Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարիքն ու տառապանքը

Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարիքն ու տառապանքը

Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛

Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարիքն ու տառապանքը

Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։

1. Չարիքը ինչպէ՞ս սկսաւ։

Երկրի վրայ չարիքը սկսաւ, երբ Սատանան առաջին սուտը խօսեցաւ։ Սատանան չար չստեղծուեցաւ։ Ան կատարեալ հրեշտակ մըն էր, բայց «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ» (Յովհաննէս 8։44)։ Ան ցանկաց պաշտուիլ, ինչ որ իրաւացիօրէն միայն Աստուծոյ կը պատկանի։ Սատանան առաջին կինը՝ Եւան, խաբեց եւ համոզեց որ Աստուծոյ հնազանդելու տեղ՝ իրեն հնազանդի։ Ադամ Եւային նման Աստուծոյ չհնազանդեցաւ, եւ անոր որոշումին հետեւանքը եղաւ տառապանք ու մահ (կարդա՛ Ծննդոց 3։1-6, 17-19

Երբ Սատանան Եւային առաջարկեց Աստուծոյ չհնազանդիլ, ան Աստուծոյ գերիշխանութեան դէմ ըմբոստութիւն կը կուտակէր։ Մարդկութեան մեծամասնութիւնը Սատանային կողմը կենալով՝ Աստուծոյ Կառավարիչ ըլլալը մերժած են։ Այսպէս՝ Սատանան «աշխարհին իշխանը» դարձած է (կարդա՛ Յովհաննէս 14։30. Յայտնութիւն 12։9

2. Աստուծոյ ստեղծագործութեան մէջ թերութիւն կա՞ր։

Աստուծոյ ստեղծած մարդիկն ու հրեշտակները կատարելապէս կարող էին Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդիլ (Բ. Օրինաց 32։5)։ Աստուած մեզ ստեղծեց ազատ կամքով. ուստի կրնանք ընտրել բարիք ընել կամ չարիք ընել։ Այս ազատութիւնը մեզի թոյլ կու տայ, որ Աստուծոյ հանդէպ սէր յայտնենք (կարդա՛ Յակոբոս 1։13-15. Ա. Յովհաննէս 5։3

3. Աստուած տառապանքը ինչո՞ւ թոյլատրած է։

Եհովա իր գերիշխանութեան դէմ եղած ըմբոստութիւնը որոշ ատենուան մը համար հանդուրժած է։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի ցոյց տայ, թէ առանց իրեն՝ իշխելու որեւէ ջանք մարդոց օգտին պիտի չծառայէ (Երեմիա 10։23)։ Մարդկային պատմութենէն 6000 տարի անցնելէ ետք, հարցը լուծումի հասած է։ Մարդկային կառավարիչները չեն կրցած անհետացնել պատերազմը, ոճիրը, անարդարութիւնն ու հիւանդութիւնը (կարդա՛ Ժողովող 7։29. 8։9. Հռովմայեցիս 9։17

Առ ի հակապատկեր, անոնք որոնք կ’ընդունին Աստուած որպէս իրենց Կառավարիչը, իրենք իրենց կ’օգտեն (Եսայի 48։17, 18)։ Շուտով, Եհովա մարդկային բոլոր կառավարութիւնները պիտի կործանէ։ Երկրի վրայ պիտի բնակին միայն անոնք, որոնք կ’ընտրեն Աստուծոյ կողմէ իշխուիլ (Եսայի 2։3, 4. 11։9. կարդա՛ Դանիէլ 2։44

4. Աստուծոյ համբերութիւնը ի՞նչ պատեհութիւն կու տայ։

Սատանան դաւանեցաւ թէ Եհովան չի կրնար ոեւէ մէկու հաւատարիմ հնազանդութիւնը շահիլ։ Աստուծոյ համբերութիւնը բոլորիս պատեհութիւն կու տայ, որ ցոյց տանք թէ որո՛ւ իշխանութիւնը կը նախընտրենք՝ Աստուծո՛յ թէ մարդու։ Մեր ընտրութիւնը յայտնի կ’ընենք մեր ապրելակերպով (կարդա՛ Յոբ 1։8-11. Առակաց 27։11

5. Ինչպէ՞ս Աստուած կ’ընտրենք որպէս Կառավարիչ։

Աստուած կ’ընտրենք որպէս Կառավարիչ, երբ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած ճշմարիտ պաշտամունքը կը փնտռենք եւ կ’իւրացնենք (Յովհաննէս 4։23)։ Նաեւ կը խուսափինք քաղաքականութեան ու պատերազմի միջամուխ ըլլալէ, ինչպէս որ Յիսուս խուսափեցաւ (կարդա՛ Յովհաննէս 17։14

Սատանան իր ուժը կը գործածէ՝ անբարոյ, վնասակար սովորութիւններ յառաջ մղելու համար։ Երբ այդպիսի սովորութիւններ մերժենք, թերեւս մեր բարեկամներէն եւ ազգականներէն ոմանք սկսին մեզ ծաղրել կամ հակառակիլ (Ա. Պետրոս 4։3, 4)։ Ուստի մեր առջեւ ընտրութիւն մը կայ։ Պիտի ընկերակցի՞նք աստուածասէր մարդոց։ Պիտի հնազանդի՞նք Աստուծոյ իմաստուն ու սիրալիր օրէնքներուն։ Եթէ այո՛, ուրեմն կը փաստենք թէ Սատանան սուտ խօսեցաւ, երբ դաւանեցաւ որ ո՛չ ոք պիտի կատարէր ինչ որ Աստուած կ’ըսէ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. 15։33

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 11–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

[Նկար՝ էջ 12]

Ադամ գէշ ընտրութիւն մը ըրաւ

[Նկար՝ էջ 13]

Աստուած որպէս մեր Կառավարիչը ընդունիլը յայտնի կ’ըլլայ մեր ընտրութիւններով