Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աբրահամ. քաջ մարդ

Աբրահամ. քաջ մարդ

Աբրահամ. քաջ մարդ

Աբրահամ իր ընտանիքին եւ ծառաներուն կը նայի, մինչ կը պատրաստուին դէպի Քանան ուղղուիլ (Ծննդոց 12։1-5)։ Նայելով այս հսկայ խումբին, որ ապրուստի համար իրեն կը վստահի, Աբրահամ խորապէս անոնց հանդէպ իր պատասխանատուութիւնը կը զգայ։ Անծանօթ երկրի մը մէջ ըլլալով, ան անոնց նիւթական պէտքերուն ինչպէ՞ս հոգ պիտի տանի։ Ասիկա արդեօք աւելի դիւրին չէ՞ր Ուրի մէջ,– բարգաւաճ շրջան մը՝ ընդարձակ արօտներով, բարեբեր հողով, առատ ջուրի աղբիւրներով։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ հիւանդանայ կամ մահանայ նոր երկրին մէջ։ Ո՞վ իր ընտանիքին հոգ պիտի տանի։ Եթէ Աբրահամ այսպիսի որեւէ մտահոգութիւն ունի, ան թոյլ չի տար որ իր վախերը զինք անդամալուծեն։ Ան վճռած է գործել՝ Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդիլ՝ ի՛նչ որ ալ պատահի,– իսկական քաջութեան նշան մը։

Ի՞ՆՉ Է ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ։ Ատիկա կտրիճ, համարձակ եւ անվեհեր ըլլալու յատկութիւնն է,– երկչոտութեան կամ վախկոտութեան հակառակը։ Քաջ ըլլալ անպայմանօրէն չի նշանակեր թէ բնա՛ւ չենք վախնար։ Փոխարէն, աստուածատուր քաջութիւն ունեցող անհատը, վախեր ունենալով հանդերձ՝ քայլեր կ’առնէ։

ԱԲՐԱՀԱՄ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՔԱՋՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑ։ Աբրահամ բազմութեան չհետեւեցաւ։ Աբրահամ այնպիսի միջավայրի մը մէջ մեծցաւ, ուր մարդիկ բազմաթիւ չաստուածներ եւ կուռքեր կը պաշտէին։ Այսուհանդերձ, ան թոյլ չտուաւ որ այն ինչ որ ուրիշներ պիտի խորհէին, զինք ճիշդը ընելէն ետ կեցնէ։ Փոխարէն, Աբրահամ համարձակօրէն տարբեր ընթացք մը ընտրեց. պաշտել միայն մէկ Աստուած, ‘Բարձրեալ Տէր Աստուածը’՝ Եհովան (Ծննդոց 14։21, 22

Աբրահամ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքը նիւթական շահերէն առաջ դասեց։ Ան յօժարեցաւ Ուրի մէջ իր հանգստաւէտ կեանքը ետին ձգել եւ դէպի անապատ ուղղուիլ, լիովին վստահ ըլլալով որ Եհովա իր նիւթական կարիքները պիտի հոգար։ Անշուշտ, մինչ տարիները սահեցան, Աբրահամ Ուրի մէջ վայելած իր հանգստաւէտութեան մասին թերեւս մտածեց։ Բայց ան վստահ էր, թէ Եհովա իրեն եւ իր ընտանիքին միշտ հոգ պիտի տանէր։ Եհովային կառչելով՝ որպէս ամէնէն կարեւոր Անձը իր կեանքին մէջ, Աբրահամ քաջութիւն ունեցաւ Իր պատուէրներուն հնազանդելու։

Ի՞ՆՉ ԴԱՍԵՐ ԿԸ ՔԱՂԵՆՔ։ Կրնանք Աբրահամը ընդօրինակել, քաջութիւն մշակելով որ Եհովայի հնազանդինք, նոյնիսկ երբ մեր շուրջինները այդպէս չեն ըներ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ անոնք՝ որոնք Եհովա Աստուծոյ վերաբերեալ հաւատալիքներուն համար դիրք կը բռնեն, բարենպատակ բարեկամներու կամ ազգականներու կողմէ թերեւս հալածուին (Յովհաննէս 15։20)։ Բայց եւ այնպէս, երբ Եհովայի մասին մեր սորված բաները համոզումով ընդունած ենք, մեր հաւատալիքները յարգալից կերպով կը պաշտպանենք (Ա. Պետրոս 3։15

Կրնանք նաեւ վստահիլ Աստուծոյ այն խոստումին, որ իրեն հաւատք ընծայողներուն հոգ պիտի տանի։ Այս վստահութիւնը մեզի քաջութիւն կու տայ, որ մեր կեանքը նիւթական մտահոգութիւններու վրայ կեդրոնացնելու փոխարէն՝ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացնենք (Մատթէոս 6։33)։ Նկատի առ թէ ընտանիք մը ինչպէ՛ս ատիկա ըրած է։

Երկու փոքրիկ տղայ ունենալով հանդերձ, Տուկ եւ Պէքի փափաքեցան փոխադրուիլ երկիր մը՝ ուր Աստուածաշունչի բարի լուրի քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կար։ Բծախնդրօրէն պրպտելէ եւ ջերմեռանդօրէն աղօթելէ ետք, անոնք որոշեցին իրենց ծրագիրը գործադրել։ «Քաջութիւն պահանջեց պզտիկներուն հետ փոխադրուիլը, առանց գիտնալու որ ճիշդ ի՛նչ պիտի պատահէր մեզի», կ’ըսէ Տուկ։ «Բայց սկիզբը երբ որոշում պիտի կայացնէինք, քննարկեցինք Աբրահամի եւ Սառայի օրինակը։ Մտածելը, թէ անոնք ինչպէ՛ս Եհովայի վստահեցան,– եւ ինչպէ՛ս Ան զիրենք երեսի վրայ չձգեց,– իսկապէս մեզի օգնեց»։

