Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բոլո՞ր հաւատարիմ քրիստոնեաները երկինք կ’երթան

Բոլո՞ր հաւատարիմ քրիստոնեաները երկինք կ’երթան

Ընթերցողները կը հարցնեն

Բոլո՞ր հաւատարիմ քրիստոնեաները երկինք կ’երթան

▪ Շատեր կարդացած են Յիսուսի այս մխիթարական խօսքերը. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։ Յիսուս ըսել ուզե՞ց թէ իր Հօր՝ Եհովա Աստուծոյ բոլոր հաւատարիմ երկրպագուները երկինք պիտի երթային՝ իսկական երջանկութեան մէջ յաւիտենական կեանք վայելելու։

Նկատի առ Յիսուսի այս միտք գրգռող խօսքը. «Մէ՛կը երկինք չելաւ. բայց միայն անիկա, որ երկնքէն իջաւ, Որդին մարդոյ» (Յովհաննէս 3։13)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ վաղեմի հաւատարիմ երկրպագուները, ինչպէս՝ Նոյ, Աբրահամ, Մովսէս եւ Դաւիթ, երկինք չելան (Գործք 2։34)։ Ուստի ո՞ւր գացին անոնք։ Կարճ խօսքով՝ վաղեմի հաւատարիմները գերեզմանին մէջ են, մահուան մէջ քնացած, անգիտակից, յարութեան սպասելով (Ժողովող 9։5, 6. Գործք 24։15

Յիսուս առաջին անձն էր որ նշեց, թէ ոմանք մահուընէ ետք երկինքի մէջ պիտի ապրէին։ Ան իր առաքեալներուն ըսաւ որ իրենց համար երկինքի մէջ տեղ պիտի պատրաստէր (Յովհաննէս 14։2, 3)։ Ասիկա Աստուծոյ ժողովուրդին համար նորութիւն մըն էր։ Յետագային՝ Պօղոս առաքեալ բացատրեց թէ մեռնելէն, յարուցանուելէն ու երկինք վերադառնալէն ետք, Յիսուս ‘նոր ու կենարար ճամբայի մը բացումը կատարեց իր աշակերտներուն համար’,– ճամբայ մը զոր ո՛չ մէկ այլ մարդ գործածած էր (Եբրայեցիս 10։19, 20, ԱԾ

Արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ այդ պահէն սկսեալ բոլոր հաւատարիմները երկինք պիտի երթային։ Ո՛չ, քանի որ յարութիւն առնելով երկինք երթալը սերտօրէն առնչուած է նշանակումի մը, որ կը տրուի միայն կարգ մը անհատներու։ Իր երկրային կեանքին վերջին գիշերը, Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ թէ իր երկնային Թագաւորութեան մէջ ‘աթոռներու վրայ պիտի նստէին դատելու’։ Արդ, անոնց նշանակումը պիտի ըլլար՝ Յիսուսի հետ երկինքի մէջ իշխել (Ղուկաս 22։28-30

Առաքեալներէն զատ, ուրիշ մարդիկ ալ պիտի ստանային այս հիասքանչ պաշտօնը։ Տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ թէ Յիսուս երկինքի մէջ խումբ մը յարուցեալներու հետ էր, որոնք նկարագրուեցան որպէս ‘թագաւորներ ու քահանաներ՝ երկրի վրայ թագաւորելու’ (Յայտնութիւն 3։21. 5։10)։ Այդ խումբը քանի՞ հոգիէ կազմուած էր։ Ինչպէս որ է պարագան բոլոր կառավարութիւններուն, միայն սահմանափակ թիւով անհատներ կը կառավարեն։ Այս երկնային Թագաւորութեան պարագան ալ նոյնն է։ Աստուծոյ Գառնուկը՝ Յիսուս, 144,000 իշխանակիցներու հետ կ’իշխէ, որոնք «մարդոց մէջէն գնուեցան» (Յայտնութիւն 14։1, 4, 5

Ճիշդ է որ վաղեմի եւ այժմու բոլոր հաւատարիմ մարդոց թիւին հետ համեմատելով՝ 144,000 թիւը փոքր է. բայց ասիկա հասկնալի է, քանի որ 144,000–ը յարուցանուելով երկինք կ’երթան՝ մասնայատուկ սրբազան նշանակում մը կատարելու։ Եթէ տուն մը կառուցանելու ըլլայիր, շրջանիդ մէջ բնակող բոլո՞ր հմուտ շինարարները վարձու պիտի բռնէիր։ Ո՛չ։ Հապա ո՛րքան որ գործը կը պահանջէր, ա՛յդքան գործաւոր պիտի բերէիր։ Նմանապէս, բոլոր հաւատարիմները չեն որ Աստուծոյ կողմէ կ’ընտրուին՝ երկինքի մէջ Քրիստոսին հետ իշխելու իւրայատուկ առանձնաշնորհումը ստանալու համար։

Այս երկնային կառավարութիւնը մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պիտի իրագործէ։ Յիսուս եւ իր 144,000 իշխանակիցները երկրագունդին աշխարհածաւալ դրախտի մը վերածուելուն վրայ պիտի վերահսկեն, ուր անհաշիւ հաւատարիմներ առյաւէտ երջանիկ պիտի ապրին (Եսայի 45։18. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Անոնց մէջ պիտի ըլլան անոնք՝ որոնք յարութիւն պիտի առնեն, քանի որ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են (Յովհաննէս 5։28, 29

Եհովայի ամէն հաւատարիմ երկրպագու,– ըլլա՛յ անցեալին թէ ներկայիս,– կրնա՛յ յաւիտենական կեանքի հոյակապ պարգեւը ստանալ (Հռովմայեցիս 6։23)։ Քիչեր մասնայատուկ նշանակումի մը համար երկնային կեանք պիտի ստանան, իսկ մեծամասնութիւնը երկրի վրայ՝ աշխարհածաւալ դրախտի մը մէջ կեանք պիտի ստանայ։