Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքը իսկական իմաստ մը ունի՞

Կեանքը իսկական իմաստ մը ունի՞

Կեանքը իսկական իմաստ մը ունի՞

«ԿԵԱՆՔԸ իմաստ մը ունի՞»։ Անհամար մարդիկ այս հարցումը ուղղած են։ Ցաւօք սրտի, շատեր կեանքը ինչպէ՛ս որ ալ դիտեն, չեն կրնար խոյս տալ այն բանէն, զոր աւստրիացի ջղաբան՝ Վիքթոր Ի. Ֆրանգլ նկարագրեց որպէս «անիմաստութեան եւ պարապութեան զգացում»։

Ինչո՞ւ շատեր այդպէս կը զգան։ Պատճառներէն մէկը այն է, թէ աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ, անհաւատալիօրէն խեղճ եւ սրտաբեկ պայմաններու ներքեւ կ’ապրին։ Աղքատութիւնը, հիւանդութիւնը, բռնութիւնը եւ հարստահարութիւնը իրենց կեանքի մնայուն մէկ մասը դարձած են։ Անոնց կեանքը իրապէս «թշուառութիւնով լեցուն է», ինչպէս որ վաղեմի Յոբը մարդկային տառապանքին մասին ըսաւ (Յոբ 14։1)։ Անոնց գլխաւոր նպատակն է՝ պարզապէս մէկ օրէն միւսը ողջ մնալ։

Ուրիշ միլիոնաւորներ նիւթական որոշ բարգաւաճութիւն կը վայելեն։ Ըստ երեւոյթին՝ կեանքին մէջ իսկական գոհունակութիւն գտնելու համար, անհրաժեշտ ամէն բան ունին։ Բայց շատեր տակաւին գոհունակ չեն։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ կրկին անգամ «տաժանք[ը] եւ ունայնութիւն»ը,– անսպասելի դրամական ձախորդութիւնները կամ դառն ողբերգութիւնները, ինչպէս՝ զաւակի մը մահը,– իրենց արժէքաւոր յոյսերն ու երազները կը քանդեն (Սաղմոս 90։10, ԱԾ

Կեանքի չափազանց կարճատեւութիւնը այլ ազդակ մըն է, որ «անիմաստութեան եւ պարապութեան» համատարած զգացումը կը խորացնէ։ Շատերու համար պարզապէս անըմբռնելի է, թէ ինչպէ՛ս մեծ կարողութեամբ օժտուած մարդիկ, այսպիսի կարճ կեանք կը վարեն։ Անոնք չեն կրնար բոլորիս դիմագրաւած դառն իրողութիւնը հասկնալ. ուշ կամ կանուխ, նոյնիսկ եթէ մեր կեանքի ընթացքին մեծ ողբերգութիւններէ չազդուինք, մահը մեզմէ ամէն բան կը խլէ (Ժողովող 3։19, 20

Կեանքը միշտ անիմաստ պիտի թուի՞

Վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը, պարագան շատ լաւ կերպով ամփոփեց։ Ան տեսաւ, թէ իր օրերուն մարդիկ ինչպէ՛ս իրենց ձիրքերը եւ կարողութիւնները գործածելով՝ ծանր կ’աշխատէին ցանելու, մշակելու, կառուցանելու եւ իրենց ընտանիքներուն հոգ տանելու մէջ, ինչպէս այսօր մենք կ’ընենք։ Իրականութեան մէջ, ան հարց տուաւ. ‘Այս բոլորը վերջաւորութեան ի՞նչ արժէք պիտի ներկայացնեն’։ Ան եզրափակեց թէ մարդոց բոլոր ըրածները «ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք են» (Ժողովող 2։17

Բայց արդեօք Սողոմոն թագաւոր կը հաւատա՞ր որ մարդկութեան բոլոր ըրածները միշտ «ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք» պիտի ըլլան։ Ո՛չ։ Ան պարզապէս իրատես հայեցակէտ մը կ’արտայայտէր, թէ ներկայ կեանքին մէջ ի՛նչ կը պատահի։ Սակայն, Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը կրնայ քեզ վստահեցնել, թէ կեանքը միշտ ալ այսպէս պիտի չըլլայ։

Ինչպէ՞ս կրնաս այս վստահութիւնը ունենալ։ Հաճիս յաջորդ երկու յօդուածները կարդա՛։ Անոնք կրնան քեզի օգնել հասկնալու, թէ կեանքը ինչո՛ւ այսքան անիմաստ կը թուի, այս վիճակը ինչպէ՛ս պիտի շտկուի, եւ ինչպէ՛ս կրնաս կեանքդ իմաստալից դարձնել նո՛յնիսկ հիմա։