Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքը ինչո՞ւ անիմաստ կը թուի

Կեանքը ինչո՞ւ անիմաստ կը թուի

Կեանքը ինչո՞ւ անիմաստ կը թուի

ԻՆՉՈ՞Ւ պէտք է հաւատաս, թէ կեանքը աւելին պիտի ըլլայ, քան ինչ որ Սողոմոն թագաւոր նկարագրեց որպէս «ստուերի պէս անցուցած [մեր] ունայն կեանք»ը (Ժողովող 6։12)։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը,– տեղեկութիւններու բոլորովին վստահելի աղբիւրը,– կը խոստանայ թէ ապագային կեանքը ի՛րապէս իմաստալից պիտի ըլլայ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ երկրագունդի նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը ի՛նչ էր։ Ատիկա նաեւ կը բացատրէ, թէ աշխարհը ինչո՛ւ անարդարութեամբ, հարստահարութեամբ եւ տառապանքով լեցուն է։ Ինչո՞ւ կարեւոր է որ այս բաները հասկնանք։ Քանի որ բուն պատճառը, որ կը ձգէ մարդիկ խորհին թէ կեանքը ամբողջովին անիմաստ է, այն է թէ անոնք չեն գիտեր,– կամ կ’ընտրեն անտեսել,– այս մոլորակին եւ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը։

Երկրագունդին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Եհովա Աստուած * երկրագունդը ստեղծեց մարդկութեան կատարեալ դրախտային բնակարան մը ըլլալու համար,– վայր մը՝ ուր տղամարդիկ եւ կիներ պիտի կարենային մարդկային կատարելութեան մէջ առյաւէտ գոհացուցիչ կեանք վայելել։ Այս հիմնական ճշմարտութիւնը կը հակասէ սովորաբար ընդունուած բայց անաստուածաշնչական գաղափարին՝ թէ Աստուած երկիրը ստեղծեց իբրեւ մարդիկը փորձելու վայր, որպէսզի տեսնէ թէ արդեօք անոնք արժանի՛ են հոգեղէն աշխարհի մը մէջ աւելի իմաստալից կեանք մը վարելու (տե՛ս  «Իմաստալից կեանք մը վարելու համար, պէ՞տք է երկրագունդէն մեկնինք» խորագրով շրջանակը, էջ 6)։

Աստուած տղամարդն ու կինը իր պատկերով ստեղծեց՝ իր հոյակապ յատկութիւնները արտացոլացնելու կարողութեամբ (Ծննդոց 1։26, 27)։ Ան զիրենք կատարեալ ստեղծեց։ Անոնք առյաւէտ արդիւնաբեր եւ իմաստալից կեանք մը վայելելու համար ամէն բան ունէին։ Ատիկա պիտի պարփակէր երկիրը լեցնել ու անոր տիրանալ, եւ ամբողջ երկրագունդը Եդեմի պարտէզին նման դրախտի վերածել (Ծննդոց 1։28-31. 2։8, 9

Ի՞նչ բան սխալ ընթացաւ

Բացայայտօրէն, բան մը մեծապէս սխալ ընթացաւ։ Մարդկութիւնը ընդհանուր առմամբ Աստուծոյ պատկերը խեղճօրէն կ’արտացոլացնէ։ Իսկ երկրագունդը վստահաբար դրախտ չէ։ Ի՞նչ պատահեցաւ։ Մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամն ու Եւան, իրենց ազատ կամքը չարաչար գործածեցին։ Անոնք ուզեցին ‘աստուածներու պէս ըլլալ’, իրենք իրենց համար որոշել «բարին ու չարը»։ Այսպէս ընելով, անոնք Բանսարկու Սատանայի ըմբոստ ընթացքին հետեւեցան (Ծննդոց 3։1-6

Ուրեմն, չարիքը Աստուծոյ խորհրդաւոր եւ նախասահմանուած ծրագրի մը մէկ մասը չէ։ Ատիկա գոյութիւն ունեցաւ երբ Սատանան,– ապա Ադամն ու Եւան,– Աստուծոյ իշխանութեան դէմ ըմբոստացաւ։ Անոնց ըմբոստութեան առ ի հետեւանք, մեր առաջին ծնողքը Դրախտն ու կատարելութիւնը կորսնցուցին, մեղքն ու մահը բերելով ոչ միայն իրենց վրայ, այլ նաեւ՝ իրենց զարմին վրայ,– ամբողջ մարդկային ընտանիքը (Ծննդոց 3։17-19. Հռովմայեցիս 5։12)։ Ա՛յս է որ կեանքը այսքան անիմաստ դարձնող պայմաններն ու պարագաները բերաւ։

