Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Թագաւորական քահանայութիւն մը՝ յօգուտ մարդկութեան

Թագաւորական քահանայութիւն մը՝ յօգուտ մարդկութեան

Թագաւորական քահանայութիւն մը՝ յօգուտ մարդկութեան

«Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը» (Ա. ՊԵՏ. 2։9

ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ.

Եհովա առաջին անգամ ե՞րբ թագաւորական քահանայութիւն մը խոստացաւ։

Նոր ուխտին անդամները ինչպէ՞ս թագաւորական քահանայութիւն կ’ըլլան։

Թագաւորական քահանայութիւնը մարդկութեան ի՞նչ օգուտներ պիտի բերէ։

1. «Տէրունական ընթրիքը» ինչո՞ւ նաեւ կոչուած է Յիշատակատօն, եւ ի՞նչ է ատոր նպատակը։

ՆԻՍԱՆ 14–ի գիշերը, մ.թ. 33–ին, Յիսուս Քրիստոս եւ իր 12 առաքեալները վերջին անգամ ըլլալով հրէական Պասեքը տօնեցին։ Դաւաճան Յուդա Իսկարիովտացին արձակելէ ետք, Յիսուս տարբեր տօնակատարութիւն մը ներկայացուց, որ յետագային կոչուեցաւ «Տէրունական ընթրիքը» (Ա. Կոր. 11։20)։ Յիսուս երկու անգամ ըսաւ. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Այս կարեւոր դէպքը նաեւ կը կոչուի Յիշատակատօն,– Քրիստոսի մահուան յիշատակը (Ա. Կոր. 11։24, 25)։ Այս պատուէրին առ ի հնազանդութիւն, համայն աշխարհի մէջ Եհովայի վկաները ամէն տարի Յիշատակատօնը կը տօնեն։ 2012–ին, Աստուածաշունչի օրացոյցին Նիսան 14–ը կը սկսի հինգշաբթի՝ ապրիլ 5–ին, արեւամուտէն ետք։

2. Յիսուս իր գործածած խորհրդանիշներուն մասին ի՞նչ ըսաւ։

2 Ղուկաս աշակերտ երկու համարով կ’ամփոփէ ինչ որ Յիսուս այդ առթիւ ըսաւ ու ըրաւ. «Հաց առաւ, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար’։ Նոյնպէս ալ գաւաթը առաւ ընթրիքէն յետոյ ու ըսաւ. ‘Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս, որ ձեզի համար պիտի թափուի’» (Ղուկ. 22։19, 20)։ Առաքեալները այս խօսքերը ինչպէ՞ս հասկցան։

3. Առաքեալները խորհրդանիշներուն նշանակութիւնը ինչպէ՞ս հասկցան։

3 Հրեաներ ըլլալով, առաքեալները Երուսաղէմի տաճարին մէջ քահանաներուն մատուցած անասնական զոհերուն քաջածանօթ էին։ Այս զոհերը կը մատուցանուէին Եհովայի հաճութիւնը շահելու համար, եւ անոնցմէ շատերը մեղքերու քաւութեան համար էին (Ղեւ. 1։4. 22։17-29)։ Ուստի, առաքեալները կրնային հասկնալ, թէ երբ Յիսուս ըսաւ թէ ‘իրենց համար իր մարմինը պիտի տրուէր եւ իր արիւնը պիտի թափուէր’, ան ըսել կ’ուզէր թէ իր կատարեալ կեանքը որպէս զոհ պիտի տար։ Ատիկա անասնական զոհերէն շատ աւելի արժէքաւոր զոհ մը պիտի ըլլար։

4. Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս»։

4 Ի՞նչ կարելի է ըսել Յիսուսի խօսքին մասին՝ «այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս»։ Առաքեալները գիտէին նոր ուխտին մասին եղած մարգարէութիւնը, որ արձանագրուած է Երեմիա 31։31-33–ի մէջ (կարդա՛)։ Յիսուսի խօսքը ցոյց տուաւ, թէ այժմ ան կը ներկայացնէր այդ նոր ուխտը, որ պիտի փոխարինէր Օրէնքի ուխտը, որ Եհովա Մովսէսի միջոցաւ իսրայէլի հետ հաստատած էր։ Երկու ուխտերը իրարու հետ կապ ունէի՞ն։

