Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թոյլ կու տա՞ս որ Եհովան բաժինդ ըլլայ

Թոյլ կու տա՞ս որ Եհովան բաժինդ ըլլայ

Թոյլ կու տա՞ս որ Եհովան բաժինդ ըլլայ

«Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (ՄԱՏ. 6։33

1, 2. ա) Գաղատացիս 6։16–ի մէջ նշուած «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը որո՞նց կ’ակնարկէ։ բ) Մատթէոս 19։28–ի մէջ նշուած «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը» որո՞նք կը ներկայացնեն։

ԵՐԲ Աստուածաշունչին մէջ իսրայէլ անունը կարդաս, ի՞նչ բան մտքէդ կ’անցնի։ Կը մտածե՞ս Իսահակի որդիին՝ Յակոբի մասին, որ իսրայէլ անուանուեցաւ։ Կամ կը մտածե՞ս անոր զարմին՝ վաղեմի իսրայէլ ազգին մասին։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել հոգեւոր իսրայէլի մասին։ Երբ այլաբանական առումով իսրայէլի կ’ակնարկուի, ատիկա սովորաբար կը կիրարկուի «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին՝ 144,000–ին, որոնք երկնքի մէջ քահանաներ ու թագաւորներ ըլլալու համար սուրբ հոգիով օծուած են (Գաղ. 6։16. Յայտ. 7։4. 21։12)։ Սակայն, նկատի առ այն մասնայատուկ ակնարկութիւնը իսրայէլի 12 ցեղերուն, որ Մատթէոս 19։28–ի մէջ կը գտնուի։

2 Յիսուս ըսաւ. «Միւս անգամ գալուստին երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։ Այս համարին մէջ, «Իսրայէլի տասներկու ցեղերը» անոնք են՝ որոնք Յիսուսի օծեալ աշակերտներուն կողմէ պիտի դատուին եւ դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ստանալու յոյսը ունին։ Անոնք 144,000–ին քահանայական ծառայութիւններէն պիտի օգտուին։

3, 4. Օծեալները ի՞նչ ընտիր օրինակ հանդիսացած են։

3 Վաղեմի քահանաներուն եւ ղեւտացիներուն նման, օծեալները իրենց ծառայութիւնը առանձնաշնորհում կը նկատեն (Թուոց 18։20)։ Օծեալները չեն ակնկալեր երկրի վրայ հողամաս կամ վայր ստանալ՝ որպէս ստացուածք։ Փոխարէն, անոնք անձկագին կը սպասեն՝ երկնքի մէջ Յիսուս Քրիստոսի հետ թագաւորներ ու քահանաներ ըլլալու։ Անոնք պիտի շարունակեն այդ նշանակումով Եհովային ծառայել, ինչպէս որ Յայտնութիւն 4։10–ը ցոյց կու տայ օծեալներուն մասին՝ իրենց երկնային դիրքին մէջ (Եզեկ. 44։28

4 Մինչ երկրի վրայ են, օծեալներուն ապրելակերպը կ’ապացուցանէ, թէ Եհովա իրենց բաժինն է։ Աստուծոյ ծառայելու իրենց առանձնաշնորհումը, իրենց գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է։ Անոնք Քրիստոսի փրկանքի զոհաբերութեան հաւատք կ’ընծայեն եւ յարատեւ իրեն կը հետեւին, այսպէս ‘իրենց կոչումն ու ընտրութիւնը հաստատելով’ (Բ. Պետ. 1։10)։ Անոնց անձնական պարագաներն ու կարողութիւնները կը տարբերին։ Սակայն, անոնք որեւէ սահմանափակում չեն գործածեր որպէս չքմեղանք, Աստուծոյ քիչ ծառայելու համար։ Ընդհակառակը, Աստուծոյ ծառայութեան նախապատուութիւն կու տան՝ իրենց ամէն կարելին ընելով։ Եւ անոնք լաւ օրինակ կը հանդիսանան անոնց՝ որոնք կը յուսան դրախտային երկրի վրայ ապրիլ։