Ինչո՞ւ չարիքը անմիջապէս չբնաջնջուեցաւ

Ոմանք կը խորհին. ‘Աստուած ինչո՞ւ չարիքը անմիջապէս չբնաջնջեց, պարզապէս Սատանան եւ միւս ըմբոստները չքացնելով եւ դարձեալ սկիզբէն սկսելով’։ Այդպէս ընելը իրապէս իմաստութիւն պիտի ըլլա՞ր։ Ինչպէ՞ս պիտի հակազդէիր, եթէ լսէիր որ զօրաւոր կառավարութիւն մը, անմիջապէս մահապատիժի ենթարկեց ամէն անհատ որ իր հեղինակութեան ասպարէզ կարդաց։ Այսպիսի արարքներ անաչառ մարդիկ կառավարութենէն չե՞ն հեռացներ եւ կառավարութեան օրինակելի ըլլալը չե՞ն քանդեր։

Աստուած ընտրեց ըմբոստներուն դէմ անմիջապէս չգործել։ Իմաստութեամբ, ան թոյլ տուաւ որ ժամանակ անցնի, որպէսզի Եդեմի պարտէզին մէջ իր իշխելու կերպին առնչութեամբ յարուցուած հարցերը միանգամ ընդմիշտ լուծուին։

Ամէն չարիքի բնաջնջումը

Բանալի կէտը՝ զոր պէտք է յիշենք, հետեւեալն է. Աստուած չարիքը միայն սահմանափակ ժամանակի մը համար թոյլատրած է։ Ան այդպէս ըրած է, գիտնալով որ կրնա՛յ ատոր աղէտալի հետեւանքները ամբողջովին վերացնել, երբ իր իշխելու կերպին դէմ ըմբոստութեան յարուցած կենսական հարցերը լուծուին։

Աստուած երկրագունդի եւ մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակը չէ լքած։ Եսայի մարգարէին միջոցաւ Եհովա մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ ինքն է երկրագունդին Արարիչը եւ «զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։ Շատ մօտ ատենէն, ան պիտի սկսի երկրագունդը կատարեալ վիճակի մէջ բերել, իր սկզբնական նպատակին համաձայն։ Բացարձակապէս հաստատելէ ետք, որ իր իշխելու կերպը շիտակ է, ան արդարացիօրէն իր անդիմադրելի ուժը պիտի գործածէ, որպէսզի իր կամքը պարտադրէ եւ ամէն չարիք ամբողջովին բնաջնջէ (Եսայի 55։10, 11)։ Տիպար աղօթքին մէջ, Յիսուս Քրիստոս պարփակեց Աստուծոյ ուղղուած կոչ մը, որ այս քայլը առնէ։ Ան մեզի սորվեցուց աղօթել. «Քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

Երկրագունդի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը

Ուրիշ բաներու կողքին, «հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը» (Սաղմոս 37։9-11, 29. Առակաց 2։21, 22)։ Յիսուս Քրիստոս «աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ»։ Ան զանոնք «հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ» (Սաղմոս 72։12-14)։ Այլեւս պատերազմ պիտի չըլլայ. ոչ ալ մահ, արցունք, ցաւ կամ տառապանք պիտի ըլլայ (Սաղմոս 46։9. Յայտնութիւն 21։1-4)։ Բազմութիւններ, որոնք մահացան մինչ Աստուած չարիքը կը հանդուրժէր, հոս երկրի վրայ յարութիւն պիտի առնեն, եւ պատեհութիւն պիտի ունենան այս եւ այլ օրհնութիւններէ օգտուելու (Յովհաննէս 5։28, 29

Իրականութեան մէջ, Եհովա Սատանայի ըմբոստութեան պատճառած ամէն վնաս կատարելապէս պիտի չքացնէ, այնպէս որ ‘առաջուան նեղութիւնները [բոլոր այն բաները, որոնք ներկայիս վիշտ ու ցաւ կը պատճառեն] պիտի մոռցուին’ (Եսայի 65։16-19)։ Այդ ապագան երաշխաւորուած է։ Աստուած չի ստեր։ Իր բոլոր խոստումները կը կատարուին։ Այլեւս կեանքը «ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք» պիտի չըլլայ (Ժողովող 2։17)։ Փոխարէն, կեանքը շատ իմաստալից պիտի ըլլայ։

