Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արմագեդոնը ի՞նչ է

Արմագեդոնը ի՞նչ է

Ընթերցողները կը հարցնեն

Արմագեդոնը ի՞նչ է

▪ Շատերու համար, «Արմագեդոն» բառը զանգուածային կործանումի տեսարաններ կը յիշեցնէ,– կորիզային պատերազմ, լայնածաւալ բնական աղէտներ, կամ նո՛յնիսկ «կենսոլորտային Արմագեդոն», առ ի հետեւանք ընդհանրական ջերմացումի։ Այս բառը ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ գործածուած է, ասոնցմէ որեւէ մէկուն չ’ակնարկեր։ Արդ, աստուածաշնչական Արմագեդոնը ի՞նչ է։

«Արմագեդոն» բառը Յայտնութիւն գրքին մէջ կ’երեւի։ Ատիկա կ’ակնարկէ եզական պատերազմի մը՝ «Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին», երբ «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը կը հաւաքուին Աստուծոյ դէմ վերջնական պատերազմ մղելու։ Այսպիսի պատերազմի նաեւ ակնարկութիւն կ’ընեն բազմաթիւ այլ համարներ (Յայտնութիւն 16։14-16. Եզեկիէլ 38։22, 23. Յովէլ 3։12-14. Ղուկաս 21։34, 35. Բ. Պետրոս 3։11, 12

Այս պատերազմը ի՞նչ կ’ընդգրկէ։ Այլաբանօրէն խօսելով, Յայտնութիւն գիրքը մեզի կ’ըսէ. «Երկրի թագաւորները ու անոնց զօրքերը մէկտեղ [հաւաքուեցան] պատերազմ ընելու անոր հետ՝ որ ձիուն վրայ հեծեր էր ու անոր զօրքերուն հետ»։ ‘Ձիուն վրայ հեծնողը’, Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսն է, որ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած է հրեշտակային զօրագունդեր առաջնորդելու, որպէսզի Աստուծոյ թշնամիներուն վրայ յաղթանակ տանի (Յայտնութիւն 19։11-16, 19-21Երեմիա 25։33–ը անբարեպաշտներուն կործանումի տարողութիւնը կը յայտնէ. «Տէրոջմէ սպաննուածները երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ երկրին միւս ծայրը պիտի փռուին»։

Արմագեդոնը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։ Ազգերը կը մերժեն Աստուծոյ գերիշխանութիւնը ընդունիլ, հապա՝ իրենցը կը յայտարարեն (Սաղմոս 24։1)։ Անոնց ընդդիմութիւնը նկարագրուած է Սաղմոս 2։2–ի մէջ. «Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ»։

Իրականութեան մէջ, այս ըմբոստները յամառ՝ ապօրինի հողակալներու նման են, որոնք ոչ միայն կը դաւանին թէ կալուածը իրենցն է, այլ նաեւ զայն սխալ կերպով կը գործածեն եւ կ’աւերեն։ Ներկայիս, ազգերը երկրագունդը կ’աւերեն եւ անոր միջավայրը կ’ապականեն։ Աստուծոյ Խօսքը այս ողբալի կացութիւնը նախագուշակեց՝ ըսելով. «Ազգերը բարկացան, վասն զի եկաւ [Աստուծոյ] բարկանալու ժամանակ[ը]»։ Ապա Աստուած «պիտի ապական[է] երկիրը ապականողները» (Յայտնութիւն 11։18)։ Արմագեդոնը Աստուծոյ որոշած կերպն է, որով պիտի լուծէ այն հարցը, թէ ո՛վ իրաւասութիւն ունի ամբողջ մարդկութեան վրայ իշխելու (Սաղմոս 83։18

Արմագեդոնը ե՞րբ տեղի պիտի ունենայ։ Աստուծոյ Որդին որոշապէս նշեց. «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը» (Մարկոս 13։32)։ Ասով հանդերձ, Արմագեդոնին մասին խօսելով՝ Ռազմիկ–Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս հետեւեալ ազդարարութիւնը աւելցուց. «Ահա գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր որ արթուն կը կենայ» (Յայտնութիւն 16։15)։ Հետեւաբար, այս համաշխարհային պատերազմը կապ ունի Քրիստոսի ներկայութեան հետ, որ ըստ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն՝ այժմ առկայ է։

Արմագեդոնը միայն անսրբագրելի ամբարիշտները պիտի բնաջնջէ, եւ վերապրողներու «մեծ բազմութիւն մը» պիտի ըլլայ (Յայտնութիւն 7։9-14)։ Անոնք հետեւեալ խօսքերուն կատարումը պիտի տեսնեն. «Քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։10, 11