Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարիտ քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը կը յարգեն

Ճշմարիտ քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը կը յարգեն

Ճշմարիտ քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը կը յարգեն

«Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (ՅՈՎՀ. 17։17

ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԿԷՏԵՐԸ ՓՆՏՌԷ.

Մ.թ. 49–ին, Երուսաղէմի մէջ գումարուած ժողովը ինչպէ՞ս յետագայ եկեղեցական խորհրդաժողովներուն հակապատկերն էր։

Աստուծոյ Խօսքին ջատագովներէն ոմանք ո՞վ էին, որոնք Միջին դարերուն ապրեցան։

1800–ական թուականներու վերջաւորութեան, հաւատարիմ քրիստոնեաները Աստուածաշունչի ի՞նչ ուսումնասիրութեան մեթոտ գործածեցին, եւ ատիկա ինչո՞ւ ազդու էր։

1. Անձնական փորձառութեամբ, նշէ՛ կարեւոր երեսակ մը՝ որով Եհովայի վկաները միւս կրօնական խումբերէն կը տարբերին։

ԵՐԲ մտածես այն առաջին իմաստալից քննարկութեան մասին՝ որ Եհովայի վկայի մը հետ ունեցար, ի՞նչ կը յիշես։ Շատեր պիտի պատասխանէին. ‘Այն իրողութիւնը թէ Վկան Աստուածաշունչէ՛ն բոլոր հարցումներուս կը պատասխանէր, զիս շա՜տ տպաւորեց’։ Ո՜րքան ուրախացանք երբ գիտցանք, թէ երկրագունդին նկատմամբ ի՛նչ է Աստուծոյ նպատակը, ի՛նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք, եւ ապագան ի՛նչ վերապահած է մեր սիրելի ննջեցեալներուն համար։

2. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով սկսար Աստուածաշունչը գնահատել։

2 Սակայն, մինչ շարունակեցինք ուսումնասիրել, գիտակցեցանք՝ թէ Աստուածաշունչը կեանքին, մահուան եւ ապագային շուրջ մեր հարցումներուն պատասխանները տալէն աւելի՛ն կ’ընէ։ Սկսանք գնահատել, թէ ատիկա աշխարհի մէջ ամէնէն գործնական գիրքն է։ Անոր խրատը անվախճան է, եւ անոնք՝ որոնք ուշադրութեամբ ատոր կը հետեւին, յաջող եւ ուրախ կեանք պիտի վարեն (կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3Հարազատ քրիստոնեաները միշտ ընդունած են Աստուածաշունչը, «ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք» (Ա. Թես. 2։13)։ Հակիրճ պատմական վերաքաղ մը պիտի ընդգծէ Աստուծոյ Խօսքը յարգողներուն եւ չյարգողներուն միջեւ եղած հակադրութիւնը։

ԴԺՈՒԱՐ ԽՆԴԻՐ ՄԸ ԿԸ ԼՈՒԾՈՒԻ

3. Ո՞ր հարցը առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին միութեան սպառնաց, եւ ինչո՞ւ դժուար խնդիր մըն էր։

3 Առաջին անթլփատ հեթանոսին՝ Կոռնելիոսին օծուելուն յաջորդող 13 տարիներուն ընթացքին, հարց մը ծագեցաւ որ քրիստոնէական ժողովքին միութեան կը սպառնար։ Հետզհետէ աւելի թիւով հեթանոսներ քրիստոնէութիւնը ընդունեցին։ Ուստի, հարցումը հետեւեալն էր. մկրտութեան ներկայանալէ առաջ, տղամարդիկը հրէական սովորութեան համաձայն պէ՞տք է թլփատուէին։ Ասիկա հրեայի մը համար դիւրին հարցում մը չէ՛ր։ Օրէնքը պահող հրեաները նո՛յնիսկ հեթանոսի մը տունը չէին մտներ, ուր մնաց անոնցմէ մէկուն հետ ընկերակցի՛լը։ Հրեայ քրիստոնեաները իրենց նախկին կրօնքը ձգելուն համար արդէն բրտօրէն հալածուեցան։ Եթէ հիմա անոնք անթլփատ հեթանոսները որպէս իրենց եղբայրներն ընդունէին, ասիկա միայն քրիստոնեաներուն վրայ յաւելեալ հալածանք պիտի բերէր։ Ատիկա նաեւ քրիստոնեաները հրէական կրօնքին պատկանողներէն ա՛լ աւելի պիտի հեռացնէր (Գաղ. 2։11-14