5. Բոլոր քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան թոյլ տալ որ Եհովա իրենց բաժինը ըլլայ, եւ ինչո՞ւ ասիկա կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ։

5 Ըլլայ մեր յոյսը երկնային կամ երկրային, պէտք է ‘մեր անձը ուրանանք եւ մեր խաչը վերցնենք ու Քրիստոսի ետեւէն երթանք’ (Մատ. 16։24)։ Միլիոնաւորներ՝ որոնք անձկագին կը սպասեն դրախտային երկրի վրայ ապրելու, այդ կերպով Աստուած կը պաշտեն եւ Քրիստոսի կը հետեւին։ Անոնք չեն գոհանար քիչ ծառայելով, երբ կը գիտակցին որ աւելի՛ն կրնան ընել։ Շատե՜ր մղուած են իրենց կեանքը պարզ դարձնելու եւ ռահվիրայութեան ձեռնարկած են։ Ուրիշներ ամէն տարի քանի մը ամիս ռահվիրայութիւն կ’ընեն։ Տակաւին ուրիշներ՝ որոնք ռահվիրայութիւն չեն կրնար ընել, ժրաջանօրէն ծառայութեան կը մասնակցին։ Այսպիսիներ նուիրուած Մարիամին նման են, որ օծանելիք թափեց Յիսուսի գլուխին վրայ։ Յիսուս ըսաւ. «Ան լաւ գործ մը ըրաւ ինծի. . . Ան ըրաւ ի՛նչ որ կրնար» (Մար. 14։6-8, ԱԾ)։ Մեր ամէն կարելին ընելը թերեւս դիւրին չըլլայ, քանի որ Սատանայի տիրապետած աշխարհին մէջ կ’ապրինք։ Այսուհանդերձ, ջանք կ’ընենք եւ Եհովայի կը վստահինք։ Նկատի առ թէ ասիկա ինչպէ՛ս կ’ընենք, չորս մասնայատուկ մարզերու մէջ։

Առա՛ջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը խնդրել

6. ա) Ընդհանուր առմամբ մարդիկ ինչպէ՞ս ցոյց կու տան թէ իրենց բաժինը միայն այս կեանքին մէջ է։ բ) Ինչո՞ւ աւելի լաւ է Դաւիթի տեսակէտը ունենալ։

6 Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ առա՛ջ Թագաւորութիւնը եւ Աստուծոյ արդարութիւնը խնդրեն։ Ընդհանուր առմամբ մարդիկ կը ձգտին նա՛խ իրենց անձնական շահերը փնտռելու, իբրեւ ‘աշխարհի մարդիկ, որոնց բաժինը այս կեանքին մէջ է’ (կարդա՛ Սաղմոս 17։1, 13-15Առանց ուշադրութիւն ընծայելու իրենց Ստեղծիչին, շատեր իրենց անձերը կը նուիրեն՝ դրամ շահելու, զաւակներ մեծցնելու եւ ժառանգ մը ձգելու։ Անոնց բաժինը միայն այս կեանքին մէջ է։ Միւս կողմէ, Դաւիթի հետաքրքրութիւնն էր՝ Եհովայի քով «բարի անուն» ունենալ, ինչպէս յետագային իր որդին յանձնարարեց որ բոլորը այդպէս ընեն (Ժող. 7։1)։ Ասափի նման, Դաւիթ տեսաւ թէ կեանքի մէջ Եհովան որպէս Բարեկամ ունենալը ամէնէն կարեւոր բանն է։ Ան Աստուծոյ հետ քալելով ուրախացաւ։ Մեր օրերուն, շատ մը քրիստոնեաներ հոգեւոր գործունէութիւնները իրենց աշխարհիկ գործէն առաջ դասած են։

