Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

1 Աստուած խորհուրդ է. շիտա՞կ է

1 Աստուած խորհուրդ է. շիտա՞կ է

1 Աստուած խորհուրդ է. շիտա՞կ է

Ինչ որ թերեւս լսած ըլլաս։ «Աստուած խորհրդաւոր կերպերով կը գործէ»։

«Հայրը անըմբռնելի է, Որդին անըմբռնելի է, եւ Սուրբ Հոգին անըմբռնելի է» (Աթանասեան հանգանակ, նկարագրելով քրիստոնեայ աշխարհի շատ մը եկեղեցիներու սորվեցուցած Երրորդութիւնը)։

Ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ։ Յիսուս ըսաւ որ միակ «ճշմարիտ Աստուածը» ճանչցողները օրհնութիւններ պիտի ստանային (Յովհաննէս 17։3)։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած ճանչնալ, եթէ ան խորհուրդ է։ Աստուած ինքզինք չի թաքցներ. ան կ’ուզէ որ ամէն մարդ զինք ճանչնայ (Երեմիա 31։34

Անշուշտ, բնաւ պիտի չկարենանք Աստուծոյ մասին ամէ՛ն բան գիտնալ։ Ասիկա կ’ակնկալուի, քանի որ իր խորհուրդներն ու ճամբաները մերիններէն աւելի բարձր են (Ժողովող 3։11. Եսայի 55։8, 9

Ճշմարտութիւնը գիտնալը քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ։ Եթէ Աստուած անըմբռնելի խորհուրդ է, ի՞նչ իմաստ ունի զինք ճանչնալ փորձելը։ Սակայն, ան մեզ կարող կը դարձնէ ոչ միայն զինք ըմբռնելու, հապա նաեւ՝ իրեն հետ մօտիկ բարեկամութիւն զարգացնելու։ Աստուած հաւատարիմ Աբրահամը նկարագրեց որպէս ‘իր սիրելին’ կամ բարեկամը. իսկ իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը գրեց. «Տէրոջը բարեկամութիւնը իրմէ վախցողներուն հետ է» (Եսայի 41։8. Սաղմոս 25։14

Աստուծոյ հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենալու գաղափարը անհաւատալի՞ կը թուի։ Թերեւս, բայց նկատէ թէ Գործք 17։27–ն ի՛նչ կ’ըսէ. «[Աստուած] մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։ Ի՞նչ առումով։ Աստուածաշունչի միջոցով, Աստուած մեզի հարկ եղածը կու տայ՝ զինք լաւ ճանչնալու համար։ *

Ան իր անունը մեզի կը յայտնէ, որ է՝ Եհովա (Եսայի 42։8)։ Ան մարդկութեան վերաբերեալ իր արարքները արձանագրած է, որպէսզի կարենանք իր անուան ետին գտնուող Անձը ճանչնալ։ Աւելին, Աստուած իր զգացումները կը բացայայտէ մեզի։ Ան «ողորմած ու բարերար» է, «երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով» (Ելից 34։6)։ Մեր գործերը կրնան իր զգացումներուն դպնալ։ Զոր օրինակ, վաղեմի իսրայէլ ազգը զինք «սրդողցուց», երբ իրեն դէմ ըմբոստացաւ. բայց անոնք որոնք իմաստունօրէն կը հնազանդին իրեն, զինք կ’ուրախացնեն (Սաղմոս 78։40. Առակաց 27։11

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Յաւելեալ տեղեկութեան համար, թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին ի՛նչ կ’ըսէ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին առաջին գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 4]

Եթէ Աստուած խորհրդաւոր Երրորդութիւն է, իրապէս ինչպէ՞ս կրնանք զինք ճանչնալ

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 4]

The Trinity c.1500 Flemish School (16th century)/H. Shickman Gallery New York USA/The Bridgeman Art Library International