4. Հարցը լուծելու համար որո՞նք հաւաքուեցան, եւ այս առնչութեամբ՝ անհատ մը ի՞նչ հարցումներ կրնար ուղղել։

4 Մ.թ. 49–ին, Երուսաղէմի մէջ առաքեալներն ու երէցները՝ որոնք թլփատուած հրեաներ էին, «հաւաքուեցան այս մասին խորհելու» (Գործք 15։6)։ Անոնց ժողովը անկարեւոր մանրամասնութիւններու մասին կրօնական ձանձրացուցիչ վիճաբանութիւն մը չէր, այլ՝ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն մասին հետաքրքրաշարժ քննարկութիւն մը։ Քննարկութեան մէջ բոլո՛ր բաժին բերողները իրենց կարծիքը տուին։ Արդեօք անհատական նախասիրութիւնները կամ կանխադատութիւնները այդ օրը պիտի տիրէի՞ն։ Պատասխանատու երէցները իրենց որոշումը պիտի յետաձգէի՞ն մինչեւ որ կրօնական մթնոլորտը Իսրայէլի մէջ իրենց ի նպաստ բարելաւուէր։ Կամ՝ անոնք ի վերջոյ պիտի համաձայնէի՞ն բանի մը շուրջ, որ չէին համոզուած թէ շիտակ էր, պարզապէս վերջնական համաձայնութեան մը հասնելու համար։

5. Մ.թ. 49–ի Երուսաղէմի ժողովը ի՞նչ կարեւոր կերպերով յետագայ դարերու եկեղեցական խորհրդաժողովներէն կը տարբերէր։

5 Զիջումներ ընելը եւ ճնշում բանեցնելը ներկայիս եկեղեցական խորհրդաժողովներուն մէջ սովորական են։ Բայց Երուսաղէմի այդ ժողովին մէջ այսպիսի բաներ չպատահեցան։ Ասկէ զատ, ներկայ եղողները միաձա՛յն որոշումի մը հասան։ Ասիկա կարելի էր, քանի որ իւրաքանչիւրը իր կարծիքը ունենալով հանդերձ, բոլոր ներկաները Աստուծոյ Խօսքը կը յարգէին, եւ հարցը լուծելու համար Սուրբ Գրութիւնները գործածեցին (կարդա՛ Սաղմոս 119։97-101

6, 7. Թլփատութեան հարցը լուծելու համար, Սուրբ Գրութիւնները ինչպէ՞ս գործածուեցան։

6 Ամովս 9։11, 12–ի խօսքերը օգնեցին որ հարցը լուծուի։ Ինչպէս որ մէջբերուած է Գործք 15։16, 17–ի մէջ, կը կարդանք. «‘Պիտի դառնամ ու Դաւիթին ինկած խորանը նորէն պիտի շինեմ եւ անոր կործանուած տեղերը նորէն պիտի շինեմ եւ կանգնեցնեմ զանիկա, որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է’, կ’ըսէ Տէրը»։

7 Անհատ մը կրնայ առարկել. ‘Բայց այդ համարը չ’ըսեր թէ հեթանոսութենէ դարձած հաւատացեալներուն համար անհրաժեշտ չէր թլփատուիլ’։ Ասիկա շիտակ է։ Բայց հրեայ քրիստոնեաները կրնային համարին միտք բանին հասկնալ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք թլփատուած հեթանոսները չսեպեցին «հեթանոսներ», այլ՝ եղբայրներ (Ել. 12։48, 49)։ Զոր օրինակ, ըստ Պէկսթըրի Եօթանասնից թարգմանութեան, Եսթեր 8։17–ն կ’ըսէ. «Հեթանոսներէն շատերը թլփատուեցան, եւ հրեաներ եղան»։ Ուստի, երբ Սուրբ Գրութիւնները նախագուշակեցին թէ իսրայէլի տանը մնացորդը (հրեաները եւ թլփատուած նորադարձները) ե՛ւ «բոլոր հեթանոսները» (անթլփատ հեթանոսները) Աստուծոյ անուան համար մէկ ժողովուրդ պիտի ըլլային, պատգամը յստակ էր։ Քրիստոնեայ ըլլալ փափաքող հեթանոսներուն համար թլփատութիւնը պահանջ մը չէր։

