Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Տէրը իմ հովիւս է»

«Տէրը իմ հովիւս է»

Աստուծոյ մօտեցիր

«Տէրը իմ հովիւս է»

ԱՅՍ էջին վրայի պատկերին նայէ։ Կրնա՞ս հովիւին գիրկը եղող գառնուկին ապահովութիւնը զգալ։ Աստուածաշունչը 23–րդ սաղմոսին մէջ կը գործածէ հովիւի մը եւ անոր ոչխարին փոխաբերութիւնը, որպէսզի Իր երկրպագուներուն հանդէպ Եհովայի ցուցաբերած քնքուշ հոգատարութիւնը լուսաբանէ։ Ան կ’ուզէ որ զգանք այն ապահովութիւնը, զոր կը վայելեն անոնք՝ որոնք սաղմոսերգու Դաւիթին նման կրնան վստահութեամբ ըսել. «Տէրը իմ հովիւս է» (համար 1 *

Այս սաղմոսը յօրինողը՝ Դաւիթ, պատանեկութեան ատեն հովիւ մըն էր։ Ան ոչխարներու կարիքներուն եւ հովիւի մը պատասխանատուութիւններուն տեղեակ էր։ Դաւիթ, որ վայելած էր Աստուծոյ հոգատարութիւնը իր կեանքին մէջ, գրեց ինչ որ կոչուեցաւ «հաւաստիքի կամ վստահութեան սաղմոս»։ Բնագիրին մէջ, սաղմոսին սկիզբը եւ վերջաւորութեան կը գտնուի աստուածային անունը՝ Եհովա (համար 16)։ Մնացեալ համարները կը նկարագրեն երեք կերպեր, որոնցմով Եհովա իր ժողովուրդին հոգ կը տանի, ինչպէս հովիւ մը՝ իր ոչխարներուն (Սաղմոս 100։3

Եհովան իր ոչխարները կ’առաջնորդէ։ Հովիւ չունեցող ոչխարները հակամէտ կ’ըլլան կորսուելու։ Նմանապէս՝ որպէսզի կեանքի շիտակ ճամբան գտնենք, օգնութեան կարիք ունինք (Երեմիա 10։23)։ Դաւիթ կը բացատրէ թէ Եհովան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ դէպի «խոտաւէտ արօտներ»ը եւ «հանդարտ ջուրեր»ը։ Ան զանոնք «արդարութեան ճամբաներու» մէջ կ’առաջնորդէ (համար 23)։ Այս հովուական պատկերները մեզ կը հաւաստիացնեն, թէ կրնա՛նք Աստուծոյ վստահիլ։ Աստուածաշունչին համաձայն իր հոգիին առաջնորդութեան հետեւելով, կրնանք հետապնդել ապրելակերպ մը, որ կու տայ գոհունակութիւն, թարմացում եւ ապահովութիւն։

Եհովան իր ոչխարները կը պաշտպանէ։ Հովիւ չունեցող ոչխարները վախկոտ եւ անօգնական կ’ըլլան։ Եհովա իր ծառաներուն կ’ըսէ թէ վախնալու կարիք չունին, նոյնիսկ երբ «մահուան շուքի ձորին մէջ» պտըտին,– այսինքն՝ երբ կեանքի ամէնէն գէշ պահերէն անցնին (համար 4)։ Եհովա անոնց վրայ կը հսկէ եւ մի՛շտ պատրաստ է անոնց օգնելու։ Ան կրնայ իր երկրպագուներուն հարկ եղած իմաստութիւնն ու զօրութիւնը տալ, որպէսզի փորձութիւններու հետ գլուխ ելլեն (Փիլիպպեցիս 4։13. Յակոբոս 1։2-5

Եհովան իր ոչխարները կը կերակրէ։ Ուտելիք գտնելու առնչութեամբ, ոչխարները իրենց հովիւէն կախեալ են։ Մենք հոգեւոր կարիք ունինք, որուն գոհացում կը տրուի միայն Աստուծոյ օգնութեամբ (Մատթէոս 5։3)։ Երախտապարտ ենք որ Եհովան առատաձեռն է, եւ իր ծառաներուն առջեւ ճոխ սեղան կը պատրաստէ (համար 5)։ Աստուածաշունչը եւ զայն սերտելու նպաստող հրատարակութիւնները, զոր օրինակ այս պարբերաթերթը, հոգեւոր սնունդի աղբիւր են, որուն միջոցով կը գիտնանք կեանքի իմաստը եւ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը։

Դաւիթ ինքզինք ապահով զգաց, գիտնալով որ եթէ իր երկնաւոր Հովիւին մօտ մնար, ‘իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ’ Եհովայի սիրալիր հոգատարութիւնը պիտի վայելէր (համար 6)։ Այսպիսի ապահովութիւն կը փնտռե՞ս։ Եթէ այո՛, ուրեմն սորվէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս Եհովային մօտենալ։ Այսպէս՝ կրնաս ապահով զգալ Մեծագոյն Հովիւին բազուկներուն մէջ, որ կ’առաջնորդէ, կը պաշտպանէ եւ կը կերակրէ զանոնք՝ որոնք իրեն հաւատարիմ կը մնան (Եսայի 40։11

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 3 Բնագիրին մէջ «Տէր» բառին տեղ «Եհովա» գրուած է։ Գիտնալու համար թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ հանած են Եհովա անունը, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, էջ 195-197, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։