Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Զբօսանքդ օգտակա՞ր է

Զբօսանքդ օգտակա՞ր է

Զբօսանքդ օգտակա՞ր է

«Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին» (ԵՓ. 5։10

1, 2. ա) Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Եհովա կ’ուզէ որ կեանքը վայելենք։ բ) Զբօսանքը «Աստուծոյ պարգեւը» նկատելը մեզ պիտի մղէ որ ի՞նչ ընենք։

ԱՄԲՈՂՋ Աստուածաշունչին մէջ կը գտնենք արտայայտութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ Եհովա կ’ուզէ որ ոչ միայն ապրինք, հապա նաեւ՝ կեանքը վայելենք։ Օրինակ՝ Սաղմոս 104։14, 15–ը կ’ըսէ թէ Եհովա հոգ կը տանի որ «կերակուր հանէ երկրէն ու գինի՝ որ կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը եւ իւղ՝ որ անոր երեսը կը փայլեցնէ ու հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը»։ Արդարեւ, Եհովա պատճառ կ’ըլլայ որ բերքը աճի, որպէսզի հացահատիկ, իւղ եւ գինի ունենանք։ Բայց գինին նաեւ «կ’ուրախացնէ մարդուն սիրտը», հակառակ անոր որ կեանքի պահպանման համար անհրաժեշտ չէ (Ժող. 9։7. 10։19)։ Այո, Եհովա կ’ուզէ որ մեր սիրտը «ուրախութիւնով» լեցուի (Գործք 14։15, 16

2 Ուստի սխալ չէ որ ատենը անգամ մը յայտագիր կազմենք «երկնքի թռչուններուն» ու «դաշտի շուշաններուն» նայելու, կամ ուրիշ կարգ մը գործունէութիւններ ընելու, որոնք մեզ կը թարմացնեն եւ մեր կեանքը կը ճոխացնեն (Մատ. 6։26, 28. Սաղ. 8։3, 4)։ Հաճելի կեանքը «Աստուծոյ պարգեւն է» (Ժող. 3։12, 13)։ Զբօսանքը այդ պարգեւին մէկ մասը նկատելը մեզ պիտի մղէ որ զայն աստուածահաճոյ կերպով գործածենք։

Այլազանութիւն եւ սահմանափակումներ

3. Զբօսանքի մէջ այլազանութեան տեղ տալը ինչո՞ւ տրամաբանական է։

3 Զբօսանքի վերաբերեալ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունեցողները այլազանութեան տեղ կու տան, բայց եւ այնպէս՝ սահմանափակումներու կարիքն ալ հաշուի կ’առնեն։ Ինչո՞ւ։ Առ ի պատասխան, համեմատենք զբօսանքը ուտելիքի հետ։ Աշխարհին մէկ մասէն միւսը, ժողովրդական ճաշերը կը տարբերին։ Իրականութեան մէջ, ինչ որ որոշ շրջանի մէջ մարդիկ ախորժակով կ’ուտեն, կրնայ այլուր գտնուողներու քիմքին անհամ ըլլալ։ Նմանապէս, ինչ որ աշխարհի մէկ մասը գտնուող քրիստոնեաները կը նկատեն հաճելի զբօսանք, կրնայ այլուր գտնուող քրիստոնեաներուն աչքին անհրապուրիչ ըլլալ։ Նոյնիսկ միեւնոյն շրջանը ապրող քրիստոնեաներուն մէջ, ինչ որ մէկը կրնայ հանգստանալու միջոց սեպել (թերեւս լաւ գիրք մը կարդալ), ուրիշը կրնայ ձանձրացուցիչ նկատել. ինչ որ մէկը կրնայ թարմացուցիչ նկատել (թերեւս հեծանիւով տեսարժան վայրերէ անցնիլ), ուրիշը կրնայ յոգնեցուցիչ սեպել։ Այսուհանդերձ, կ’ընդունինք որ ուտելիքի եւ զբօսանքի հարցով, այլազանութիւնն ու անձնական նախընտրութիւնները դեր կը խաղան (Հռով. 14։2-4

4. Մեր ընտրած զբօսանքի տեսակին առնչութեամբ ինչո՞ւ սահմաններ պէտք է դնենք. լուսաբանէ՛։

