Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՞յ ըլլալ որ քեզ խաբեր են

Կրնա՞յ ըլլալ որ քեզ խաբեր են

Կրնա՞յ ըլլալ որ քեզ խաբեր են

ՇԱՏ վիրաւորական է գիտնալ, թէ վստահելի անձ մը քեզ խաբեր է։ Թերեւս բարկանաս ու զգաս թէ նուաստացեր կամ նոյնիսկ դաւաճանուեր ես։ Սուտը բարեկամութիւններ եւ ամուսնութիւններ կը քանդէ. մարդոցմէ միլիառաւոր տոլարներ կը շորթէ։

Ուստի երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի զգայիր, եթէ գիտնայիր թէ ոմանք քեզի սուտեր խօսեր են Աստուծոյ մասին։ Եթէ կրօնասէր ես, խորապէս պիտի ազդուէիր, ինչպէս որ եղաւ պարագան այս եկեղեցասէրներուն՝

● «Զգացի թէ եկեղեցին ինծի դաւաճաներ էր» (ՏԻԱՆ)։

● «Ես բարկացած էի։ Զգացի թէ խաբուած էի, թէ յոյսերս ու նպատակակէտերս անօգուտ էին» (ԼՈՒԻՍ)։

Թերեւս խորհիս թէ կարելի չէ որ Աստուծոյ մասին սուտեր սորված ըլլաս։ Գիտցածներդ թերեւս լսած ես անձէ մը, որուն կը վստահիս եւ որ բնաւ դիտումնաւոր կերպով քեզ պիտի չվիրաւորէ, ինչպէս՝ ծնողներդ, քահանայ մը, քարոզիչ մը, կամ մօտիկ բարեկամ մը։ Կրնայ ըլլալ որ ամբողջ կեանքիդ մէջ որոշ վարդապետութեան մը հաւատացեր ես։ Բայց չե՞ս համաձայնիր որ նոյնիսկ տարածուած գաղափար մը կրնայ սխալ ըլլալ։ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներէն մէկը, Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ, այս իրողութեան իրազեկ էր, որովհետեւ ըսաւ. «Սուտը կրկնուելով ճշմարտութեան չի վերածուիր»։

Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ խաբուեր ես կամ ոչ։ Ատեն մը, Յիսուս աղօթքով Աստուծոյ ըսաւ. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհաննէս 17։17)։ Այո, Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, մեզի հարկ եղած տեղեկութիւնները ունի, որպէսզի զատորոշենք ճշմարտութիւնը սուտերէն։

Ինչո՞ւ չձգես որ Աստուածաշո՛ւնչը քօղազերծէ տարածուած հինգ սուտեր Աստուծոյ մասին։ Պիտի տեսնես թէ ինչպէ՛ս ճշմարտութիւնը կրնայ կեանքդ բարեփոխել։