7. Թագաւորութիւնը առաջ խնդրելով, եղբայր մը ի՞նչ օրհնութիւն ստացաւ։

7 Նկատի առ Ժան–Քլոտը, որ Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութեան մէջ կը բնակի։ Ան ամուսնացած երէց մըն է եւ երեք զաւակներ ունի։ Այդ երկրին մէջ, գործ գտնելը դժուար բան է, եւ մարդոց մեծամասնութիւնը իրենց գործերը պահելու համար՝ պատրաստ են գրեթէ որեւէ բան ընելու։ Օր մը, արտադրութեան տնօրէնը Ժան–Քլոտին ըսաւ, որ գիշերները սկսի աշխատիլ,– շաբթուան եօթը օրերը, երեկոյեան ժամը 6։30–էն սկսեալ։ Ժան–Քլոտ բացատրեց, թէ իր ընտանիքին նիւթապէս հոգ տանելէն զատ, անոնց հոգեւոր բարօրութեան պէտք էր հոգ տանէր։ Ան նաեւ նշեց, թէ ժողովքին օգնելու պատասխանատուութիւնը ունէր։ Տնօրէնին պատասխանը ի՞նչ էր։ «Եթէ բախտաւոր ես որ գործ մը ունիս, պէտք է միւս բոլոր բաները մոռնաս, ներառեալ՝ կինդ, զաւակներդ եւ խնդիրներդ։ Կեանքդ միա՛յն գործիդ պէտք է նուիրես։ Ընտրէ՛. կրօնքդ կամ գործդ»։ Եթէ դո՛ւն ըլլայիր, ի՞նչ կ’ընէիր։ Լաւ, Ժան–Քլոտ գիտակցեցաւ թէ եթէ իր գործը կորսնցնէր, Աստուած իրեն հոգ պիտի տանէր։ Ինք Աստուծոյ ծառայութեան մէջ տակաւին ընելիք շա՜տ բան պիտի ունենար, եւ Եհովան պիտի օգնէր՝ որ իր ընտանիքին նիւթական կարիքները գոհացուէին։ Ուստի, ան յաջորդ միջշաբաթային ժողովին ներկայ գտնուեցաւ։ Անկէ ետք, ան պատրաստուեցաւ գործի երթալու, առանց վստահ ըլլալու թէ պիտի աշխատէ՛ր թէ ոչ։ Ճիշդ այդ ատեն, ան հեռաձայն մը ստացաւ։ Տնօրէնը վռնտուած էր, բայց մեր եղբայրը տակաւի՛ն իր գործը պահած էր։

8, 9. Եհովան մեր բաժինը ըլլալու առնչութեամբ, ի՞նչ առումով կրնանք քահանաներն ու ղեւտացիները ընդօրինակել։

8 Ոմանք՝ որոնց գործը թուած է վտանգի տակ ըլլալ, թերեւս հարց տուած են. ‘Ընտանիքիս ապրուստը ճարելու պատասխանատուութիւնս ինչպէ՞ս պիտի կատարեմ’ (Ա. Տիմ. 5։8)։ Եթէ նման պարագայ մը դիմագրաւա՛ծ ես կամ ոչ, փորձառաբար վստահ ես թէ յուսախաբ պիտի չըլլաս՝ եթէ Աստուած բաժինդ է եւ մեծապէս կ’արժեւորես իրեն ծառայելու առանձնաշնորհումդ։ Երբ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ, որ առաջ խնդրեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը, զիրենք հաւաստիացուց՝ ըսելով. «Այդ բոլոր բաներն ալ»,– ինչպէս՝ ինչ ուտել, խմել, կամ հագուիլ,– «ձեզի պիտի տրուին» (Մատ. 6։33

9 Պահ մը խորհէ ղեւտացիներուն մասին, որոնք կալուած չստացան։ Քանի որ մաքուր պաշտամունքը անոնց գլխաւոր հետաքրքրութիւնն էր, ապրուստի համար անոնք պէտք էր վստահէին Եհովային՝ որ իրենց ըսաւ. «Քու բաժինդ. . . ես եմ» (Թուոց 18։20)։ Թէեւ քահանաներուն եւ ղեւտացիներուն նման բառացի տաճարի մէջ չենք ծառայեր, սակայն կրնանք անոնց կեցուածքը ընդօրինակել, վստահութիւն ունենալով որ Եհովա մեզի հոգ պիտի տանի։ Մեզի հոգ տանելու Աստուծոյ կարողութեան հանդէպ մեր վստահութիւնը, հետզհետէ աւելի կարեւոր կը դառնայ՝ մինչ վերջին օրերը իրենց աւարտին կը մօտենան (Յայտ. 13։17