Օտար երկրի մէջ իրենց կեանքին առնչութեամբ Տուկ կ’ըսէ. «Հոյակապ կերպով օրհնուած ենք»։ Ան կը բացատրէ. «Քանի որ մեր կենցաղակերպը աւելի պարզ է, մենք կարող ենք մեր օրուան մեծամասնութիւնը միասնաբար որպէս ընտանիք անցընել,– քարոզել, խօսակցիլ եւ տղոց հետ խաղալ։ Ազատութեան զգացում մը, որ բառերով դժուար է բացատրել»։

Անշուշտ, բոլորը ի վիճակի չեն այսպիսի արմատական ճշդում մը ընելու։ Սակայն, բոլորս կրնանք Աբրահամը ընդօրինակել, Աստուծոյ պաշտամունքին նախապատուութիւն տալով, վստահ ըլլալով որ Ան միշտ ներկայ պիտի ըլլայ մեզի աջակցելու։ Երբ այսպէս կ’ընենք, կը հետեւինք Աստուածաշունչի յորդորին՝ որ «համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ’» (Եբրայեցիս 13։5, 6

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 7]

Բարեպաշտ կին մը եւ թանկագին կողակից մը

Սառա հաւատքի տէր ուշագրաւ մարդու մը հետ ամուսնացած էր։ Բայց այս բարեպաշտ կինը ի՛նք ուշադրութեան արժանի օրինակ հանդիսացաւ։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը երեք անգամ զինք անունով կը նշէ, որպէս բարեպաշտ կիներու կողմէ ընդօրինակուելիք անձ մը (Եսայի 51։1, 2. Եբրայեցիս 11։11. Ա. Պետրոս 3։3-6)։ Թէեւ Սուրբ Գրութիւնները այս ուշագրաւ կնոջ մասին յարաբերաբար քիչ բան կը յայտնեն, սակայն կրնանք տեսնել թէ ան ընտիր յատկութիւններ ունէր։

Օրինակ, պահ մը խորհէ՛ Սառայի առաջին հակազդեցութեան մասին, երբ Աբրահամ իրեն յայտնեց Ուրը ձգելու Աստուծոյ ուղղութիւնը։ Ան հարց տուա՞ւ թէ ո՛ւր պիտի ուղղուէին եւ ինչո՛ւ։ Իրենց նիւթական կարիքներուն նկատմամբ մտահոգութիւններ ունէ՞ր։ Իր բարեկամուհիներն ու ընտանիքը ձգելու գաղափարը զինք նեղացո՞ւց, մինչ չէր գիտեր եթէ երբեք անոնց դարձեալ պիտի տեսնէր։ Անկասկած, այսպիսի գաղափարներ անոր մտքէն անցան։ Ասով հանդերձ, ան յօժարութեամբ Ուրէն մեկնեցաւ, վստահ ըլլալով որ իր հնազանդութեան համար Եհովա զինք պիտի օրհնէր (Գործք 7։2, 3

Աստուծոյ հնազանդ մէկ ծառան ըլլալու կողքին, Սառա հոյակապ կողակից մըն էր։ Փոխանակ ընտանեկան հարցերը ձեռք առնելու մէջ ամուսինին հետ մրցակցելու, Սառա անոր հանդէպ սրտագին յարգանք մշակեց եւ սիրալիրօրէն աջակցեցաւ, մինչ Աբրահամ իրենց ընտանիքը կ’առաջնորդէր։ Այսպէս ընելով, Սառա ինքզինք զարդարեց,– ինքզինք գեղեցկացուց,– իր ներքին դրական յատկութիւններով (Ա. Պետրոս 3։1-6

Այսպիսի վարքագծեր ներկայիս կիներուն կ’օգնե՞ն։ «Սառայի օրինակը ինծի սորվեցուցած է, որ պէտք է ազատ զգամ ամուսինիս հետ խօսելու եւ տեսակէտս յայտնելու», կ’ըսէ Ճիլ, որ աւելի քան 30 տարիէ ի վեր երջանիկ ամուսնութիւն ունեցած է։ Ան կը շարունակէ. «Միեւնոյն ժամանակ, որպէս ընտանիքի գլուխ ամուսինս պատասխանատուութիւն ունի վերջին որոշումը կայացնելու։ Երբոր ան որոշում առնէ, պարտականութիւնս է կարելիս ընել՝ որ այդ որոշումը յաջողի»։

Թերեւս ամէնէն սրտագրաւ դասը, որ Սառայէն կը սորվինք, հետեւեալն է. թէեւ Սառա շատ գեղեցիկ էր, սակայն ան թոյլ չտուաւ որ իր ֆիզիքական գեղեցկութիւնը պատճառ ըլլայ որ հպարտ դառնայ (Ծննդոց 12։10-13)։ Փոխարէն, ան խոնարհաբար Աբրահամի աջակցեցաւ իրենց կեանքի վերիվայրումներուն ընթացքին։ Անկասկած, Աբրահամ եւ Սառա հաւատարիմ, խոնարհ եւ սիրալիր զոյգ մըն էին,– զոյգ մը՝ որ իսկապէս մէկը միւսին օրհնութիւններ բերաւ։