանողական եղանք։ Ատիկա իրօք հանգստացուցիչ էր»։ Ձեր ընտանիքը հոգիին պտուղին մասին ուսումնասիրութիւն ընելէն կրնա՞յ օգտուիլ։

Հաւատքդ ցոյց տուր՝ երբ առանձին ես

13. Մեր հոգեւորութեան սպառնացող ի՞նչ վտանգէ պէտք է զգուշանանք։

13 Քրիստոնեաները կարիք ունին Աստուծոյ հոգիին թոյլ տալու, որ զիրենք առաջնորդէ երբ հանրութեան մէջ են կամ երբ առանձին են։ Ներկայիս, Սատանայի աշխարհին մէջ, պիղծ նկարներն ու ստորին ժամանցները շատցած են։ Ասիկա մեր հոգեւորութեան կը սպառնայ։ Քրիստոնեայ մը ի՞նչ պէտք է ընէ։ Աստուծոյ Խօսքը կը խրատէ. «Ամէն աղտեղութիւն ու չարութիւն մէկդի ձգելով, հեզութեամբ ընդունեցէք ձեր մէջ սերմանուած խօսքը, որ կրնայ ձեր հոգիները փրկել» (Յակ. 1։21)։ Նկատի առնենք թէ հաւատքը, որ հոգիին պտուղին ուրիշ մէկ երեսակն է, ինչպէ՛ս կրնայ մեզի օգնել որ Եհովայի առջեւ մաքուր մնանք։

14. Հաւատքի պակասը ինչպէ՞ս կրնայ սխալ արարքի առաջնորդել։

14 Հաւատքը հիմնականօրէն կը նշանակէ, թէ մեզի համար Եհովա Աստուած իրական է։ Եթէ Աստուած մեզի համար իրական չէ, սխալ արարքը պարզապէս մէկ քայլ անդին կ’ըլլայ։ Նկատի առ թէ վաղեմի ժամանակներուն, Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ ի՛նչ պատահեցաւ։ Եհովա Եզեկիէլ մարգարէին յայտնեց, թէ գաղտնի պղծութիւններ կը գործուէին, ըսելով. «Որդի՛ մարդոյ, կը տեսնե՞ս թէ ինչե՜ր կ’ընեն Իսրայէլի տանը ծերերը մութ տեղը, ամէն մարդ իր ծածուկ պատկերատանը մէջ. վասն զի անոնք կ’ըսեն թէ՝ ‘Տէրը մեզ չի տեսներ, Տէրը երկիրը թողուց’» (Եզեկ. 8։12)։ Նշմարեցի՞ր թէ ի՛նչ բան նպաստեց խնդրին։ Անոնք չհաւատացին թէ Եհովան տեղեակ էր իրենց ըրածին։ Անոնց համար Եհովան իրական չէր։

15. Եհովայի հանդէպ զօրաւոր հաւատքը ինչպէ՞ս մեզ կը պաշտպանէ։

15 Առ ի հակապատկեր, նկատի առ Յովսէփի օրինակը։ Իր ընտանիքէն ու գերդաստանէն հեռու ըլլալով հանդերձ, Յովսէփ Պետափրէսի կնոջ հետ շնութիւն ընելը մերժեց։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ» (Ծն. 39։7-9)։ Այո, իրեն համար Եհովան իրական էր։ Եթէ Աստուած մեզի համար իրական է, առանձին եղած ատեն անմաքուր զուարճութիւններ պիտի չդիտենք կամ պիտի չընենք որեւէ այլ բան որ գիտենք թէ Աստուած կը տհաճեցնէ։ Մեր վճռականութիւնը սաղմոսերգուին վճռականութեան պէս պիտի ըլլայ, որ տաղերգեց. «Իմ տանս մէջ սրտիս կատարելութիւնով պիտի վարուիմ։ Աչքերուս առջեւ չար բան պիտի չդնեմ» (Սաղ. 101։2, 3

Սիրտդ պահէ՝ ժուժկալութիւն ի գործ դնելով

16, 17. ա) Ինչպէս որ նկարագրուած է Առակաց գիրքին մէջ, «պակասամիտ պատանի մը» ինչպէ՞ս մեղքի ծուղակին մէջ կ’իյնայ։ բ) Ինչպէս որ էջ 30–ի նկարը ցոյց կու տայ, ներկայիս ինչպէ՞ս կրնայ նոյնանման բան մը պատահիլ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անհատին տարիքը։

16 Ժուժկալութիւնը, որ հոգիին պտուղին վերջին երեսակն է, մեզ կարող կը դարձնէ որ ո՛չ ըսենք այն բաներուն, զորս Աստուած կը դատապարտէ։ Ժուժկալութիւնը կրնայ մեզի օգնել որ մեր սիրտը պահենք (Առ. 4։23)։ Նկատի առ Առակաց 7։6-23–ի արձանագրութիւնը, որ կը նկարագրէ թէ ինչպէ՛ս «պակասամիտ պատանի մը» տեղի կու տայ պոռնիկի մը խորամանկութիւններուն։ ‘Փողոցին մէջ այն կնոջ տանը անկիւնին քովէն անցնելով’, ան ծուղակի մէջ կ’իյնայ։ Թերեւս ան առ ի հետաքրքրութիւն կը յանդգնի կնոջ թաղը մտնել։ Շատ չանցած, ան չ’անդրադառնար որ կ’առաջնորդուի յիմար ընթացքի մը, որ «իր անձին կորուստը» կը պարփակէ։

