Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի յստակ ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն պիտի ընծայե՞ս

Եհովայի յստակ ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն պիտի ընծայե՞ս

Եհովայի յստակ ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն պիտի ընծայե՞ս

«Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք» (ԵՍԱ. 30։21

1, 2. Սատանան ի՞նչ վճռած է ընել, իսկ Աստուծոյ Խօսքը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ։

ՍԽԱԼ ուղենշան մը ոչ միայն մոլորեցուցիչ է, այլեւ՝ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Երեւակայէ թէ բարեկամ մը քեզ զգուշացուց, թէ չար մարդ մը դիտումնաւոր կերպով նշան մը փոխած է, որպէսզի անզգոյշ ուղեւորներուն վնաս հասցնէ։ Վստահաբար այդ ազդարարութեան ուշադրութիւն պիտի ընծայէիր։

2 Բացորոշ է որ Սատանան թշնամի մըն է, որ վճռած է մեզ սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել (Յայտ. 12։9)։ Նախորդ յօդուածին մէջ քննարկուած բոլոր գէշ ազդեցութիւնները իրմէ ծագում կ’առնեն եւ անոնց նպատակն է՝ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբայէն մեզ շեղեցնել (Մատ. 7։13, 14)։ Բայց մեր բարեսէր Աստուածը մեզ կը զգուշացնէ, որ Սատանայի մոլորեցուցիչ ‘ուղենշաններուն’ չհետեւինք։ Այժմ քննարկենք Սատանայի յաւելեալ երեք բացասական ազդեցութիւններ։ Մինչ նկատի կ’առնենք թէ Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՛ս մեզի կ’օգնէ որ մոլորուելէ խուսափինք, կրնանք երեւակայել թէ Եհովա մեր ետեւէն կը քալէ եւ մեզ շիտակ ուղղութեամբ կ’առաջնորդէ՝ ըսելով. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք» (Եսա. 30։21)։ Եհովայի յստակ ազդարարութիւններուն վրայ խոկալը, անոնց անսալու մեր վճռականութիւնը պիտի զօրացնէ։

«Սուտ վարդապետներ»ուն մի՛ հետեւիր

3, 4. ա) Սուտ վարդապետները ինչպէ՞ս չորցած ջրհորներու նման են։ բ) Սուտ վարդապետները յաճախ ուրկէ՞ կու գան եւ ի՞նչ կ’ուզեն։

3 Երեւակայէ թէ ճամբորդութեան ընթացքին, անապատէ մը կ’անցնիս։ Հեռուն ջրհոր մը կը նշմարես եւ դէպի հոն կ’ուղղուիս, յուսալով որ պապակդ յագեցնելու համար ջուր ձեռք ձգես։ Սակայն երբ կը հասնիս, կը տեսնես թէ ջրհորը չորցած է. ո՜րքան յուսախաբ կ’ըլլաս։ Սուտ վարդապետները կամ ուսուցիչները չորցած ջրհորներու նման են։ Ոեւէ անհատ որ անոնց կը դիմէ ճշմարտութեան ջուրեր ձեռք ձգելու համար, մեծապէս յուսախաբ պիտի ըլլայ։ Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալներուն միջոցաւ, Եհովա մեզ սուտ վարդապետներէ կը զգուշացնէ (կարդա՛ Գործք 20։29, 30. Բ. Պետրոս 2։1-3Որո՞նք են այս սուտ վարդապետները։ Երկու առաքեալներուն ներշնչեալ խօսքերը կ’օգնեն բնորոշելու, թէ սուտ վարդապետները ուրկէ՛ կու գան եւ ինչպէ՛ս մարդիկը կը խաբեն։

