Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աւելի լաւ ժամանակներ մօտալո՛ւտ են

Աւելի լաւ ժամանակներ մօտալո՛ւտ են

Աւելի լաւ ժամանակներ մօտալո՛ւտ են

«Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ. . . Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (ՍԱՂՄՈՍ 37։10, 11

Կ’ՈՒԶԵ՞Ս վերոնշեալ մէջբերուած մարգարէութեան կատարումը տեսնել։ Անշո՛ւշտ։ Վաւերական պատճառներ կան հաւատալու, թէ ատիկա շուտով պիտի կատարուի։

Նախորդ յօդուածները քննարկեցին միայն կարգ մը աստուածաշնչական մարգարէութիւններ, որոնք յստակօրէն կը մատնանշեն թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Աստուած Աստուածաշունչի գրողները ներշնչեց որ այդ դէպքերը նախագուշակեն, որպէսզի յոյս ունենանք (Հռովմայեցիս 15։4)։ Այս մարգարէութիւններուն կատարուիլը կը նշանակէ, թէ մեր դիմագրաւած նեղութիւնները շուտով վերջ պիտի գտնեն։

Վերջին օրերուն ի՞նչ պիտի յաջորդէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ամբողջ մարդկութեան վրայ պիտի իշխէ (Մատթէոս 6։9)։ Նկատի առ թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կը նկարագրէ այդ ատենուան վիճակները երկրագունդին վրայ.

Սովը պիտի չքանայ։ «Ցորենի յորդառատութիւն պիտի ըլլայ երկրին մէջ՝ լեռներուն գագաթը» (Սաղմոս 72։16, ԱԾ

Հիւանդութիւնը պիտի անհետանայ։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (Եսայի 33։24

Երկրագունդը պիտի նորոգուի։ «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի» (Եսայի 35։1

Ասոնք միայն կարգ մը քաջալերական աստուածաշնչական մարգարէութիւններ են, որոնք մօտ ատենէն պիտի կատարուին։ Ինչո՞ւ Եհովայի վկաներէն չխնդրես որ քեզի ցոյց տան, թէ ինչո՛ւ այսքան վստահ են որ աւելի լաւ ժամանակներ մօտալուտ են։