Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երեխաները ի՞նչ պէտք է սորվին

Երեխաները ի՞նչ պէտք է սորվին

Երեխաները ի՞նչ պէտք է սորվին

«Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար» (Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։16

ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը սորվելու կարիքը ունին։ Ուրկէ՞ կրնան այդ ճշմարտութիւնը սորվիլ։ Աշխարհի մէջ մեծապէս յարգուած կրօնական գիրքէն՝ Աստուածաշունչէն։

Աստուածաշունչը Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած նամակի մը նման է։ Այդ նամակին մէջ, Աստուած իր անձնաւորութիւնը կը յայտնէ եւ բարոյական առաջնորդութիւն կու տայ իր բոլոր զաւակներուն, պզտիկ թէ մեծ։ Նկատի առ Աստուածաշունչի բովանդակած կարգ մը ուսուցումները եւ անոնցմէ քաղուած դասերը, որոնցմէ նո՛յնիսկ երեխաները կրնան սորվիլ։

Աստուած ի՞նչ կ’ուզէ որ իր մասին գիտնանք

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղմոս 83։18

Դաս. Աստուած անդէմ ոյժ մը չէ, այլ՝ իրական Անձ մըն է, որ յատկանշական անձնական անուն ունի։

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Տէրը սրտերը կը քննէ ու ամէն մտքերու խորհուրդները կը ճանչնայ։ Եթէ զանիկա փնտռես՝ պիտի գտնես» (Ա. Մնացորդաց 28։9

Դաս. Եհովա Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է, ներառեալ՝ երեխաներով (Սաղմոս 10։14. 146։9)։ Ան կ’ուզէ որ իր մասին սորվինք։

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Որբեւարին ու որբը բնաւ մի՛ չարչարէք։ Եթէ զանոնք չարչարէք ինչ կերպով ալ ըլլայ ու անոնք ինծի բողոքելու ըլլան, անշուշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը» (Ելից 22։22-24

Դաս. Եհովա նո՛յնիսկ երեխաներուն աղօթքները կը լսէ։ Կրնա՛նք Աստուծոյ հետ կանոնաւորաբար խօսիլ եւ մեր ամենաներքին մտածումներն ու զգացումները անոր յայտնել։

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Կրկին ու կրկին Աստուած փորձեցին ու Իսրայէլի Սուրբը նեղացուցին» (Սաղմոս 78։41

Դաս. Մեր խօսքերն ու արարքները Եհովայի զգացումներուն կ’ազդեն, ուստի խօսելէ եւ գործելէ առաջ՝ պէտք է մտածենք։

Մեզմէ տարբեր եղող անհատներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35

Դաս. Եթէ Աստուած բոլոր ենթահողերէ մարդիկ կ’ընդունի, ուրեմն ուրիշներու հետ խտրականութեամբ պէտք չէ վարուինք, պարզապէս քանի որ անոնց մորթի գոյնը կամ դիմագիծը մերինէն տարբեր է։

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն» (Ա. Պետրոս 3։15

Դաս. Երբ կրօնքի մասին կը խօսինք, մեր տեսակէտները պէտք է համոզումով բայց վայելուչ կերպով յայտնենք։ Պէտք է նաեւ յարգենք զանոնք, որոնց հաւատալիքները մերիններէն տարբեր են։

Ընտանիքի անդամներուն հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի» (Կողոսացիս 3։20

Դաս. Հնազանդ երեխաները կ’ապացուցանեն թէ ոչ միայն իրենց ծնողները կը սիրեն, այլ նաեւ կ’ուզեն Աստուած հաճեցնել։

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Կողոսացիս 3։13, Անթիլիաս

Դաս. Մարդիկ, ներառեալ՝ մեր ընտանիքի անդամները, ատեններ մեզ յուսախաբ պիտի ընեն։ Բայց եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեզի ներէ, պէտք է սորվինք ուրիշներուն ներել (Մատթէոս 6։14, 15

Ինչո՞ւ պարկեշտ եւ ազնիւ ըլլալ

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Ստութիւնը մէկդի ձգելով՝ ճշմարտութիւնը խօսեցէք ամէն մէկդ իր ընկերին» (Եփեսացիս 4։25

Դաս. Երբ ճշմարտութիւնը խօսինք, Աստուած կ’ընդօրինակենք եւ զինք կ’ուրախացնենք։ Եթէ սուտ խօսելու սովորութիւնը զարգացնենք, Աստուծոյ թշնամիին՝ Բանսարկուին նման կ’ըլլանք, որ ‘սուտին հայրն է’ (Յովհաննէս 8։44, ԱԾ. Տիտոս 1։2

Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք՝ որ մարդիկ ընեն ձեզի, դո՛ւք ալ այնպէս ըրէք անոնց» (Մատթէոս 7։12

Դաս. Մեր ընտանիքի անդամներուն եւ մեր շրջանի մարդոց զգացումներուն, մտածումներուն եւ կարիքներուն հանդէպ նկատառու պէտք է ըլլանք։ Երբ «կարեկից» կ’ըլլանք, աւելի հաւանական է որ ուրիշները մեզի հետ ազնիւ կերպով վարուին (Ա. Պետրոս 3։8. Ղուկաս 6։38

Ինչպէս այս օրինակները ցոյց կու տան, Աստուածաշունչի բովանդակած դասերը կրնան երեխաներուն օգնել, որ գնահատող, յարգալից եւ կարեկցող չափահասներ դառնան։ Սակայն որո՞նք երեխաներուն պէտք է սորվեցնեն այս դասերը։