4 Պօղոս Եփեսոսի ժողովքին երէցներուն ըսաւ. «Ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին»։ Իսկ Պետրոս զանազան ժողովքներու ուղղած իր նամակին մէջ գրեց. «Ձեր մէջ ալ սուտ վարդապետներ պիտի ըլլան»։ Ուրեմն ուրկէ՞ կու գան սուտ վարդապետները։ Անոնք ժողովքին մէջէն կրնան ծագիլ։ Այսպիսիներ հաւատուրացներ են։ * Անոնք ի՞նչ կ’ուզեն։ Պօղոս ըսաւ թէ անոնք Եհովայի կազմակերպութիւնը ձգելով չեն գոհանար, այլ անոնց նպատակն է՝ «աշակերտները իրենց ետեւէն քաշել»։ Նկատէ որոշիչ յօդը՝ «աշակերտները»։ Փոխանակ ժողովքէն դուրս իրենց աշակերտներ փնտռելու, հաւատուրացները կը ջանան Քրիստոսի աշակերտները իրենց հետ տանիլ։ «Յափշտակող գայլեր»ու նման, հաւատուրացները կ’ուզեն ժողովքի անդամներուն հաւատքը կործանել եւ զանոնք ճշմարտութենէն հեռացնել (Մատ. 7։15. Բ. Տիմ. 2։18

5. Սուտ վարդապետները ի՞նչ մեթոտներ կը գործածեն։

5 Սուտ վարդապետները ինչպէ՞ս մարդիկը կը խաբեն։ Անոնց մեթոտները խորամանկ հոգի մը կը յայտնեն։ Հաւատուրացները «գաղտուկ» ապականիչ գաղափարներ կը մտցնեն։ Մաքսանենգներու նման, անոնք թաքուն կերպով կը գործեն, հաւատուրաց տեսակէտներ գաղտագողի ներկայացնելով։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ վարպետ զեղծարար մը կեղծ արձանագրութիւններ կը փոխանցէ, նմանապէս հաւատուրացներ «հնարուած խօսքեր» կը գործածեն, իրենց յօրինած գաղափարները փոխանցելու որպէս թէ շիտակ ըլլային։ Անոնք «խաբէութիւններ» կը տարածեն՝ Սուրբ Գրութիւնները ‘ծուռ մեկնելով’, որ իրենց անձնական գաղափարներուն յարմարին (Բ. Պետ. 2։1, 3, 13. 3։16)։ Յստակ է որ հաւատուրացները մեր բարօրութեամբ հետաքրքրուած չեն։ Անոնց հետեւիլը՝ միայն մեզ յաւիտենական կեանքի տանող ճամբայէն պիտի շեղեցնէ։

6. Աստուածաշունչը սուտ վարդապետներուն առնչութեամբ մեզի ի՞նչ յստակ խրատ կու տայ։

6 Ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ սուտ վարդապետներէն պաշտպանել։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ ճիշդ ի՛նչ ընել (կարդա՛ Հռովմայեցիս 16։17. Բ. Յովհաննէս 9-11«Անոնցմէ ետ կեցէք», կ’ըսէ Աստուծոյ Խօսքը։ Ուրիշ թարգմանութիւններ այդ խօսքը կը թարգմանեն՝ «Հեռացէ՛ք անոնցմէ» (ԱԾ) եւ «Հեռո՛ւ փախէք անոնցմէ» (Անթիլիաս)։ Այդ ներշնչեալ խրատին առնչութեամբ անորոշ բան չկայ։ Ենթադրենք թէ բժիշկ մը քեզի ըսաւ, որ փոխանցիկ եւ մահացու հիւանդութենէ տառապող անհատի մը հետ շփման մէջ գալէ խուսափիս։ Բժիշկին ըսածը կ’ըմբռնես եւ բծախնդրաբար անոր զգուշացումին ուշադրութիւն կ’ընծայես։ Լաւ, հաւատուրացները «ախտացած» են, եւ կը ջանան ուրիշները իրենց անհաւատարիմ ուսուցումներով վարակել (Ա. Տիմ. 6։3, 4)։ Եհովա՝ Մեծագոյն Բժիշկը, մեզի կը պատուիրէ որ անոնց հետ շփման մէջ գալէ խուսափինք։ Գիտե՛նք թէ ան ինչ ըսել կ’ուզէ, բայց արդեօք վճռա՞ծ ենք իր ազդարարութեան ուշադրութիւն ընծայել։