4 Սակայն, նաեւ կը գիտակցինք թէ զբօսանքին մէջ այլազանութեան տեղ տալը չի նշանակեր թէ ամէն ինչ կրնանք ընել։ Առ ի լուսաբանութիւն, դարձեալ նկատի առ ուտելիքի օրինակը։ Թէեւ բազմատեսակ ուտելիքներ ուտելու փափաքը կրնանք ունենալ, սակայն դիտմամբ նեխած ուտելիքներ պիտի չուտէինք, քանի որ այդ մէկը տրամաբանական չէ եւ կրնայ մեր առողջութեան վնասել։ Նմանապէս, թէեւ կրնանք բազմատեսակ ժամանցներ վայելել ուզել, բայց կեանքի սպառնացող, վայրագ կամ բարոյապէս նեխած ժամանցներ պիտի չհետապնդէինք, որովհետեւ անոնց միջամուխ ըլլալը աստուածաշնչական սկզբունքներուն հակառակ է եւ կրնայ մեր ֆիզիքական կամ հոգեւոր առողջութեան վնասել։ Վստահ ըլլալու համար որ տրամաբանական սահմաններու մէջ ենք, լաւ կ’ըլլայ որ սկիզբէն որոշենք թէ մեզ հրապուրող զբօսանքը օգտակա՛ր է թէ ոչ (Եփ. 5։10)։ Ինչպէ՞ս։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, թէ մեր զբօսանքը Աստուծոյ չափանիշներուն գոհացում կու տա՛յ թէ ոչ։

5 Որպէսզի զբօսանքը մեզի օգուտ բերէ եւ Եհովայի աչքին հաճելի ըլլայ, հարկ է որ Աստուածաշունչի մէջ նշուած մասնայատուկ չափանիշներու գոհացում տայ (Սաղ. 86։11)։ Գիտնալու համար թէ փափաքած զբօսանքիդ պարագան ա՛յս է թէ ոչ, կրնաս պարզ ստուգացանկի մը հետեւիլ։ Ցանկը բաղկացած է երեք հարցումներէ, որոնք կրնան ամփոփուիլ ի՞նչ, ե՞րբ եւ որո՞նք բառերով։ Զանոնք մէկ առ մէկ նկատի առնենք։

Ի՞նչ կը պարփակէ

6. Ո՞ր զբօսանքը պէտք է մերժենք, եւ ինչո՞ւ։

6 Նախքան զբօսանք մը ընտրելը, նախ պէտք է հարցնես՝ «Ի՞նչ», այսինքն՝ ‘Զիս հրապուրող ժամանցին բնոյթը ի՞նչ է’։ Մինչ պատասխանը կը փնտռես, օգտակար է ի մտի ունենալ, թէ հիմնականօրէն երկու տեսակ զբօսանք կայ։ Առաջին տեսակին «ո՛չ» կ’ըսենք, իսկ երկրորդին՝ «թերեւս»։ Ի՞նչ է առաջին տեսակը։ Այս չար աշխարհին մէջ, զբօսանքի մեծ մասը յատկանշուած է արարքներով, որոնք բացէ ի բաց կ’ոտնակոխեն աստուածաշնչական սկզբունքները կամ կը բեկանեն Աստուծոյ օրէնքները (Ա. Յովհ. 5։19)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները այս տեսակ բոլոր ժամանցներուն կտրականօրէն «ո՛չ» կ’ըսեն։ Այս զբօսանքը կը ներկայացնէ՝ սեռային այլասերում, դիւապաշտութիւն, միասեռականութիւն, պոռնկագրութիւն կամ վայրագութիւն, կամ կը փառաւորէ այլ գարշելի եւ անբարոյ արարքներ (Ա. Կոր. 6։9, 10. կարդա՛ Յայտնութիւն 21։8)։ Ո՛ւր որ ալ գտնուինք, այսպիսի զբօսանքի մօտենալը մերժելով Եհովային կը փաստենք թէ ‘չարէն կը զզուինք’ (Հռով. 12։9. Ա. Յովհ. 1։5, 6

7, 8. Ինչպէ՞ս կրնանք որոշ զբօսանքի մը որակը արժեւորել. լուսաբանէ՛։

7 Զբօսանքի երկրորդ տեսակը՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ բացայայտօրէն դատապարտուած սովորութիւններու վրայ չի կեդրոնանար։ Այս պարագային, ընտրութիւն մը ընելէ առաջ, հարկ է որ ժամանցը ուշադրութեամբ համեմատենք պատշաճ բաներու նկատմամբ Եհովայի տեսակէտին հետ, ինչպէս որ արտայայտուած է աստուածաշնչական սկզբունքներու մէջ (Առ. 4։10, 11)։ Ապա, պէտք է որ անձնական որոշում մը կայացնենք, որ մեր խղճմտանքը մաքուր պիտի պահէ (Գաղ. 6։5. Ա. Տիմ. 1։19)։ Ինչպէ՞ս։ Մտածէ՛. նոր ճաշ մը ուտելէ առաջ, նախ կ’ուզենք գիտնալ թէ ճաշը ի՛նչ բաներէ պատրաստուած է։ Նմանապէս, նախքան որոշ ժամանց մը ընտրելը, հարկ է որ գիտնանք թէ անոր գլխաւոր երեսակները ի՛նչ են (Եփ. 5։17

