Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

5 Աստուած ամէն անկեղծ պաշտամունք կ’ընդունի. շիտա՞կ է

5 Աստուած ամէն անկեղծ պաշտամունք կ’ընդունի. շիտա՞կ է

5 Աստուած ամէն անկեղծ պաշտամունք կ’ընդունի. շիտա՞կ է

Ինչ որ թերեւս լսած ըլլաս։ «Ճիշդ ինչպէս որ շատ մը ճամբաներ ու փողոցներ դէպի նոյն վայրը կը տանին, նոյն կերպով՝ շատ մը ճամբաներ Աստուծոյ կը տանին։ Իւրաքանչիւր անհատ Աստուծոյ տանող իր ճամբան պէտք է գտնէ»։

Ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ։ Մեր պաշտամունքին մէջ անկեղծ պէտք է ըլլանք, ձեւակերպութենէ եւ կեղծաւորութենէ խուսափելով։ Յիսուս իր օրուան կրօնական առաջնորդներուն ըսաւ թէ Աստուած ինչո՛ւ զիրենք մերժած էր. «Աղէկ մարգարէութիւն ըրաւ Եսայի ձեզի՝ կեղծաւորներուդ համար, ինչպէս գրուած է. ‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ’» (Մարկոս 7։6)։ Բայց անկեղծութիւնը ինքնին երաշխիք մը չէ, որ Աստուած մեր պաշտամունքը պիտի ընդունի։

Յիսուս այս կէտը յստակացուց, այդ կրօնական առաջնորդներուն ու անոնց հետեւորդներուն մատուցած պաշտամունքին գլխաւոր թերութիւնը քօղազերծելով։ Ան Աստուծոյ հետեւեալ խօսքերը անոնց կիրարկեց. «Պարապ տեղը զիս կը պաշտեն, մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով» (Մարկոս 7։7)։ Անոնց պաշտամունքը «պարապ» կամ անօգուտ էր, քանի որ իրենց կրօնական աւանդութիւնը Աստուծոյ պահանջներէն առաջ դրին։

Աստուածաշունչը թիկունք չի կանգնիր այն գաղափարին, թէ Աստուծոյ մօտենալու բազմաթիւ ընդունելի ճամբաներ կան, հապա կը սորվեցնէ թէ միայն մէկ ճամբայ կայ։ Մատթէոս 7։13, 14–ը կ’ըսէ. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասն զի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասն զի նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։

Ճշմարտութիւնը գիտնալը քեզի ինչպէ՛ս կ’օգնէ։ Երեւակայէ թէ ի՛նչ պիտի զգայիր, եթէ մարաթոնի մը համար ամիսներով մարզուելէ ետք ու մրցանակը շահելէ ետք, որակեալ չնկատուէիր զայն ստանալու՝ օրէնքներէն մէկը անգիտակցաբար կտրելուդ համար։ Թերեւս զգայիր թէ բոլոր տարած ջանքերդ ապարդիւն էին։ Աստուած պաշտելու մէջ համանման բան մը կրնա՞յ պատահիլ մեզի։

Մեր պաշտամունքը մարզական մրցումի մը հետ բաղդատելով, Պօղոս առաքեալ գրեց. «Մրցորդ մը պսակ չի ստանար, եթէ օրէնքին համաձայն չմրցի» (Բ. Տիմոթէոս 2։5)։ Մենք Աստուծոյ հաւանութիւնը կը շահինք, երբ զինք պաշտենք «օրէնքին համաձայն», այսինքն՝ իր ուզած կերպով։ Ճիշդ ինչպէս որ վազորդ մը չի կրնար իր ուզած ճամբաներով վազելով ակնկալել մրցումը շահիլ, մենք ալ չենք կրնար Աստուած պաշտել մեր ուզած կերպով։

Աստուած հաճեցնելու համար, մեր պաշտամունքը իր մասին եղող սուտերէ զերծ պէտք է պահենք։ Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով» (Յովհաննէս 4։23)։ Մենք Աստուծոյ տանող ճշմարիտ ճամբան կը սորվինք իր Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն (Յովհաննէս 17։17 *

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Աստուծոյ հաւանութիւնը ունեցող պաշտամունքին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 15–րդ գլուխը։

[Մէջբերում՝ էջ 8]

Բոլո՞ր կրօնքները մարդոց կը սորվեցնեն Աստուած պաշտել իր ուզած կերպով