7, 8. ա) Սուտ վարդապետներէն խուսափելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ բ) Ինչո՞ւ վճռած ես սուտ վարդապետներուն դէմ հաստատ դիրք բռնել։

7 Սուտ վարդապետներէն խուսափելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Զանոնք ո՛չ մեր տուներէն ներս կ’ընդունինք, ոչ ալ կը բարեւենք։ Նաեւ կը մերժենք անոնց գիրքերը կարդալ, հեռատեսիլի անոնց յայտագիրները դիտել, անոնց ցանցակայքերը այցելել ու մեր մեկնաբանութիւնները գրել։ Սէրէ մղուած՝ այսպիսի հաստատ դիրք մը կը բռնենք։ Մենք ‘ճշմարտութեան Աստուածը’ կը սիրենք, անոր համար խեղաթիւրուած ուսուցումներով հետաքրքրուած չենք, որոնք ճշմարտութեան իր Խօսքին կը հակասեն (Սաղ. 31։5. Յովհ. 17։17)։ Ասկէ զատ, Եհովայի կազմակերպութիւնը կը սիրե՛նք, որուն միջոցաւ հոյակապ ճշմարտութիւններ սորված ենք, ինչպէս՝ Եհովայի անունն ու անոր իմաստը, երկրի առնչութեամբ Աստուծոյ նպատակը, մեռելներուն վիճակը եւ յարութեան յոյսը։ Կրնա՞ս յիշել թէ ի՛նչ զգացիր երբ առաջին անգամ այս եւ այլ թանկագին ճշմարտութիւններ սորվեցար։ Ուստի թոյլ մի՛ տար որ սուտ վարդապետներուն սուտերը քեզ կազմակերպութեան դէմ հանեն, որ այս ճշմարտութիւնները քեզի սորվեցուց (Յովհ. 6։67-70

8 Սուտ վարդապետները ի՛նչ որ ալ ըսեն, անոնց պիտի չհետեւինք։ Ինչո՞ւ այսպիսի չորցած ջրհորներու քով երթալ, պարզապէս խաբուելու եւ յուսախաբ ըլլալու համար։ Փոխարէն, վճռե՛նք հաւատարիմ մնալ Եհովայի եւ իր կազմակերպութեան, որ Աստուածաշունչէն ճշմարտութեան մաքուր եւ թարմացուցիչ ջուրերով մեր պապակը յագեցնելու երկա՜ր արձանագրութիւն ունի (Եսա. 55։1-3. Մատ. 24։45-47

«Առասպելներ»ու մի՛ հետեւիր

9, 10. «Առասպելներ»ու առնչութեամբ Պօղոս Տիմոթէոսի ի՞նչ զգուշացում տուաւ, եւ ի՞նչ բան թերեւս Պօղոս ի մտի ունէր (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

9 Միշտ դիւրին չէ զատորոշել խարդախուած ուղենշան մը, որ սխալ ուղղութիւն ցոյց կու տայ։ Նոյնն է պարագան Սատանայի բացասական ազդեցութիւններուն. ոմանք աւելի բացորոշ են քան՝ ուրիշներ։ Պօղոս առաքեալ մեզ կը զգուշացնէ Սատանայի նենգամիտ մէկ ռազմավարութենէն,– «առասպելներ»ը (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։3, 4Որպէսզի յաւիտենական կեանքի տանող ճամբայէն չխոտորինք, հարկ է որ գիտնանք թէ ի՛նչ են առասպելները կամ սուտ պատմութիւնները եւ ինչպէ՛ս կրնանք անոնց ուշադրութիւն չընծայել։