8 Զոր օրինակ, թերեւս մարզախաղ կը սիրես, եւ ասիկա հասկնալի է. մարզախաղը կրնայ հաճելի եւ հետաքրքրական ըլլալ։ Սակայն ի՞նչ ըսել, եթէ հրապուրուած ես որոշ մարզախաղով մը, քանի որ յատկանշուած է խիստ մրցակցութեամբ, չափազանց յանդգնութեամբ, վնասուածքի բարձր տոկոսով, աղմկալի տօնակատարութիւններով, ազգայնական եռանդով կամ նման երեսակներով։ Խնդրոյ առարկայ ազդակները քննելէ ետք, հաւանաբար պիտի որոշես, թէ դժուար է մտածելակերպդ ներդաշնակել Եհովայի մտածելակերպին եւ մեր քարոզած խաղաղութեան ու սիրոյ պատգամին հետ (Եսա. 61։1. Գաղ. 5։19-21)։ Միւս կողմէ, եթէ Եհովայի աչքին պատշաճ երեսակներ ունեցող զբօսանք մը ընտրես, արդարեւ պիտի օգտուիս եւ թարմանաս (Գաղ. 5։22, 23. կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։8

Ե՞րբ միջամուխ կ’ըլլամ

9. ‘Ե՞րբ զբօսանքի միջամուխ պիտի ըլլամ’ հարցումին պատասխանելով, ի՞նչ բան յայտնի կը դառնայ։

9 Երկրորդ հարցումն է՝ «Ե՞րբ», այսինքն՝ ‘Ե՞րբ զբօսանքի միջամուխ պիտի ըլլամ։ Անոր ո՞րքան ժամանակ պիտի տրամադրեմ’։ «Ի՞նչ» հարցումին մեր պատասխանը շատ բան կը յայտնէ մեր հակումներուն մասին,– ի՛նչ բան ընդունելի կը նկատենք, եւ ի՛նչ բան՝ անընդունելի։ Սակայն, «ե՞րբ» հարցումին մեր պատասխանը կ’արտացոլացնէ մեր նախապատուութիւնները,– ի՛նչ բան կարեւոր կը սեպենք, եւ ի՛նչ բան՝ անկարեւոր։ Արդ՝ ինչպէ՞ս կրնանք որոշել, թէ մեր զբօսանքին կարեւորութեան մակարդակը պատշա՛ճ է թէ ոչ։

10, 11. Մատթէոս 6։33–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնեն որոշելու, թէ զբօսանքին ո՛րքան ժամանակ տրամադրենք։

10 Յիսուս Քրիստոս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (Մար. 12։30)։ Ուստի, Եհովայի հանդէպ մեր սէրը առաջին տեղը կը գրաւէ մեր կեանքին մէջ։ Մենք ցոյց կու տանք թէ պարագան այս է՝ հետեւելով Յիսուսի յորդորին. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (Մատ. 6։33)։ Այս խօսքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որոշելու, թէ զբօսանքին ո՛րքան ժամանակ եւ կարեւորութիւն տանք։

11 Նկատի առ այս մանրամասնութիւնը. Յիսուս մեզ յորդորեց ըսելով՝ «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Ան մեզի չըսաւ՝ «Միայն խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Բացայայտօրէն, Յիսուս գիտէր թէ Թագաւորութեան կողքին, շատ բաներ խնդրելու կարիք պիտի ունենայինք։ Կարիքներէն ոմանք են՝ բնակարան, ուտելիք, հագուստ, հիմնական ուսում, աշխատանք, զբօսանք, եւ շարքը երկար է։ Սակայն, մեր խնդրած բոլոր բաներուն մէջ, միայն մէկ հետապնդում առաջին տեղը կը գրաւէ,– Թագաւորութեան շահերը (Ա. Կոր. 7։29-31)։ Այս հիմնական ճշմարտութիւնը մեզ պէտք է մղէ, որ մեր երկրորդական գործունէութիւնները, ներառեալ՝ զբօսանքը, հետապնդենք այնպիսի կերպով, որ մեզի թոյլ կու տայ կատարել մեր գլխաւոր գործը,– Թագաւորութեան շահերը հոգալ։ Եթէ այսպէս ընենք, սահմանափակ զբօսանքը կրնայ օգտակար ըլլալ։