Առա՛ջ Աստուծոյ արդարութիւնը խնդրել

10, 11. Գործի վերաբերեալ, ոմանք ինչպէ՞ս Եհովայի վստահած են։ Օրինակ մը տուր։

10 Յիսուս նաեւ իր աշակերտները յորդորեց, որ շարունակեն ‘առաջ խնդրել Աստուծոյ արդարութիւնը’ (Մատ. 6։33)։ Ասիկա կը նշանակէ՝ շիտակի ու սխալի Եհովայի չափանիշը դասել մարդկային չափանիշներէն առաջ (կարդա՛ Եսայի 55։8, 9Թերեւս կը յիշես թէ անցեալին կարգ մը անհատներ մասնակցած էին ծխախոտի մշակութեան կամ ծխախոտի արտադրութիւններ ծախելուն, զինուորական մարզում տալուն կամ զէնքեր արտադրելուն եւ ծախելուն։ Սակայն, ճշմարտութիւնը սորվելէ ետք, մեծամասնութիւնը ընտրեցին իրենց գործերը փոխել եւ մկրտուելու որակեալ եղան (Եսա. 2։4. Բ. Կոր. 7։1. Գաղ. 5։14

11 Էնտրու օրինակ մըն է։ Երբ ան եւ իր կինը Եհովայի մասին սորվեցան, վճռեցին իրեն ծառայել։ Էնտրու իր գործով շատ հպարտ էր, բայց զայն ձգեց։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան ոչ–չէզոք կազմակերպութեան մը համար կ’աշխատէր, եւ վճռեց Աստուծոյ արդարութիւնը առաջ դասել։ Երբ Էնտրու գործը ձգեց, ան երկու զաւակի տէր էր, եկամուտ չունէր, եւ իր ունեցած դրամը միայն քանի մը ամիս կը բաւէր։ Մարդկային տեսանկիւնէն, կրնար թուիլ թէ ան ‘ժառանգ’ չունէր։ Ան Աստուծոյ վստահելով գործ փնտռեց։ Յետադարձ ակնարկ նետելով, ան եւ իր ընտանիքը կը հաստատեն, թէ Եհովայի ձեռքը կարող է (Եսա. 59։1)։ Իրենց կեանքը պարզ պահելով, Էնտրու եւ իր կինը նո՛յնիսկ լիաժամ ծառայութեան մէջ ըլլալու առանձնաշնորհումը ունեցած են։ Ան կ’ըսէ, թէ ատեններ մտահոգուեցան դրամին, բնակարանին, առողջութեան եւ ծերանալուն նկատմամբ. սակայն Եհովա միշտ իրենց թիկունք կանգնած է։ Անոնք կրնա՛ն ըսել, առանց պահ մը իսկ կասկածելու, թէ Եհովային ծառայելը վարձահատոյց է եւ մեծագոյն պատիւն է որ մարդս կրնայ ունենալ (Ժող. 12։13 *

12. Աստուծոյ չափանիշները առաջնակարգ տեղը դնելու համար, ո՞ր յատկութեան կարիք կայ։ Տեղական օրինակներ պատմէ՛։

12 Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի» (Մատ. 17։19)։ Պիտի կարենայի՞ր Աստուծոյ չափանիշները առաջնակարգ տեղը դնել, նոյնիսկ եթէ դժուարութիւններ ծագէին։ Եթէ այս ուղղութեամբ վստահ չես, ժողովքին միւս անդամներուն հետ խօսէ։ Անկասկած, անոնց փորձառութիւնները լսելը՝ հոգեւորապէս թարմացուցիչ պիտի գտնես։

Եհովայի հոգեւոր կարգադրութիւնները գնահատել

13. Երբ Եհովայի ծառայութեան ժրաջանօրէն կը մասնակցինք, հոգեւոր կարգադրութիւններու առնչութեամբ ի՞նչ կրնանք ակնկալել։