10 Առասպելներու նկատմամբ Պօղոսի տուած ազդարարութիւնը, քրիստոնեայ երէցին՝ Տիմոթէոսի յղած իր առաջին նամակին մէջ է։ Պօղոս Տիմոթէոսի ըսաւ որ ժողովքին անարատութիւնը պահպանէ եւ հաւատակիցներուն օգնէ, որ Եհովայի հաւատարիմ մնան (Ա. Տիմ. 1։18, 19)։ «Առասպելներ» թարգմանուած յունարէն բառը կ’ակնարկէ կեղծիքի, դիցավէպի կամ ստութեան։ Համայնագիտարան մը այդ բառը հետեւեալ կերպով կը բացատրէ. «(Կրօնական) պատմութիւն մը, որ իրողութեան հետ կապ չունի» (The International Standard Bible Encyclopaedia)։ Թերեւս Պօղոս ի մտի ունէր կրօնական սուտեր, որոնք զգայացունց հեքիաթներով կամ երեւակայական աւանդավէպերով յառաջ կը մղուին։ * Այսպիսի պատմութիւններ միայն ‘հետազօտութիւն պահանջող հարցեր կը յարուցանեն’ (ՆԱ),– այսինքն՝ անիմաստ պրպտումի առաջնորդող մակերեսային հարցումներ։ Առասպելները գլխաւոր խաբեբային՝ Սատանային հնարքներն են, որ կրօնական սուտեր եւ հեքիաթներ կը գործածէ անզգոյշ անհատները խոտորեցնելու համար։ Պօղոսի յորդորը յստակ է. առասպելներու ուշադրութիւն մի՛ ընծայեր։

11. Մարդիկը մոլորեցնելու համար Սատանան ինչպէ՞ս սուտ կրօնքը վարպետութեամբ գործածած է, եւ ո՞ր ազդարարութեան անսալը մեզի պիտի օգնէ որ չմոլորինք։

11 Ի՞նչ են կարգ մը առասպելներ, որոնք անզգոյշները կը մոլորեցնեն։ Սկզբունքով, «առասպելներ» բառը կրնայ կիրարկուիլ որեւէ կրօնական սուտի կամ հեքիաթի, որ կրնայ մեզ ‘ճշմարտութենէն դարձնել’ (Բ. Տիմ. 4։3, 4)։ Սատանան որ ինքզինք «լուսաւոր հրեշտակ» կը ձեւացնէ, մարդիկը մոլորեցնելու համար սուտ կրօնքը վարպետութեամբ գործածած է (Բ. Կոր. 11։14)։ Քրիստոնէութեան դիմակով, քրիստոնեայ աշխարհը կը սորվեցնէ վարդապետութիւններ,– ինչպէս՝ Երրորդութիւն, դժոխքի կրակ եւ հոգիի անմահութիւն,– որոնք առասպելներով եւ ստութիւններով զեղուն են։ Քրիստոնեայ աշխարհը նաեւ Ծնունդի եւ Զատիկի նման տօներ յառաջ կը մղէ, որոնց երեւութապէս անմեղ սովորութիւնները դիցաբանական եւ հեթանոսական արմատներ ունին։ Առասպելները մեզ պիտի չխաբեն, եթէ սուտ կրօնքէն անջատ մնալու Աստուծոյ ազդարարութեան անսանք եւ ‘պիղծ բանի չդպչինք’ (Բ. Կոր. 6։14-17

12, 13. ա) Սատանան ի՞նչ սուտեր յառաջ մղած է, եւ իւրաքանչիւր սուտին առնչութեամբ իրողութիւնը ի՞նչ է։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Սատանայի առասպելներէն չմոլորիլ։