5. Օրէնքի ուխտը իսրայէլի առջեւ ի՞նչ հեռանկարներ դրաւ։

5 Այո՛, ատոնց նպատակները սերտօրէն յարակից էին։ Երբ Օրէնքի ուխտը կը ներկայացնէր, Եհովա ազգին ըսաւ. «Եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք, դուք ինծի սեպհական ժողովուրդ պիտի ըլլաք բոլոր ազգերէն. վասն զի բոլոր երկիր իմս է։ Դուք ինծի քահանաներու թագաւորութիւն ու սուրբ ազգ մը պիտի ըլլաք» (Ել. 19։5, 6)։ Այս խօսքերը իսրայէլացիներուն համար ի՞նչ նշանակեցին։

ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԽՈՍՏՈՒՄԸ

6. Օրէնքի ուխտը ո՞ր խոստումին կատարման օգնեց։

6 Իսրայէլացիները «ուխտ» բառը հասկցան, քանի որ Եհովա այսպիսի լուրջ համաձայնութիւններ կատարած էր իրենց նախահայրերուն՝ Նոյի եւ Աբրահամի հետ (Ծն. 6։18. 9։8-17. 15։18. 17։1-9)։ Աբրահամի հետ իր ըրած ուխտին որպէս մէկ մասը, Եհովա խոստացած էր. «Երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին» (Ծն. 22։18)։ Այս խոստումին կատարման օգնելու համար, Եհովա Օրէնքի ուխտը ըրաւ, որուն հիման վրայ իսրայէլ կրնար Եհովայի ‘սեպհական ժողովուրդը ըլլալ’։ Ի՞նչ նպատակով։ Եհովայի համար «քահանաներու թագաւորութիւն» ըլլալու։

7. «Քահանաներու թագաւորութիւն» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը նշանակէր։

7 Թագաւորներն ու քահանաները իսրայէլացիներուն ծանօթ էին։ Սակայն, վաղեմի մարդոցմէ միա՛յն Մելքիսեդեկը, Եհովայի հաւանութեամբ, միեւնոյն ժամանակ թէ՛ թագաւոր եւ թէ քահանայ եղած էր (Ծն. 14։18)։ Եհովա այժմ ազգին պատեհութիւն տուաւ որ «քահանաներու թագաւորութիւն» մը յառաջ բերեն։ Ինչպէս յետագային ներշնչեալ գրութիւնները նշեցին, ասիկա նշանակեց թագաւորական քահանայութիւն հայթայթելու պատեհութիւնը,– թագաւորներ՝ որոնք նաեւ քահանաներ պիտի ըլլային (Ա. Պետ. 2։9

8. Աստուծոյ կողմէ նշանակուած քահանաները ի՞նչ ծառայութիւններ կը կատարեն։

8 Անշուշտ, թագաւոր մը կ’իշխէ։ Սակայն, քահանան ի՞նչ կ’ընէ։ Եբրայեցիս 5։1–ը կը բացատրէ. «Ամէն քահանայապետ մարդոց մէջէն առնուած՝ մարդոց համար կը կենայ Աստուծմէ կանչուած, որպէս զի պատարագներ ու զոհեր մատուցանէ մեղքերու համար»։ Ուրեմն, Եհովայի նշանակած քահանան Իր առջեւ ժողովուրդը կը ներկայացնէ։ Սահմանուած զոհեր մատուցանելով, քահանան Եհովային կ’աղերսէ որ ժողովուրդին մեղքերը ներէ։ Նաեւ, ան ժողովուրդին առջեւ Եհովան կը ներկայացնէ, աստուածային օրէնքները սորվեցնելով (Ղեւ. 10։8-11. Մաղ. 2։7)։ Այս կերպերով, Աստուծոյ կողմէ նշանակուած քահանան կ’աշխատի ժողովուրդը Անոր հետ հաշտեցնելու։

9. ա) Ո՞ր պայմանով իսրայէլ կրնար «քահանաներու թագաւորութիւն» մը հայթայթելու խոստումը իրագործել։ բ) Եհովա իսրայէլի մէջ ինչո՞ւ քահանայութիւն մը հաստատեց։ գ) Իսրայէլ ինչո՞ւ Օրէնքի ուխտին ներքեւ չկրցաւ «քահանաներու թագաւորութիւն» մը հայթայթել։