13 Եթէ Եհովայի ծառայելու առանձնաշնորհումդ կ’արժեւորես, կրնաս վստահ ըլլալ թէ ան ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքներդ պիտի գոհացնէ, ճիշդ ինչպէս որ ղեւտացիներուն ապրուստ հայթայթեց։ Պահ մը խորհէ՛ Դաւիթին մասին։ Քարայրի մէջ ըլլալով հանդերձ, ան կրնար վստահութիւն ունենալ թէ Աստուած իրեն հոգ պիտի տանէր։ Մենք ալ կրնանք Եհովայի ապաւինիլ, նո՛յնիսկ երբ տեսնենք թէ ելք մը չկայ։ Յիշէ՛ թէ երբ Ասափ «Աստուծոյ սրբարանը» մտաւ, զինք նեղացնող նիւթին շուրջ խորատեսութիւն ձեռք ձգեց (Սաղ. 73։17)։ Նմանապէս, մեր հոգեւոր սնուցման աստուածային Աղբիւրին պէտք է դիմենք։ Այսպէս, Աստուծոյ ծառայելու մեր առանձնաշնորհումը կը գնահատենք, մեր պարագաները ի՛նչ որ ալ ըլլան։ Այս կերպով թոյլ կու տանք, որ Եհովա մեր բաժինը ըլլայ։

14, 15. Երբ որոշ համարներու վրայ յաւելեալ լոյս սփռուի, ինչպէ՞ս պէտք է ընդառաջենք եւ ինչո՞ւ։

14 Ինչպէ՞ս կը հակազդես, երբ Եհովա՝ հոգեւոր լուսաւորման Աղբիւրը, լոյս սփռէ Աստուածաշունչի մէջ գտնուած «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ուն վրայ (Ա. Կոր. 2։10-13)։ Հոյակապ օրինակ մըն է Պետրոս առաքեալի հակազդեցութիւնը, երբ Յիսուս ունկնդիրներուն ըսաւ. «Եթէ Որդի մարդոյ մարմինը չուտէք եւ անոր արիւնը չխմէք, ձեր անձերուն մէջ կեանք չէք ունենար»։ Շատ մը աշակերտներ այս խօսքը բառացի առնելով՝ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ ատոր մտիկ ընել», եւ «ետ գացին»։ Բայց Պետրոս ըսաւ. «Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս» (Յովհ. 6։54, 61, 67, 69

15 Պետրոս լիովին չհասկցաւ ինչ որ Յիսուս ըսաւ իր մարմինը ուտելուն եւ իր արիւնը խմելուն մասին։ Բայց առաքեալը հոգեւոր լուսաւորման համար Աստուծոյ ապաւինեցաւ։ Երբ որոշ նիւթի շուրջ հոգեւոր լոյսը աւելի փայլի, կը ջանա՞ս հասկնալ ճշդումին հիմը կազմող աստուածաշնչական պատճառները (Առ. 4։18)։ Առաջին դարու բերիացիները, «Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին» (Գործք 17։11)։ Զիրենք ընդօրինակելով՝ աւելի խորապէս պիտի գնահատես Եհովային ծառայելու առանձնաշնորհումդ,– Ան քու բաժինդ ըլլալը։

Միայն Տէրոջմով ամուսնանալ

16. Ա. Կորնթացիս 7։39–ի պատուէրին առնչութեամբ, Աստուած ինչպէ՞ս մեր բաժինը կրնայ ըլլալ։

16 «Միայն թէ Տէրոջմով» ամուսնանալու Աստուածաշունչի ուղղութիւնը կիրարկելը, ուրիշ մարզ մըն է, որուն մէջ քրիստոնեաները Աստուծոյ նպատակները ի մտի պէտք է ունենան (Ա. Կոր. 7։39)։ Շատեր ընտրած են ամուրի մնալ, քան աստուածային այս յորդորը անտեսել։ Աստուած այսպիսիներու լաւ հոգ կը տանի։ Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ, երբ մինակ զգաց եւ երեւութապէս անօգնական էր։ Ան ըսաւ. «Իմ գանգատս [Աստուծոյ] առջեւ կը թափեմ. իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։ Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր» (Սաղ. 142։1-3)։ Երեմիա տարինե՜ր Աստուծոյ հաւատարմօրէն ծառայեց որպէս ամուրի. ան ալ մինակ զգացած ըլլալու էր։ Թերեւս ուզես իր օրինակը քննել, ինչպէս որ բացատրուած է Երեմիայի միջոցով Աստուծոյ խօսքը մեզի գրքին 8–րդ գլուխին մէջ։

