Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարի լուր աղքատներու համար

Բարի լուր աղքատներու համար

Բարի լուր աղքատներու համար

ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Աղքատը պիտի չմոռցուի մինչեւ վերջը» (Սաղմոս 9։18)։ Աստուածաշունչը նաեւ մեր Արարիչին ակնարկելով կ’ըսէ. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես» (Սաղմոս 145։16)։ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ներկայացուած այս յոյսը լոկ երազ մը չէ։ Աղքատութեան վերջ դնելու համար, Ամենակալ Աստուածը կրնա՛յ հարկ եղածը հայթայթել։ Աղքատները ի՞նչ բանի կարիք ունին։

Ափրիկեցի տնտեսագէտ մը մեկնաբանեց, թէ իտէալական գետնի վրայ, աղքատ երկիրները «բարեգործ տիրակալ»ի կարիք ունին։ Ասիկա կ’ակնարկէ, թէ աղքատութեան վերջ դնելու համար, կը պահանջուի զօրաւոր եւ ազնիւ անհատ մը։ Կրնանք ասոր վրայ աւելցնել, թէ կառավարիչ մը որ կրնայ բոլորին համար աղքատութիւնը անհետացնել, պէտք է որ աշխարհակալ կառավարիչ մը ըլլայ, քանի որ ծայրայեղ աղքատութիւնը յաճախ միջազգային անհաւասարութեան հետեւանքն է։ Ասկէ զատ, ան պէտք է կարենայ բան մը ընել աղքատութեան պատճառին, որ է՝ մեր անձնասէր մարդկային բնոյթը։ Այսպիսի իտէալական կառավարիչ մը ո՞ւր կրնանք գտնել։

Աստուած Յիսուսը ղրկեց բարի լուրով աղքատներու համար։ Ան ժողովարանին մէջ, Աստուծմէ ստացած իր յանձնարարութեան մասին կարդաց. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու» (Ղուկաս 4։16-18

Ի՞նչ է բարի լուրը

Աստուած Յիսուսը որպէս Թագաւոր նշանակած է։ Ասիկա ի՛րապէս բարի լուր է։ Ինքն է իտէալական Կառավարիչը՝ աղքատութեան վերջ դնելու, քանի որ 1) ամբողջ մարդկութեան վրայ պիտի իշխէ եւ զօրութիւնը ունի գործի անցնելու. 2) աղքատներու հետ կարեկցութեամբ կը վարուի եւ իր հետեւորդներուն կը սորվեցնէ որ անոնց հոգ տանին. եւ 3) կրնա՛յ անհետացնել աղքատութեան պատճառը, անձնասիրաբար վարուելու մեր ժառանգած հակումը։ Քննարկենք բարի լուրին այս երեք երեսակները։

1. Բոլոր ազգերուն վրայ Յիսուսի հեղինակութիւնը։ Աստուծոյ Խօսքը Յիսուսի մասին կ’ըսէ. «Անոր իշխանութիւն. . . տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն» (Դանիէլ 7։14)։ Ամբողջ մարդկութեան վրայ միայն մէկ կառավարութիւն ըլլալուն առաւելութիւնները կրնա՞ս երեւակայել։ Այլեւս երկրագունդին բնական աղբիւրներուն շուրջ պայքարներ ու կռիւներ պիտի չըլլան։ Բոլորը հաւասարապէս պիտի օգտուին։ Յիսուս ի՛նք հաւաստիացուց, թէ աշխարհակալ Կառավարիչ մը պիտի ըլլայ՝ գործի անցնելու զօրութիւնը ունենալով։ Ան ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ» (Մատթէոս 28։18

2. Աղքատներու հանդէպ Յիսուսի կարեկցութիւնը։ Իր ամբողջ երկրային ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս աղքատներու հետ կարեկցութեամբ վարուեցաւ։ Օրինակ՝ կին մը, որ բժշկական դարմանումի համար իր ամբողջ ունեցածը վատներ էր, Յիսուսի հանդերձներուն դպաւ՝ յուսալով բժշկուիլ։ Ան 12 տարիէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր եւ անկասկած արեան պակասութիւն ունէր։ Օրէնքին համաձայն, ան անմաքուր կը դարձնէր ոեւէ անհատ, որուն կը դպչէր։ Բայց Յիսուս անոր հետ քաղցրութեամբ վարուեցաւ, ըսելով. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ» (Մարկոս 5։25-34

Յիսուսի ուսուցումները զօրութիւն ունին մարդոց սիրտերը փոխելու, այնպէս որ անոնք ալ կրնան կարեկցութեամբ վարուիլ։ Օրինակ՝ նկատի առ Յիսուսի տուած պատասխանը այն մարդուն, որ ուզեց գիտնալ Աստուած հաճեցնելու կերպը։ Քաջատեղեակ ըլլալով թէ Աստուած կ’ուզէ որ մեր ընկերը սիրենք, ան Յիսուսին հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։