9 Այսպէս Օրէնքի ուխտը իսրայէլին պատեհութիւն տուաւ որ յառաջ բերէ թագաւորական քահանայութիւն մը, որ «բոլոր ազգեր»ուն պիտի օգտէր։ Սակայն, այս հոյակապ հեռանկարը պայման մը ունէր. «Եթէ իրաւցնէ իմ ձայնիս հնազանդիք ու իմ ուխտս պահէք»։ Իսրայէլացիները կրնայի՞ն ‘Եհովայի ձայնին հնազանդիլ’։ Որոշ չափով այո՛։ Ասիկա կրնայի՞ն կատարելապէս ընել։ Ո՛չ (Հռով. 3։19, 20)։ Այս պատճառով, Եհովան իսրայէլի մէջ քահանայութիւն մը հաստատեց,– անկախ որեւէ թագաւորութենէ,– որպէսզի անասնական զոհեր մատուցանէ այն մեղքերուն համար, որոնք իսրայէլացիները անխուսափելիօրէն պիտի գործէին (Ղեւ. 4։1–6։7)։ Այս մեղքերը քահանաներուն մեղքերն ալ պարփակեցին (Եբ. 5։1-3. 8։3)։ Եհովա այսպիսի զոհեր ընդունեց, սակայն ատոնք լիովին չէին կրնար ծածկել զանոնք մատուցանողներուն մեղքերը։ Օրէնքի ուխտին ներքեւ քահանայութիւնը լիովին չէր կրնար նո՛յնիսկ անկեղծ իսրայէլացիները հաշտեցնել Աստուծոյ հետ։ Պօղոս առաքեալ սապէս բացատրեց. «Նոխազներուն ու ցուլերուն արիւնը չի կրնար մեղքերը ջնջել» (Եբ. 10։1-4)։ Օրէնքը բեկանելու պատճառով, իսրայէլացիները իրականութեան մէջ անէծքի տակ եղան (Գաղ. 3։10)։ Այսպէս, անոնք չէին կրնար միւս բոլոր ազգերուն ծառայել որպէս թագաւորական քահանայութիւն մը։

10. Օրէնքի ուխտը ի՞նչ նպատակի ծառայեց։

10 Ասիկա չի նշանակեր թէ իսրայէլացիները բնաւ չէին կրնար ‘քահանաներու թագաւորութեան’ մաս կազմել, ինչպէս որ Եհովան խոստացած էր։ Եթէ անոնք անկեղծօրէն ջանային հնազանդիլ, այս պատեհութիւնը պիտի ունենային,– բայց ոչ թէ Օրէնքին ներքեւ։ Ինչո՞ւ (կարդա՛ Գաղատացիս 3։19-25Ասիկա հասկնալու համար, պէտք է գիտնանք թէ Օրէնքի ուխտին նպատակը ի՛նչ էր։ Օրէնքը հնազանդ իսրայէլացիները սուտ պաշտամունքէն պաշտպանեց։ Ատիկա նաեւ իրենց օգնեց հասկնալու թէ մեղաւորներ էին եւ քահանայապետին մատուցած զոհէն աւելի մեծ զոհի մը կարիքը ունէին։ Ատիկա դաստիարակ մըն էր որ զիրենք պիտի առաջնորդէր Քրիստոսին կամ Մեսիային,– տիտղոսներ որոնք «Օծեալ» կը նշանակեն։ Սակայն, երբ Մեսիան եկաւ, ան Երեմիայի նախագուշակած նոր ուխտը պիտի ներկայացնէր։ Անոնք՝ որոնք Քրիստոսը ընդունեցին, հրաւիրուեցան նոր ուխտին մաս կազմելու եւ իրականութեան մէջ «քահանաներու թագաւորութիւն» մը պիտի ըլլային։ Տեսնե՛նք թէ ինչպէս։

ՆՈՐ ՈՒԽՏԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԻՒՆ Կ’ԸԼԼԱՆ

11. Յիսուս ինչպէ՞ս թագաւորական քահանայութեան մը հիմը եղաւ։

11 Մ.թ. 29–ին, Նազովրեցի Յիսուս Մեսիան եղաւ։ Մօտ 30 տարեկանին, ան ինքզինք ներկայացուց իրեն առնչութեամբ Եհովայի մասնայատուկ կամքը կատարելու, ասիկա խորհրդանշելով ջուրի մկրտութեամբ։ Եհովա զինք ընդունեց որպէս՝ «իմ սիրելի Որդիս», զինք օծելով ոչ թէ իւղով, այլ՝ սուրբ հոգիով (Մատ. 3։13-17. Գործք 10։38)։ Այս օծումով, Յիսուս պիտի կարենար Քահանայապետ եւ ապագայ Թագաւոր ըլլալ՝ յօգուտ բոլոր իրեն հաւատացողներուն (Եբ. 1։8, 9. 5։5, 6)։ Ան իսկական թագաւորական քահանայութեան մը հիմը պիտի ըլլար։

