Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մարգարէութիւն 5. Երկրի ապականութիւն

Մարգարէութիւն 5. Երկրի ապականութիւն

Մարգարէութիւն 5. Երկրի ապականութիւն

‘Աստուած պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 11։18

● Նիկերիոյ Քփոր գիւղին մէջ, Փիրին արմաւենիէն գինի կը հանէ։ Նիկէրի գետաբերանը մեծ քանակութեամբ նաւթ թափուելուն պատճառաւ, անոր առեւտուրը կեցաւ։ Ան կ’ըսէ. «Ատիկա մեր ձուկերը կը սատկեցնէ, մեր մորթը կը վնասէ եւ մեր առուակները կ’ապականէ. . . այլեւս ապրուստի միջոց մը չունիմ»։

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ։ Ըստ կարգ մը մասնագէտներու, ամէն տարի ովկիանոսներու մէջ 6,5 միլիոն թոն աղբ կը թափուի։ Այդ աղբին գրեթէ 50 տոկոսը բլաստիկ է, որուն քայքայուիլը հարիւրաւոր տարիներ կ’առնէ։ Երկիրը ապականելէ զատ, մարդիկ անոր հարստութիւնը ծայր աստիճան կը սպառեն։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ երկրագունդը մէկ տարի եւ հինգ ամիս կ’ուզէ, որպէսզի վերարտադրէ ինչ որ մարդիկ կը սպառեն մէկ տարուան մէջ։ «Եթէ բնակչութիւնը եւ սպառումը շարունակեն նոյն կերպով շատնալ, 2035–ին երկու երկրագունդի պէտք պիտի ունենանք», կը տեղեկագրէ աւստրալիական թերթ մը (Sydney Morning Herald

ԸՆԴՀԱՆՐԱՑԱԾ ՄԷԿ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է։ Մարդիկ հնարամիտ են։ Կրնա՛նք այս խնդիրները յեղաշրջել ու երկրագունդը ազատել։

ԱՅԴ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱԿԱ՞Ն Է։ Բազմաթիւ ջանասէր անհատներ ու խումբեր կենսոլորտային հարցերուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրած են։ Այսուհանդերձ, երկրագունդը կը շարունակէ մեծ տարողութեամբ ապականիլ։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ԽՈՐՀԻՍ։ Հարկ կա՞յ որ Աստուած իր խոստումին համաձայն միջամտէ ու մեր մոլորակը ապականութենէ ազատէ։

Մինչեւ հիմա քննարկուած հինգ մարգարէութիւններէն զատ, Աստուածաշունչը նաեւ նախագուշակեց թէ վերջին օրերուն մէջ դրական բաներ պիտի ըլլային։ Նկատի առ օրինակ մը,– վեցերորդ մարգարէութիւնը։

[Մէջբերում՝ էջ 8]

«Կը զգամ թէ կտոր մը դրախտ կորսնցուցի եւ տեղը եկաւ թունաւոր աղբանոց մը» (ԷՐԻՆ ԹԷՄՊԸՐ, ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ ԾՈՑԻ ԱՓԻՆ ՄԷԿ ԲՆԱԿԻՉԸ (ԱՄՆ), ԽՕՍԵԼՈՎ 2010–Ի ՆԱՒԹ ԹԱՓՈՒԵԼՈՒՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ)։

[Շրջանակ՝ էջ 8]

Աստուած պատասխանատո՞ւ է

Որովհետեւ Աստուածաշունչը մեր տեսած գէշ վիճակները նախագուշակեց, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուած պատասխանատու է անոնց համար։ Ան պատճառ կ’ըլլա՞յ որ մենք տառապինք։ Այս հարցումներուն շուրջ գոհացուցիչ պատասխաններ պիտի գտնես Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 11–րդ գլուխին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 8]

U.S. Coast Guard photo