Առ ի պատասխան, Յիսուս իր հռչակաւոր մէկ առակը տուաւ, որուն մէջ Երուսաղէմէն Երիքով ճամբորդող մարդ մը աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք զինք «կիսամեռ» թողուցին։ Այդ ճամբայէն իջնող քահանայ մը անդիի կողմէն անցաւ։ Ղեւտացի մըն ալ նոյնը ըրաւ։ «Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց»։ Ան մարդուն վէրքերը մաքրեց, զինք պանդոկ մը տարաւ եւ պանդոկապետին վճարեց, որպէսզի վիրաւորուած մարդուն հոգ տարուի։ «Այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին», հարցուց Յիսուս։ Անհատը պատասխանեց. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Դուն ալ այնպէս ըրէ» (Ղուկաս 10։25-37

Անոնք որոնք Եհովայի վկաներ կը դառնան, Յիսուսի այս ուսուցումները կը սորվին եւ կարիքաւորներուն օգնելու վերաբերեալ իրենց կեցուածքը կը փոխեն։ Օրինակ, Կիներ՝ սովետական բանտերու մէջ խորագրով իր գիրքին մէջ, լաթվիացի հեղինակուհի մը նշեց իր հիւանդութեան մասին, մինչ 1960–ական թուականներու կիսուն, Փոթմա ճամբարին մէջ կ’աշխատէր։ Ան գրեց. «Հիւանդութեանս բոլոր օրերուն, [Վկաները] ջանասէր հիւանդապահներ էին։ Աւելի լաւ հոգատարութիւն չէի կրնար մտապատկերել»։ Հեղինակուհին աւելցուց. «Եհովայի վկաները իրենց պարտականութիւնը կը համարեն օգնել ամէնուն, առանց նկատի առնելու կրօնքը կամ ազգութիւնը»։

Երբ ֆինանսական փլուզումի մը պատճառով, Էքուատորի Անգոն գիւղաքաղաքին մէջ բնակող Եհովայի վկաներէն ոմանք առանց գործի կամ եկամուտի մնացին, անոնց հաւատակիցները որոշեցին կերպ մը, որով անոնց համար դրամ ձեռք բերեն. անոնք ուտելիք պատրաստեցին, որպէսզի գիշերը ձկնորսութիւն ընելէ վերադարձող ձկնորսներուն ծախեն (տե՛ս նկարը)։ Ժողովքին բոլոր անդամները համագործակցեցան, ի ներառեալ՝ երեխաները։ Անոնք ամէն օր, կէս գիշերէ ետք ժամը մէկին կը սկսէին աշխատիլ, որպէսզի երբ նաւերը ժամը չորսին գային, ուտելիքը պատրաստ ըլլար։ Վկաներուն ձեռք բերած գումարը կը բաժնուէր իւրաքանչիւրին կարիքին համեմատ։

Այսպիսի փորձառութիւններ ցոյց կու տան, թէ Յիսուսի օրինակը եւ ուսուցումները ի՛րապէս զօրութիւն ունին՝ կարիքաւորներուն օգնելու վերաբերեալ մարդոց կեցուածքը փոխելու։

3. Մարդկային բնոյթը փոխելու Յիսուսի զօրութիւնը։ Մարդոց անձնասէր ըլլալու միտումը հանրածանօթ իրողութիւն մըն է։ Աստուածաշունչը զայն մեղք կը կոչէ։ Նոյնիսկ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ես կը գտնեմ օրէնք մը, որ երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ»։ Ապա ան աւելցուց. «Ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն։ Գոհութիւն Աստուծոյ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմայեցիս 7։21-25)։ Հոս՝ Պօղոս կ’ակնարկէր թէ Աստուած ինչպէ՛ս Յիսուսի միջոցով պիտի ազատէր ճշմարիտ երկրպագուները ժառանգուած մեղաւոր միտումներէ, որոնց շարքին է՝ անձնասիրութիւնը, աղքատութեան սկզբնապատճառը։ Ասիկա ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ։

Յիսուսի մկրտութենէն որոշ ժամանակ մը ետք, Յովհաննէս Մկրտիչ անոր մասին ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհաննէս 1։29)։ Մօտ ատենէն, երկրագունդը պիտի լեցուի անհատներով, որոնք ձերբազատուած պիտի ըլլան ժառանգուած մեղքէն, ի ներառեալ՝ անձնական շահեր հետապնդելու հակումէն (Եսայի 11։9)։ Յիսուս աղքատութեան պատճառը մէջտեղէն վերցուցած պիտի ըլլայ։

Ի՜նչ ուրախութիւն է խոկալ այն ժամանակուան մասին, երբ այլեւս կարիքաւոր մը պիտի չըլլայ։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ» (Միքիա 4։4)։ Այդ խօսքերը բանաստեղծական ոճով կը նկարագրեն այն ժամանակը, երբ բոլորն ալ պիտի ունենան գոհացուցիչ աշխատանք, ապահովութիւն եւ աղքատութենէ զերծ աշխարհ մը վայելելու լիարժէք պատեհութիւն, ի փառք Եհովային։