12 Սատանան յառաջ մղած է ուրիշ սուտեր, որոնք կրնան մեզ մոլորեցնել եթէ ուշադիր չըլլանք։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ. կրնաս ընել ի՛նչ որ կ’ուզես. շիտակը եւ սխալը դո՛ւն կ’որոշես։ Այս գաղափարը լրատուամիջոցներու եւ ժամանցի մէջ յառաջ կը մղուի։ Աստուծոյ չափանիշներուն նկատմամբ այսպիսի խեղաթիւրուած տեսակէտ մը, մեր վրայ ճնշում կը բանեցնէ որ բարոյական բոլոր արգելքները մերժենք։ Իրականութիւնը այն է, թէ բարոյական առաջնորդութեան ստիպողական կարիք ունինք, զոր միայն Աստուած կրնայ գոհացնել (Եր. 10։23Աստուած պիտի չմիջամտէ երկրի հարցերուն։ Այսպիսի «այսօրուան համար ապրէ» կեցուածքէ ազդուիլը կրնայ պատճառ ըլլալ որ «անգործ ու անպտուղ» դառնանք (Բ. Պետ. 1։8, ԱԾ)։ Իրականութիւնը այն է, թէ Եհովայի օրը արագօրէն կը մօտենայ եւ մենք պէտք է անոր սպասենք (Մատ. 24։44Աստուած անհատապէս քեզմով հետաքրքրուած չէ։ Այս սատանայական սուտին հաւատալը կրնայ պատճառ դառնալ որ ձեռնթափ ըլլանք, զգալով որ Աստուծոյ սիրոյն բնաւ չենք կրնար արժանի ըլլալ։ Իրականութիւնը այն է, թէ Եհովա իր երկրպագուները անհատապէս կը սիրէ ու կ’արժեւորէ (Մատ. 10։29-31

13 Պէտք է մի՛շտ ուշադիր ըլլանք, քանի որ Սատանայի աշխարհին մտածելակերպն ու վերաբերմունքը երեւութապէս շիտակ կրնան թուիլ։ Սակայն յիշէ որ Սատանան խաբէութեան վարպետն է։ Միայն Աստուծոյ Խօսքին խրատներուն եւ յիշեցումներուն անսալով է, որ կրնանք Սատանայի «վարպետութեամբ շինուած առասպելներ»էն չմոլորիլ (Բ. Պետ. 1։16

«Սատանային ետեւէն» մի՛ երթար

14. Պօղոս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ որոշ դեռահասակ որբեւարիներու, եւ ինչո՞ւ բոլո՛րս պէտք է իր խօսքերուն անսանք։

14 Երեւակայէ ուղենշան մը որ կ’ըսէ. «Այս ուղղութեամբ՝ Սատանային հետեւելու համար»։ Մեզմէ ո՞վ այսպիսի նշանի մը համաձայն պիտի ընթանար։ Այսուհանդերձ, Պօղոս մեզ կը զգուշացնէ զանազան կերպերէ, որոնցմով նուիրուած քրիստոնեաներ կրնան ‘խոտորիլ եւ Սատանային ետեւէն երթալ’ (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 5։11-15Պօղոսի խօսքերը որոշ «դեռահասակ որբեւարիներ»ու ուղղուած էին, բայց իր նշած սկզբունքները բոլորի՛ս կը կիրարկուին։ Առաջին դարու այդ քրիստոնեայ կիները, թերեւս չխորհեցան թէ Սատանային կը հետեւէին, սակայն իրենց արարքները ճիշդ ատիկա կը յայտնէին։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուշադիր ըլլալ որ նո՛յնիսկ անգիտակցաբար Սատանային չհետեւինք։ Քննարկենք Պօղոսի ազդարարութիւնը բամբասանքի առնչութեամբ։

15. Սատանայի նպատակը ի՞նչ է, եւ Պօղոս անոր ռազմավարութիւնները ինչպէ՞ս կը բնորոշէ։

