Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնք Մեսիան գտա՛ն

Անոնք Մեսիան գտա՛ն

Անոնք Մեսիան գտա՛ն

«Գտանք Մեսիան» (ՅՈՎՀ. 1։41

1. Ի՞նչ բան պատճառ դարձաւ որ Անդրէաս ծանուցանէ. «Գտանք Մեսիան»։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Մկրտիչ երկու աշակերտներու հետ կայնած է։ Մինչ Յիսուս կը մօտենայ, Յովհաննէս կը բացագանչէ. «Ահա Աստուծոյ Գառը»։ Անդրէաս եւ միւս աշակերտը անմիջապէս Յիսուսի կը հետեւին եւ ամբողջ օրը անոր հետ կ’անցընեն։ Յետոյ, Անդրէաս իր եղբայրը՝ Սիմոն Պետրոսը կը գտնէ եւ զինք Յիսուսին կ’առաջնորդէ, հետեւեալ շշմեցուցիչ ծանուցումը ընելէ ետք. «Գտանք Մեսիան» (Յովհ. 1։35-41

2. Մեսիական մարգարէութիւններուն յաւելեալ քննարկումէն ինչպէ՞ս պիտի օգտուինք։

2 Մինչ ժամանակը կ’անցնի, Անդրէաս, Պետրոս եւ ուրիշներ բաւարար պատեհութիւն պիտի ունենան, Սուրբ Գրութիւնները ուշադրութեամբ պեղելու եւ առանց վերապահութեան պիտի յայտարարեն, թէ նազովրեցի Յիսուս խոստացեալ Մեսիան է։ Աստուծոյ Խօսքին եւ անոր Օծեալին հանդէպ մեր հաւատքը պիտի զօրանայ, մինչ մեսիական մարգարէութիւններուն քննարկումը այժմ կը շարունակենք։

«Ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ»

3. Ի՞նչ մարգարէութիւններ կատարուեցան, երբ Յիսուս յաղթողաբար Երուսաղէմ մտաւ։

3 Մեսիան յաղթողաբար Երուսաղէմ պիտի մտնէր։ Զաքարիայի մարգարէութիւնը նշեց. «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ» (Զաք. 9։9)։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ» (Սաղ. 118։26)։ Յիսուս չէր կրնար բազմութեան արարքը դրդել։ Սակայն մարգարէութեան առ ի կատարում, այդ ամբոխը ինքնաբերաբար անսահման ուրախութեամբ աղաղակեց։ Մինչ արձանագրութիւնը կը կարդաս, մտապատկերէ՛ տեսարանը եւ լսէ՛ ցնծութեան ձայները (կարդա՛ Մատթէոս 21։4-9

4. Սաղմոս 118։22, 23–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

4 Յիսուս Աստուծոյ աչքին թանկագին է, թէեւ շատեր որպէս Մեսիան զինք պիտի չընդունէին։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, ապացոյցներուն չհաւատացող անհատներու կողմէ Յիսուս ‘անարգուեցաւ ու չյարգուեցաւ’ (Եսա. 53։3. Մար. 9։11)։ Այսուհանդերձ, Աստուած ներշնչած էր Սաղմոսերգուն որ ըսէ. «Այն քարը, որ շինողները անարգեցին, անկիւնին գլուխը եղաւ։ Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ» (Սաղ. 118։22, 23)։ Յիսուս այս համարը իր կրօնական հակառակորդներուն ուշադրութեան յանձնեց, իսկ Պետրոս ըսաւ թէ ատիկա Քրիստոսին վրայ կատարուեցաւ (Մար. 12։10, 11. Գործք 4։8-11)։ Արդարեւ Յիսուս քրիստոնէական ժողովքին «անկիւնի վէմ»ը եղաւ։ Անբարեպաշտ մարդոց կողմէ մերժուած ըլլալով հանդերձ, ան «Աստուծմէն ընտրուած ու պատուական է» (Ա. Պետ. 2։4-6

Կը մատնուի եւ կը լքուի

5, 6. Ի՞նչ բան մարգարէացուած էր Մեսիան դաւաճանելու մասին եւ ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

