Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աբրահամ. սիրառատ մարդ

Աբրահամ. սիրառատ մարդ

Աբրահամ. սիրառատ մարդ

Աբրահամ իր վիշտը դժուար կը տանի։ Իր սիրելի կինը՝ Սառա, մահացած է։ Անվերջ հաճելի յիշատակներ այս տարեց մարդուն մտքէն կ’անցնին, մինչ իր վերջին հրաժեշտը կու տայ։ Իր սրտին մէջ վիշտը խորանալով՝ արցունքները կը հոսին (Ծննդոց 23։1, 2)։ Այդ արցունքները ամօթի կամ նեղ կացութեան պատճառ չեն. այլ՝ ատոնք կ’ապացուցանեն Աբրահամի ընտիր յատկութիւններէն մէկը՝ իր սէրը։

Ի՞ՆՉ Է ՍԷՐԸ։ Սէրը ջերմ անձնական կապուածութեան կամ խոր խանդաղատանքի զգացումն է։ Սիրառատ անհատը իր արարքներով ցոյց կու տայ, թէ իր սիրած անհատներուն հանդէպ ինչպէ՛ս կը զգայ, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը անձնական զոհողութիւն կը պահանջէ։

ԱԲՐԱՀԱՄ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍԷՐ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՑ։ Աբրահամ ցոյց տուաւ թէ իր ընտանիքը կը սիրէր։ Անկասկած, Աբրահամ շատ զբաղած մարդ մըն էր։ Այսուհանդերձ, ան բնա՛ւ իր ընտանիքին զգացական կամ հոգեւոր կարիքները չանտեսեց։ Իրականութեան մէջ, Եհովա ի՛նք նկատեց թէ Աբրահամ որպէս ընտանիքի գլուխ, պաշտամունքի մէջ առաջնորդութիւն առաւ (Ծննդոց 18։19)։ Ասկէ զատ, Եհովա յատկապէս Աբրահամի սէրը նշեց։ Անոր հետ խօսելով, Եհովա Իսահակի ակնարկեց որպէս «սիրած մէկ հատիկ որդիդ» (Ծննդոց 22։2

Կրնանք նաեւ Աբրահամի սէրը շօշափել այն կերպէն, որով հակազդեց իր սիրելի կնոջ՝ Սառայի մահուան։ Աբրահամ անոր վրայ ողբաց։ Թէեւ ան կտրիճ ու արի էր, սակայն չվախցաւ իր վիշտն արտայայտելէ։ Ան զօրութեան եւ ազնուութեան գեղեցիկ խառնուրդ մը ցոյց տուաւ։

Աբրահամ յայտնեց թէ իր Աստուածը կը սիրէր։ Իր ամբողջ կենցաղը այդ սէրը արտացոլացուց։ Ինչպէ՞ս։ Թերեւս յիշենք այն ինչ որ Աստուածաշունչը Ա. Յովհաննէս 5։3–ի մէջ կ’ըսէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք»։ Այս սահմանումին համաձայն, Աբրահամ Աստուած սիրելու նկատմամբ ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։

Կրկին անգամ, երբ Եհովա Աբրահամի պատուէր տուաւ, ան անմիջապէս հնազանդեցաւ (Ծննդոց 12։4. 17։22, 23. 21։12-14. 22։1-3)։ Կարեւոր չէր եթէ պատուէրին հնազանդիլը դիւրին էր կամ դժուար, ոչ ալ շատ կարեւոր էր թէ Աբրահամ ատոր պատճառը գիտէր կամ ոչ։ Աբրահամի համար այսպիսի ազդակներ աննշան էին։ Եթէ իր Աստուածը իրմէ բան մը պահանջէր, ան պատրաստ էր ընելու։ Աբրահամ իւրաքանչիւր պատուէր Եհովայի հանդէպ իր սէրը ցոյց տալու պատեհութիւն սեպեց։

Ի՞ՆՉ ԴԱՍԵՐ ԿԸ ՔԱՂԵՆՔ։ Կրնանք Աբրահամը ընդօրինակել՝ ջերմ խանդաղատանք ցոյց տալով ուրիշներուն, մանաւանդ մեր ընտանիքի անդամներուն։ Բնաւ պիտի չուզենք թոյլ տալ կեանքի ճնշումներուն, որ պատճառ ըլլան որ մեր սիրելիներուն հետ ժամանակ չանցընենք։

Նաեւ, պէտք է Եհովայի հանդէպ սրտագին սէր մշակենք։ Այս սէրը մեր կեանքին մէջ զօրեղ ոյժ մը կրնայ ըլլալ։ Զոր օրինակ, ատիկա մեզ կրնայ մղել որ մեր կեցուածքներուն, խօսակցութեան եւ վարքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնենք, որպէսզի Աստուած հաճեցնենք (Ա. Պետրոս 1։14-16

Ճիշդ է որ Եհովայի պատուէրներուն հնազանդիլը միշտ դիւրին չէ. սակայն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Ան որ Աբրահամին օգնեց,– որ զինք ‘սիրելիս’ կամ բարեկամս կոչեց,– մեզի ալ պիտի աջակցի (Եսայի 41։8)։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ կը խոստանայ. ‘Աստուած ձեզ պիտի ամրացնէ եւ ուժովցնէ’ (Ա. Պետրոս 5։10, ԱԾ)։ Ի՜նչ սրտաշէն խոստում մը Աբրահամի վստահելի Բարեկամէն։

[Շրջանակ՝ էջ 10]

Լալը տղամարդուն անվայե՞լ է

Շատեր պիտի պատասխանէին այո՛։ Թերեւս անոնք զարմանան, երբ գիտնան թէ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ կտրիճ եւ հաւատարիմ մարդիկ՝ որոնք նեղութեան ժամանակներուն լացին, ինչպէս՝ Աբրահամ, Յովսէփ, Դաւիթ, Պետրոս առաքեալ, Եփեսոսի ժողովքի երէցները եւ նո՛յնիսկ Յիսուս (Ծննդոց 50։1. Բ. Թագաւորաց 18։33. Ղուկաս 22։61, 62. Յովհաննէս 11։35. Գործք 20։36-38)։ Յստակ է որ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ, թէ լալը տղամարդուն անվայել է։