15 Սատանային նպատակն է՝ մեր հաւատքին ձայնը խեղդել,– մեզ մղել որ բարի լուրը քարոզելէ դադրինք (Յայտ. 12։17)։ Ասիկա իրագործելու համար, ան կը փորձէ մեզ մղել որ ժամանակ վատնող կամ մեր մէջ բաժանում պատճառող գործունէութիւններ հետապնդենք։ Նկատի առ թէ Պօղոս Սատանայի ռազմավարութիւնները ինչպէ՛ս կը բնորոշէ։ ‘Ծուլանալ, տունէ տուն պտըտիլ’։ Արուեստագիտութեան այս դարուն, դիւրին է մեր եւ ուրիշներուն ժամանակը վատնել, զոր օրինակ, կարդալով եւ ուղարկելով ել–մակներ, որոնք կարեւոր չեն կամ նոյնիսկ սխալ տեղեկութիւններ կը բովանդակեն։ ‘Շատախօս ըլլալ’։ Բամբասանքը կրնայ զրպարտութեան առաջնորդել, որ յաճախ վիճաբանութիւն կը պատճառէ (Առ. 26։20)։ Գիտակցին կամ ոչ, չարամիտ զրպարտիչներ Բանսարկու Սատանան կ’ընդօրինակեն։ * ‘Հետաքրքիր ըլլալ’։ Մենք իրաւունք չունինք ուրիշներուն ըսելու, թէ իրենց անձնական գործերը ինչպէ՛ս վարեն։ Այս ամէն անօգուտ եւ նեղացուցիչ վարքը կրնայ մեզ շեղեցնել Աստուծոյ նշանակած գործէն՝ Թագաւորութեան քարոզչութենէն։ Եթէ դադրինք Եհովայի գործին նախանձախնդրաբար թիկունք կանգնելէ, կը սկսինք Սատանային ետեւէն երթալ։ Միջանկեալ գետին մը չկայ (Մատ. 12։30

16. Ո՞ր խրատին անսալը կրնայ մեզի օգնել, որ ‘խոտորելով Սատանային ետեւէն չերթանք’։

16 Աստուածաշունչին խրատին անսալը կրնայ մեզի օգնել, որ ‘խոտորելով Սատանային ետեւէն չերթանք’։ Նկատի առ Պօղոսի կարգ մը իմաստուն խրատները։ «Աւելցէ՛ք Տէրոջը գործին մէջ» (Ա. Կոր. 15։58)։ Թագաւորութեան գործունէութիւններուն մէջ զբաղած մնալը, մեզ պիտի պաշտպանէ ունայնութեան եւ ժամանակ վատնող հետապնդումներու վտանգներէն (Մատ. 6։33Խօսէ՛ «ինչ որ աղէկ է՝ պէտք եղած շինութեանը համար» (Եփ. 4։29)։ Վճռէ՛ բամբասանքի ականջ չտալ եւ զայն չտարածել։ * Հաւատակիցներու հանդէպ վստահութիւն եւ յարգանք մշակէ՛։ Այսպէս հակամէտ պիտի ըլլանք ըսելու խօսքեր, որոնք կը կերտեն եւ ոչ թէ կը քանդեն։ «Ջանաք. . . միայն ձեր գործին նայիլ» (Ա. Թես. 4։11, Անթիլիաս)։ Ուրիշներուն հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ այնպիսի կերպերով, որոնք անոնց առանձնութիւնը եւ արժանապատուութիւնը կը յարգեն։ Նաեւ յիշէ թէ մեր անձնական կարծիքները ուրիշներուն վրայ պէտք չէ պարտադրենք, երբ որոշում կայացնելը իրե՛նց կ’իյնայ (Գաղ. 6։5

17. ա) Եհովա ինչո՞ւ մեր քննարկած բոլոր ազդարարութիւնները տուած է մեզի։ բ) Մեր վճռականութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ։

17 Ո՜րքան երախտապարտ ենք որ Եհովա մեզի յստակօրէն ցոյց կու տայ ի՛նչ բանի չհետեւիլ։ Սակայն բնաւ մի՛ մոռնար թէ այս ու նախորդ յօդուածին մէջ քննարկուած Եհովայի ազդարարութիւնները, մեզի հանդէպ իր խոր սիրոյն արդիւնքն են։ Ան կ’ուզէ մեզ խնայել թշուառութենէ եւ ցաւէ, որոնք Սատանայի մոլորեցուցիչ ‘ուղենշաններուն’ հետեւելէն յառաջ կու գան։ Այն ճամբան, որ Եհովան կ’ուզէ որ բռնենք, կրնայ նեղ ըլլալ, սակայն կ’առաջնորդէ դէպի լաւագոյն վայրը,– յաւիտենական կեանք (Մատ. 7։14)։ Պէտք է վճռենք միշտ Եհովայի հետեւեալ խրատին ուշադրութիւն ընծայել. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք» (Եսա. 30։21