12. Ղուկաս 14։28–ի մէջ գտնուած սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնայ կիրարկուիլ զբօսանքին։

12 Արդ, զբօսանքին տրամադրուած ժամանակին առնչութեամբ, լաւ է որ ծախքը առաջուընէ հաշիւ ընենք (Ղուկ. 14։28)։ Պէտք է որոշենք թէ որոշ զբօսանք մը մեր ժամանակէն ո՛րքան պիտի առնէ։ Ետքը, պէտք է որոշենք թէ ատիկա մեր ժամանակէն ո՛րքան կ’արժէ։ Եթէ զբօսանքի մը միջամուխ ըլլալով պիտի անտեսենք կարեւոր գործունէութիւններ, ինչպէս՝ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն, ընտանեկան պաշտամունք, քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ կամ Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցիլ, ուրեմն ատոր գինը չ’արժեր (Մար. 8։36)։ Բայց եթէ ատեն–ատեն որոշ զբօսանք մը մեր ուժը կը վերանորոգէ՝ Թագաւորութեան շահերը շարունակ հետապնդելու համար, կրնանք որոշել թէ այսպիսի զբօսանքի համար ժամանակ տրամադրելը կ’արժէ։

Որո՞նք են իմ ընկերակիցներս

13. Ինչո՞ւ ուշադրութեամբ նկատի պէտք է առնենք, թէ որոնց հետ զբօսանքի կը մասնակցինք։

13 Երրորդ հարցումն է՝ «Որո՞նք», այսինքն՝ ‘Որո՞նք կ’ուզեմ որ ինծի հետ ազատ ժամանակ անցընեն’։ Զբօսանքի այս երեսակը նկատի առնելը կարեւոր է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեր ընկերակիցներուն որակը մեծապէս կ’ազդէ մեր զբօսանքի որակին։ Ճիշդ ինչպէս որ լաւ բարեկամներով ճաշ մը ուտելը ընդհանրապէս աւելի հաճելի կը դառնայ, նոյնպէս՝ զբօսանքի միջամուխ ըլլալը յաճախ աւելի հաճելի կ’ըլլայ, երբ ատոր կը մասնակցիս լաւ ընկերակիցներու հետ։ Արդ՝ հասկնալի է որ մեզմէ շատեր, մանաւանդ երիտասարդներ, միասնաբար ազատ ժամանակ անցընելէն հաճոյք կ’առնեն։ Բայց եւ այնպէս, վստահ ըլլալու համար թէ գործունէութիւն մը օգտակար պիտի ըլլայ, իմաստութիւն է առաջուընէ որոշել թէ ինչպիսի՛ անհատներ պիտի ընտրենք որպէս ընկերակիցներ եւ ինչպիսի՛ անհատներէ պիտի խուսափինք (Բ. Մն. 19։2. կարդա՛ Առակաց 13։20. Յակ. 4։4

14, 15. ա) Շիտակ բարեկամներ ընտրելու առնչութեամբ, Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։ բ) Մեր ընկերակիցներու առնչութեամբ, մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։

14 Ընկերակիցներ ընտրելու առնչութեամբ, Յիսուսի օրինակին հետեւիլը շատ օգտակար պիտի ըլլայ։ Ստեղծագործութենէն ի վեր, Յիսուս մարդոց հանդէպ սէր ունէր (Առ. 8։31)։ Երկրի վրայ եղած ատեն, ան ամէն տեսակ մարդու հանդէպ սիրառատ հոգատարութիւն ցուցաբերեց (Մատ. 15։29-37)։ Սակայն, Յիսուս բարեկամական ըլլալու եւ մտերիմ բարեկամ ըլլալու միջեւ սահման դրաւ։ Մինչ ընդհանուր մարդոց հետ բարեկամական էր, ան սերտ բարեկամ էր միայն անո՛նց, որոնք գոհացում տուին որոշ պահանջներու։ Յիսուս իր 11 հաւատարիմ առաքեալներուն ըսաւ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընելու ըլլաք ինչ որ ես ձեզի կը պատուիրեմ» (Յովհ. 15։14. տե՛ս նաեւ Յովհաննէս 13։27, 30)։ Յիսուս բարեկամացաւ միայն անո՛նց հետ, որոնք իրեն հետեւեցան եւ Եհովային ծառայեցին։

