Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարգարէութիւն 3. Համաճարակներ

Մարգարէութիւն 3. Համաճարակներ

Մարգարէութիւն 3. Համաճարակներ

«Պիտի ըլլան. . . մահտարաժամներ» (Ղուկաս 21։11

● Քաղաքացիական պատերազմի ենթարկուած ափրիկեան երկրի մը մէջ, հանրային առողջապահութեան մէկ պաշտօնեան՝ Պոնզալին, իր կարելին կ’ընէ, որպէսզի իր գիւղաքաղաքին մէջ աշխատող հանքագործները դարմանէ, որոնք Մարպուրկի ժահրին պատճառաւ կը մեռնին։ * Ան կ’աղաչէ որ աւելի մեծ քաղաքի մը պաշտօնեաները իրեն օգնեն, բայց անպատասխան կը մնայ։ Չորս ամիս անցնելէ ետք, վերջապէս օգնութիւն կը հասնի, բայց Պոնզալին մեռած է։ Ան Մարպուրկով վարակուեցաւ այն հանքագործներէն, զորոնք փորձեց ազատել։

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Թոքատապի նման ստորին շնչուղիներու վարակը, փորհարական հիւանդութիւնները, HIV–ն եւ ԷՅՏԾ–ը, թոքախտն ու ջերմախտը, մարդկութիւնը հարուածող ամենակործանարար հիւանդութիւններու շարքին են։ Վերջերս, մէկ տարուան մէջ, հիւանդութիւններու այս հինգ տեսակները շուրջ 10,7 միլիոն անհատներու կեանքերը խլեցին. ուրիշ խօսքով՝ ամբողջ տարուան ընթացքին, գրեթէ ամէն երեք երկվայրկեանի մէջ մէկ անհատի կեանքը։

ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԷԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Աշխարհին բնակչութեան թիւը երթալէն կ’աւելնայ, ուստի վստահաբար հիւանդութիւններու դէպքերը աւելի են։ Վարակուելու ենթակայ աւելի շատ մարդիկ կան։

ԱՅԴ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱԿԱ՞Ն Է։ Աշխարհին բնակչութեան թիւը խստօրէն աւելցած է։ Բայց հիւանդութիւնները ախտաճանաչելու, հակակշռի տակ առնելու եւ դարմանելու մարդուն կարողութիւնն ալ աւելցած է։ Ուստի տրամաբանական գետնի վրայ, պէտք չէ՞ր որ մարդկային ընտանիքը սկսէր հիւանդութիւնը յաղթահարել։ Սակայն իրողութիւնը այն է, որ ճիշդ հակառակը կը պատահի։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Մարդիկ Աստուածաշունչի նախագուշակածին պէս սոսկալի հիւանդութիւններէ կը տառապի՞ն։

Երկրաշարժները, սովերն ու համաճարակները անդէմ ուժեր են, որոնք միլիոնաւորներու վրայ աւերում կը բերեն։ Ուրիշ միլիոնաւոր անհատներու տառապանքին պատճառը մարդը ինքն է,– շատեր կը չարչարուին ա՛յն անհատներէն, որոնք պէտք էր զիրենք պաշտպանէին։ Նկատէ թէ աստուածաշնչական մարգարէութիւնը ի՛նչ կ’ըսէ որ պիտի պատահէր։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Մարպուրկի արիւնահոսական տենդին պատճառը ժահր մըն է, որ Էպոլայի հետ կապ ունի։

[Մէջբերում՝ էջ 6]

«Սարսափելի բան մըն է ուտուիլ առիւծի մը կամ ուրիշ բանի մը կողմէ, բայց նոյնպէս սարսափելի է ուտուիլ ներքնապէս ահռելի մանրէի մը կողմէ, եւ տեսնել անոր տեղի ունենալը չորս կողմդ» (ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԱԳԷՏ՝ ՄԱՅՔԼ ՕՍԹԵՐՀՈԼՄ)։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 6]

© William Daniels/Panos Pictures