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 4 Հաւատուրացութիւնը ճշմարիտ պաշտամունքին դէմ ըմբոստութիւն է եւ զայն լքել է։

^ պարբ. 10 Օրինակի համար, Տոբիթ պարականոն գիրքը, որ մօտաւորապէս մ.թ.ա. երրորդ դարուն գրուեցաւ, եւ հետեւաբար Պօղոսի օրերուն գոյութիւն ունէր, լեցուն է որպէս ճշմարտութիւն ներկայացուած նախապաշարումներով եւ կախարդական պատմութիւններով (տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, Ա. հատոր, էջ 122)։

^ պարբ. 15 «Բանսարկու» բառին յունարէնը տի·ապո·լոս է, որ կը նշանակէ «զրպարտող»։ Այս բառը Սատանային՝ գլխաւոր զրպարտիչին՝ որպէս յաւելեալ տիտղոս գործածուած է (Յովհ. 8։44. Յայտ. 12։9, 10

Ի՞նչ է պատասխանդ

Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ հետեւեալ համարներուն բովանդակած ազդարարութիւններուն ուշադրութիւն կ’ընծայես։

Բ. Պետրոս 2։1-3

Ա. Տիմոթէոս 1։3, 4

Ա. Տիմոթէոս 5։11-15

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 19]

 Հովին մէջ փետուրներ ցրուել

Հրէական հին պատմութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ բամբասանքը ի՛նչ կ’ընէ։

Անհատ մը իր գիւղին մէջ եղող ամէնիմաստուն մարդուն մասին սուտեր պատմեց շատերու։ Ժամանակ մը ետք, անհատը ուզեց որ իմաստուն մարդը իրեն ներէ։ Ուստի, ան իմաստուն մարդուն հարցուց. «Ի՞նչ կրնամ ընել որ քեզի ցոյց տամ թէ ի՛րապէս ըրածիս վրայ կը զղջամ»։ Իմաստուն մարդը ըսաւ. «Մէկ բան կրնաս ընել. փետուրներով լեցուն բարձ մը առ, պատռէ՛ եւ թոյլ տուր որ հովը փետուրները տանի»։ Անհատը հակառակ որ չհասկցաւ պատճառը, իմաստուն մարդուն ըսածը ըրաւ։ Ետքը, իմաստուն մարդուն վերադառնալով՝ ըսաւ. «Հիմա կը ներե՞ս ինծի»։ Իմաստուն մարդը պատասխանեց. «Նախ գնա՛ եւ բոլոր փետուրները հաւաքէ»։ Անհատը ըսաւ. «Բայց այդ մէկը շա՜տ դժուար է. հովը փետուրները ամէն կողմ ցրուեց. ա՛լ չեմ կրնար զանոնք գտնել»։ Այդ ատեն իմաստուն մարդը պատասխանեց. «Ճիշդ ինչպէս որ փետուրները շա՜տ տեղեր ցրուեցան եւ դուն չես կրնար զանոնք գտնել, նոյնպէս սուտերդ շատ մը մարդոց հասան եւ չես կրնար անոնց յիշողութենէն ջնջել ըսածներդ»։

Դասը յստակ է։ Մեր բերնէն ելած խօսքը չենք կրնար ետ առնել ու փոխել։ Եւ ատեններ չենք կրնար մեր ըսածին ցաւալի հետեւանքները ջնջել։ Ուստի, ուրիշներու մասին գէշ բան մը ըսելէ առաջ, լաւ է որ յիշենք թէ մեր խօսքերը հովի մէջ ցրուած փետուրներու նման են։

[Նկար՝ էջ 16]

Ոմանք ինչպէ՞ս հաւատուրացները իրենց տունէն ներս կ’ընդունին