5 Նախագուշակուած էր որ Մեսիան դաւաճան ընկերակիցի մը կողմէ պիտի մատնուէր։ Դաւիթ մարգարէացաւ. «Իմ բարեկամս, որու ապաւիներ էի, իմ հացս ուտողը, ինծի դէմ կրունկ վերցուց» (Սաղ. 41։9)։ Անհատ մը, որ մէկու մը հետ հաց կ’ուտէր, իր բարեկամը կը նկատուէր (Ծն. 31։54)։ Ուստի Յուդա Իսկարիովտացիին ձեռքով Յիսուսի մատնուիլը, ամէնէն գէշ դաւաճանութիւնն էր։ Յիսուս Դաւիթի մարգարէական խօսքերուն կատարման վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց, երբ Զինք մատնողին ակնարկեց ու առաքեալներուն ըսաւ. «Ո՛չ թէ ձեր ամենուն համար կ’ըսեմ, վասն զի ես կը ճանչնամ զանոնք որ ես ընտրեցի, հապա որպէս զի այն գրուածը կատարուի թէ՝ ‘Ան որ ինծի հետ հաց կ’ուտէր, ինծի դէմ կրունկ վերցուց’» (Յովհ. 13։18

6 Մեսիան մատնողը 30 կտոր արծաթ պիտի ստանար,– ստրուկի մը գինը։ Մատթէոս ըսաւ, թէ Յուդա Յիսուսը միայն 30 կտոր արծաթի համար դաւաճանեց եւ թէ ասիկա Զաքարիա 11։12, 13–ի մարգարէութեան կատարումն էր։ Սակայն Մատթէոս ինչո՞ւ ըսաւ, թէ «այն ատեն կատարուեցաւ Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը»։ Մատթէոսի օրերուն, Երեմիա գիրքը թերեւս Զաքարիա գիրքը պարփակող խումբ մը աստուածաշնչական գիրքերու սկիզբը կը դրուէր (համեմատէ՛ Ղուկաս 24։44)։ Յուդա այդ 30 կտոր արծաթը չծախսեց։ Ան դրամը «տաճարին մէջ ձգեց ու դուրս ելաւ եւ գնաց ինքզինքը խեղդեց» (Մատ. 26։14-16. 27։3-10

7. Զաքարիա 13։7–ն ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

7 Նոյնիսկ Մեսիային աշակերտները պիտի ցրուէին։ Զաքարիա գրեց. «Հովիւը զա՛րկ, որ ոչխարները ցրուին» (Զաք. 13։7)։ Մ.թ. 33–ի Նիսան 14–ին, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք ամէնքդ այս գիշեր իմ վրայովս պիտի գայթակղիք. վասն զի գրուած է թէ ‘Հովիւը պիտի զարնեմ ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին’»։ Եւ ճի՛շդ ասիկա պատահեցաւ. Մատթէոս նշեց թէ «բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա [Յիսուս] ու փախան» (Մատ. 26։31, 56

Կ’ամբաստանուի ու կը ծեծուի

8. Եսայի 53։8–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

8 Մեսիան պիտի դատապարտուէր (կարդա՛  Եսայի 53։8Նիսան 14–ի արշալոյսին, ամբողջ Սենետրիոնը հաւաքուեցաւ, Յիսուսը կապեցին եւ հռոմայեցի կառավարիչ՝ Պոնտացի Պիղատոսին յանձնեցին։ Ան Յիսուսը հարցաքննեց եւ զինք բնաւ յանցաւոր չգտաւ։ Սակայն, երբ Պիղատոս առաջարկեց Յիսուսը ազատ արձակել, բազմութիւնը պոռաց. «Խա՛չը հանէ ատիկա», եւ պահանջեց ոճրագործ Բարաբբան ազատ արձակել։ Փափաքելով բազմութիւնը գոհացնել, Պիղատոս Բարաբբան ազատ արձակեց, Յիսուսը խարազանել տուաւ եւ ապա ցցահարուելու յանձնեց (Մար. 15։1-15

9. Ինչպէս Սաղմոս 35։11–ի մէջ նախագուշակուած էր, Յիսուսի օրերուն ի՞նչ պատահեցաւ։

9 Սուտ վկաներ Մեսիային դէմ պիտի վկայէին։ Սաղմոսերգու Դաւիթ ըսաւ. «Սուտ վկաներ ելան, չգիտցածներս կը հարցնէին ինծի» (Սաղ. 35։11)։ Ճիշդ ինչպէս որ մարգարէութիւնը նշեց, «քահանայապետներն ու ծերերը եւ բոլոր ժողովը Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն մը կը փնտռէին, որպէս զի զանիկա մեռցնեն» (Մատ. 26։59)։ Իրականութեան մէջ, «շատեր սուտ վկայութիւն կ’ընէին անոր դէմ, բայց վկայութիւնները իրարու համաձայն չէին» (Մար. 14։56)։ Սուտ վկայութիւնը հարց մը չէր Յիսուսի բուռն թշնամիներուն համար, քանի որ իր մահը կը փնտռէին։