Իսկ հիմակուան մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Արդեօք Աստուածաշունչի սորվեցուցածը գիտնալը եւ երկրագունդի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը հասկնալը կրնա՞ն կեանքդ հիմա իմաստալից դարձնել։ Այս յօդուածաշարքին վերջին յօդուածը կը պատասխանէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է։

[Շրջանակ՝ էջ 6]

 Իմաստալից կեանք մը վարելու համար, պէ՞տք է երկրագունդէն մեկնինք

Դարերէ ի վեր, մարդիկ որոնք երկրագունդի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակին մասին գիտութիւն չունին, սորվեցուցած են թէ իրապէս իմաստալից գոյութիւն մը վայելելու համար, նա՛խ պէտք է երկրագունդը ձգենք։

Ոմանք ըսին որ հոգիները «մարդկային մարմիններու մէջ մտնելէ առաջ, աւելի բարձր գոյութիւն մը ունէին» (New Dictionary of Theology)։ Ուրիշներ ըսին թէ հոգին «երկնային վիճակին մէջ իր գործած մեղքերուն առ ի պատիժ, մարմինին մէջ բանտարկուեցաւ» (Cyclopedia of Biblical Theological and Ecclesiastical Literature

Սոկրատի եւ Պղատոնի նման յոյն փիլիսոփաներ, հետեւեալ գաղափարը սորվեցուցին. միայն երբ հոգին մարդկային ֆիզիքական մարմնի սահմանափակումներէն ձերբազատուի, պիտի «արձակուի իր թափառումներէն, յիմարութիւններէն, վախերէն, անզուսպ ցանկութիւններէն եւ միւս բոլոր տկարութիւններէն, զորս մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ» եւ «առյաւէտ աստուածներու հետ» պիտի բնակի (Plato’s Phaedo 81 A)։

Յետագային, այդպէս կոչուած քրիստոնեայ առաջնորդները իրենց ուսուցումներուն մէջ մտցուցին «հոգիին բնածին անմահութեան» յոյն փիլիսոփաներու ենթադրութիւնները (Christianity—A Global History

Այս գաղափարները հակադրէ Աստուածաշունչին մէջ գտնուող հիմնական երեք ճշմարտութիւններու հետ.

1. Աստուծոյ նպատակն է որ երկրագունդը մարդկութեան մնայուն բնակարանը ըլլայ, ոչ թէ ժամանակաւոր փորձի վայր, տեսնելու համար թէ ո՛վ արժանի է իրեն հետ երկնքի մէջ ապրելու։ Եթէ Ադամ ու Եւա Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդէին, անոնք տակաւին հոս դրախտային երկրի վրայ ողջ պիտի ըլլային (Ծննդոց 1։27, 28. Սաղմոս 115։16

2. Մինչ կրօնքներուն մեծամասնութիւնը կը սորվեցնէ թէ մարդը ունի հոգի մը,– ներքին աննիւթական գոյացութիւն մը,– Աստուածաշունչը աւելի պարզ բան մը կը սորվեցնէ։ Մարդը «կենդանի հոգի» է, «գետնին հողէն» շինուած (Ծննդոց 2։7)։ Աստուածաշունչը բնաւ չի նշեր թէ այս հոգին անմահ է։ Ատիկա կ’ըսէ թէ հոգին կը մեռնի կամ կը չքանայ, բոլորովին գոյութենէ դադրելով (Սաղմոս 146։4. Ժողովող 9։5, 10. Յակոբոս 5։20)։ Առաջին հոգին՝ Ադամը, արդարեւ մեռաւ եւ գետինը վերադարձաւ, ուրկէ առնուած էր։ Ան չգոյութեան վերադարձաւ (Ծննդոց 2։17. 3։19

3. Մարդուն ապագայ կեանքի հեռանկարները կախեալ են, ոչ թէ դէպի հոգեղէն ոլորտ մեկնող անմահ հոգի ունենալէն, այլ՝ Աստուծոյ խոստումէն, թէ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն դրախտային երկրի վրայ (Դանիէլ 12։13. Յովհաննէս 11։24-26. Գործք 24։15