12. Յիսուսի զոհը ի՞նչ բաներ կարելի դարձուց։

12 Որպէս Քահանայապետ, Յիսուս ի՞նչ զոհ կրնար մատուցանել, որ հաւատացեալներուն ժառանգած մեղքը ամբողջովին պիտի ծածկէր։ Ինչպէս որ իր մահուան յիշատակը հաստատած ատեն նշեց, զոհը իր մարդկային կատարեալ կեա՛նքն էր (կարդա՛ Եբրայեցիս 9։11, 12Մ.թ. 29–ին իր մկրտութենէն ի վեր, Յիսուս որպէս Քահանայապետ փորձութիւններու եւ մարզումի ենթարկուեցաւ մինչեւ իր մահը (Եբ. 4։15. 5։7-10)։ Յարութիւն առնելէ ետք, ան երկինք համբարձաւ եւ իր զոհին արժէքը Եհովայի ներկայացուց (Եբ. 9։24)։ Անկէ ի վեր, Յիսուս իր զոհին հաւատաք ընծայողներուն ի նպաստ կրնար Եհովայի աղերսել, եւ անոնց օգնել որ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալով՝ Իրեն ծառայեն (Եբ. 7։25)։ Իր զոհը նաեւ նոր ուխտը վաւերացնելու ծառայեց (Եբ. 8։6. 9։15

13. Նոր ուխտին մէջ եղողներուն հեռանկարները ի՞նչ էին։

13 Անոնք՝ որոնք նոր ուխտին մէջ պիտի ըլլային, նաեւ սուրբ հոգիով պիտի օծուէին (Բ. Կոր. 1։21)։ Հաւատարիմ հրեաներ եւ ապա հեթանոսներ պարփակուած էին (Եփ. 3։5, 6)։ Նոր ուխտին մէջ եղողներուն հեռանկարները ի՞նչ էին։ Անոնք մեղքերու իսկական թողութիւն պիտի ստանային։ Եհովա խոստացած էր. «Անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ» (Եր. 31։34)։ Իրենց մեղքերը ջնջուելով, անոնք «քահանաներու թագաւորութիւն» ըլլալու ի վիճակի պիտի ըլլային։ Օծեալ քրիստոնեաներուն ուղղելով իր խօսքը, Պետրոս գրեց. «Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց» (Ա. Պետ. 2։9)։ Հոս, Պետրոս կը մէջբերէ Եհովայի խօսքերը,– որոնք իսրայէլի ուղղեց երբ Օրէնքը կը ներկայացնէր,– եւ զանոնք կը կիրարկէ նոր ուխտին մէջ եղող քրիստոնեաներուն (Ել. 19։5, 6

ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ

14. Թագաւորական քահանայութիւնը ո՞ւր պիտի ծառայէր։

14 Նոր ուխտին մէջ եղողները ո՞ւր պիտի ծառայէին։ Երկրի վրայ, ուր խմբովին որպէս քահանայութիւն պիտի ծառայէին, մարդոց առջեւ Եհովան ներկայացնելով՝ ‘անոր առաքինութիւնները հռչակելով’ եւ հոգեւոր կերակուր հայթայթելով (Մատ. 24։45. Ա. Պետ. 2։4, 5)։ Ապա, իրենց մահէն եւ յարութենէն ետք, անոնք Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ պիտի ծառայէին, երկու պաշտօնները լիովին կատարելով (Ղուկ. 22։29. Ա. Պետ. 1։3-5. Յայտ. 1։6)։ Ասիկա հաստատելով, Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ բազմաթիւ հոգեղէն արարածներ տեսաւ, երկնքի մէջ Եհովայի գահին մօտ։ «Գառնուկին» ուղղուած «նոր երգ»ի մը մէջ, անոնք կ’երգեն. ‘Քու արիւնովդ անհատներ ծախու առիր Աստուծոյ համար ամէն ցեղէ ու լեզուէ եւ ժողովուրդէ ու ազգէ, եւ զանոնք մեր Աստուծոյն թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր, որպէս զի երկրի վրայ թագաւորեն’ (Յայտ. 5։8-10)։ Յետագայ տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս այս իշխաններուն մասին կ’ըսէ. «Անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտ. 20։6)։ Քրիստոսի հետ, անոնք թագաւորական քահանայութիւն մը կը կազմեն՝ յօգուտ ամբողջ մարդկութեան։