10. Բացատրէ թէ Եսայի 53։7–ն ինչպէ՛ս կատարուեցաւ։

10 Մեսիան զինք ամբաստանողներուն առջեւ լուռ պիտի մնար։ Եսայի մարգարէացաւ. «Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ այնպէս իր բերանը չբացաւ» (Եսա. 53։7)։ «Քահանայապետներէն եւ ծերերէն ամբաստանուած ատենը [Յիսուս] բնաւ պատասխան մը չտուաւ»։ Պիղատոս իրեն հարցուց. «Չե՞ս լսեր թէ ո՛րչափ քեզի դէմ կը վկայեն ատոնք»։ Այսուհանդերձ Յիսուս «պատասխան չտուաւ, այնպէս որ շատ զարմացաւ կուսակալը» (Մատ. 27։12-14)։ Յիսուս զինք ամբաստանողները չանարգեց (Հռով. 12։17-21. Ա. Պետ. 2։23

11. Եսայի 50։6–ը եւ Միքիա 5։1–ը ինչպէ՞ս կատարուեցան։

11 Եսայի մարգարէացաւ թէ Մեսիան պիտի ծեծուէր։ Մարգարէն գրեց. «Իմ կռնակս զարնողներուն եւ այտերս փետտողներուն տուի. իմ երեսս նախատինքէն ու թուքէն չծածկեցի» (Եսա. 50։6)։ Միքիա նախագուշակեց. «Գաւազանով պիտի զարնեն Իսրայէլի դատաւորին ծնօտին» (Միք. 5։1)։ Այս մարգարէութիւններուն կատարումը հաստատելով, Մարկոս աւետարանագիրը ըսաւ. «Ոմանք սկսան թքնել ու [Յիսուսի] երեսը ծածկել եւ բռունցքով ծեծել ու ըսել. ‘Մարգարէացի՛ր’։ Սպասաւորները ապտակ կը զարնէին անոր»։ Մարկոս կը նշէ, թէ զինուորները «անոր գլուխը եղէգով կը ծեծէին ու կը թքնէին անոր վրայ եւ [ծաղրանքով] ծունկի վրայ գալով երկրպագութիւն կ’ընէին անոր» (Մար. 14։65. 15։19)։ Անշուշտ, Յիսուս բան մը չըրաւ այսպիսի նախատինք գրգռելու համար։

Հաւատարիմ մինչեւ մահ

12. Սաղմոս 22։16–ը եւ Եսայի 53։12–ը ինչպէ՞ս Յիսուսի կիրարկուեցան

12 Մեսիան պիտի ցցահարուէր։ Սաղմոսերգու Դաւիթ ըսաւ. «Չարերուն ժողովը զիս պատեց, ձեռքերս ու ոտքերս ծակեցին» (Սաղ. 22։16)։ Աստուածաշունչի ընթերցողներուն հանրածանօթ դէպք մը պատմելով, Մարկոս աւետարանագիրը կը նշէ. «Ժամը երեքն էր [առաւօտուն շուրջ ժամը 9–ին] ու խաչը հանեցին զանիկա» (Մար. 15։25)։ Նաեւ նախագուշակուած էր, թէ Մեսիան մեղաւորներու հետ պիտի համրուէր։ Եսայի գրեց. «Իր անձը մահուան մատնեց, յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ» (Եսա. 53։12)։ Ասիկա կատարուեցաւ, երբ «երկու աւազակ [Յիսուսի հետ] խաչուեցան, մէկը անոր աջ կողմը ու մէկը ձախ կողմը» (Մատ. 27։38