8. Կայացուած որոշումին մէջ քաջութիւնը ի՞նչ դեր խաղցաւ։

8 Աստուծոյ Խօսքը եւ իր հոգին այդ անկեղծ քրիստոնեաները առաջնորդեցին «միաբան» ըլլալու (Գործք 15։25)։ Թէեւ որոշումը հաւանաբար հրեայ քրիստոնեաները աւելի՛ հալածանքի պիտի ենթարկէր, սակայն հաւատարիմները քաջաբար այդ աստուածաշնչական ուղղութեան հետեւեցան (Գործք 16։4, 5

ԱՉՔԱՌՈՒ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

9. Ի՞նչ է կարեւոր ազդակ մը, որ ճշմարիտ պաշտամունքի պղծութեան առաջնորդեց, եւ քրիստոնէական ո՞ր կարեւոր ուսուցումը ազդուեցաւ։

9 Պօղոս առաքեալ նախագուշակեց, թէ առաքեալներուն մահէն ետք, քրիստոնէական հաւատքը սուտ ուսուցումներով պիտի ապականուէր (կարդա՛ Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 7Պատասխանատու դիրքի վրայ եղող կարգ մը անհատներ «ողջամիտ վարդապետութիւն»ը պիտի չհանդուրժէին (Բ. Տիմ. 4։3)։ Պօղոս ժամանակակից երէցներու ազդարարեց. «Ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար» (Գործք 20։30)։ Համայնագիտարան մը կը նկարագրէ մեծ ազդակ մը, որ խեղաթիւրուած պատճառաբանութեան առաջնորդեց. «Որոշ չափով յունական փիլիսոփայութեամբ դաստիարակուած կարգ մը քրիստոնեաներ սկսան իրենց հաւատքը անոր համաձայն արտայայտելու կարիքը զգալ, թէ՛ իրենց մտային յագեցման եւ թէ զարգացած հեթանոսները դարձի բերելու համար» (The New Encyclopædia Britannica)։ Կարեւոր վարդապետութիւն մը, որ հեթանոսական գաղափարով ապականեցաւ, կապ ունէր Յիսուս Քրիստոսի ինքնութեան հետ։ Աստուածաշունչը զինք կը կոչէ Աստուծոյ Որդի, բայց յունական փիլիսոփայութիւնը սիրողները պնդեցին թէ ան Աստուած է։

10. Քրիստոսի ինքնութեան հարցը ինչպէ՞ս կրնար լուծուիլ։

10 Յետագային, եկեղեցապետներ զանազան խորհրդաժողովներու մէջ այս վարդապետութեան շուրջ վիճեցան։ Անոնք Յիսուս Քրիստոսի ինքնութեան շուրջ ծագած հարցումին պատասխանը կրնային Սուրբ Գրութիւններուն մէջ դիւրա՛ւ գտնել, սակայն մեծամասնութիւնը խորհեցաւ թէ Աստուածաշունչին ըսածը այնքան ալ կարեւոր չէր։ Իրականութեան մէջ, մեծամասնութիւնը նո՛յնիսկ խորհրդաժողովներուն գալէ առաջ անձնական որոշում կայացուցած էր, իսկ ժողովներէն ետք անոնք ա՛լ աւելի համոզուած էին իրենց կարծիքներով։ Այս խորհրդաժողովներուն կայացուցած որոշումները հազիւ Սուրբ Գրութիւններուն ակնարկեցին։

11. Այդպէս կոչուած եկեղեցիի հայրերուն հեղինակութեան ի՞նչ կարեւորութիւն տրուեցաւ եւ ինչո՞ւ։