17. Ամուրի քոյր մը ինչպէ՞ս գլուխ կ’ելլէ պատահական մենակութեան հետ։

17 Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող քոյր մը կ’ըսէ. «Բնաւ չեմ վճռած ամուրի մնալ։ Ամուսնանալը չեմ մերժեր, եթէ յարմար անհատը գտնեմ։ Իմ անհաւատ մայրս փորձեց զիս համոզել՝ որ ամուսնանամ ոեւէ անհատի հետ որ ձեռքս ուզէ։ Իրեն հարցուցի թէ արդեօք կ’ուզէ՛ր անյաջող ամուսնութեան մը համար պատասխանատու ըլլալ։ Ժամանակի ընթացքին, ան տեսաւ թէ կայուն գործ ունէի, իմ անձիս հոգ կը տանէի եւ ուրախ էի։ Ուստի, ան դադրեցաւ ճնշում բանեցնելէ»։ Այս քոյրը ատեններ մինակ կը զգայ։ Ան կ’ըսէ. «Այդ պահերուն, կը փորձեմ Եհովային աւելի վստահիլ։ Ան բնաւ զիս չի լքեր»։ Ի՞նչ բան իրեն օգնած է Եհովային վստահելու։ «Աղօթքը ինծի կ’օգնէ զգալու թէ Աստուած իրական է եւ թէ ես բնաւ մինակ չեմ։ Տիեզերքի Բարձրեալը ինծի մտիկ կ’ընէ. ինչպէ՞ս պատուուած եւ ուրախ չզգամ»։ Վստահ ըլլալով որ «աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը», ան կ’ըսէ. «Կը ջանամ ուրիշներուն օգնելու համար իմ անձէս տալ, փոխարէնը ոչինչ ակնկալելով։ Երբ մտածեմ. ‘Ի՞նչ կրնամ ընել որ այս անհատին օգնեմ’, ներքին ուրախութիւն կ’ունենամ» (Գործք 20։35)։ Արդարեւ, Եհովան այս քրոջ բաժինն է եւ ան Իրեն ծառայելու առանձնաշնորհումը կը վայելէ։

18. Եհովա ի՞նչ առումով կրնայ քեզ իր բաժինը ընել։

18 Ի՛նչ պարագայի մէջ ալ գտնուիս, կրնաս թոյլ տալ որ Աստուած բաժինդ ըլլայ։ Ասիկա ընելով, իր ուրախ ժողովուրդին մէկ մասը պիտի ըլլաս (Բ. Կոր. 6։16-18)։ Ի արդիւնք, կրնաս Եհովայի բաժինը ըլլալ, ինչպէս որ էր ոմանց պարագան անցեալին (կարդա՛ Բ. Օրինաց 32։9, 10Ինչպէս որ ազգերուն մէջ իսրայէլ Աստուծոյ բաժինը դարձաւ, Ան կրնայ քեզ ընտրել իրը ըլլալու եւ սիրալիրօրէն քեզի հոգ տանիլ (Սաղ. 17։8

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Տե՛ս Զարթի՛ր–ի նոյեմբեր 2009 թիւը, էջ 12-14։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

Ինչպէ՞ս կրնաս թոյլ տալ որ Եհովա բաժինդ ըլլայ՝

• առա՛ջ խնդրելով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը։

• գնահատելով հոգեւոր սնունդը։

• պահելով ‘միայն Տէրոջմով’ ամուսնանալու Աստուծոյ պատուէրը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 17]

Եհովա մեր բաժինը կ’ըլլայ, երբ իրեն ծառայելը մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը կը դարձնենք