13. Սաղմոս 22։7, 8–ը ինչպէ՞ս Յիսուսի կիրարկուեցաւ։

13 Դաւիթ մարգարէացաւ թէ Մեսիան պիտի նախատուէր (կարդա՛  Սաղմոս 22։7, 8)։ Մինչ տանջանքի ցիցին վրայ կը տառապէր, Յիսուս կը նախատուէր, ինչպէս որ Մատթէոս կը նշէ. «Անոնք որ կ’անցնէին՝ կը հայհոյէին անոր, գլուխնին կը շարժէին, ու կ’ըսէին. ‘Դուն որ տաճարը կը քակէիր եւ երեք օրուան մէջ կը շինէիր, ինքզինքդ ազատէ։ Եթէ Աստուծոյ Որդին ես, իջիր այդ խաչէն’»։ Նմանապէս, քահանայապետները, դպիրներն ու ծերերը զինք ծաղրելով ըսին. «Ուրիշները ազատեց, ինքզինք չի կրնար ազատել։ Եթէ Իսրայէլի թագաւոր է, թող հիմա իջնէ խաչէն եւ իրեն հաւատանք։ Աստուծոյ յուսացեր է, հիմա թող փրկէ ատիկա՝ եթէ կ’ուզէ։ Վասն զի ըսաւ, թէ ‘Ես Որդի Աստուծոյ եմ’» (Մատ. 27։39-43)։ Սակայն Յիսուս այս բոլորը ծանրաբարոյութեամբ կրեց։ Ան մեզի ի՜նչ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։

14, 15. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս Մեսիային պատմուճանին եւ անոր քացախ տրուելուն առնչութեամբ մարգարէութիւններ կատարուեցան։

14 Մեսիային պատմուճանին վրայ վիճակ պիտի ձգուէր։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Իմ հանդերձներս իրենց մէջ կը բաժնեն ու պատմուճանիս վրայ վիճակ կը ձգեն» (Սաղ. 22։18)։ Ճիշդ ասիկա պատահեցաւ. «[Հռոմայեցի զինուորները] զանիկա [Յիսուս] խաչը հանեցին եւ անոր հանդերձները վիճակով բաժնեցին» (Մատ. 27։35. կարդա՛ Յովհաննէս 19։23, 24

15 Մեսիային քացախ եւ լեղի պիտի տրուէին։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Կերակուրի տեղ թոյն տուին ինծի ու ծարաւցած ատենս՝ քացախ խմցուցին ինծի» (Սաղ. 69։21)։ Մատթէոս կ’ըսէ. «Լեղիով խառնուած քացախ տուին [Յիսուսի], որպէս զի խմէ։ Երբ համը առաւ, խմել չուզեց»։ Ապա, «անոնցմէ մէկը վազեց սպունգ մը առաւ՝ քացախով լեցուց ու եղէգի մը անցնելով տուաւ անոր որպէս զի խմէ» (Մատ. 27։34, 48

16. Բացատրէ թէ ինչպէ՛ս Սաղմոս 22։1–ը կատարուեցաւ։

16 Մեսիան Աստուծոյ կողմէ լքուած պիտի թուէր (կարդա՛  Սաղմոս 22։1Մարգարէութեան համաձայն, «իններորդ ժամուն [կէսօրէ ետք մօտաւորապէս ժամը 3–ին]՝ Յիսուս մեծ ձայնով աղաղակեց ու ըսաւ. ‘Էլօի՜, Էլօի՜, լա՞մա սաբաքթանի’. որ կը թարգմանուի՝ ‘Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր’» (Մար. 15։34)։ Յիսուս իր երկնաւոր Հօր հանդէպ իր հաւատքը չէր կորսնցուցած։ Աստուած Յիսուսը իր թշնամիներուն յանձնեց՝ Իր պաշտպանութիւնը հեռացնելով, որպէսզի Քրիստոսի ուղղամտութիւնը լիովին փորձուի։ Իսկ Յիսուսին աղաղակով՝ Սաղմոս 22։1–ը կատարուեցաւ։

17. Զաքարիա 12։10–ը եւ Սաղմոս 34։20–ը ինչպէ՞ս կատարուեցան։

17 Մեսիան պիտի խոցուէր, բայց անոր ոսկորները պիտի չկոտրուէին։ Երուսաղէմի բնակիչները «պիտի նային. . . իրենց խոցածին» (Զաք. 12։10, ԱԾ)։ Իսկ Սաղմոս 34։20–ը կը նշէ. «[Աստուած] անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ, անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր»։ Այս կէտերը հաստատելով, Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Զինուորներէն մէկը գեղարդով [Յիսուսի] կողը խոցեց եւ շուտ մը արիւն ու ջուր ելաւ։ Եւ ան [Յովհաննէս] որ տեսաւ այս բաները՝ վկայեց ու անոր վկայութիւնը ճշմարիտ է. . . Այս բաները եղան որպէս զի կատարուի այն գրուածը թէ՝ ‘Անոր մէ՛կ ոսկորը պիտի չկոտրուի’։ Ուրիշ գրուած մը կ’ըսէ թէ՝ ‘Պիտի նային անոր՝ որ խոցեցին’» (Յովհ. 19։33-37