15, 16. Թագաւորական քահանայութիւնը մարդկութեան ի՞նչ օգուտներ պիտի բերէ։

15 144,000–ը երկրի բնակիչներուն ի՞նչ օգուտներ պիտի բերեն։ Յայտնութեան 21–րդ գլուխը զիրենք կը նկարագրէ որպէս երկնային քաղաք՝ Նոր Երուսաղէմ՝ որ «Գառնուկին կինը» կը կոչուի (Յայտ. 21։92–էն 4–րդ համարները կը նշեն. «Սուրբ քաղաքը՝ նոր Երուսաղէմը՝ տեսայ, որ երկնքէն Աստուծմէ կ’իջնէր, իր էրկանը համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած։ Ու երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան’»։ Ի՜նչ հոյակապ օրհնութիւններ։ Մահուան բնաջնջումը պիտի վերցնէ արցունքներու, սուգի, աղաղակի եւ ցաւի գլխաւոր պատճառը։ Ասիկա պիտի նշանակէ հաւատարիմ մարդիկը կատարելութեան հասցնել՝ ամբողջովին Աստուծոյ հետ հաշտեցնել։

16 Այս թագաւորական քահանայութեան բերելիք օրհնութիւնները յաւելեալ կերպով նկարագրելով, Յայտնութիւն 22։1, 2–ը կը նշէ. «Ինծի կեանքի ջուրի գետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։ [Նոր Երուսաղէմի] հրապարակին մէջ ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն բժշկութիւն կ’ըլլային»։ Այս այլաբանական կարգադրութիւններով, ‘հեթանոսները’ կամ մարդկութեան ընտանեկան խումբերը, Ադամէն ժառանգուած անկատարութենէն ամբողջովին պիտի բժշկուին։ Ի՛րապէս, ‘առաջուան բաները անցած պիտի ըլլան’։

ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԳՈՐԾԸ Կ’ԱՄԲՈՂՋԱՑՆԷ

17. Թագաւորական քահանայութիւնը ի վերջոյ ի՞նչ պիտի իրագործէ։

17 Օգտակար ծառայութեան 1000 տարուան վերջաւորութեան, թագաւորական քահանայութիւնը իր երկրային հպատակները մարդկային կատարելութեան հասցուցած պիտի ըլլայ։ Ապա, Քահանայապետ եւ Թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոս, կատարեալ մարդկային ընտանիքը Եհովայի պիտի ներկայացնէ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։22-26Թագաւորական քահանայութիւնը իր նպատակը լիովին իրագործած պիտի ըլլայ։

18. Թագաւորական քահանայութեան անդամները իրենց գործը ամբողջացնելէ ետք, Եհովա զիրենք ինչպէ՞ս պիտի գործածէ։

18 Անկէ ետք, Եհովա թագաւորական քահանայութեան անդամները ինչպէ՞ս պիտի գործածէ։ Ըստ Յայտնութիւն 22։5–ին, անոնք «յաւիտեանս յաւիտենից պիտի թագաւորեն»։ Որո՞ւ վրայ։ Աստուածաշունչը չի նշեր։ Սակայն, անոնք պիտի շարունակեն Եհովայի քով մեծ արժէք ունենալ։ Անոնք անմահ ու անապական կեանք պիտի ունենան, ինչպէս նաեւ՝ անկատար մարդկութեան օգնելու մէջ փորձառութիւն։ Հետեւաբար, անոնք պիտի շարունակեն թագաւորներ ըլլալ եւ Եհովայի կողմէ գործածուիլ՝ անոր նպատակները յաւիտեան կատարելու համար։

19. Յիշատակատօնին ներկայ եղողները ի՞նչ պիտի յիշեն։

19 Երբ հինգշաբթի՝ 5 ապրիլ 2012–ին հաւաքուինք Յիսուսի մահը յիշատակելու համար, աստուածաշնչական այս ուսուցումները մեր մտքին մէջ պիտի ըլլան։ Օծեալ մնացորդը որ տակաւին երկրի վրայ է, անխմոր հացին եւ կարմիր գինիին պիտի մասնակցի, ցոյց տալով որ նոր ուխտին մաս կը կազմէ։ Քրիստոսի զոհին այս խորհրդանիշները իրենց պիտի յիշեցնեն Աստուծոյ յաւիտենական նպատակին մէջ իրենց ունեցած հիանալի առանձնաշնորհումներն ու պատասխանատուութիւնները։ Թող որ բոլո՛րս ներկայ գտնուինք, խոր երախտագիտութեամբ լեցուած՝ մարդկութեան ի նպաստ Եհովա Աստուծոյ ըրած թագաւորական քահանայութեան կարգադրութեան համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]