11 Երբ որոշումներ կը կայացնէին, եկեղեցապետները ինչո՞ւ Սուրբ Գրութիւնները շատ չգործածեցին։ Անոնք՝ որոնք կը հաւատային թէ Յիսուս Աստուած է, «դժուար գտան Յիսուսի շատ մը խօսքերը հերքել, ուր ան հասկցուց թէ Հայր Աստուծմէն ստորադաս էր», կը պատասխանէ ուսումնական Չարլզ Ֆրիման։ Առ ի արդիւնք, եկեղեցական աւանդութիւնը եւ յետագայ հեղինակութիւններու գաղափարները փոխարինեցին Աւետարանները։ Ցայսօր, կրօնականներէն շատեր այդպէս կոչուած եկեղեցիի հայրերու չներշնչուած խօսքերը Աստուծոյ Խօսքէն աւելի բարձր կը դասեն։ Եթէ երբեք դպրեվանքի ուսանողի մը հետ Երրորդութեան վարդապետութիւնը քննարկած ես, հաւանաբար ասիկա նկատած ես։

12. Կայսրը ի՞նչ բացասական ազդեցութիւն բանեցուց։

12 Այս խորհրդաժողովներու վիճաբանութիւններուն ուշագրաւ մէկ երեսակը Հռոմի կայսրերուն միջամտութիւնն էր։ Այս առնչութեամբ, փրոֆէսոր Ռիչըրտ Ռուպընսթին Նիկիոյ խորհրդաժողովին մասին գրեց, թէ նոր կայսրը՝ Կոստանդին, եպիսկոպոսները շա՜տ հարստացուցած էր։ Մէկ տարի չանցած, անոնցմէ առնուած բոլոր բաները վերադարձուցած էր, ինչպէս՝ անոնց եկեղեցիները, գործերը եւ տիտղոսները։ Ան քրիստոնեայ կրօնականներուն շնորհած էր առանձնաշնորհումներ՝ որոնք նախապէս քուրմերուն տրուած էին։ Առ ի արդիւնք, Կոստանդին կրցաւ Նիկիոյ խորհրդաժողովին կայացուած որոշումներուն վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ, թերեւս նո՛յնիսկ զանոնք փոխել։ Եւ Չարլզ Ֆրիման հաստատեց, թէ խորհրդաժողովէն ետք կայսրը սկսաւ աւելի՛ ազդեցութիւն ունենալ եկեղեցիէն ներս։ Ան եկեղեցիին հեղինակութիւնը զօրացուց եւ անոր ուսուցումներուն ազդեց (կարդա՛ Յակոբոս 4։4

13. Քու կարծիքով, եկեղեցապետները ինչո՞ւ Աստուածաշունչի յստակ ուսուցումները անտեսեցին։

13 Մինչ եկեղեցապետներ դժուար գտան Յիսուս Քրիստոսի ճշգրիտ ինքնութիւնը բնորոշել, հասարակ ժողովուրդէն շատեր այս խնդիրը չունեցան, քանի որ անոնք ի՛նչ որ Սուրբ Գրութիւններէն կարդացին՝ յստակ կերպով հասկցան եւ ընդունեցին։ Միւս կողմէ, եկեղեցապետները կայսրին շնորհած հարստութիւնն ու հեղինակութիւնը ուզելով՝ Աստուածաշունչը անտեսեցին։ Այդ ատենուան աստուածաբան Գրիգոր Նիւսացին հասարակ ժողովուրդին նկատմամբ հեգնական մեկնաբանութիւն մը ըրաւ՝ ըսելով. «Կերպասավաճառները, լումայափոխները եւ նպարավաճառները բոլո՛րը աստուածաբաններ են։ Եթէ դրամիդ արժէքին մասին հարց տաս, փիլիսոփայ մը կը բացատրէ թէ Որդին Աստուծմէ կը տարբերի։ Եթէ հացին գինը հարցնես, պատասխանը կ’ըլլայ թէ Հայրը Որդիէն մեծ է։ Եթէ ուզես գիտնալ թէ լոգանքը պատրաստ է կամ ոչ, քեզի կ’ըսեն թէ Որդին ստեղծուած է»։ Արդարեւ, հասարակ ժողովուրդէն շատեր իրենց եզրակացութիւնները կը հաստատէին Աստուծոյ Խօսքը գործածելով։ Գրիգոր Նիւսացին եւ եկեղեցապետները ասիկա չէին ըներ։ Անոնք հասարակ ժողովուրդին պէ՛տք էր ականջ տային։