18. Յիսուս ինչպէ՞ս հարուստներու հետ թաղուեցաւ։

18 Մեսիան հարուստներու հետ պիտի թաղուէր (կարդա՛  Եսայի 53։5, 8, 9Նիսան 14–ի արեւամուտէն առաջ, «Արիմաթիայէն հարուստ մարդ մը եկաւ, որուն անունը Յովսէփ էր», եւ Պիղատոսէն Յիսուսի մարմինը պահանջեց, ու խնդրանքը շնորհուեցաւ։ Մատթէոսի արձանագրութիւնը կ’աւելցնէ. «Յովսէփ մարմինը առաւ, մաքուր կտաւով փաթթեց, ու դրաւ իր նոր գերեզմանին մէջ՝ որ քարէ փորուած էր եւ գերեզմանին դուռը մեծ քար մը գլորելով՝ գնաց» (Մատ. 27։57-60

Ողջունե՛նք մեսիական Թագաւորը

19. Սաղմոս 16։10–ի մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ։

19 Մեսիան պիտի յարուցանուէր։ Իր խօսքը Եհովային ուղղելով՝ Դաւիթ գրեց. «Իմ անձս գերեզմանին մէջ պիտի չթողուս» (Սաղ. 16։10)։ Երեւակայէ այն կիներուն զարմանքը, որոնք Յիսուսի գերեզմանը եկան։ Անոնք հանդիպեցան նիւթականացած հրեշտակի մը, որ իրենց ըսաւ. «Մի՛ զարհուրիք, Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, որ խաչուեցաւ։ Անիկա յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահա այն տեղը ուր դրին զանիկա» (Մար. 16։6)։ Մ.թ. 33–ի Պէնտէկոստէին, Պետրոս առաքեալ Երուսաղէմի մէջ գտնուող բազմութեան յայտարարեց. «[Դաւիթ] կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսին յարութեանը համար եւ թէ անոր անձը գերեզմանը չթողուեցաւ եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ» (Գործք 2։29-31)։ Աստուած թոյլ չտուաւ, որ իր սիրելի Որդիին ֆիզիքական մարմինը փտի։ Աւելին, Ան հրաշալիօրէն Յիսուսին յարութիւն տուաւ որպէս հոգեղէն արարած (Ա. Պետ. 3։18

20. Մեսիայի իշխանութեան առնչութեամբ մարգարէութիւնները ի՞նչ կը յայտնեն։

20 Ինչպէս նախագուշակուած էր, Աստուած յայտարարեց թէ Յիսուս իր Որդին է (կարդա՛  Սաղմոս 2։7. Մատթէոս 3։17Նաեւ, ամբոխներ Յիսուսն ու գալիք Թագաւորութիւնը ողջունեցին, եւ մենք Յիսուսի եւ անոր օրհնեալ իշխանութեան մասին ցնծութեամբ կը խօսինք (Մար. 11։7-10)։ Քրիստոս շուտով իր թշնամիները պիտի կործանէ, մինչ ‘ճշմարտութեան ու հեզութեան եւ արդարութեան համար կը հեծնէ’ (Սաղ. 2։8, 9. 45։1-6)։ Ապա, իր Թագաւորութիւնը աշխարհածաւալ խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն պիտի բերէ (Սաղ. 72։1, 3, 12, 16. Եսա. 9։6, 7)։ Մեզի ի՜նչ առանձնաշնորհում է այս ճշմարտութիւնները ծանուցանել՝ որպէս Եհովայի վկանե՛ր, որուն սիրելի Որդին արդէն երկինքի մէջ կ’իշխէ իբրեւ մեսիական Թագաւոր։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Յիսուս ինչպէ՞ս մատնուեցաւ եւ լքուեցաւ։

• Յիսուսի մահուան առնչութեամբ մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կատարուեցան։

• Ինչո՞ւ համոզուած ես որ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 15]

Յիսուս որպէս թագաւոր Երուսաղէմ կը մտնէ

[Նկարներ՝ էջ 17]

Յիսուս մեր մեղքերուն համար մեռաւ. բայց հիմա որպէս մեսիական Թագաւոր կ’իշխէ