15 Արդ, երբ կը մտածես որոշ անհատի մը հետ սերտօրէն բարեկամանա՛լ թէ ոչ, իմաստութիւն է Յիսուսի ըսածը ի մտի ունենալ։ Դուն քեզի այսպիսի հարցումներ ուղղէ. ‘Այս անհատը իր խօսքերով ու գործերով ցոյց կու տա՞յ, թէ Եհովայի եւ Յիսուսի պատուիրաններուն կը հնազանդի։ Ան ունի՞ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այն արժանիքներն ու բարոյականութիւնը, որոնք ես ունիմ։ Իրեն հետ ընկերակցիլը զիս պիտի քաջալերէ՞, որ Թագաւորութիւնը կեանքիս մէջ առաջին տեղը դնեմ եւ Եհովային հաւատարմաբար ծառայեմ’։ Եթէ վստահօրէն կրնաս այս հարցումներուն «այո՛» պատասխանել, ուրեմն լաւ բարեկամ մը գտեր ես, որուն հետ կրնաս ազատ ժամանակ անցընել (կարդա՛ Սաղմոս 119։63. Բ. Կոր. 6։14. Բ. Տիմ. 2։22

Մեր զբօսանքը քննութենէն յաջող կ’անցնի՞

16. Մեր զբօսանքին նկատմամբ, ի՞նչ բաներ հարկ է որ գիտնանք։

16 Հակիրճօրէն նկատի առինք զբօսանքի երեք երեսակներ,– որակ, քանակ եւ ընկերակցութիւն։ Որպէսզի մեր զբօսանքը օգտակար ըլլայ, այս երեք երեսակներուն առնչութեամբ, հարկ է որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած չափանիշներուն սերտօրէն գոհացում տայ։ Ուստի, որոշ ժամանցի միջամուխ ըլլալէ առաջ, պէտք է քննութիւն մը ընենք։ Որակի առնչութեամբ, պէտք է հարց տանք. ‘Այս զբօսանքը ի՞նչ կը պարփակէ։ Ատիկա լա՞ւ է թէ գէշ’ (Առ. 4։20-27Քանակի առնչութեամբ, պէտք է գիտնանք. ‘Ո՞րքան ժամանակ պիտի վատնեմ անոր համար։ Քանակը յարմա՞ր է թէ ոչ’ (Ա. Տիմ. 4։8)։ Իսկ ընկերակցութեան առնչութեամբ, պէտք է որոշենք. ‘Որո՞նց հետ ազատ ժամանակ պիտի անցընեմ։ Այս ընկերակիցները բարի՞ են թէ չար’ (Ժող. 9։18. Ա. Կոր. 15։33

17, 18. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք ինքզինքնիս քննել, տեսնելու համար թէ մեր զբօսանքը Աստուածաշունչի չափանիշներուն գոհացում կու տա՛յ թէ ոչ։ բ) Անձամբ ի՞նչ վճռած ես ընել, երբ զբօսանք մը ընտրելու ըլլաս։

17 Եթէ այս երեք երեսակներէն որեւէ մէկուն մէջ զբօսանքը գոհացում չտայ աստուածաշնչական չափանիշներուն, քննութենէն յաջող չ’անցնիր։ Միւս կողմէ, եթէ վստահ ըլլանք որ մեր ժամանցները այս երեք երեսակներուն մէջ ալ գոհացում կու տան Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած չափանիշներուն, մեր զբօսանքը Եհովան պիտի պատուէ եւ մեզի օգուտներ բերէ (Սաղ. 119։33-35

18 Ուստի զբօսանքի առնչութեամբ, ջանա՛նք շիտակ բանը ընել շիտակ պահուն եւ շիտակ մարդոց հետ։ Այո, թող որ իւրաքանչիւրիս սրտագին փափաքը ըլլայ՝ Աստուածաշունչի սա խրատին հետեւիլ. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» (Ա. Կոր. 10։31

Կրնա՞ս բացատրել

Զբօսանքի առնչութեամբ, ինչպէ՞ս կրնաս կիրարկել այս համարներուն սկզբունքները՝

Փիլիպպեցիս 4։8

Մատթէոս 6։33

Առակաց 13։20

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Գծապատկեր՝ էջ 11]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Ի՞նչ

[Գծապատկեր՝ էջ 11]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Ե՞րբ

[Գծապատկեր՝ էջ 13]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Որո՞նք

[Նկար՝ էջ 12]

Մեր բարեկամներն ու զբօսանքը ընտրելու առնչութեամբ, ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ Յիսուսի օրինակին