«ՑՈՐԵՆԸ» ԵՒ «ՈՐՈՄԸ» ՄԷԿՏԵՂ Կ’ԱՃԻՆ

14. Ինչո՞ւ կրնանք եզրակացնել, թէ առաջին դարէն սկսեալ երկրի վրայ միշտ հարազատ օծեալ քրիստոնեաներ եղած են։

14 Առակի մը մէջ, Յիսուս նշեց թէ առաջին դարէն սկսեալ, երկրի վրայ միշտ պիտի ըլլային կարգ մը հարազատ օծեալ քրիստոնեաներ։ Ան զանոնք «որոմ»ին հետ մէկտեղ աճած «ցորեն»ին նմանցուց (Մատ. 13։30)։ Անշուշտ, չենք կրնար ստուգապէս ըսել, թէ ո՛ր անհատները կամ խումբերը օծեալ դասակարգին մաս կազմեցին, սակայն կրնանք հաստատել, թէ միշտ եղած են անհատներ՝ որոնք քաջաբար Աստուծոյ Խօսքը պաշտպանած են եւ եկեղեցիին անաստուածաշնչական ուսուցումները քօղազերծած են։ Նկատի առնենք կարգ մը օրինակներ։

15, 16. Աստուծոյ Խօսքը յարգողներէն ոմանք նշէ՛։

15 Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի արքեպիսկոպոս Ակոպար (մ.թ. 779-840), արձաններու պաշտամունքին, սուրբերու նուիրուած եկեղեցիներուն եւ եկեղեցական անաստուածաշնչական ծիսակատարութիւններուն ու սովորութիւններուն դէմ խօսեցաւ։ Իր ժամանակակիցներէն մէկը՝ արքեպիսկոպոս Կղօդիոս, նաեւ մերժեց եկեղեցիին աւանդութիւնը, սուրբերուն աղօթելը եւ մասունքները մեծարելը։ 11–րդ դարուն, Ֆրանսայի Թուր քաղաքի սարկաւագապետ Պէրէնկարիոս, գոյափոխութեան կաթողիկէ ուսուցումը մերժելուն պատճառով վտարուեցաւ։ Աւելին, ան կը սորվեցնէր թէ Աստուածաշունչը եկեղեցական աւանդութիւնը կը գերազանցէր։

16 Պրուէի Պետրոսն ու Լոզանի Հէնրին, որոնք 12–րդ դարուն ապրեցան, Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը սիրող երկու այլ տղամարդիկ էին։ Պրուէի Պետրոսը քահանայութենէ հրաժարեցաւ, քանի որ կը հաւատար թէ կաթողիկէ ուսուցումները, ինչպէս՝ մանուկներու մկրտութիւնը, գոյափոխութիւնը, մեռելներու համար աղօթելը եւ խաչի պաշտամունքը, անաստուածաշնչական էին։ 1140–ին, իր հաւատալիքներուն պատճառով Պետրոս հրկիզուեցաւ։ Հէնրին, վանական մը, եկեղեցիին փտած սովորութիւններուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ծէսերուն անաստուածաշնչական երեսակներուն դէմ խօսեցաւ։ 1148–ին, ան ձերբակալուեցաւ եւ բանտին մէջ իր կեանքը անցուց։