17 Պատանին ինչպէ՞ս կրնար այս աղէտալի սխալէն խուսափիլ։ Ուշադրութիւն ընծայելով հետեւեալ ազդարարութեան. «Անոր ճամբաներուն մէջ մի՛ թափառիր» (Առ. 7։25, ՆԱ)։ Ասկէ դաս մը կրնանք սորվիլ. եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ հոգին մեզ առաջնորդէ, մեր անձը փորձութեան շաւիղին մէջ դնելէն պէտք է խուսափինք։ Առանց նպատակի հեռատեսիլի կայանները փոխելը կամ համացանցի վրայ նաւարկելը կերպ մըն է, որով անհատ մը կրնայ «պակասամիտ պատանի»ին յիմար ընթացքին մէջ թափառիլ։ Դիտմամբ թէ պատահմամբ, ան իրապէս կրնայ սեռայնապէս գրգռիչ տեսարաններու առջեւ գտնուիլ։ Ան կրնայ պոռնկագրութիւն դիտելու անմաքուր սովորութիւնը աստիճանաբար զարգացնել, իր խիղճին եւ Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան վրայ աւերիչ հետեւանքներ բերելով։ Ասիկա կրնայ իր անձին կորուստը պարփակել (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։5-8

18. Քրիստոնեայ մը ի՞նչ քայլեր կրնայ առնել իր սիրտը պահելու, եւ այս քայլերը ինչպէ՞ս ժուժկալութիւն ի գործ դնել կը պարփակեն։

18 Անշուշտ, եթէ գրգռիչ նկարի մը առջեւ գտնուինք, կրնա՛նք եւ պէ՛տք է որ ժուժկալութիւն ի գործ դնենք՝ իսկոյն քայլեր առնելով։ Բայց ո՜րքան աւելի լաւ կ’ըլլայ, եթէ սկիզբէ՛ն այդ կացութենէն խուսափինք (Առ. 22։3)։ Պատշաճ նախազգուշացումներ սահմանելը եւ անոնց կառչիլը կը պարփակեն՝ ժուժկալութիւն ի գործ դնել։ Օրինակի համար, համակարգիչը երեւելի տեղ մը դնելը կրնայ որպէս պաշտպանութիւն ծառայել։ Ոմանք նկատած են, թէ լաւագոյն բանն է համակարգիչ գործածել կամ հեռատեսիլ դիտել միայն երբ ուրիշներ ներկայ են։ Ուրիշներ որոշած են համացանցը չգործածել (կարդա՛ Մատթէոս 5։27-30Հարկ եղած որեւէ քայլ առնե՛նք մեր անձը եւ ընտանիքը պաշտպանելու, որպէսզի կարենանք Եհովան պաշտել «սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով» (Ա. Տիմ. 1։5

19. Ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք, երբ թոյլ կու տանք սուրբ հոգիին որ մեզ առաջնորդէ։

19 Սուրբ հոգիին գործունէութեան միջոցով արտադրուած պտուղը բազմաթիւ օգուտներ կը բերէ։ Հեզութիւնն ու երկայնմտութիւնը ժողովքին մէջ խաղաղութեան կը նպաստեն։ Քաղցրութիւնն ու բարութիւնը ընտանեկան երջանկութիւն կը յառաջացնեն։ Հաւատքն ու ժուժկալութիւնը մեզի կ’օգնեն որ Եհովային մօտիկ եւ իր առջեւ մաքուր մնանք։ Աւելին, Գաղատացիս 6։8–ը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ»։ Այո, Քրիստոսի փրկանքին հիման վրայ, Եհովա սուրբ հոգին պիտի գործածէ անվերջ կեանք շնորհելու անո՛նց, որոնք թոյլ կու տան որ հոգիով առաջնորդուին։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Հեզութիւնն ու երկայնմտութիւնը ժողովքին մէջ ինչպէ՞ս խաղաղութիւն կը յառաջացնեն։

• Ի՞նչ բան կրնայ քրիստոնեաներուն օգնել, որ տան մէջ քաղցրութիւն ու բարութիւն դրսեւորեն։

• Հաւատքն ու ժուժկալութիւնը քրիստոնեայի մը ինչպէ՞ս կ’օգնեն, որ իր սիրտը պահէ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 28]

Ինչպէ՞ս կրնաս առաջքը առնել, որ քննարկութիւն մը տաք վիճաբանութեան չվերածուի

[Նկար՝ էջ 29]

Հոգիին պտուղին մասին ուսումնասիրելը կրնայ ընտանիքիդ օգուտ բերել

[Նկար՝ էջ 30]

Հաւատք եւ ժուժկալութիւն ի գործ դնելով՝ ի՞նչ վտանգներէ կը խուսափինք