17. Վալտօ եւ իր հետեւորդները ի՞նչ կարեւոր քայլեր առին։

17 Պրուէի Պետրոսին հրկիզուելու ատենները, անհատ մը ծնաւ՝ որ յետագային Աստուածաշունչի ճշմարտութեան տարածելուն մէջ զօրաւոր ազդեցութիւն պիտի ունենար։ Անոր մականունը Վալտես կամ Վալտօ էր։ * Ի տարբերութիւն Պրուէի Պետրոսին եւ Լոզանի Հէնրիին, Վալտես աշխարհական էր. սակայն, ա՛յնքան արժեւորեց Աստուծոյ Խօսքը որ իր ստացուածքները ետին ձգելով՝ կարգադրեց որ Աստուածաշունչին կարգ մը մասերը թարգմանուին այն լեզուով, որ սովորաբար կը խօսուէր Ֆրանսայի հարաւ–արեւելքը։ Ոմանք Աստուածաշունչի պատգամը իրենց մայրենի լեզուով լսելով՝ ա՛յնքան ոգեւորուեցան որ իրենք ալ իրենց ինչքը թողուցին եւ իրենց կեանքը նուիրեցին Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ուրիշներուն քարոզելու համար։ Ասիկա եկեղեցին շա՜տ խռովեցուց։ 1184–ին, պապը վտարեց այս նախանձախնդիր տղամարդիկն ու կիները, որոնք յետագային վալտենսներ կոչուեցան. իսկ արքեպիսկոպոսը զանոնք իրենց տուներէն աքսորեց։ Իրականութեան մէջ, այս քայլը նպաստեց որ Աստուածաշունչի պատգամը ուրիշ շրջաններու մէջ տարածուի։ Ի վերջոյ, Եւրոպայի բազմաթիւ շրջաններու մէջ կարելի էր գտնել Վալտոյին, Պրուէի Պետրոսին եւ Լոզանի Հէնրիին հետեւորդները, ինչպէս նաեւ ուրիշ հերձուածողներ։ Յետագայ դարերուն ուրիշներ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը պաշտպանեցին, ինչպէս՝ Ճոն Ուիքլիֆ (շուրջ 1330-1384), Ուիլիըմ Թինտէյլ (շուրջ 1494-1536), Հէնրի Կրու (1781-1862) եւ Ճորճ Սթոռզ (1796-1879)։

«ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԿԱՊՈՒԱԾ ՉԷ»

18. Բացատրէ 19–րդ դարու Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներուն ուսումնասիրութեան մեթոտը, եւ թէ ինչո՛ւ ազդու էր։

18 Աստուածաշունչին ճշմարտութեան թշնամիները չեն կրցած ատոր տարածուիլը կասեցնել։ Բ. Տիմոթէոս 2։9–ի մէջ կը կարդանք. «Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ»։ 1870–ին Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներու խումբ մը սկսաւ ճշմարտութիւնը փնտռել։ Անոնք ուսումնասիրութեան ի՞նչ մեթոտ գործածեցին։ Անհատ մը հարցում մը կ’ուղղէր, բոլորը զայն կը քննարկէին. նիւթին շուրջ բոլոր յարակից համարները կը կարդային, եւ յետոյ երբ համարներուն ներդաշնակութեամբ գոհանային, իրենց եզրակացութիւնը կը նշէին եւ զայն կ’արձանագրէին։ Քեզ չի՞ հաւաստիացներ գիտնալը, թէ առաջին դարու առաքեալներուն եւ երէցներուն նման, այդ 1800–ական թուականներու վերջաւորութեան ապրող հաւատարիմ տղամարդիկը՝ մեր «հոգեւոր նախահայրերը»՝ վճռած էին իրենց հաւատալիքները ամբողջովին Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնել։

19. 2012–ի տարուան համարը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ յարմար է։

19 Աստուածաշունչը տակաւին մեր հաւատալիքներուն հիմն է։ Ասիկա ի մտի ունենալով, Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը որպէս 2012–ի տարուան համար ընտրած է Յիսուսի ըսածը. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհ. 17։17)։ Քանի որ բոլոր անոնք՝ որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ, պէտք է ճշմարտութեան մէջ քալեն, թող որ բոլո՛րս շարունակ ջանանք Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուիլ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Վալտես երբեմն կոչուած է Բիէր Վալտես կամ Պետրոս Վալտօ, սակայն իր անունը կարելի չէ հաստատել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 14]

2012–ի տարուան համարը. «Քու խօսքդ ճշմարտութիւն է» (Յովհ. 17։17)

[Նկար՝ էջ 13]

Վալտօ

[Նկար՝ էջ 13]

Ուիքլիֆ

[Նկար՝ էջ 13]

Թինտէյլ

[Նկար՝ էջ 13]

Կրու

[Նկար՝ էջ 13]

Սթոռզ